ՅԱ­ՒԻ­ՏԵ­ՆԱ­ԿԱՆ ԵՒ ՅԱ­ՐԱ­ԿԵՆ­ԴԱՆ

Յի­սուս սոսկ պատ­մա­կան դէմք մը չէ, այլ ան­ժա­մա­նակ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ յա­րա­կեն­դան եւ գոր­ծօն անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը։ Ան «կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ Որ­դին»՝ Ինք կեն­դա­նի Աս­տուած է։ Յի­սուս հաս­տա­տեց այս ճշմար­տու­թիւ­նը.

«Հայ­րը եւ Ես մէ՛կ ենք»։­

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այդ «միու­թիւն»ը, կամ «նոյ­նու­թիւն»ը ի՛նչ որ էր երկ­րի վրայ՝ կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ։ Ու­րեմն Աս­տուած չի կրնար մեռ­նիլ եւ չի կրնար թա­ղուիլ։ Աս­տուած միշտ կեն­դա­նի՛ է՝ միշտ կ՚ապ­րի ուր ալ դրուի, ուր ալ գտնուի՝ խա­չի մը վրայ կամ գե­րեզ­մա­նի մը մէջ։ Աս­տու­ծոյ բնու­թիւ­նը՝ նկա­րա­գի­րը ան­մա­հու­թի՛ւն է եւ յա­ւի­տե­նա­կան յա­րա­կեն­դա­նու­թի՛ւն։

Ուս­տի Յի­սուս Քրիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը թէ՛ նշա­նակն, խորհր­դա­նիշն է եւ թէ ա­պա­ցոյ­ցը, փաս­տը Ա­նոր աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան։ Քրիս­տո­սի յա­րու­թիւ­նը հա­ւաս­տիքն է նաեւ Ա­նոր աս­տուա­ծա­յին էու­թեան։

Թէեւ ան­վի­ճե­լի՛. կա՛մ Աս­տուած էր Ան կա՛մ չէր, եւ ե­թէ կը հա­ւա­տանք, թէ Աս­տուած էր եւ է՛, ա­պա ու­րեմն, իր աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան յա­տուկ «ան­խա­փա­նե­լի կեանք» ու­նե­նա­լու էր։ Այս ի­մաս­տով, Յի­սու­սի աս­տուա­ծու­թեան եւ յա­րու­թեան մի­ջեւ կա­պը բա­ցա­յա՛յտ է։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով Յի­սուս յա­ւի­տե­նա­կան է եւ յա­րա­կեն­դան։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ար­դէն ցոյց կու տայ, թէ ին­չո՞ւ Յի­սուս յա­րեաւ։ Ան յա­րեաւ, քա­նի որ մարդ­կա­յին չա­րու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ ան­սահ­ման ու բա­ցար­ձակ բա­րու­թեան վրայ վճռա­կան յաղ­թա­նակ չի կրնար ու­նե­նալ։

Ա­յո՛, մար­դիկ կրնան սպան­նել եւ ի­րենց սպան­նա­ծը տե­ղա­ւո­րել գե­րեզ­մա­նի մը մէջ, բայց չա­րա­չար կը սխա­լին, ե­թէ խոր­հին, թէ աս­տուա­ծա­յին սէ­րը, բա­րու­թիւ­նը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը կրնան գե­րեզ­մա­նի մը մէջ բան­տար­կուած պա­հել։ Ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով, «չար»ը՝ երբ կ՚ապս­տամ­բի Աս­տու­ծոյ դէմ, ճիշդ այս­պէս կը խոր­հի եւ յու­սա­խա­բու­թեան կը մատ­նուի, յու­սա­լիք կ՚ըլ­լայ։ Ուս­տի մա­հը վճռա­կան չէ՛ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան հա­մար։ Աս­տու­ծոյ կեան­քը ո՛չ Ալ­ֆա, այ­սինքն ո՛չ սկիզբ ու­նի եւ ո՛չ Օ­մէ­կա՝ վերջ։ Ան անս­կիզբ է եւ ան­վախ­ճան։ Յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան ի­մաս­տը ա՛յս է։

Յա­րու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ վճի՛ռն է մա­հուան ան­զօ­րու­թեան՝ Իր կամ­քին եւ նպա­տակ­նե­րուն, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին դէմ։ Ար­դա­րեւ ո՛չ դժոխ­քին եւ ոչ ալ գե­րեզ­մա­նին դռնե­րը պար­տու­թեան պի­տի կա­րե­նան մատ­նել Աս­տու­ծոյ միտ­քը, ի­մաս­տու­թիւ­նը եւ սիր­տը՝ ո­րոնք ի­րենց ար­ժա­նի ու ար­դար յայտ­նու­թիւ­նը գտան Յի­սուս Քրի­սոտ­սի մէջ։

