ԿԱՐԴԱԼ ՍՈՐՎԻԼ…

Կարդալ սորվիլ՝ մանուկի մը համար առաջին քայլն է ընկերային կեանքին։ Արդարեւ, կարդալ սորվիլ, ընդհանուր առումով՝ ուսում եւ կրթութիւն, կը սկսի ընտանիքին մէջ, նախ եւ առաջ մօր գրկին մէջ, կը զարգանայ ուսուցիչներու հոգատարութեամբ եւ վերջապէս, կը կատարելագործուի ընկերութեան մէջ։ Արդարեւ, ուսում եւ կրթութիւն ո՛չ թէ անհատական, այլ եւ մանաւանդ՝ հասարակական հարց մըն է։

Հանրածանօթ գրագիտուհի Զապէլ Եսայեան (1878-1943թթ.) կը պատմէ իր մանկութիւնը՝ ուր կը մատնանշէ, թէ ինչպէս, շատ փոքր տարիքին, առաջին անգամ գոց սորված է հայերէն դժուար ոտանաւոր մը։ Նոյն բնական ձեւով, ան կը յայտնէ, թէ ինչպէս սորված է ճանչնալ գիրերը եւ կարդալ իր մայրենի լեզուն։

Ստորեւ, նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Զապէլ Եսայեանի գրութիւնը։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍՈՐՎԵՑԱՅ ԱՐՏԱՍԱՆԵԼ ԵՒ ԿԱՐԴԱԼ…

Հայրս պարտէզին վրայ նայող սենեակի մը փսիաթը (=յարդէ գորգ) կը տարածէր, եւ պատերուն ստորոտը կը գամէր։ Մուրճի համաչափ հարուածները կ՚օրօրէին միտքս։

Մայրս, քովս նստած, լուռ կը հետեւէր հօրս աշխատանքին։

Դուրսը աշնանային վերջալոյսը կը բոցավառէր երկինքը։ Հեռուն նոճիներ մեղմօրէն կ՚օրօրուէին։

Յանկարծ թոթով լեզուով սկսայ արտասանել.

«Ազատն Աստուած այն օրից
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել,-
Ես՝ անբարբառ մի մանուկ՝
Երկու ձեռքս պարզելի…»

Հայրս զարմացած ձգեց գործը, եկաւ քովս ու զիս գիրկը առաւ։

Այս ոտանաւորը ինք կարդացեր էր քանի մը անգամ՝ հօրեղբօրս տղուն սորվեցնելու համար, եւ անիկա աննկատելի կերպով դրոշմուեր էր մտքիս մէջ…։

Չորս տարեկան էի, երբ՝ նոյն տարուան ձմեռը՝ կարդալ սորվեցայ։

Մութը կոխելէն ետք հայրս կը դառնար տուն. կը լուացուէր, կը փոխուէր, եւ մուշտակէ տնազգեստը հագած կը նստէր ցած բազմոցի մը վրայ, առջեւը՝ պղինձէ կրակարանը։ Անոր եռոտանիին վրայ, ջուրը կ՚եռար թէյի համար։

Այդ ատեն, թէյի գործածութիւնը տարածուած չէր Պոլիս. հայրս զայն բերած էր Կովկասէն։ Իր ձեռքով կը պատրաստէր թէյը եւ կը լեցնէր բաժակներուն մէջ՝ բոլոր հարկ եղած «արարողութիւն»ներով։

Մինչեւ ջուրին եռալը, հայրս կը բանար օրուան թերթը՝ «Արեւելք»ը, եւ կը սկսէր կարդալ։

Ես կը նստէի իր գիրկը, եւ ան մուշտակին փէշը կը ծածկէր վրաս։ Այդ տաքուկ բոյնին մէջ՝ երանութեան ժամեր կ՚անցընէին, մինչ աչքերովս կը հետեւէի թերթին տառերուն։

Երբեմն մատս կը դնէի տառի մը վրայ, եւ կը հարցնէի։ Հայրս կ՚ընդհատէր ընթերցանութիւնը եւ կը պատասխանէր։

Յաճախ մայրս կամ մօրաքոյրներէս մէկը կը միջամտէր.

-Հայրդ հանգի՛ստ ձգէ…

Բայց հայրս ձեռքով նշան կ՚ընէր, որ ինք հանգիստ է եւ, աւելի սեղմ գրկելով զիս, մեծ համբերութեամբ գոհացում կու տար հետաքրքրութեանս։

Եւ օր մըն ալ ես կարդացի…

Հայրս նախ չհաւատաց ականջներուն։ Բայց ան հաստատեց հրաշքը՝ երբ թոթով լեզուովս, հեգելով, կարդացի թերթի զանազան էջերուն վրայ իր մատնանշած բոլոր բառերը՝ մինչեւ վերջինը…։

***

Որքա՜ն անմոռանալի եւ երջանիկ պահ մըն է այն՝ երբ առաջին անգամ սկսած ենք ճանչնալ գիրը եւ հաճոյքը ապրած ենք կարդալո՛ւ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 24, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2023