ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ

Աստուած մարդուն կը հպի երեք գլխաւոր ոլորտի կամ շրջանի մէջ. նախ՝ Բնութեան ոլորտին մէջ, յետոյ՝ Բարձրագոյն արժէքներու ոլորտին մէջ, եւ վերջապէս՝ Անձնական յարաբերութեան ոլորտին մէջ։ Մարդու տեսանկիւնէն դիտելով՝ ան եւս Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի այս երեք ոլորտին մէջ. նախ՝ իր զգայարաններուն միջոցաւ, երկրորդ՝ գնահատմամբ, եւ երրորդ՝ ուղղակի՛ աղօթքով եւ մտածութեամբ, խորհրդածութեամբ։

Մարդ երբ բնութեան հետ շփման կու գայ, Աստուծոյ հետ շփման կու գայ։ Անշուշտ այս ըսելով չենք ուզեր ըսել, թէ բնութիւնը Աստուած է։ Բնութիւնը Աստուած չէ՛։ Աստուած ազատօրէն ուզեց ստեղծել «յառաջդիմութեան մէջ» աշխարհ մը, ուղղուած դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։ Աստուծոյ ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումին հետ նաեւ՝ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նաեւ կործանումներ։ Արդարեւ, չկա՛յ բան մը որ իր գոյութիւնը չպարտի Արարիչ Աստուծոյ ե՛ւ բնութիւնը անշուշտ։

Աշխարհը սկսաւ երբ Աստուած խօսքով ոչինչէն գոյացաւ. գոյութիւն ունեցող բոլոր էակները, ամբողջ բնութիւնը, մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կ՚արմատանան այս սկզբնական դէպքին մէջ, այս ծնունդով է որ աշխարհը գոյացած է եւ ժամանակն ալ սկիզբ առած է. (Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս)։ Ուստի Աստուած Ի՛նքն է որ ստեղծեց տեսանելի աշխարհը իր ամբողջ ճոխութեամբ, զանազանութեամբ եւ ներդաշնակութեա՛մբ։

Ուստի Աստուած բնութեան Ստեղծի՛չն է, Ան բնութենէն վեր է, բայց բնութեան մէջ կը գործէ եւ անոր միջոցովը Ինքզինք մեզի կը յայտնէ։ Այս իմաստով, բնութիւնը աստուածճանաչութեան միջո՛ցն է։ Բնութեան օրնէքները Աստուծոյ կամքին արտայայտութիւններն են։ Այդ օրէնքներուն մէկ մասը անիմանալի են՝ մենք լման չենք հասկնար, եւ միշտ չենք կրնար զանոնք Աստուծոյ մասին մեր ունեցած ըմբռնումներուն եւ համոզումներուն հետ հաշտեցնել։ Արդարեւ բնութիւնը «խորհուրդ» մըն է։ Բայց այնքան մը որոշ գիտենք, թէ երբ մենք բնութեան օրէնքներուն համաձայն կ՚ապրինք եւ կը գործենք, կեանքը դիւրին եւ ողորկ կերպով յառաջ կ՚երթայ։ Իսկ երբ զանոնք կ՚անտեսենք կամ զանոնք «կը կոտրենք», մեր կեանքին ներդաշնակութիւնը կ՚աւրուի, եւ մենք դժուարութիւններու կը հանդիպինք եւ թէ՛ հոգեկան, թէ՛ մարմնական վնաս կը կրենք։ Բնութեան օրէնքներուն հնազանդիլ՝ Աստուծոյ հնազանդիլ կը նշանակէ։

Եւ երբ բնութեան օրէնքներուն հետ ինչեւիցէ կերպով շփման կու գանք, Աստուծոյ հետ շփման կու գանք։ Ինչպէս որ բնութեան օրէնքները Աստուծոյ կամքին՝ նմանապէս անոր կարգուսարքը Անոր խորհուրդին արտայայտութիւնն են։ Աստուած իր խորհուրդները տիեզերքին վրայ արձանագրած է։ Երբ մենք այդ արձանագրութիւնը կը կարդանք, եւ բնութեան զանազան երեւոյթները կը դիտենք կամ զանոնք կ՚ուսումնասիրենք, Աստուծոյ հետ շփման կու գանք։

Արդարեւ, «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ», եւ «բոլոր երկիրը Անոր փառքովը լեցուն է»։

Աստղերուն շողշողումը, լուսնին մեղմ լոյսը, եւ արեւին պայծառութիւնը Աստուծոյ փառքին ցոլացումներն են։ Երկիրը իր ցամաքներովը եւ ծովերովը, լեռներովը եւ դաշտերովը, եւ բազմապիսի բոյսերովը եւ անասուններովը՝ կենդանիներովը՝ Անոր գործունէութիւնը, ներկայութիւնը կը յայտնէ մեզի։ Եւ այս բոլոր բաներուն միջոցովը Աստուած՝ Արարիչը եւ Նախախնամը ամէն էութեան ե՛ւ բնութեան, մեզի կը հպի եւ իր փափաքը՝ կամքը կը յայտնէ՝ մեզի հետ՝ Իր բանաւոր արարածներուն հետ հաղորդակցելու։ Եւ Անոր հետ կրնայ հաղորդակցիլ մա՛րդ, քանի որ ան ունի բանականութիւն, իմաստութիւն եւ ստեղծուած է Անոր պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ։ Ի՜նչ պատիւ մարդ արարածին համար…։

Եւ երբ մարդ կը դիտէ բնութիւնը իր ամբողջութեամբ, պէ՛տք է անդրադառնայ, պէ՛տք է յիշէ, թէ Աստուած հոն ներկա՛յ է, եւ ան պէտք է ջանայ Անոր հետ հաղորդակցիլ։ Ուստի պէտք է դիտել բնութիւնը ո՛չ թէ թեթեւութեամբ, հապա լրջութեա՛մբ եւ սիրտը ահով ու պատկառանքով պիտի լեցուի, եւ մարդ արարածը Աստուծոյ առջեւ՝ իր Արարչին եւ Նախախնամին առջեւ ծունկի գալով զԱյն պիտի պաշտէ։

Արդարեւ, մարդ Աստուծոյ հետ շփման կու գայ նաեւ բարձրագոյն արժէքներու ոլորտին մէջ։

«Բարձրագոյն արժէք» կը կոչենք, ճշմարտութեան, գեղեցկութեան, բարութեան, սիրոյ, ողորմութեան, հաւատարմութեան, արդարութեան նման յատկութիւնները՝ որոնց ամէն մէկը «արժէ՛ք» մը կը ներկայացնէ։ Եւ այս բոլոր «բարձրագոյն արժէք»ներուն միջոցով Աստուած Իր ներկայութիւնը կը յայտնէ մեզի եւ զմեզ կը հրաւիրէ անոնց միջոցով Իրեն հետ հաղորդակցելու։ Այս ոլորտին մէջ մենք Աստուծոյ կը հպինք, երբոր սոյն արժէքները կը ճանչնանք եւ կը գնահատենք. զանոնք կ՚առնենք եւ կ՚ընդունինք իբր մտատիպար։ Եւ այս կերպով կը ջանանք մեր հոգիին մէջ տածել, կեանքին մէջ մարմնացնել եւ ձեւաւորել եւ աշխարհի վրայ տարածել։ Երբ ճշմարտութիւնը կը փնտռենք՝ զԱստուած կը փնտռենք, եւ երբ զայն գտնենք եւ զայն կեանքի կը վերածենք՝ Աստուծոյ հետ շփման կու գանք։ Նոյնը կը պատահի բոլոր միւս բարձրագոյն արժէքներուն համար…։

Երբ բնութեան գեղեցկութիւնները կը դիտենք, Աստուծոյ կը հպինք, քանի որ Ան բնութեան մէջ, բնութեան գեղեցկութիւններուն մէջ կը յայտնուի։

Եւ վերջապէս, Աստուծոյ հետ շփման կու գանք գերազանցաբար Յիսուսի միջոցաւ։

Յիսուս աշխարհի լո՛յսն է։ Ան իբր «արեւ» կը փայլի աշխարհի վրայ եւ հոգիներու մէջ։ Անոր լոյսին նախնական աղբիւրը Հայր Աստուած է։ Ինչպէս որ բնութեան ոլորտին մէջ, Յիսուս Աստուծոյ փառքը կը ցոլացնէ արեգակի նման։ Անոր Անձին մէջ Աստուած իր նկարագիրը ամենէն պարզ եւ յստակ կերպով յայտնած է։ Բոլոր բարձրագոյն արժէքներ Անոր մէջ իրենց կատարելութեամբ կ՚երեւին։

Հետեւաբար զԱստուած գտնելու եւ Անոր հետ հաղորդակցելու լաւագոյն եւ ապահով միջոցն է Յիսուս՝ որ է «ճամբան եւ ճշմարտութիւնը եւ կեա՛նքը…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 23, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019