ԻՆՔՆԱՅՕԺԱՐ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ
Եթէ մարդս պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր գործողութեան լաւ եւ վատ հետեւանքներու համար, ան պիտի ունենայ առ այդ ո՛չ միայն որոշեալ չափահասութիւն կամ կատարեալ հասակ, այսինքն՝ առողջ եւ հասուն մտածողութիւն, այլ նաեւ՝ «կամքի ազատութիւն», կամ որ նոյն է՝ «ինքնայօժար հաւանութիւն» կամ «յօժարակամ հաճութիւն»։ Արդարեւ, առանց ազատ կամքի կամ յօժարակամ հաճութեան կատարած գործի համար բնաւ կարելի չէ պատասխանատուութիւն վերագրել գործողի նկատմամբ։ Այս ընդհանուր սկզբունքը այնչափ հզօր է թէ՛ բնական եւ թէ իրաւաբանական յատկութեամբ, որ մինչեւ իսկ մարդասպանը երբեք ենթակայ չէ պատիժի եւ պատասխանատուութեան, եթէ ան կատարած է իր չարագործութիւնը կամ ոճրագործութիւնը առանց յօժարակամ հաճութեան, այսինքն՝ ինքնայօժար հաւանութեան, զոր օրինակ, խելագարութեան մէջ, ուրիշի ստիպմամբ, սխալմամբ եւ այլն ակամայ պատճառներով։
Այսպէս ուրեմն, եթէ յօժարակամ հաճութիւը ամենագլխաւոր եւ անհրաժեշտ պայմաններէն մէկն է մարդու ամէն մէկ գործողութեան համար, ո՛րչափ առաւել եւս հարկաւոր է ան ամուսնութեան ամենածանր ձեռնարկութեան մէջ՝ ուր գլխաւոր հիմունքն է երկու ամուսիններու փոխադարձ սէրը։ Ա՛յս է պատճառը՝ որ ամենահին ժամանակներէն ի վեր ամուսնութեան օրինաւորութեան գլխաւոր պայմաններէն մին էր ամուսնացողի ազատ կամքը կամ «յօժարակամ հաճութիւն»ը՝ հաւանութիւնը. «Consensus»։
Հռովմէական օրէնքով յօժարակամ հաճութիւնը «Consensus», գլխաւոր եւ ահրաժեշտ պայման կը համարուէր առհասարակ ամէն տեսակ ընկերական համաձայնութեան կամ դաշնակցութիւններու համար, առանց որու վաւերական եւ օրինաւոր չէր համարուեր այդ համաձայութիւնը եւ որեւիցէ պատճառով «յօժարակամ հաճութիւն» չունեցողը իրաւունք ունէր հրաժարիլ դաշնակցութենէն, այսինքն հաստատուած համաձայնութենէն եւ ազատ կը մնար անոր պայմանները եւ պարտաւորութիւնները կատարելէն։
Եւ որովհետեւ ամուսնութիւնը նոյնպէս կը համարուէր բարոյական-քաղաքացիական համաձայնութիւն, ուստի անոր օրինաւորութեան համար գլխաւոր պայմաններէն մին կը համարուէր եւ կը պահանջուէր ամուսնացողներու ամուսնական ազատ կամքով հաւանութիւնը՝ յօժարակամ հաճութիւնը. «Consensus nuptialis»։
Այդ պայմանը հռովմէական օրէնքով այն աստիճան անհրաժեշտ էր եւ հարկաւոր կը համարուէր՝ որ եթէ միւս պահանջուած բոլոր պայմանները պահպանուած ըլլային եւ միայն ան պակսէր, ամուսնութիւնը անվաւեր էր եւ ապօրինի՛, եւ միւս կողմէ ընդհակառակը՝ բաւական էր միայն այդ յօժարակամ հաճութիւնը երկու ամուսիններու՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու կողմէ, բաւական էր այդ ամուսնական հաճութինը - consensus nuptialis, որ ամուսնութիւնը կը համարուէր բոլորովին օրինաւոր եւ վաւերական, որովհետեւ հռովմայեցիները կ՚ըսէին -consensus facit nuptias- հաճութիւնը, կամ համաձայութիւնը կը կազմէ ամուսնութիւնը։
Բացի հռովմայեցիներէն, միւս բոլոր հին ժողովուրդներ նո՛յնպէս անհրաժեշտ կը համարէին յօժարակամ համաձայնութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 24, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/17/2025
- 02/17/2025