ՑԱՒՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕԳՆՈՂՆԵՐԸ
Պէտք է յստակ տարբերութիւն մը դրուի բարիներուն եւ բարի ձեւացողներուն, կարեկցողներուն եւ իրապէս օգնութեան ձեռք մեկնողներուն, ինչպէս նաեւ գթացողներուն եւ ճշմարիտ ողորմածներուն միջեւ, որովհետեւ իրականութեան մէջ անոնք ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են: Նեղութեան ու դժուարութեան դիմաց շատ շատեր կը ցաւին, սակայն անոնցմէ միայն քիչեր են, որ կը յանդգնին այդ կարեկցանքի զգացումը կը վերածեն գործի եւ մտածումէ մը անդին կ՚օժանդակեն ու կը նպաստեն աշխատութեամբ:
Մարդկութիւնը կը բաղկանայ երեք մասէ.
Ա.- Կայ խումբ մը, որուն մէջ մեռած է զգացողութիւնը. ո՛չ աղքատը, ո՛չ անօթեւանը, ո՛չ մանուկի մը ցաւն ու լացը եւ ո՛չ ալ չարաշուք եղելութիւնները կ՚ազդեն իր վրայ:
Բ.- Կայ խումբ մը, որ աղքատ մը տեսնելով կը խղճայ, կը ցաւի ու կը գթայ, սակայն գործնական ո՛չ մէկ օգտակարութիւն կ՚ունենայ: Այս խումբի մարդիկ առաջիններուն հակառակ իրենց հոգիին մէջ կը զգան այդ բոլորը, սակայն այդ բոլորը կը մնայ զգացում:
Գ.- Կայ սակայն երրորդ խումբ մը՝ թէեւ քիչ, որ զգացումներու սահմանները անցնելով իրենց զգացումները գործի կը վերածեն եւ ամէն գնով կը փորձեն օգնել։ Անո՛նց նուիրուած է մեր այսօրուան յօդուածը, որովհետեւ անոնց պակասը օրէ օր աւելի զգալի կը դառնայ մեր մարդկային իրականութենէն ներս:
***
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ աշխարհի մեծամասնութիւնը մաս կազմեց կա՛մ առաջին եւ կամ երկրորդ խումբին եւ շատ շատ քիչեր էին, որոնք որոշեցին երրորդ խումբի անդամ դառնալ եւ օգնութեան ձեռք մեկնել. այդ քիչերուն հայերու կողքին կային նաեւ օտարներ, որոնք հայութեան հետ ո՛չ մէկ աղերս ունենալով, մարդկութեան սիրոյն յանձն առին այդ խումբին անդամ դառնալ: Անձեր՝ որոնց շատերուն անունները մոռցուած են, որովհետեւ անոնք մարդկութիւնը աւելի բարձր սեպած են՝ քան իրենց անուններն ու փառքը:
Նման անձի մը մասին կը գրէ Արշակուհի Թէոդիկ իր «Ամիս մը ի Կիլիկիա» աշխատութեան «Հիւանդներուն մօտ» գլուխին մէջ։ Կիլիկիոյ աղէտէն ետք Արշակուհի Թէոդիկ կը մեկնի Ատանա, մօտէն տեսնելու եւ հետաքրքրուելու համար որբերու վիճակով. այդ տխուր այցելութեան ընթացքին կ՚այցելէ նաեւ տեղի հիւանդանոցը, ուր խնամուած պիտի ըլլան բազմաթիւ հայեր. Արշակուհի Թէոդիկ այս տողերով կը նկարագրէ այդ հիւանդանոցին մէջ իր կեանքը վիրաւորներուն եւ որբերուն նուիրած անանուն երիտասարդուհին.
