«ՄԱՐԴԸ՝ ԳԱՅԼԵՐՈՒՆ ՀԵՏ»

Մեր այսօրուան գրութեան վերնագիրը կ՚առնենք մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի շահեկան մէկ յօդուածէն։ Արդարեւ, երբ «մարդ» եւ «գայլ» միասին կը յիշուին, անմիջապէս կը մտաբերենք երկու տարբեր խօսքեր՝ մին Աւետարանէն, իսկ միւսը՝ հռոմէացի բանաստեղծ «Plautus»ի ըսած եւ անգլիացի «Hobbes»ի կողմէ կրկնուած եւ իւրացուցուած յայտնի ասացուածքէն։

Ծանօթ է Յիսուսի խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Զգուշացէ՛ք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարներու զգեստներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են», (ՄԱՏԹ. Է 15)։ Ահաւասիկ, այստեղ նմանութիւն մը կը տեսնուի մարդու-ոչխարի եւ մարդու-գայլի միջեւ։ Մարդ եւ գայլ՝ մարդուն «յափշտակող գայլ»ին հետ նոյնացումը իրապէս մարդ արարածին համար ցաւալի է, որ կը հեռացնէ զինք «մարդ» հանգամանքէն։

Երկրորդ խօսքը, որ կը պատկանի «Plautus»ի եւ աւելի վերջի շրջաններուն՝ «Hobbes»ի, սա է. «Homo homini lupus est», այսինքն՝ «մարդս մարդու գայլն» է։

Երբ կը մտածենք մարդու եւ գայլի այս նմանութեան կամ համեմատութեան վրայ, կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել Տքթ. Վարդ Շիկահերի վերոյիշեալ շահեկան յօդուածը՝ հրատարակուած իր «Նոյն արեւուն տակ» գիրքին մէջ։

ՄԱՐԴԸ՝ ԳԱՅԼԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Վերնէր Ֆրոյնտ, գերման կենդանաբան մը, ուզեր է լիակատար հետազօտութիւն կատարել գայլերու մասին։ Մերցիկ քաղաքի մերձակայ անտառն է մտեր խիզախօրէն, ամբողջ վե՛ց ամիս ապրեր է գայլերու հետ այնտեղ ապաստա՛ն գտած։

Կանխաւ ուսումնասիրած՝ անոնց սովորութիւններն ու բնութիւնը, ա՛յնպէս յարեր է գայլախումբին ու վարուեր է գայլի նման։ Միատեղ յօշոտեր, բզքտեր եւ հում հում կերեր է կենդանիները, զորս որսացեր են գազանները։ Հաւասար բաժներ է «ուտելիք»ները, քո՛ւն եղեր ու արթնցե՛ր է անոնց հետ։

- «Երբ կուշտ են, երբ կը զգան, թէ ձեզմէ վնաս չի՛ հասնիր իրենց, հանդարտ են ու համակերպող։ Շո՛ւտ վարժեցան ինծի, ընդունեցին զիս իբրեւ մին՝ իրենցմէ։ Մասնակցեցայ իրենց խաղերուն, փոխադարձեցի անվնաս խածատումները։ Խուսափեցայ շեշտակի նայելէ անոնց աչքերուն, ինչ որ վտանգ կրնար ստեղծել»։ Այսպէ՛ս կը պատմէ Ֆրոյնտ։

Ահառիթ է խորհի՛լն իսկ, թէ ինչպէ՞ս կրցեր է պատշաճիլ ան մահաբեր պայմաններուն՝ գայլերու միջավայրին, գազանաբոյնին, ուրկէ ձմրան սառնամանիքին, դո՛ւրս կու գան սովալլուկ վոհմակներ, կ՚իջնեն ու կը գրոհեն գիւղ ու աւան։

Միաժամանակ, թէ՛ «խորագէտ», թէ՛ «միամիտ» շարժեր է գերման հետախոյզը։ Առաջին հերթին, կը յայտնուի, թէ «գայլի բերան ընկած գառ մըն է», ինքզինք կամո՛վին փորձանքի ենթարկած։ Պատմութեան մէջ, քանինե՜ր այդպէս յանդուգն ու անձնազոհ ոգիով շարժեր են, յանուն գիտութեան։

«Ահաւասիկ ես կը ղրկեմ զձեզ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ, ուստի խորա՛գէտ եղէք օձերու նման եւ միամիտ՝ աղաւնիներու, զգուշացէ՛ք մարդերէն», (ՄԱՏԹ. Ժ 16-17), կը պատգամէ Մեծ Վարդապետը առաքեալներուն։

Կը հետեւի այլաբանօրէն, թէ Ֆրոյնտ «իսկական գայլերուն» մօտեցեր է այդ պատուէրի գիտակցութեամբ, մտեր է գայլախումբ «գայլի մորթ հագած գառնուկի պէս»։ Անկարելի, աներեւակայելի բա՛ն է իրագործել։ Գայլերու որջէն դարձեր, եկեր է գիտութեան իր ակումբը, ժխտելով անգլիական առածը, որ կ՚ըսէ. «անկարելի չէ՛ հեծնել վագրի կռնակը, բայց տարակուսելի է անկէ վար իջնելը…»։