Ընդ­հա­նուր մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւ­նը կը նմա­նի ճատ­րա­կի՝ ո­րուն մէ­ջէն ե­թէ մէկ քար իսկ վերց­նես կամ տե­ղա­փո­խես՝ ամ­բողջ խա­ղին ըն­թաց­քը եւ ել­քը կը փո­խուի։ Քրիս­տո­սի կեան­քին վեր­ջին օ­րե­րուն դէպ­քե­րը՝ Յա­րու­թե­նէն ա­ռաջ եւ յե­տոյ՝ կրնա­յին ար­դեամբ պա­տա­հած­նե­րէն տար­բեր ըլ­լալ։ Զոր օ­րի­նակ, Յի­սուս կրնար, ինչ­պէս որ անշ­շուկ, ա­նաղ­մուկ կեր­պով աշ­խարհ ե­կաւ հա­մեստ պայ­ման­նե­րու մէջ, նոյն­պէս անշ­շուկ կեր­պով ալ կրնար հրա­ժեշտ առ­նել ու մեկ­նիլ աշ­խար­հէն։ Բայց աս­տուա­ծա­յին ծրա­գի­րը պէ՛տք էր որ գոր­ծադ­րուէր ան­թե­րի կեր­պով։

Երբ եր­րորդ օ­րը գե­րեզ­մա­նէն դուրս ե­կաւ Յի­սուս, յաղ­թա­կան մա­հուան վրայ, կրնար նաեւ ա­ռանց ոե­ւէ մէ­կուն ե­րե­ւե­լու, թռիլ, համ­բառ­նալ եւ ան­հե­տա­նալ։ Եւ սա­կայն այդ­պէս չը­րաւ, թէեւ, ե­թէ ու­զէր, կրնար ը­նել ան­շուշտ։ Եւ դար­ձեալ, ե­թէ են­թադ­րենք, այդ­պէս ը­նէր, քրիս­տո­նէա­կան ամ­բողջ պատ­մու­թիւ­նը «տար­բեր» պի­տի ըլ­լար, եւ թե­րեւս ատ­կէ յե­տոյ «քրիս­տո­նէա­կան պատ­մու­թիւն» պի­տի չըլ­լար…։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, կը հրա­ւի­րեմ ձեզ խոր­հիլ. բայց ին­չո՞ւ հա­մար այդ­պէս չը­րաւ Յի­սուս։

Ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, թէ Յա­րու­թեան եւ Համ­բարձ­ման մի­ջան­կեալ օ­րե­րուն կրկին ու կրկին ան­գամ­ներ ե­րեւ­ցաւ Յի­սուս թէ՛ ան­հատ­նե­րու եւ թէ մեծ կամ փոքր խում­բե­րու։ Ու­րեմն ին­չո՞ւ։

Ա­մէն ճշմար­տու­թիւն յա­ճախ քօ­ղի մը ե­տին ծած­կուած կ՚ըլ­լայ։ Ուս­տի բա­ւա­կան չէ ճշմար­տու­թեան գո­յու­թիւ­նը. պէ՛տք է որ ա­նոր վրայ փռուած, ծած­կուած քօ­ղը վեր­ցուի եւ ի ցոյց դրուի, յայտ­նուի ճշմար­տու­թիւ­նը։

Յա­րու­թիւ­նը ի­րո­ղու­թիւն էր Աս­տու­ծոյ աչ­քին, քա­նի որ իր զօ­րու­թիւ­նո­վը գոր­­ծուած էր, եւ սա­կայն մար­դիկ ալ տես­նե­լու էին ա­նոր ա­պա­ցոյ­ցը։ Ե­թէ Յա­րու­թեան ա­ռա­ւօ­տը, ան­գամ մըն ալ ե­րե­ւէր եր­կին­քի վրայ հրեշ­տակ­նե­րու զօ­րա­խումբ մը, որ հա­մեր­գով ու լու­սա­ւո­րու­թեամբ յայ­տա­րա­րէր ի լուր ամ­բողջ աշ­խար­հի, թէ Յի­սուս Քրիս­տոս յա­րեաւ, ինչ­պէս որ յայ­տա­րա­րեր էին Ա­նոր ծնուն­դը, չէ՞ր բա­ւեր, չէ՞ր ըլ­լար։ Մար­դիկ չէի՞ն հասկ­նար ճշմար­տու­թիւ­նը։

Բայց այս ան­գամ յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը Յի­սուս ի՛նք տուաւ իր կեն­դա­նի ներ­կա­յու­թեամ­բը ե­րե­ւե­լով ի­րեն­նե­րուն։ Ուս­տի հարկ չի մնաց որ լսէին, թէ Յի­սուս մե­ռել­նե­րէն յա­րու­թիւն ա­ռած է, քա­նի որ ի­րենք ի­րենց ա­չե­րո­վը ուղ­ղա­կի՛ տե­սան, եւ ի­րենց ձեռ­քով շօ­շա­փե­ցին Յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սը։

Ե­թէ յա­րեաւ, ու­րեմն «ե­րե­ւե­լու» էր իբ­րեւ փա՛ստ եւ վճռա­կան ա­պա­ցոյց իր յա­րու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան։ Այս՝ մէկ բա­ցատ­րու­թիւն։

Երկ­րորդ բա­ցատ­րու­թիւն մըն ալ սա՛ է, թէ՝ Յի­սուս իր ա­շա­կերտ­նե­րէն հրա­ժեշտ ա­ռաւ ուխ­տով մը ա­նոնց հետ ըլ­լա­լու, ա­նոնց մէջ մնա­լու մին­չեւ վեր­ջը։ Ա­հա՛ թէ ի՛նչ ը­սաւ, ա­հա՛ իր խօս­քե­րը. «Ա­մէն օր ես ձե­զի հետ եմ մին­չեւ աշ­խար­հի վախ­ճա­նը» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։ Որ­քա՜ն ի­մաս­տա­լից…։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս երբ մե­ռաւ ու թա­ղուե­ցաւ, ա­շա­կերտ­նե­րը խոր­հե­ցան բնա­կա­նա­բար, թէ Յի­սու­սը միան­գա­մընդ­միշտ կորսն­ցու­ցին, եւ յու­սա­հա­տու­թեան գի­շե­րուան մը մէջ խո­րա­սու­զուե­ցան։ Բայց Յի­սու­սի յա­րու­թիւ­նը ա­նոնց հո­գիին «լու­սա­ւո­րիչ ա­րեւ»ը ե­ղաւ. «Յի­սուս մե­ռաւ. ու ա­հա՛ ողջ է եւ մե­զի հետ է»։ Ա­հա­ւա­սիկ այս ե­ղաւ ա­նոնց փոր­ձա­ռու­թիւ­նը այդ օ­րե­րուն։ Ա­պա ու­րեմն, ե­թէ «մե­ռեալ» Յի­սուս կրնայ «յա­րու­ցեալ» Յի­սուս ըլ­լալ եւ ե­րե­ւիլ ի­րենց, կրնայ նաեւ «միշտ» ի­րենց հետ գտնուիլ։

Յի­սու­սի տուած խոս­տու­մին, կամ «ուխտ»ին ե­րաշ­խի­քը ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար այն է, որ ան յա­րեաւ եւ ե­րեւ­ցա՛ւ ի­րենց։ Ու­րեմն ան­մի­ջա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն մը՝ ա­պա­գայ տե­ւա­կան եւ մշտնջե­նա­կան փոր­ձա­ռու­թեան մը ա­պա­հո­վու­թիւ­նը կամ, ը­սենք, վստա­հու­թիւ­նը տուաւ ա­նոնց։

Բա­նա­կան է եւ բնա­կան՝ Յի­սուս յա­րեաւ, ե­րեւ­ցաւ, ուս­տի մի՛շտ պի­տի ե­րե­ւի։

Ուս­տի ա­մէն «հա­ւա­տա­ցեալ» քրիս­տո­նեա­յի հա­մար ա­ներկ­բա­յե­լի, ան­վի­ճե­լի ստու­գու­թիւն մըն է Յի­սու­սի տե­ւա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը կամ «ե­րե­ւում»ը իր կեան­քին մէջ, քա­նի որ Ան կ՚ապ­րի՛…։

Աս­տուած իր էու­թեամ­բը յա­ւի­տե­նա­պէս նո՛յնն է եւ ան­փո­փոխ։ Մար­դիկ ի­րենք կը տար­բե­րին ի­րենց մտա­յին ըմբռ­նո­ղա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, բայց Աս­տուած միշտ նո՛յնն է եւ ան­փո­փոխ։

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ հոս է որ Յի­սուս մեծ ազ­դակ մը կ՚ըլ­լայ մար­դուս՝ զԱս­տուած եւ իր նկա­րա­գի­րը ըմբռ­նե­լու եւ ճանչ­նա­լու բա­նա­ւո­րա­պէս ա­ւե­լի ճշդօ­րէն։ Ան­շուշտ պայ­մա՛ն է ըն­դու­նիլ, թէ՝ Յի­սուս Քրիս­տոս Որ­դին է Աս­տու­ծոյ, եւ Աս­տուա՛ծ։ Եւ քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան հիմ­նա­քա՛րն է ար­դէն Յի­սու­սի աս­տուա­ծու­թիւ­նը։ Եւ ե­թէ Որ­դին ու Հայ­րը նո՛յնն են, ու­րեմն, ի՛նչ որ է մին, նո՛յնն է միւսն ալ։

Պարզ խօս­քով՝ քրիս­տո­նեա­յին Աս­տուա­ծը Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ կը յայտ­նուի, կամ ը­սենք, Աս­տուած մար­դուս հա­մար այն է՝ ի՛նչ որ է Յի­սուս։

Այս ի­մաս­տով, Յի­սուս յայտ­նեց, դուրս հա­նեց Աս­տու­ծոյ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մարդ­կա­յին մտքի ըմբռ­նո­ղու­թեան նեղ սահ­մա­նէն, եւ դրաւ զայն մարդ­կա­յին փոր­ձա­ռու­թեան լայ­նա­գոյն սահ­մա­նին մէջ։ Այս­պէս, Աս­տու­ծոյ նկա­րագ­րին մա­սին բա­ւա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը կամ նկա­րագ­րու­թիւ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ՝ տե­սա­նե­լի, շօ­շա­փե­լի, թանձ­րա­ցեալ ի­րա­կա­նու­թեան մը Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ։

Զոր օ­րի­նակ, Աս­տու­ծոյ բա­րու­թիւ­նը կամ ի­մաս­տու­թիւ­նը կա­րե­լի է տես­նել թանձ­րա­ցեալ կեր­պով Քրիս­տո­սի մէջ։ Եւ մա­նա­ւանդ Սէ­րը՝ որ Աս­տուած Ի՛նքն է, յայտ­նուե­ցաւ Յի­սու­սի մէջ։

Բո­լոր այս ա­նու­րա­նա­լի, ան­վա­ճե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լէ վերջ, կա­րե­լի է հարց­նել, թէ Յի­սուս ին­չո՞ւ մե­ռաւ։ Ին­չո՞ւ մե­ռաւ, քա­նի որ Ան ան­մահ է եւ յա­ւի­տե­նա­կան Աս­տուած է։

Նախ ը­սենք, որ Յի­սուս «մե­ռաւ մար­մի­նով, եւ կեն­դա­նի աս­տուա­ծու­թեամ­բը»։ Այ­սինքն մե­ռաւ որ­պէս «մարդ», քա­նի որ Ան «մար­մին ա­ռաւ եւ մար­դա­ցաւ», ա­մէն ին­չով այն­պէս՝ ի՛նչ որ է մարդ։ Ու­րեմն «մահ»ն ալ ա­նոր բնա­կան մէկ հե­տե­ւան­քը ըլ­լա­լու էր, քա­նի որ «կա­տա­րե­լա­պէս մարդ» էր։ Գի­տենք, որ մա­հը՝ երկ­րա­ւոր կեան­քէն երկ­նա­յի­նը, ժա­մա­նա­կա­ւոր կեան­քէն ան­ժա­մա­նակ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի անց­նե­լու անցք մը՝ մի­ջոց մըն է, եւ ու­րեմն Յի­սուս ալ որ­պէս «մարդ», որ­պէս «մարմ­նա­ւոր» մեռ­նե­լու էր, որ­պէս­զի յա­րու­թիւն առ­նէ եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին վե­րա­դառ­նայ։ Սա­պէս խոր­հինք սի­րե­լի­ներ, ինչ­պէս որ «ծնունդ»ը Ա­նոր մարմ­նա­ւոր կեանք տուաւ, «մահ»ն ալ զԱյն վե­րա­դար­ձուց յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան։

«Մահ»ը անհ­րաժ՛շտ էր «Յա­րու­թեան» հա­մար, ինչ­պէս՝ բո­լոր մարդ­կու­թեան…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 26, 2016