ՖՐԷԶՆՈՅԻ ՄԷՋ ՔԱՐՈԶ ՄԸ - Ա -

Թե­րեւս տա­րօ­րի­նակ թուի, բայց կան կարգ մը գիր­քեր, գրու­թիւն­ներ եւ կամ ար­ձա­նագ­րուած խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք յա­ճախ կը կար­դա­ցուին կամ կը լսուին, ա­ռանց կրկնու­թիւն հա­մա­րե­լու եւ կար­ծես ա­մէն ան­գամ որ կը կար­դա­ցուի կամ կը լսուի, ո՛չ թէ կրկնու­թեան այլ նոր հե­ղի­նա­կու­թեան մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը թո­ղու մար­դուս վրայ։ Թէեւ վե­րը «տա­րօ­րի­նակ» կո­չուե­ցաւ այս ե­րե­ւոյ­թը, սա­կայն բնա­կան է ա­սի­կա, քա­նի որ միտ­քը ա­մէն ան­գամ կը նո­րո­գուի եւ նո­րու­թիւն­ներ կը տես­նէ ա­նոնց մէջ։

Կան գրու­թիւն­ներ կամ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ ալ, ո­րոնք սկզբուն­քա­յին, կար­ծես «սահ­մա­նադ­րա­յին» հան­գա­մանք մը ու­նին եւ «ա­ղօթք»ի մը նման կը պա­հուին եւ յա­ճախ կը յի­շուին՝ որ­պէս ու­ղե­ցոյց, որ­պէս սկզբունք, որ­պէս կեան­քի ըն­թաց­քը լու­սա­ւո­րող լու­սար­ձա՛կ։

Ա­հա­ւա­սիկ ա­սոնց­մէ մէկն է՝ Վեր. Յ. Մսըր­լեա­նի կող­մէ, 5 Յու­լիս, 1953-ին, Ֆրէզ­նո­յի Հայ Պանդխ­տաց Ժո­ղո­վա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ խօ­սուած իր ա­ռա­ջին քա­րո՛­զը։

Այս քա­րո­զը տար­ւոյ մէջ մէկ-եր­կու ան­գամ կար­դա­լը սո­վո­րու­թիւն ը­րած եմ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր, նոյ­նիսկ մի քա­նի ան­գամ ալ զայն բաժ­նած եմ իմ սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուս հետ։

Խոր­հե­լով որ օ­րա­թեր­թի մը կեան­քը որ­քան ալ եր­կար ըլ­լայ օ­րա­կան գրու­թիւն­նե­րը շուտ կը մոռ­ցուին ընդ­հան­րա­պէս, ու­րեմն կ՚ու­զեմ ան­գամ մը եւս ներ­կա­յաց­նել զայն իմ սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­նե­րուս, ո­րուն մէջ, վստա՛հ եմ, պի­տի գտնեն նո­րու­թիւն­ներ։

Ու­րեմն, Վեր. Յ. Մսըր­լեան, տես­նենք թէ ի՛նչ է ը­սեր իր ա­ռա­ջին քա­րո­զին մէջ՝ 1953 թուա­կա­նին։

ԻՆ­ՉՈ՞Ւ Ե­ԿԱՅ

Բնա­բան. «Վասն­զի Քրիս­տոս զիս մկրտե­լու չղրկեց. հա­պա Ա­ւե­տա­րա­նը քա­րո­զե­լու»։

­Վե­րա­պա­տուե­լի Հիւ­սեան, Քրիս­տո­սով բաղ­ձա­լի քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ,

Փառք կու տամ՝ Աս­տու­ծոյ իր ան­պա­տում շնորհք­նե­րուն հա­մար որ վեր­ջա­պէս մեզ ի­րար միա­ցուց որ­պէս հօտ եւ հո­վիւ։

Ձեր զուարթ եւ ակն­կա­ռոյց դէմ­քե­րը գրա­ւա­կան են այն թա­քուն սի­րոյն եւ ակն­կա­լու­թեանց որ ա­միս­նե­րու սպա­սու­մը խմո­րած է ձեր սրտե­րուն մէջ,

Ան­տա­րա­կոյս ա՛յս էր Աս­տու­ծոյ կամ­քը եւ այդ կամ­քը այ­սօր կա­տա­րուած է. Ի­րեն վա­յել է փառք յա­ւի­տեանս, ա­մէն։

Եւ Դուք Վե­րա­պա­տուե­լի Հիւ­սեան, այս ե­կե­ղեց­ւոյ վաս­տա­կա­ւոր հո­վի­ւը, Տէ­րոջ հա­ւա­տա­րիմ եւ ան­խոնջ մշա­կը, այ­սօր այս Բե­մը եւ այս ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ին­ծի կը փո­խան­ցէք հա­ւատ­քով եւ ա­ղօթ­քով։ Ձեր ծա­ռա­յու­թեան ե­րեք տա­րի­նե­րը այս ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ ա­մե­նէն քրի­թի­քա­կան տա­րի­ներն էին։ Դուք բեր­դը ա­մո՛ւր պա­հե­ցիք, Հօ­տը հո­վուե­ցիք ա­մե­նայն ի­մաս­տու­թեամբ եւ զո­հո­ղու­թեամբ։ Այժմ Ձեր պաշ­տօ­նը լրիւ կա­տա­րած ըլ­լա­լով, գոհ սրտով իմ վզիս կը դնէք այս ե­կե­ղեց­ւոյ շատ ծանր, բայց խիստ ցան­կա­լի եւ քաղցր լու­ծը։ Երբ խո­նար­հա­բար ձե­զի կը յա­ջոր­դեմ, կը ցան­կամ ու­նե­նալ Ե­ղի­սէի նման ձեր Ե­ղիա­յի լօ­դի­կը, Յա­կո­բի նման՝ ձեր Ի­սա­հա­կի օրհ­նու­թիւ­նը, Տի­մո­թէո­սի նման՝ ձեր Պօ­ղո­սի ար­ցուն­քոտ ա­ղօթ­քը։ «Բա­րի պա­տե­րազ­մը պա­տե­րազ­մե­ցաք, ըն­թաց­քը կա­տա­րե­ցիք, հա­ւատ­քը պա­հե­ցիք։ Աս­կէ ե­տեւ կայ ու կը մնայ ձեզ ար­դա­րու­թեան պսա­կը զոր Տէ­րը, ար­դար դա­տա­ւո­րը պի­տի հա­տու­ցա­նէ ձեզ այն օ­րը»։

