ՏՔԹ. ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

15 ապրիլին իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ պատմաբան, ակադեմական, բարեսիրական գործիչ Վարդան Գրիգորեան: Ան ծնած է Իրան, ուր ստացած է իր տարրական կրթութիւնը, ապա միջնակարգ կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Անկէ ետք մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր շարունակած է իր բարձրագոյն կրթութիւնը եւ մինչեւ մահը ունեցած է հարուստ ասպարէզ ու բեղուն գործունէութիւն: Իր մահուան առիթով բազմաթիւ հանրածանօթ անձնաւորութիւններ, միջազգային լրատուամիջոցներ եւ կայքէջեր հրապարակած են գրառումներ եւ յօդուածներ: Այս թիւով կը ներկայացնենք քանի մը կրճատուած յօդուածներ:

*

ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ

«ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՓՐԿԱՐԱՐԸ, ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ 87 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ»

Վարդան Գրիգորեան՝ կենսուրախ հայ ներգաղթեալը, որ նուաճեց ակադեմական եւ մարդասիրական բարձունքներ, բայց շեղում մը կատարեց 80-ական թուականներուն՝ վերականգնելու համար անհետացող Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանը ամերիկեան մտաւոր կեանքի սիրտին մէջ, մահացաւ հինգշաբթի Մանհաթընի մէջ: Ան 87 տարեկան էր:

Վարդան Գրիգորեան կը սիրէր պատմել «իր ամբողջ կեանքին ամենէն ցաւալի փորձառութեան» մասին: Ատիկա տեղի ունեցաւ 1980-ին, երբ ան Փենսիլվանիա համալսարանի գլխաւոր ակադեմական պաշտօնատարն էր: Ազդեցիկ հոգաբարձուներ անոր յայտնեցին, որ ինք շատ հաւանական թեկնածու է համալսարանի յաջորդ նախագահը ըլլալու: Գրիգորեան՝ վստահ ըլլալով, որ այդ պաշտօնը իրեն պիտի տրուի, իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց Պըրքլիի Գալիֆորնիոյ համալսարանի նախագահի պաշտօնէն:

Գէշ լուրը լսեց իր ինքնաշարժի ձայնասփիւռէն: Համալսարանի հոգաբարձուները ընտրած էին այլ նախագահ մը: Յաջորդ օրը իր հրաժարականը տուաւ: Գործող նախագահը փորձեց զինք համոզել, բայց՝ ապարդիւն:

«Ես անոր ըսի, որ կրնամ հանդուրժել մերժումը, բայց՝ ոչ վիրաւորանքն ու նուաստացումը», գրած է տքթ. Գրիգորեան իր «Տուն տանող ճանապարհը. կեանքս եւ ժամանակները» գիրքին մէջ:

Իսկապէս, տքթ. Գրիգորեան պայքարող էր. հպարտ, խորաթափանց, հմայիչ, փայլուն պատմաբան եւ կրթական գործիչ, որ իր համեստ ծագումէն բարձրացաւ եօթ լեզուներ խօսելու, նուաճեց պատուոյ շքանշաններ եւ առաջարկներ ստացաւ նախագահելու Քոլոմպիոյ, Միշիկընի եւ Միամիի համալսարանները: Ան ընդունեց Պրաունի համալսարանի նախագահութիւնը (1989-1997թթ.): Անկէ ետք ան Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկի նախագահն էր եւ կրթութեան գլխաւոր բարերարը:

Բայց ան աւելի ծանօթ էր Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանը տնտեսական եւ բարոյական տագնապէն վերակենդանացնելու իր աշխատանքով:

1981-ին գրադարանին հիմնական շէնքը սնանկացած էր: Այնտեղ կար աւելի քան 7.7 միլիոն գիրք մեծ մասը՝ հազուագիւտ եւ թանկարժէք: Քիչ վճարուող եւ շատ աշխատող պաշտօնեաները յուսալքուած էին: Սրահները եւ սենեակները լքուած էին եւ մասամբ քանդուած էին: Աւելի՛ն. գրադարանը ունէր 50 միլիոն տոլարի բաց եւ՝ ոչ մէկ քաղաքական աջակցութիւն:

