ՄԱՀԷՆ ՄԷԿ ՔԱՅԼ ԵՏ
Երկուշաբթի, 21 փետրուար 2022-ի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիւին մէջ հրատարակեցինք Միսաք Մանուշեանի կենսագրութիւնը, որ հակառակ մահուան հաստատուն մնացած էր իր գաղափարախօսութեան ու համոզումներուն:
Երկու օրեր առաջ գտայ իր կնոջ գրած անոր վերջին նամակը, որ փաստացիօրէն գրուած է մահէն ընդամէնը մի քանի ժամեր առաջ: Այդ նամակին դիմաց կ՚ուզեմ մտածել, թէ ինչպիսի՞ զգացում է գիտնալ, թէ ժամ մը ետք արդէն պիտի գնդակահարուիս. զգաս մահուան մերձութիւնը ու շարունակես սպասել: Շարունակես սպասել, որ գան ու բանտին դուռը բանալով քեզ տանին դուրս՝ մի քանի գնդակով վերջ տալու երիտասարդ կեանքիդ:
Մանուշեան իր մահուան օրը՝ 21 փետրուար 1944-ին կը գրէ իր վերջին նամակը.-
«Իմ սիրելի Մելինէ, սէրս, սրբուկս: Մէկ քանի ժամ վերջ ես կը թողում այս բովանդակ աշխարհը: Այսօր ժամը 3-ին գնդակահարուած պիտի ըլլանք: Թէեւ չեմ ուզեր հաւատալ ատոր, բայց այսուհանդերձ գիտեմ որ ա՛լ երբեք չպիտի տեսնեմ քեզ...:
«Ես ի՞նչ կրնամ գրել քեզի այս ժամուն: Ամէն ինչ պղտոր ու պարզ է միաժամանակ: Ես որպէս կամաւոր եկայ Ֆրանսայի ազատութեան համար պայքարող բանակի շարքերը, եւ կը մեռնիմ յանուն իմ իտէալիս՝ յաղթանակէն երկու քայլ հեռու»:
Մանուշեանի նամակը խառն է. հպարտութիւնն ու տխրութիւնը միախառնուած են այդտեղ. հպարտութիւն եւ ուրախութիւն բոլո՛ր այն նպատակներուն համար, որոնց համար տարիներ շարունակ պայքարած էր, սակայն տխրութիւն ու վիշտ՝ իր սիրեկանը դարձեալ չտեսնելու իրականութեան դէմ յանդիման գտնուելուն համար:
Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը գտնուէր նման կացութեան մը մէջ, որպէս իր կեանքի վերջին խօսք ի՞նչ կ՚արձանագրէր թուղթի վրայ: Հաւանաբար հազար ու մէկ բանի մասին գրել ուզէք, սակայն մէկ բան պարզ է. չկայ աւելի հարազատ ու անկեղծ գրուածք, քան մահուան շեմին ըսուած խօսքերը, որոնք այլեւս ո՛չ մէկ շահ ու կեղծիք կը հետապնդեն:
Կ՚արժէ առանձին աշխատասիրութեամբ լոյս ընծայել մեր հայ մեծերու գրած վերջին նամակներն ու խօսքերը, որոնք որոշ չափով կեանքին ինչութեան մասին կը խօսին ու կը փոխանցեն այն հոգեբանական զգացումը, որ տակաւին մեզմէ իւրաքանչիւրին անծանօթ, սակայն անմասն չէ:
Նման յայտնի նամակ մը ունի երիտասարդ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանը, որուն խորագիրը կը դնէ «Մնա՛ք բարով». 10 դեկտեմբեր 1871-ին Պ. Ա . Լուսինեանին գրած վերջին նամակին մէջ Դուրեան կը կ՚ըսէ.-
«Այո՛, ալ հիմա հաւատացի թէ կը՚ծիւրի՜մ եղեր. գիտեմ թէ ալ շատ չ՚ապրիմ պիտի. ա՜հ, եղբայր իմ, ահա երիտասարդ մը՝ որ եկած է աշխարհ միայն իր մահն ու իր թշուառութիւնը տեսնելու եւ զգալու համար. չ՚գիտեմ ինչ գրեմ. կ՚զգամ շատ բայց գրելու դժուարութիւն մը կայ. կարծես թէ գերեզմանին մէջէն կը խօսիմ: Ալ մարը մտնելու վրայ եղող ճառագայթ մ՚եմ. մարո՜ւմ մ՚եմ. քայքայում մ՚եմ. գիտեմ այս տողերը վերջինն են եւ վերջինը պիտի լինին. սակայն սա տարտղնած ուշս ինչպէս վրայ բերեմ ու խօսիմ. բանաստեղծ չեմ, բայց բանաստեղծութիւնը կը սիրեմ. ես որ աշխարհի մէջ միայն երգերը շատ սիրեցի, կ՚ուզեմ որ իմ վերջին շունչս ալ երգ մ՚ըլլայ:
«Կարափն իր վերջի շունչին իր էն ներդաշնակաւոր ճիչը կ՚արտասանէ կ՚ըսեն. թող ես ալ կարափին պէս անցած ըլլամ աշխարհէն»:
Մահէն մէկ օր առաջ թատրոնի յուշարար Տիգրան Գալէմճեան այցելած է մահամերձ բանաստեղծին. Դուրեան ըսած է. «Յարգս չի գիտցան, բայց պիտի փնտռեն զիս: Ա՜խ, գոնէ գրածներս տպեցէ՛ք չմոռցուիմ»:
Մահուան անկողնին մէջ Դուրեան գրպանէն կը նետէ դրամները, ըսելով թէ աշխարհիկ բաներու պէտքը չունի այլեւս. կը խօսի իր եղբօր հետ ու կը յանձնարարէ ամուսնանալ. որոշ ժամանակ խօսելէ ետք կը դադրի խօսելէ. մայրն ու մօրաքոյրը կը հարցնեն, թէ ինչու կը լռէ. Դուրեան կը պատասխանէ «ալ ժամանակ չունիմ», ու այս մէկը կ՚ըլլայ թշուառ բանաստեղծին վերջին խօսքերը:
Այս բոլորը ապրումներ ու պահեր են, որոնք շատերուս պիտի չտրուի, որովհետեւ մեզմէ շատեր անակնկալօրէն, առանց նախապէս գիտնալու պիտի հեռանանք այս աշխարհէն. օրն ու ժամը ո՛չ ոք գիտէ. հաւանաբար այսօր է, հաւանաբար վաղը եւ կամ գուցէ տարի մը ետք: Բոլորս ալ տեղ մը անաւարտ բան մը ձգելով պիտի հեռանանք ու այդ գործերը յաւիտեան պիտի մնան անաւարտ, այնպէս ինչպէս անաւարտ մնաց Պարոյր Սեւակի «Ամանէջ» վէպը, որ երբեք իր աւարտը պիտի չունենայ:
Դուրեան գիտեր, թէ ժամանակ չունէր, իսկ մենք ո՛չ... աշխարհիկը՝ հարստութիւնն ու ժամանակաւոր փառքը անկարող են Աստուածայինին դիմաց:
Ու այս բոլորին դիմաց կը զգամ, թէ ինչքան ճիշդ ըսուած է. «ապրիր այնպէս՝ ինչպէս կեանքիդ վերջին օրը պիտի ապրէիր»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԱԲՐԻԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ
(1802-1889)
Մեր թուականէն 220 տարիներ առաջ՝ 26 փետրուար 1802-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր, պատմաբան, մանկավարժ եւ գրական գործիչ Գաբրիէլ Պատկանեան:
Գաբրիէլ որդին է մանկավարժ եւ բանաստեղծ Սերովբէ Պատկանեանի, եղբայրը՝ թատերագիր եւ թատերական գործիչ Միքայէլ Պատկանեանի եւ հայրը՝ գրող եւ մտաւորական Ռափայէլ Պատկանեանի:
Պատկանեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր հօր հիմնած Աղապապեան դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ուսումը շարունակած է ռուսական հոգեւոր ուսումնարանէն ներս: Տիրապետած է հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներուն:
Ուսումը աւարտելէ ետք 1827 թուականին նշանակուած է Աստրախանի հոգեւոր դպրոցի ատենադպիր եւ տեսուչ. այդտեղ ստացած է քահանայական օծում: Այդ տարիներէն սկիզբ առած է Պատկանեանի գրական գործունէութիւնը. օծման նոյն տարին հրատարակած է «Վարդապետութիւն ուղղափառութեան Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» աշխատասիրութիւնը:
Որոշ ժամանակ Աստրախանի մէջ մնալէ ետք տեղափոխուած է Նոր Նախիջեւան եւ տեղի հայկական վարժարանէն ներս ստանձնած է հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներու, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան նիւթերու ուսուցչութեան պաշտօնը՝ մինչեւ 1832 թուականը:
Պատկանեան 1836 թուականին հիմնած է մասնաւոր վարժարան մը, ուր աշակերտած են Միքայէլ Նալպանտեան, Ռափայէլ Պատկանեան եւ ուրիշներ. 1847 թուականին Ամենայն Հայոց Ներսէս Ե. Աշտարակեցի Կաթողիկոսի հրաւէրով մեկնած է Թիֆլիզ, ուր նշանակուած է Նորաշէն եկեղեցւոյ վանահայր: Որոշ ժամանակ վանահայրութեան պաշտօնը վարելէ ետք 1850 թուականին ստանձնած է Ներսիսեան վարժարանի տեսուչի պաշտօնը, ուր հրատարակած է Կովկասի առաջին աշխարհաբար պարբերականը՝ «Արարատ»ը:
Պատկանեան 1852 թուականին Նոր Նախիջեւանի մէջ Յարութիւն Խալիպեանի դէմ կազմակերպուած մահափորձին մասնակցելու մեղադրանքով ձերբակալուած եւ եօթ տարի բանտարկուած է Ռոստովի բանտին մէջ. 1860 թուականին ազատուած է բանտարկութենէն ու Գաբրիէլ Այվազեանի հրամանով կարգազուրկ հռչակուած եւ ցմահ աքսորուած է Վիատկա, ուրկէ անցած է Փեթերսպուրկ եւ զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ:
Պատկանեան կազմած է դասագիրքեր, բառարաններ եւ օրացոյցներ: Յօդուածներու ճամբով խօսած է աշխարհաբար լեզուի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ հայ ազգը յուզող զանազան հարցերու մասին:
Երգի վերածուած են անոր յայտնի բանաստեղծութիւններէն «Հարսանիք Արտաշէսի եւ Սաթենիկայ», «Արի Արքայն Արքայից», «Վահագն» եւ այլ բանաստեղծութիւնները, որոնք մաս կազմած են «Գողթան երգեր» աշխատութեան եւ եղած են ժամանակուայ ամենէն սիրուած երգերէն: Պատկանեան գրած է «Վարդնամակ կամ արկածք Վարդանայ» եւ «Դիւցազն մեր ժամանակի» վէպերը: Կատարած է պատմաբանական ուսումնասիրութիւններ. ինչպէս՝ «Հայոց ազգի պատմութիւն» եւ «Միջնավէպք հայոց ազգի պատմութենէն» աշխատութիւնները: Կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ:
Պատկանեան մահացած է 13 ապրիլ, 1889 թուականին, Սեն Փեթերսպուրկի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