ԻՆՔՆԱՍՊԱՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ

Արձակագիր եւ հրապարակախօս Արփիար Արփիարեան իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան ԺԵ. գլուխին մէջ հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ Ղուկաս աղայի մանկութիւնը.- «հավէսով կ՚աշխատէր ինչպէս աշխոյժ, եռանդոտ պատանի մը, որ ապագայ մը պատրաստելու համար նոր գործի կը ձեռնարկէ, հաւատալիր վստահութեամբ». թէ՛ նախկիններուն եւ թէ՛ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար տարբեր իմաստ մը ունէր եւ ունի պատանեկութիւնը, սակայն մերօրեայ պատանեկութիւնը քիչ մը տարբեր պատկեր կը պարզէ: 

Վերջերս համացանցի վրայ կը հանդիպիմ պատանիներու, որոնք կը խօսին կեանքի անարդարութեան, անիրաւութեան, սիրոյ եւ սիրահարութեան, ցաւի, դաւաճանութեան եւ գրեթէ բոլո՛ր այն բաներուն մասին՝ որոնք որոշ ժամանակ երիտասարդական ըլլալ կը կարծուէին: Բոլոր այն վիշտերը, յուսախաբութիւններն ու հիասթափութիւնները՝ որոնք երիտասարդութեան սկզբնական տարիներուն մարդ կը սկսի առաւելաբար զգալ ու ապրիլ, մերօրեայ պատանիները իրենց պատանեկութեան սկզբնաշրջանին սկսած են ապրիլ՝ խախտելով մանուկ-պատանի-երիտասարդ յստակ տարբերութիւնները:

Վստահաբար պատանին եւ երիտասարդը զգացումները նոյն ձեւով չեն կրնար ապրիլ ու ընկալել, որովհետեւ ցաւը եւս ունի իր հանգրուաններն ու կայարանները. օրինակի համար՝ 5-6 տարեկան մանուկ մը կրնայ խորապէս նեղուիլ կորսնցուցած մատիտի մը համար. 10-12 տարեկան մանուկ-պատանիին համար մատիտի մը կորուստը նոյնքան ազդեցութիւն պիտի չունենայ ինչքան կ՚ունենար երբ 5-6 տարեկան էր. սակայն այս հանգրուանին մանուկ-պատանին կ՚ազդուի եւ կը նեղուի այնպիսի բաներէ՝ որոնք 5-6 տարեկանին այնքան ալ իմաստ ու կարեւորութիւն չունէին եւ որոշ ժամանակ ետք՝ երբ պատանեկութենէն երիտասարդութիւն անցնի, նոյնպէս այդ պատանեկանը կը դառնայ «երկրորդական» ու «սովորական»:

Մերօրեայ պատանիները սակայն իրենց «սովորական» եւ «երկրորդական» ցաւերը ծանր տանելով ներքին պայքար մը կ՚ունենան եւ այդ բոլորը անտանելի եւ դժուարակիր ըլլալ կը կարծեն, որովհետեւ պատանեկութեան տարիքէն սկսեալ ամէն մարդ իր ապրած ցաւին անհանդուրժելի եւ այլ ցաւերու հետ անհամեմատելի ըլլալը կը կարծէ. այս մէկը ինքնամփոփ եւ արտայայտուելու դժուարութիւն ունեցող մանուկներուն մօտ սարսափելի հոգեկան վիճակ մը կը ստեղծէ. հաւանաբար սարսափելի թուի, սակայն Ամերիկայի բժշկական համալսարաններէն մէկուն կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող պատանիներուն 20 առ հարիւր տոկոսը նուազագոյնը մէկ անգամ ինքնասպան ըլլալու փափաքը ունեցած կամ փորձած է, իսկ անոնցմէ 9 առ հարիւր տոկոսը դժբախտաբար վերջ տուած է իր կեանքին:

Վստահ եղէք ինքնասպանութիւն գործող երիտասարդները եթէ գործելու փոխարէն բաւարարուէին միայն մտածելով, որով ժամանակ մը ետք՝ երբ մեծահասակներ դառնային, ծիծաղելի եւ անիմաստ պիտի գտնէին բոլոր այն նիւթերը՝ որոնց համար կեանքէն հեռանալու փափաքը ունեցած էին, սակայն պատանեկութեան այդ տարիքին այդ մէկը կ՚ընկալեն որպէս աշխարհի ամենէն մեծ ու անլուծելի խնդիրները:

Հոգեբաններ վերլուծելով պատանիներու ունեցած այս մտածողութիւններն ու ինքնասպանութեան սկզբնաղբիւրները, որպէս պատճառ կը յայտնեն հետեւեալները.