Տքթ. Գիրգորեանին համար այդ մարտահրաւէրը անդիմադրելի էր: Գրադարանը, իր նման, զոհ էր նուաստացումի եւ վիրաւորանքի: Գրիգորեան կը նկատուէր կասկածելի փրկարար մը՝ տրուած ըլլալով, որ իր ամբողջ արհեստավարժ կեանքը անցուցած էր ակադեմական շրջանակներու մէջ: Օր մը, հանդիպելով տնօրէններու խորհուրդին հետ, որոնք կ՚արծարծէին հաւաքածոները ծախելու, կարգ մը մասնաճիւղեր փակելու, ծառայութեան ժամերը նուազեցնելու մասին, անոնցմէ ժամանակ խնդրեց եւ առաջարկեց նոր տեսլական մը: Ան նշեց, որ գրադարանը ազգային գանձ է եւ կեանքեր կերտած է ու փրկած: Ան շեշտեց, որ գրադարանը առեւտրային կառոյց մը չէ, այլ քաղաքի անցեալին եւ ներկային համար ներդրում մըն է: Տնօրէններու խորհուրդը զայն նշանակեց նախագահ, բայց մեծ գումարներու կարիքը կար: Դրամէն աւելի պէտք ունէր գործակիցներու:

Ծանօթանալէ ետք ազդեցիկ անձերու, կարելի եղաւ մեծ գումարներ հաւաքել եւ սկսիլ նորոգութեան ու վերականգումի աշխատանքներուն: Անոր շնորհիւ՝ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանը յարութիւն առաւ: Զբօսաշրջիկները եւ այցելուները վերադարձան:

«ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ»

ԲԱՐԵԳՈՐԾ ԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԿԸ ՄԱՀԱՆԱՅ 87 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ

Վարդան Գրիգորեան ծառայած է որպէս Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկի նախագահ եւ Պրաուն համալսարանի նախկին նախագահ:

«Մենք պէտք է շարունակենք կարելիութիւններ ընձեռել բոլորին, որպէսզի մեր երկրի բարձրագոյն կրթութեան լաւագոյն հաստատութիւնները չդառնան միակ այն տաղանդաւոր քիչերուն, որոնք բաւական հարուստ են կրթաթոշակ վճարելու համար, կամ այնքան աղքատ են, որ կրնան դասուիլ օգնութիւն ստացողներու շարքին», ըսաւ Գրիգորեան 1997 թուականին Պրաունի մէջ իր վերջին խօսքը ուղղած ատեն: Ան աւելցուց. «Մենք պէտք է հնարաւորութիւններ ստեղծենք մեր ամբողջ հասարակութեան համար, որովհետեւ Ամերիկան աշխարհի մանրանկարն է, իսկ Պրաունը պէտք է Ամերիկայի մանրանկարը ըլլայ»:

Թեքսասի եւ Փենսիլվանիոյ համալսարաններուն մէջ դասախօսական պաշտօններ ստանձնելէ ետք, որուն ընթացքին ան դարձաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, 1981 թուականին Գրիգորեան նշանակուեցաւ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին՝ երկրի երկրորդ մեծ գրադարանին նախագահ եւ զայն վերակենդանացուց՝ դուրս բերելով ելմտական տագնապներէն:

Որպէս գրադարանի նախագահ՝ Գրիգորեան ոչ միայն վերականգնեց Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանին հիմնական շէնքը, այլեւ վերանորոգեց մասնաճիւղերու բազմաթիւ պատմական վայրեր, զարգացուց ամրապնդուող շրջանառու հաւաքածոները՝ կեդրոնանալով բազմալեզու եւ բազմամշակութային նիւթերու վրայ, աւելցնելով կրթութեան եւ գրագիտութեան ծրագիրները:

«Վարդան Գրիգորեան, որ իր մարդասիրական գործունէութեան համար 2004 թուականին Միացեալ Նահանգներու Նախագահութեան Ազատութեան շքանշան ստացած է, «Քառնեկի» հիմնարկին մէջ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ստեղծած է «Քառնեկի»ի գիտնականներ ծրագիրը, որ ի վերջոյ կեդրոնացաւ բացառապէս իսլամութեան եւ ժամանակակից աշխարհի վրայ», կը հաղորդէ «Քառնեկի» հիմնարկը:

Գրիգորեան 2001 թուականին նոյնպէս հիմնած է «Քառնեկի» բարեգործութեան շքանշանը՝ մրցանակ, որ կը մեծարէ ամբողջ աշխարհէն բարերարներ, «որոնք կը գիտակցին, թէ ժամանակակից մարդասիրութիւնը ինչպէ՛ս կարեւոր դեր կը խաղայ մեր ժողովրդավարական հիմնարկներու կառուցման եւ կայացման գործին մէջ», կը հաղորդէ «Քառնեկի» հիմնարկը:

Գրիգորեան իր կեանքին ընթացքին նոյնպէս ծառայած է քանի մը յանձնախումբերու մէջ, ներառեալ՝ 11 սեպտեմբերի յուշահամալիրի եւ թանգարանի, Պերլինի Ամերիկեան ակադեմիայի, Ակա Խան համալսարանի, Քաթարի հիմնադրամի, ՄաքԿրով Հիլ ընկերութիւններու, Պրանտիս համալսարանի, Մարդկային Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան, Ժամանակակից արուեստի թանգարանի, Աղեքսանդրիոյ գրադարանի եւ այլ հաստատութիւններու պատասխանատու մարմիններուն մաս կազմելով:

Գրիգորեանի մահուան մասին յայտարարութեան մէջ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը, որուն խորհուրդին անդամ էր Գրիգորեան, զայն անուանեց՝ «Իսկական տեսլական, որուն համար կրթութիւնն ու գիտելիքը հնարաւորութեան եւ խաղաղութեան բանալին էին»:

Վարդան Գրիգորեան Պրաուն համալսարանի նախագահութիւնը ստանձնեց 1988-ին: Այդ ընթացքին ան կրկնապատկեց Պրաունի կարողութիւններն ու եկամուտը եւ 275 նոր դասախօսներ, որոնցմէ 72-ը՝ փրոֆեսէօրներ, պաշտօնի կոչեց։

«Գրիգորեանի ազդեցութիւնն ու ժառանգութիւնը ակներեւ են անոր յանձնառութեան շնորհիւ՝ ամրապնդելու Պրաունի ակադեմական փորձառութիւնը, ընդունելով այն բազմազանութիւնը, որ անհրաժեշտ է գերազանցութեան բարձրագոյն մակարդակներուն հասնելու համար», կ՚ըսէ Պրաունի նախագահ Քրիսթինա Հ. Փաքսըն, Գրիգորեանի մահուան առիթով համալսարանական համայնքին ուղղուած նամակին մէջ:

«ՍԻ. ԷՍ. ԱՅ. ՍԻ.»

CSIS-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆ՝ ՃՈՆ ՀԱՄ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

CSIS կը սգայ մեծ ընկերոջ Վարդան Գրիգորեանի մահը: Վարդանը իմացական յառաջընթացի իսկական առաջնորդ էր, հասարակական քաղաքականութեան աշխարհի մէջ: Անվերջ հետաքրքրասէր եւ եռանդուն՝ Վարդան դրդեց մեզ բոլորս քաղաքական աշխարհի մէջ ՝ աւելի խոր եւ ստեղծագործաբար մտածելու օրուան մեծ խնդիրներու մասին: Ան կը մարմնաւորէր կառուցողական առաջնորդութեան նախատիպը քաղաքականութեան աշխարհին մէջ: Անոր երկար եւ ստեղծագործ կեանքը փայլուն վկայութիւնն է անոր բնաւորութեան եւ իմացականութեան: Մենք հպարտ ենք, որ անոր հետ աշխատած ենք ծառայութեան բացառիկ արդիւնաւէտ տարիներուն ընթացքին»:

«ՏԸ ՓՐՈՎԻՏԵՆՍ ՃԸՌՆԸԼ»

Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկի մարդասիրական խումբը իր կայքին մէջ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՚ըսուի. «Հիմնարկը կորսնցուցած է իր նուիրեալ եւ անխոնջ առաջնորդը՝ կրթութեան, գաղթի, միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան արտակարգ յառաջամարտիկ եւ Էնտրիւ Քառնեկի ժառանգութեան պահապան կառավարիչ մը: Մենք՝ անոր պաշտօնակիցները, կորսնցուցած ենք՝ դաստիարակ մը, ոգեշնչում մը, բազմաթիւ անձերու համար շատ սիրելի ընկեր մը»:

Անոր անունով կոչուած է Փրովիտընս քաղաքի Ֆոքս Փոյնթ թաղի «Վարդան Գրիգորեան» դպրոցը:

1934-ին Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ ծնած Վարդան Գրիգորեան Միացեալ Նահանգներ հասաւ 1956-ին՝ ուսանելու պատմութիւն եւ մարդկային գիտութիւններ, Սթենֆորտի համալսարանին մէջ, հակառակ անգլերէն լեզուին սահմանափակ տիրապետելուն:

Անձի եւ հասարակութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները հասկնալու անոր ձգտումը սկսաւ այնտեղ, եւ ատիկա դարձաւ հետապնդում մը, որ շարունակուեցաւ Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանը, Պրաունի համալսարանը եւ «Քառնեկի» հիմնարկը ղեկավարած ատեն:

2004 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ զայն պարգեւատրեց Ազատութեան նախագահական շքանշանով՝ երկրի ամենէն բարձր քաղաքացիական պարգեւով:

Վարդան Գրիգորեան ամբողջ աշխարհի մէջ ողջունուեցաւ իր հեղինակած գիրքերով՝ «Տուն տանող ճանապարհը. Իմ կեանքս եւ ժամանակներս» (The Road to Home: My Life and Times), «Իսլամ. խճանկար մը, ոչ մենաքար մը» (Islam: Mosaic, Not a Monolith) եւ «Ժամանակակից Աֆղանիստանի յառաջացումը, 1880-1946 թուականներ» (The Emergence of Modern Afghanistan, 1880-1946):

Վարդան Գրիգորեան բազմաթիւ պարգեւներու արժանացած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրիոյ եւ Փորթուգալի կառավարութիւններուն կողմէ: Անոր շնորհուած է պատուոյ բազմաթիւ կոչումներ, ներառեալ՝ Պրաուն համալսարանէն, Տորթմուտէն, Ճիւլիարտ դպրոցէն, Ապըրտինի եւ Ս. Անտրիւ համալսարաններէն:

«Մենք զինք ամենէն շատ պիտի յիշենք իր հսկայական հանճարին, խոհուն առատաձեռնութեան, սրամիտ, գիտակ եւ խորամիտ հիւմըրի զգացումի, իւրաքանչիւրս ե՛ւ ոգեշնչելու, ե՛ւ մարտահրաւէր նետելու իր արտասովոր ունակութեան համար, որպէսզի կարելի ամէն բան ընենք «Քառնեկի» հիմնարկի առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար», ըսաւ Նիւ Ճըրզիի նախկին նահանգապետը:

«Քառնեկի» հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Թոմաս Հ. Քին ըսաւ. «Ան աշխարհի մարդն էր, որ ոգեշնչեց աշխարհը»:

Ըստ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Մայքլ Պլումպերկի, Վարդան Գրիգորեան օգնած է քաղաքը վերակառուցելու գործին մէջ:

«11 սեպտեմբերի ահաբեկչութենէն ետք ան եկաւ գրասենեակս եւ ըսաւ, որ պէտք է բան մը ընել քաղաքի արուեստի եւ մշակութային կազմակերպութիւնները փրկելու համար», կ՚ըսուի Պլումպերկի յայտարարութեան մէջ: «Ատիկա սկիզբն էր Պլումպերկ մարդասիրական հիմնարկի եւ «Քառնեկի» ընկերակցութեան միջեւ գործակցութեան, որ կը յանգեցնէր բազմաթիւ այլ համագործակցութիւններու, որոնց շարքին՝ վերջերս այն ջանքը, որ ան ի գործ դրաւ օգնելու համաճարակի ընթացքին քաղաքի արուեստի, մշակոյթի եւ հասարակական ծառայութեան կազմակերպութիւններուն»:

Գրիգորեան «կատարեալ միակցիչ էր, շղթայի օղակ էր մեզմէ իւրաքանչիւրը միւսին եւ անցեալէն դէպի ապագայ», ըսաւ «Ֆորտ» հիմնադրամի նախագահ Տարըն Ուոքըր, որ յարգանքի տուրք մատուցելով՝ ըսաւ. «Որպէս գաղթական, ինչպէս իրմէ առաջ Էնտրիւ Քառնեկին, Վարդան հասկցաւ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ տեսնել Ամերիկան դրսեցիի աչքերով: Որպէս եռանդուն ուսանող եւ ուսուցիչ՝ ան կրքոտ էր կրթութեան վերափոխման ուժի նկատմամբ»:

«Այս բոլորը միասին, եւ աւելին, ձեւաւորեցին անոր պատմութիւնը, ասպարէզը, ժառանգութիւնը եւ օգնեցին անոր աշխարհը բարելաւելու», աւելցուց «Ֆորտ» հիմնադրամի նախագահ Տարըն Ուոքըր:

Ռոտ Այլընտի քոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլին Թուիթըրին մէջ գրած է. «Վարդան Գրիգորեան իսկական հսկայ մըն է: Զայն խորապէս պիտի կարօտնանք»:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 26, 2021