«… Զգուշացէ՛ք մարդերէն», ազդարարեր, պատուիրեր է Վարդապետը՝ Իր առաքեալներուն, քարոզչական պաշտօններուն մէջ։ Մարդագայլեր կան աշխարհի մէջ։ «Մարդը մարդուն գայլը», կ՚ըսէ լատին բանաստեղծն ու կատակերգակը՝ Թիթուս Բլանթուս (Ն.Ք. 254-184)։

Կ՚ակնարկուի գայլանման մարդկային կերպարներու, կը յայտնանշուին մարդոց նենգ ու չարակամ վարքը, անգութ ու անխիղճ ընթացքը, նմանը պատուհասելու չարաղէտ միտումները, դժոխապարտ քէնն ու ոխը, որոնք «մարդը» կը տանին ասունէն դէպի անասուն իր նախնական վիճակին։

Նաբուքոդոնոսոր առիւծներու գուբը նետել տուաւ Դանիէլ Մարգարէն։ Գազանները անոր ոտքերուն առջեւ պառկեցան, առա՛նց վնասելու։

«Մարդը մարդուն գայլ»։ Այդ անիծապարտ երեւոյթն է, որ կը պարզուի այսօր, մոլորակի շարք մը ծագերուն վրայ, «պատերազմի չաստուածներ»ուն չարադաժան տիրակալումով։

Ահաւասիկ, այսպէս կը գրէ մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր յօդուածին մէջ։

Թերեւս շատերու տարօրինակ թուի, բայց կարդացի եւ սորվեցայ, թէ Ֆրոյնտ, որպէս «մարդ» ապրեր է ամբողջ վեց ամիս գայլերու հետ, երբ մարդ մը անասուններու մէջ կեանք մը ապրեր է, խորհեցայ այն ընտանի անասուններու մասին, թէ անոնք ալ «մարդ»ուն հետ կ՚ապրին եւ անոր հետ կը մտերմանան «մարդուն բնակարան»ներուն մէջ եւ կամ անոնց շատ մօտը։ Տարօրինակ մտածումը սա է. երբ անասունը կ՚ապրի ասունին մօտ, անոր հետ, ապա ուրեմն ասունը՝ մարդը ինչո՞ւ չապրի անասունին մօտ, անոր հետ, եւ կեանք վարէ հոն։

Կարծեմ «ասուն»ի եւ «անասուն»ի տարբերութիւնը հո՛ս կը յայտնուի՝ անասունը ասունին մօտ, անոր հետ կրնայ ապրիլ, բայց ասունը անասունին մօտ, անոր հետ ո՛չ։ Այս կը նմանի այն օրինակին, որ երբ շուն մը խածնէ մարդը՝ այդ սովորական բան մըն է, լուր իսկ չ՚ըլլար, լուրի արժէք չ՚ունենար, բայց եթէ մարդ մը խածնէ շունը, այդ անսովոր բան է եւ լուր կ՚ըլլայ եւ որպէս լուր մե՛ծ արժէք կը ներկայացնէ։

Հապա ի՞նչ ըսել մարդոց, որոնք զանազան անասուններ կ՚արգելափակեն վանդակներու մէջ կենդանաբանական պարտէզներու մէջ, կերպով մը գերի՛ կը դարձնեն զանոնք՝ հեռացնելով բնութեան ծոցէն, իրենց բնական միջավայրէն։ Եւ կամ կրկէսներու մէջ ցուցադրութեան առարկայ կ՚ընեն զանոնք։

Ինչո՞ւ։ Մարդո՛ւն հաճոյքին համար…։

Բնութեան կարեւոր մէկ մա՛սն է անասունը՝ իր բոլոր տեսակներով։ Եւ որքա՞ն բանականութեան հետ կը պատշաճի բնութենէն մաս մը քաշել դուրս հանել, փրցնել իր բնական բնակարանէն, զատել զայն բնութենէն եւ ծառայեցնել զայն իր հաճոյքներուն։

Այս իմաստով որքա՜ն տարօրինակ, բայց նո՛յնքան բանականութեան պատշաճ պէտք է նկատել գերման կենդանաբանին յանձն առած վեց ամիսներու վտանգաւոր կեանքը։ Բայց հոս հարցը սա է, թէ գայլը մարդուն համար վտանգաւոր կենդանի մըն է, կրնայ վնասել զայն։ Բայց Ֆրոյնտ կը վկայէ, թէ գայլը այնքան վնասակար չէ, երբ մարդուն կողմէ վտանգ մը չզգայ։

Երբ մարդ կը խուսափի վտանգաւոր կենդանիներէն, արդեօք կը խորհի՞, թէ ինք որքա՜ն վտանգ կը սպառնայ անոնց եւ թէ որքան վնաս կը պատճառէ կենդանական աշխարհին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 20, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2018