Ա.- Բռնութիւն.- Այն մանուկները որոնք իրենց ծնողներուն կողմէ ծեծի կ՚ենթարկուին, մանաւանդ որոշ տարիքի մը ինքնատեաց անձերու կրնան վերածուիլ. ծեծն ու բռնութիւնը բնականաբար զիրենք հեռու կը պահեն ընկերութենէն եւ այդ բռնութեան ենթարկուող մանուկը յստակ յարաբերութիւն մը կը սկսի տեսնել իր եւ սիրոյ մթնոլորտի մէջ ապրող տարեկիցի մը միջեւ, ինչ որ բնականաբար նախանձ եւ իր սեփական կեանքին հանդէպ ատելութիւն կը ստեղծէ իր մէջ. այդ բոլորը առիթ կու տան անպատասխան «ինչո՞ւ»ներու եւ մանուկ-պատանիին մէջէն կը խլեն ապրելու ուրախութիւնն ու խնդութիւնը:

Բ.- Անպատրաստուածութիւն.- Յաճախ աւելի «մանկավարժ» ըլլալ ուզող ծնողներ կը փորձեն իրենց մանուկներու գիտութենէն հեռու պահել աշխարհի բոլոր չարիքներն ու դժբախտութիւնները եւ անոնց դիմաց վարդագոյն կեանք մը դնելով բարիք ընել կը կարծեն, սակայն գիտակից ծնողքի մը իսկական պարտականութիւնն է առանց սուտի դիմելու ամենէն յարմար ձեւով իրենց զաւակներուն բացատրել գրեթէ ամէն բան, որովհետեւ ուշ թէ կանուխ մանուկ-պատանին կամաց կամաց պիտի սկսի տեսնել, ապրիլ ու սորվիլ այդ բոլորը՝ կամայ թէ ակամայ: Մարդկային կեանքին մաս կազմող շատ մը երեւոյթներու դիմաց անպատրաստուածութիւնը կրնայ մեծ հոգեկան տագնապներու եւ մինչեւ իսկ ինքնասպանութեան առաջնորդել անակնկալի եկած մանուկ-պատանին. օրինակ՝ ինչքան ալ տակաւին ամօթ բան նկատուի իգական սեռի ունեցած «դաշտան»ը, իրականութեան մէջ մարդկային ու բնական բան մըն է. շատ մը ծնողներ հիմնուելով այդ «ամօթ»ի սխալ ըմբռնումին վրայ, կը թերանան այդ բոլորին մասին խօսելու իրենց աղջիկ զաւակներուն հետ եւ փոխանակ զիրենք հոգեպէս այդ բոլորին պատրաստելու, զանոնք անպատրաստուածութեան կը մատնեն՝ ինչ որ աւելիով կը վախցնէ եւ հոգեկան անկայուն վիճակ մը կը ստեղծէ իրենց միջեւ: Ցաւ ի սիրտ, եղած են դէպքեր, որ պատանի աղջիկը այդ մէկը ամօթ կարծելով մեղաւորութեան զգացումներով դիմած է ինքնասպանութեան: Ծնողներ պարտին գրեթէ ամէ՛ն նիւթի մասին մանկավարժական սահմաններու մէջ խօսիլ իրենց զաւակներուն հետ եւ հեռու մնալ վարդագոյն կեանք մը գծել ուզելու պատկերէն, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ ուշ կամ կանուխ կեանքին վարդագոյն չըլլալը իրենք եւս պիտի տեսնեն, զգան ու ապրին:

Գ.- Վարկաբեկում.- Մեր ծնողները չեմ գիտեր ինչպէս հնարած են «բարի նախանձ» կոչուած հասկացողութիւն մը, որով իրենց զաւակները աւելի «առաջ» տանիլ կը փորձեն, անգիտանալով որ զաւակի մը համար ծնողքին կողմէ կատարուած ոչ-դրական համեմատութիւնը կրնայ վիրաւորել իր ԵՍ-ը եւ որոշ խնդիրներ ստեղծել: Ցաւ ի սիրտ, ունինք ծնողներ, որոնք մէկ կողմ դնելով իրենց զաւակներուն դրական ու գնահատելի կողմներն ու գործերը՝ շեշտը կը դնեն բացասականներուն, այն համոզումով որ շեշտը վատին վրայ դնելով զիրենք կրնան ինքնասրբագրման առաջնորդել եւ այդպիսով ունենալ օրինակելի զաւակներ: Դրացիին զաւակին եւ կամ դասարանակիցին հետ համեմատուող պատանին որոշ ժամանակ ետք ինքնատեաց կրնայ դառնալ եւ վատ կէտերը սրբագրելու փոխարէն լաւերն ալ կորսնցնել, որովհետեւ պատանի մը աւելի լաւ վիճակի մէջ բերելու համար պէտք է գնահատել իր փոքր օրինակելի եւ օգտակար գործերը, որովհետեւ գնահատանքով անոնք կրնան մեծնալ, մինչ հակառակ ձեւով պարզապէս հոգեկան խռովութիւններ կ՚ունենան: Եթէ զաւակը դպրոցին մէջ 7 ստացաւ, պէտք է գնահատել եւ խրատել, որպէսզի յաջորդին աւելի լաւ կատարելով 9-10 ստանայ եւ միայն այդ գնահատականով է որ մանուկը դէպի լաւ ըլլալու կրակը կ՚ունենայ. «եթէ 7-ով ուրախացուցի, ուրեմն 9-ով աւելիով կրնամ ուրախացնել» ըսող մանուկն է որ 9-10 ստանալու համար կը պայքարի. իսկ եթէ ամէն անգամ դասարանակիցի մը անունը լսելով համեմատուի անոր հետ թէ՛ իր դասարանակիցին հանդէպ ատելութիւն կ՚ունենայ եւ թէ՛ դասերուն հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը կը կորսնցնէ:

Դ.- Անտարբերութիւն.- Յաճախ ծնողներ իրենց պատանիներուն հարցերով չեն հետաքրքրուիր եւ այդ բոլորը «աւելորդ» կը նկատեն. այո՛, ճշմարտութիւն է որ մեր մանուկները կը նեղուին եւ կը սրտնեղին անիմաստ նիւթերով, սակայն որոշ հետաքրքրութիւն կ՚ակնկալեն իրենց ծնողներէն. օրուան մտահոգութիւններով ու հարցերով տարուած ծնողներ յաճախ կը ծուլանան պէտք եղած հետաքրքրութիւնը ցուցաբերելու իրենց մանուկներուն հանդէպ եւ նոյնիսկ իրենց հարցերուն մասին խօսիլ ուզող իրենց զաւակները կը լռեցնեն՝ անիմաստ ու «պարապ նիւթեր» որակելով այդ բոլորը: Այս մէկը կը վիրաւորէ պատանիին ԵՍ-ը եւ որոշ բացութիւն մը կը ստեղծէ պատանիին եւ մանուկին միջեւ:

Տակաւին կարելի է կէտերը երկարել եւ իւրաքանչիւր կէտի մասին յստակ ուսումնասիրութիւններ կատարել, սակայն այս բոլորը բաւարար է հասկնալու համար, որ զաւակ ունենալն ու մանուկ մեծցնելը կարծուածէն շա՜տ աւելի դժուար ու պատասխանատու սրբազան պաշտօն մըն է. ամէն բանի մէջ ծնողները պէտք է նկատի ունենալ, որովհետեւ մանուկը հասակ կ՚առնէ իր եւ իր նկարագիրն ու ինքնութիւնը կը կազմէ իր շրջապատին ազդեցութեան հիման վրայ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -104-

Ողորմած հայրս ինքզինք մահուան յաղթող մը կը նկատէր։ Ողորմած մեծ մայրս չէր ուզած ունենալ վեցերորդ զաւակը եւ գացած էր բժիշկի՝ որպէսզի վիժի։ Վախցած էր որ չորս աղջիկ զաւակէ ետք դարձեալ աղջիկ մը ունենայ։

Բժիշկը հաւանաբար գիտակցելով վիժումի ահաւորութեան, խաբած էր մեծ մայրս եւ կեղծ ու անկապ դեղեր տալով տուն ճամբած զինք։

Հակառակ բոլոր փորձերուն, հասած էր օրը եւ լոյս աշխարհ եկած հայրս։

Յաճախ կ՚ըսէր, թէ եթէ բժիշկը խաբած չըլլար մեծ մայրս՝ ո՛չ ինք... ո՛չ ալ ես այսօր լոյս աշխարհ կու գայի։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022