ՀԻՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հրեաներ ունէին շատ սովորութիւններ. զոր օրինակ՝ Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը ժողովուրդը ջուր կը հանէր Սելովամի աւազանէն, որու ջուրը կը բխէր Տաճարին մօտ ապառաժէ մը։ Այս ջուրին մէկ մասը կը խմէին՝ ցնծութեան ձայներով երգելով Եսայի Մարգարէի սա խօսքը. «Ուրախութեան ջուր պիտի քաշէք փրկութեան աղբիւրներէն». (ԵՍ. ԺԲ 3), մնացորդը կը թափուէր երեկոյեան զոհին վրայ։ Հաւանաբար այս սովորութիւնը կ՚ակնարկուի Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքով, որ յիշուած է Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ. «Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ՚ըսէր.- Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ». (ՅՈՎՀ. Է 37)։

Զատկի տօնին ժամանակ Երուսաղէմի բնակիչները կը պատրաստուէին մեծ բծախնդրութեամբ։ Անոնք կը պատրաստէին յատուկ սենեակներ, որոնց մէջ որեւէ օտարական կրնար կատարել տօնը։ Քրիստոս ղրկեց Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որպէսզի գտնէին այսպէս նոյն նպատակաւ պատրաստուած սենեակ մը. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 12-16)։

Նախնիներու մէջ կային նաեւ կնքելու վերաբերեալ շատ մը սովորութիւններ։ Կնիքը հասարակօրէն մատանիի ձեւով էր. ասոր վրայ կը փորագրուէր տիրոջը անունը։ Կնքելը՝ կնքուած իրին զգուշութեամբ կամ գաղտնի պահուելու նպատակը ցոյց կու տայ. ուրիշ խօսքով՝ կնքուած իրը զգուշութեամբ եւ կամ գաղտնի պահելու համար է. (ՅՈԲ. ԺԴ 17), (ԵՍ. ԻԹ 11), (ԴԱՆ. Զ 17), դարձեալ կը ցուցնէր մուրհակներու կամ գրուածներու վաւերականութիւնը (ՆԷԵՄ. Թ 38), (ԵՍԹ. Ը 8), եւ երբեմն կը ցուցնէր թէ կնքուած իրը կը պատկանի կնիքին տիրոջ (ՀՌՈՄ. Դ 11), (Բ ՏԻՄ. Բ 19), (ՅԱՅՏ. Է 2-3)։

Հին Հռոմի մէջ տղաք նախ առանձին կերպով որդեգիր կ՚ընդունուէին. յետոյ որդեգրութիւնը կառավարութեան վաւերացմամբ կը հաստատուէր հրապարակաւ, եւ այս վերջին կերպով որդեգրուած անձերը իրենց հայրագրին ժառանգ կ՚ըլլային։ Ուստի քրիստոնեաներու համար ըսուած է (ՀՌՈՄ. Ը 15, 23) թէ «որդեգրութեան հոգի առած են», սակայն կը սպասեն իրենց որդեգրութեան, այսինքն՝ իրենց «մարմիններուն ազատութեան», այն է՝ որդեգրութեան ի գործ դրուելուն, կամ ինչպէս ըսուեցաւ նախապէս, հրապարակաւ եւ ի պաշտօնէ ճանչցուելուն, եւ այս պիտի կատարուի Քրիստոսի գալստեան ժամանակ։

Քրիստոսի օրով Պաղեստինի թագաւորներ սովորութիւն ունէին երթալ Հռոմ, որպէսզի ընդունէին իրենց իշխանութեան հրաման կամ ուրիշ շնորհք կայսրէն եւ ծերակուտէն։ Հերովդէս, նաեւ անոր որդիները, այս պատճառաւ գացին Հռոմ։ Ուստի առակը զոր Քրիստոս խօսեցաւ, ըսելով. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու» այլովքն հանդերձ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 12-27), այն ժամանակի սովորութեան համեմատ էր եւ կ՚ընծայէ Աւետարանին ճշմարտութեան գէթ անուղղակի ապացոյց մը։