«Նոյն սրահը, տնօրէնուհին կը ներկայացունէ մեզ առոյգ, մանկամարդ բոյժքոյր մը որ ժամանած էր Անգլիայէն: Քաջարի ու պատուական անգլուհի մը, որ այսպէս, հակառակ իր գեղեցկութեան եւ թարմ տարիքին, հայրենիքէն մղոննե՜ր հեռու, ծովերէ անցած եկած էր մինչեւ Ատանա, հիւանդանոցի մը տխուր յարկին տակ, ախտակիր անձեր խնամելու, դարմանելու, անոնց օրհասական հռնդիւններուն ներկայ գտնուելու»:
Փոխադրուինք Ատանայի կոտորածներու ժամանակաշրջանը. բազմաթի՜ւ հայեր բաւարարուեցան ցաւելով, զգացումներու վշտակցելով, սակայն չուզեցին երթալ Ատանա, իրենց սեփական ձեռքերով բուժելու համար հայրենակիցներու արիւնող վէրքը։ Անոնցմէ շատեր գուցէ իրենց աւելորդ գումարներէն յատկացուցին՝ մեծ բան մը ըրած ըլլալու յաւակնութեամբ, սակայն անգլիացի աղջնակ մը՝ երիտասարդ ու գեղեցիկ, ամէն բան մէկ կողմ ձգած գնաց հոն՝ ուր մարդկութիւնը իր օգնութեան կարիքը ունի: Երիտասարդուհին այդ բոլորը կատարելու ո՛չ մէկ պարտաւորութիւն ունէր, սակայն բազմաթիւ հայեր երբ անհոգ ըլլալ կը շարունակէին, օտար մը կը ցաւէր եւ ամէն գնով օգտակար ըլլալ կը փորձէր՝ Եւրոպայի իր հանգիստը ձգել հասնելով մինչեւ Ատանա՝ ուր տակաւին արեան հոտը թարմ էր: Ո՞վ պիտի չուզէր գիտնալ այդ հերոսուհիին անունը՝ որ պատմութիւնը ժլատ գտնուած է:
Երրորդ խումբի ներկայացուցիչներէն ու ամենէն կարեւորներէն մին կարելի է նկատել բժշկուհի Մարիա Ճէյքըպսընը, որ իր յատուկ տեղը ունի հայոց պատմութան մէջ։ Դանիացի այս բժշկուհին, վերոյիշեալ երիտասարդ բժշկուհիի նման Կիլիկոյ կոտորածներէն ետք եկած է Պոլիս, եւ ապա շրջած Խարբերդ, Մալաթիա եւ Այնթապ եւ բազմաթիւ ուրիշ քաղաքներ եւ տեսնելով հայ որբերու վիճակը՝ անոնց համար որբանոցներ եւ հիւանդանոցներ հիմնած է: Նոյնպէս իր հանգիստ կեանքը ձգելով եկած է Կիլիկիա եւ զանազան գիւղերու մէջ ծառայութիւն մատուցած: Դանիացի այս աղջիկը մեկնած էր Ամերիկա եւ եօթ ամիս Ամերիկայի շրջանները շրջելով խօսած էր հայ որբերուն, կատարուած կոտորածներուն եւ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն մասին եւ իր առաքելութեան ընթացքին յաջողած է մեծամեծ գումարներ հանգանակել հայ որբերու սիրոյն: Անձ, որ մեկնած է Լիբանան, զբաղելու համար որբերով եւ իր ջանքերով հիմնած է մինչեւ օրս Լիբանանի մէջ գործող «Թռչնոց բոյն» հաստատութիւնը: Մարիա Ճէյքըպսընի հիմնած որբանոցին մէջ ապաստան գտած են աւելի քան հազար հայ որբեր: Դանիացի այդ օտարը ձգելով իր հանգիստը ինքզինք նուիրած էր հայ որբերու, որոնց կողմէ ալ ստացած էր «մամա» յորջորջումը: Չէ՞ք կարծեր, որ Մարիա Ճէյքըպսըն բազմահազար իր հասակակիցներուն նման կրնար անհոգութեամբ ապրիլ իր կեանքը. փակէր իր աչքերը, գոցէր ականջները ու անփոյթ եւ անտարբեր կեանք մը վարէր:
Վերոյիշեալ երկու երիտասարդներուն նմաններուն պակասն է, որ կ՚ապրինք այսօր. երանի՜ թէ անոնց յանդգնութիւնը փոխանցուած ըլլար իւրաքանչիւր հայու, որպէսզի երկրորդ խումբի պատկանողներուն նման պարզապէս ցաւելէ անդին գործնական գետնի վրայ պայքարէին ու գործով ցոյց տային իրենց կարեկցանքը:
Պարզապէս օտարին հային ըրած օգնութիւնը հայը հայուն չըրաւ, որովհետեւ ճշմարիտ օգնութիւնը ո՛չ թէ դրամական, այլ բարոյականն է եւ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքը ունինք այդ բարոյական օգնութեան՝ մա՛նաւանդ Արցախի մերօրեայ հարցերու պարագային:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -325-
Ամիս մը առաջ ծանօթի մը տունը գացի։ Ճամբաները լաւապէս չգիտնալուս հեռախօսի ճամբով գտայ տան հասցէն։ Հետեւելով հասայ Մարիա Ճէյքըպսըն անունով մկրտուած փողոցը եւ զարմացայ. աւելի քան դար մը ետք, Հայաստանի պետութիւնը որոշած էր իր փողոցներէն մէկուն անունը նուիրել Մարիա Ճէյքըպսընի. այդ մէկը նուազագոյնն է որ ազգովին կրնանք ընել, որովհետեւ այդ նուիրեալներուն գործը շատ աւելի վեր է՝ քան փողոցի մը անունը:
Այսօր, երբ Արցախի մէջ բազմաթիւ մանուկներ անօթի կը շարունակեն մնալ... ո՞ւր են մերօեայ Մարիա Ճէյքըպսընները... ո՞ւր են անոնց կերակրող ձեռքերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան