ՊԱՐՏՈՒԱԾ ՊԱՅՔԱՐՆԵՐԸ

Ուր ալ երթանք, կամայ թէ ակամայ պատմութիւնը կը շարունակէ ինքզինք կրկնել: Աշխարհի պատմութեան ընթացքին, սերունդներու փոփոխութեան հետ միասին առաջ կու գայ նոր մոլութիւն մը, որ հիները կը պայքարին ու կը փորձեն խափանել ու երկար տարիներ այդ երկուութեան պայքարն է, որ կը մղուի, մինչեւ որ հիները յաղթուին եւ նորերը իրենց յաղթանակը յայտարարեն: Ժամանակ մը ետք նորերը եւս կը դառնան հիներ եւ իրենց կարգին կը պայքարին միւս նորերուն դէմ... ու այս անվերջ դադարը երբեք վերջ չ՚ունենար:

Վերջապէս ամէ՛ն նոր օր մը հին դառնալու դատապարտուած է:

Մեր թուականէն 63 տարիներ առաջ լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթը հինգշաբթի, 24 յուլիս 1958-ի թիւին 3-րդ էջի 5-րդ սիւնակին մէջ կը գրէ «Ամերիկեան երիտասարդութեան ցոփ կեանքը» անունով հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն ամերիկեան ոստիկանութիւնը շուարած մնացած է, որովհետեւ չի գիտեր, թէ ինչ միջոցներ պէտք է ձեռք առնէ երիտասարդական կազմակերպութեան մը դէմ, որ կը կոչուի «Էլէվսինեան խորհուրդ»: Այս կազմակերպութեան 12-էն 18 տարեկան անդամները իրենց «արարողութիւն»ները կը կատարեն բացօթեայ «փարթի»ներու մէջ: «Արարողութիւն»ներէն ետք առատ ոգելից ըմպելի եւ թմրեցուցիչ կը գործածեն: Յետոյ տեղի կ՚ունենայ ցոփութիւններ, որոնց ընթացքին երիտասարդուհիներ իրարու հետ կը մրցակցին՝ տեսնելու համար, թէ ո՞վ պիտի կրնայ աւելի մեծ թիւով բարեկամներ գրաւել: Հակառակ անոր որ անչափահասներու դատարանները խստագոյն պատիժներ կը տնօրինեն յանցանքի վրայ ձերբակալուածներուն, այս կազմակերպութեան անդամներու թիւը հետզհետէ կը շատնայ:

Այդ ժամանակուայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մտածողութեան համաձայն՝ տարօրինակ երեւոյթ էր այդ մէկը եւ պետութիւնը ամէն տեսակ միջամտութիւն կը ձեռնարկէր, որպէսզի առաջքը առնէ նման վատառողջ երեւոյթներու, իսկ այսօր, Ամերիկայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ իւրաքանչիւր 10 աղջիկէն 3 հոգին կը յղիանայ եւ կը ծննդաբերէ 18 տարիքը չամբողջացուցած: Ուսումնասիրութեան համաձայն՝ 18 տարեկանէն վար աւելի քան 780 հազար երիտասարդ-պարմանուհի մայր կը դառնայ:

Այդ տարիքին մայրանալը պատճառ կը դառնայ, որ դեռահաս աղջիկները դուրս գան դպրոցէն։ Մայրացած աղջիկներուն 63 առ հարիւր տոկոսը միջնակարգ դպրոցը անգամ չ՚աւարտեր: Ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մայրացած պարմանուհիներուն միայն 2 առ հարիւր տոկոսը կ՚աւարտէ երկրորդական վարժարանը:

Երիտասարդ մայր դարձողներու կողքին գոյութիւն ունին նաեւ երիտասարդ հայր դարձողները, որոնց 10-էն 8 հոգին չեն պսակուիր իրենց զաւակի մօր հետ: Ամերիկայի անապահով ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը իրենց առաջին զաւակը ունեցած են իրենց անչափահաս տարիքին. այդ ընտանիքներուն երկու երրորդը աղքատ է այսօր:

Ընկերային խնդիրներու կողքին, բժիշկներ ամէն ձեւով կը փորձեն բացատրել, որ վաղաժամ յղութիւնն ու ծննդաբերութիւնը լուրջ վտանգներ կը սպառնայ թէ՛ ծննդաբերողին եւ թէ ծնող մանուկին համար: Ըստ բժշկական տուեալներու՝ վաղաժամ յղութիւնը կրնայ արեան բարձր ճնշումի պատճառ դառնալ եւ այդ ճնշումը կրնայ երիկամները վնասել եւ մինչեւ իսկ մինչեւ մահ տանիլ անչափահաս ծննդաբերողը: Անդին, անչափահասներու մօտ մեծ է վտանգը մանուկին կանուխ աշխարհ գալուն եւ լաւապէս չկազմուելուն: Տուեալներու համաձայն՝ անչափահաս յղիներու 55 առ հարիւր տոկոսը կը ծննդաբերէ, 14 առ հարիւր տոկոսը անյաջող ծննդաբերութիւն կ՚ունենայ, իսկ միւս 31 առ հարիւրը վիժումի կը դիմէ: Միացեալ Նահանգներու պարագային վիժումը օրինականօրէն արտօնուած իրողութիւն է եւ ամէն նահանգ անպայմանօրէն ունի վիժումի համար նախատեսուած դարմանատուներ:

Ամէն տարի, աւելի քան 50 հազար անչափահաս կը մահանայ ծննդաբերութեան ժամանակ:

Ընկերային կազմակերպութիւններ անչափահաս յղութեան որպէս պատճառ կը տեսնեն աղքատութիւնը, բռնութիւնը եւ թմրամիջոցներու օգտագործումը: Ամերիկեան «drugabusestatistics.org» վիճակագրական կայքի համաձայն՝ Ամերիկայի մէջ աւելի քան 1.19 միլիոն անչափահաս գինեմոլ է եւ 2.08 միլիոնը թմրամոլ։ Տարեկան անոնց 11 առ հարիւր տոկոսը կը մահանայ, չափէն դուրս թմրեցուցիչ օգտագործելուն համար: 

Մեր թուականէն 60-70 տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այս հարցերու դէմ էր, որ կը պայքարէր ու այսօր այդ բոլորը դարձած է օրինաւոր, բնական ու պարզ: Ու այդ դժբախտ երեւոյթը ակամայ մտածել կու տայ ահ պատճառով այն իրողութեան մասին, որ արդեօք այն ամէնը որոնց համար կը պայքարինք այսօր, 60-70 տարիներ ետք բնակա՞ն պիտի դառնան: Բարոյականութեան, հայ լեզուի պահպանման, հայ դատի, հայու դաստիարակութեան ու միւս բոլոր արժէքներուն համար մղուած պայքարները օր մը յաղթուած դո՞ւրս պիտի գան:

Այս ընթացքով՝ կարծես թէ այո... ու ինչպէս մենք 63 տարի առաջուայ հաղորդագրութիւնը կը մէջբերենք, կէս դար ետք մեր գրութիւններն ալ ուրիշներ պիտի մէջբերեն՝ որովհետեւ փոխուած պիտի ըլլայ ամէ՛ն բան, ներառեալ հայն ու հայութիւնը:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՆՆԱ ԼԱԶԱՐԵԱՆ
(1814-1889)

Մեր թուականէն 132 տարիներ առաջ՝ 25 նոյեմբեր 1889-ին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մահացած է թարգմանիչ իշխանուհի Աննա Աբամելիք Լազարեան:

Լազարեան ծնած է 15 ապրիլ 1814-ին, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ: Ան եղած է Աբամելիք Լազարեաններու ազնուական տոհմէն՝ Ռուսական բանակի հրամանատար Դաւիթ Աբամելիքի դուստրը: Փոխանցուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ Աննա եղած է Սեն Փեթերսպուրկի առաջին գեղեցկուհին եւ նշանակուած է կայսրուհիին օգնական։ Ամուսնացած է Քազանի նահանգապետ, բանաստեղծ Եւգինէ Պարատինսքիի եղբօր՝ Իրակլի Պարատինսքիի հետ:

Աննա Լազարեան բացի հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներէ, լաւապէս տիրապետած է անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներուն: Այդ լեզուներով թարգմանած եւ Եւրոպայի մէջ հրատարակած է Ալեքսանտր Փուշքինի, Միխայիլ Լերմոնտովի, Ա. Թոլոսթոյի, Ն. Նեքրասովի եւ այլ անուանի գրողներու գործերը: Եւրոպական գրողներու գործերէն ռուսերէնի թարգմանած է Հայնրիխ Հայենի, Ֆ. Շիլլերի, Թոմաս Մորիի, Կօթէի եւ ալ հեղինակներու գործերը: Աննա Լազարեան մտերիմ յարաբերութիւն ունեցած է ռուս բանաստեղծ եւ գրող Ալեքսանտր Փուշքինի հետ։ Վերջինս Աննա Լազարեանին ձօնած է բանաստեղծութիւններ: Անոր մասին բանաստեղծութիւն գրած է նաեւ գերմանացի ճանապարհորդ Ֆրիտիրիխ Կակերն:

Լազարեանի գեղեցկութիւնը նկարած են յայտնի գեղանկարիչներ՝ Ալեքսանտր Փրուլով (1830), Օսոքին (1831), Աֆանասի Օրլով (1856) եւ տասնեակ մը անյայտ նկարիչներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2021