Հինէն երբ տէրութեան դէմ իբրեւ յանցաւոր ամբաստանեալ անձ մը դատաստանի մատնուէր, դատաւորները քուէով կու տային իրենց վճիռները. անոնք որ կ՚ուզէին ամբաստանեալին ազատութիւնը՝ քուէատուփին մէջ կը նետէին ճերմակ խիճ, այսինքն ողորկ եւ փայլուն մանր քար, իսկ անոնք որ կ՚ուզէին դատապարտութիւնը՝ կը նետէին սեւ խիճ։ Ուստի Յայտնութեան Գիրքին մէջ ըսուած է թէ՝ Տէրը ճերմակ խիճ մը պիտի տայ անոր որ կը յաղթէ. (ՅԱՅՏ. Բ 17). «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.- Ով որ յաղթանակէ՝ անոր ճաշակել պիտի տամ պահուած մանանայէն. ինչպէս նաեւ պիտի տամ մաքուր գիրքը, ուր գրուած է նոր անուն մը, որ բացի ստացողէն՝ ո՛չ ոք գիտէ»։

Խաչելութիւնը Հրէական պատիժ մը չէ՛ր, այլ՝ Հռոմայակա՛ն, եւ կը տրուէր գերիներու կամ այնպիսի անձերու միայն, զորս չարաչար խայտառակուիլ կ՚որոշուէր։ Հռոմայեցի մը երբեք չէր կրնար պատժուիլ խաչելութեամբ։ Այսպէս Քրիստոս «հեթանոսներուն» մատնուեցաւ, եւ իր մահուան ժամանակ «անօրէններու հետ սեպուեցաւ». (ՄԱՏԹ. Ի 19), (ՂՈՒԿ. ԻԲ 37), (ԵՍ. ԾԳ 12)։

Նախնի Հրեաները, հարուստներն անգամ, միշտ արհեստ մը կը սորվեցնէին իրենց զաւակներուն, որպէսզի եթէ զաւակները ձախորդութեան մէջ իյնան, միջոց մը ունենան իրենց ապրուստը հոգալու։ Ըստ այսմ, Պօղոս Առաքեալ որ ուսման եւ դպրութեան մէջ կրթուած էր՝ «արհեստով վրանագործ» էր. (ԳՈՐԾ. ԺԸ 3)։

Հրեաները երբ իրարու հանդիպէին՝ ողջոյն տալու համար սովորութիւն ունէին զիրար համբուրել (ԾՆՆԴ. ԻԷ 26), (ԵԼ. Դ 27), (Ա ԹԱԳ. Ժ 1), (ՍԱՂՄ. Բ 12), (ԳՈՐԾ. Ի 37) եւ շատ ուրիշ քաղաքավարական կերպեր գործածել. ուստի եւ ստիպողական գործով զբաղուած մարդոց կը պատուիրուէր ուրիշի ողջոյն չտալ ճամբու ընթացքին (Դ ԹԱԳ. Դ 29), (ՂՈՒԿ. Ժ 4)։ Անոնց սովորական բարեւն էր. «խաղաղութիւն քեզի». (ԴԱՏ. ԺԹ 20), բաց աստի, կը յիշուին ուրիշ ձեւեր եւս. (ՀՌՈՒԹ. Բ 4, Գ 10), (Ա ԹԱԳ. ԻԵ 6), (ՍԱՂՄ. ՃԻԹ 8)։

Այն անձերը որ այցելութեան կ՚երթային մեծամեծներու՝ սովորաբար նուէր կը տանէին. (ԱՌԱԿ. ԺԸ 16)։ Թագաւորներ եւ իշխաններ նուէրներ կու տային ի նշան պատուոյ. (ԵՍԹ. Ը 15), եւ նուիրուած հագուստ մը չհագնիլը զայն տուողին մեծ նախատինք էր. (ՄԱՏԹ. ԻԲ 11-12)։

Հին ժամանակներ քաղաքներու մէջ պանդոկներ չկային, ինչպէս կայ մեր օրերուն. ուստի երբ ճանապարհորդներ կը հասնէին քաղաք մը կամ գիւղ մը, կը սպասէին փողոցը եւ քաղաքին դրան քով, մինչեւ որ հրաւիրուէին տուն մը. (ԾՆՆԴ. ԺԹ 1-2), (ԴԱՏ. ԺԹ 15-21)։ Յիսուսի ժամանակ կային իջեւաններ, որոնց մէջ պատրաստ սենեակներ կը գտնուէին ճանապարհորդներու հանգիստին համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 22, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021