­Սի­րե­լի­ներ, այ­սօր ձեր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին մէջ նոր էջ մը կը բա­ցուի վստա­հե­լով ինձ այս Բե­մի «Կե­նաց Բան»ին քա­րո­զու­թիւ­նը եւ ձեր ծա­ռան ըլ­լա­լու ա­ռանձ­նաշ­նորհ­քը։

Ցարդ ձե­զի ծա­ռա­յող ըն­տիր հո­վիւ­նե­րու շար­քին, գու­ցէ ես ա­մե­նէն ե­րի­տա­սարդն ու ան­փորձն եմ։

Ձեր վսհա­տու­թիւ­նը եւ հա­ւատ­քը մե­ծա­պէս կը խրա­խու­սէ զիս։ Ե­րախ­տա­պարտ եմ ձե­զի եւ կ՚ող­ջու­նեմ ձեզ Քրիս­տոս Յի­սուս մեր Տէ­րոջ­մով։

Ին­չո՞ւ ե­կանք։

Նախ, ե­կանք շի­նե­լու այս վէ­մին վրայ՝ որ Աս­տուած Քրի­սոտս Յի­սու­սով ար­դէն դրած է մեր մէջ, եւ ո­րուն վրայ «կեն­դա­նի քա­րե­րու պէս օ­րէ օր կը շի­նուինք» Սուրբ Հոգ­ւոյն տա­ճար մ՚ըլ­լա­լու։ Ես չե­կա՛յ աւ­րե­լու, հա­պա՝ շի­նե­լո՛ւ։ Ես չե­կայ նոր հիմ դնե­լու, հա­պա դրուա­ծին վրայ շի­նե­լու։ «Վասն­զի մէ­կը ա՛լ ու­րիշ հիմ չի կրնար դնել դրուա­ծէն զատ՝ որ է Յի­սուս Քրիս­տոս»։

­Տէ­րոջ ծա­ռա­ներ. Յ. Սան­դի­կեան, Ա. Վար­դա­նեան, Մ. Կ. Փա­փա­զեան, Յ. Չագ­մագ­ճեան, Ա. Պ. Հիւ­սեան այս վէ­մին վրայ շի­նե­ցին եւ ա­նոնց շի­նա­ծը կրա­կով փոր­ձուե­լէ վերջ ըն­տի՛ր գտնուե­ցաւ։ Մին տնկեց, միւ­սը ջրեց, այլ մէ­կը հնձեց, բայց Աս­տուած է որ ա­ճե­ցուց։

Ո՛չ տնկո­ղը բան մըն է, ոչ ալ ջրո­ղը, հա­պա Աս­տուա՛ծ որ կ՚ա­ճեց­նէ։

Ես ալ ըն­տիր մշակ­նե­րուն ա­մե­նէն յե­տինն եմ։

Բայց ին­ծի տրուած շնորհ­քի չա­փո­վը ես ալ իմ կար­գիս պի­տի ցա­նեմ ու ջրեմ եւ ել­քը Տէ­րո­ջը ձեռ­քե­րուն յանձ­նեմ։

Ես ե­կայ նաեւ Ա­ւե­տա­րա՛­նը քա­րո­զե­լու։

«Վասն­զի Քրիս­տոս զիս մկրտե­լու չղրկեց, հա­պա Ա­ւե­տա­րա­նը քա­րո­զե­լու»։­

Ին­ծի կ՚ը­սեն. «Գա­լի­ֆոր­նիա ա­ռողջ օդ եւ տա­քուկ ա­րեւ ու­նի»։ Բայց ես օդ ծծե­լու եւ կռնակս տաքց­նե­լու չե­կա՛յ։

Ին­ծի կ՚ը­սեն. «Գա­լի­ֆոր­նիա ա­ռատ պտուղ ու­նի, հան­գիստ տեղ է»։ Բայց ես չե­կա՛յ ու­տե­լու եւ խմե­լու։

Ինչ­պէս ա­մե­նայն տեղ մա­հը մի՛ է, հոս ալ մար­դիկ կը մեռ­նին։ Կը մաղ­թեմ որ ձեր ննջե­ցեալ­նե­րը քիչ ըլ­լան։ Ես պի­տի թա­ղեմ ձեր ննջե­ցեալ­նե­րը ա­մե­նայն եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ եւ փափ­կու­թեամբ։ Բայց Քրիս­տոս զիս մե­ռել­ներ թա­ղե­լու չղրկե՛ց։

Ու­րա՜խ եմ որ իմ ժա­մա­նած րո­պէին իսկ ինձ ի­մաց տուին թէ եր­կու պսակ կը սպա­սեն ինձ…

- Պի­տի շա­րու­նա­կուի։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 21, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016