ԵՍ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՉԵ՛Մ
Փոքր տարիքէն մեր ուղեղներուն մէջ գամեցին ու անջնջելի հետքերով փորագրեցին «պահանջատիրութիւն» բառը, որուն իմաստը առանց հասկնալու ու գիտնալու տակաւին 4-5 տարեկան մեր հասակէն սկսանք «պահանջել» առանց ճշմարտապէս գիտնալու, թէ ի՛նչ կը պահանջենք: Սակայն հիմա՝ որ կարողութիւնը ունիմ լաւապէս հասկնալու եւ ըմբռնելու այդ բառին իմաստն ու նպատակը, սկսած եմ համոզուիլ, որ հակառակորդէն պահանջելու բան մը չունինք եւ գուցէ իրաւունքն ալ չունինք:
Պահանջելու իրաւունք չունինք, որովհետեւ կեանքի օրէնքին համաձայն առանց քալելու վարժութիւնը ձեռք բերելու չե՛նք կրնար վազել եւ մենք այդ մէկն է, որ կը փորձենք կեանքի կոչել:
Անցնող օրերուն Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ զգացի, որ մենք հակառակորդէն աւելի իրաւունքը եւ մանաւանդ կարիքը ունինք մեր ժողովուրդի զաւակներէն բան մը պահանջելու՝ որ է գիտակցութիւնը: Այսօր մենք շա՜տ աւելի բան ունինք պահանջելու մերիններէն՝ քան ուրիշէն, որովհետեւ մեր մեզի հանդէպ կատարածը շա՜տ աւելի ահազդու վիճակ մը սկսած է առնել՝ քան հակառակորդինը, որուն համար աւելի քան յիսնամեակ մը առաջ Յովհաննէս Շիրազ «Սպիտակ Եղեռն»ը կը գրէր:
Շաբաթավերջին, երբ գիտակից փոքրամասնութիւն մը կ՚երթար իր յարգանքի տուրքը մատուցելու նահատակներուն, անգիտակից մեծամասնութիւն մը կու գար հաստատելու ա՛յն համոզումս, որ իրենցմէ շա՛տ աւելի բան ունինք պահանջելու եւ ըսեմ ինչո՞ւ.-
Ա.- «Հայրենասէր» եւ «պահանջատէր» մեր ժողովուրդի զաւակներէն շա՜տ շատեր, տարուան 365 օրերուն մէջ յարմար օր մը չգտնելով, ամենէն յարմար ու լաւագոյն օրը Ապրիլ 24-ը գտած էին, որպէս հարսանիքի եւ քէֆի օր. (գուցէ պսակադրութեան եւ սերնդագործութեան ճամբով մեր գոյութիւնը ապահովելու հայրենասէրի՞ մտածումով. չեմ գիտեր):
Բ.- Ապրիլ 24-ի նախօրեակին համացանցի մէջ դիմացս ելաւ երիտասարդ աղջիկ մը (պահանջատէր հայուհի մը), որ իր հետեւորդներուն կը հաղորդէր թէ «Ապրիլ 24-ի օրը թոյն Party-ա լինելու». այն պահուն երբ հազարաւորներ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցէին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ, ուրիշ հազարներ հայ մշակոյթը աղաւաղող երգերուն տակ իրենց պահանջատիրական պարերը կը մատուցէին պահանջատէր այլ երիտասարդներու կրքոտ նայուածքներուն:
Ի դէպ ըսեմ. Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ գտնուողներն ալ այնքա՜ն յոյս չեն ներշնչեր. ամբոխին մէջ կը քալեմ եւ փափաք մը կ՚ունենամ չլսելու աջէն-ձախէն բարձրացող խօսակցութիւնները: Ետեւէս քալող երիտասարդը իր քովի բարեկամներուն կը պատմէ մի քանի օրեր առաջ տեսած երազը, որ այժմ անիմաստ տեղ կը գրաւէ միտքիս մէջ. քովէս անցնող սփիւռքահայ մը ընկերոջը կ՚ըսէ «անոր ըսածներուն շատ սալլա մի ըներ». քիչ մը հեռուն ուրիշ մը կը փորձէ «դրօշակը լա՛ւ հանէ, աղուոր թող ելլէ» ըսողին հրահանգները կատարել եւ լաւ լուսանկար մը առնել՝ համացանցի էջերուն մէջ «մենք ալ մասնակցեցանք» ըսելու համար: Այս քաոսին մէջ յանկարծ կը մօտենայ 80-ը անց պառաւ մը եւ կ՚որոշէ պայքարիլ ո՛չ թէ թուրքին, այլ քու եւ գրպանիդ հետ՝ մի քանի ղուրուշ մուրալով:
Աւելի սարսափելին... պահ մը ոստիկանութիւնը դէպի Ծիծեռնակաբերդ տանող ճամբան կը փակէ. պատճա՞ռ. ըսեմ: Հայ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ղեկավարները կը բարձրանան Ծիծեռնակաբերդ իրենց «տուրք»ը մատուցելու, իսկ ոստիկանութիւնը կը փորձէ այդ ղեկավարներ պաշտպանել նոյնինքն զիրենք ընտրող ժողովուրդէն՝ որոնց շնորհիւ կը գտնուին այդտեղ: Ղեկավարութիւնները կ՚ընտրուին ժողովուրդի՞ն ծառայելու համար, թէ ոչ ժողովուրդը ի՛նք ղեկավար կ՚ընտրէ ի՛ր իսկ ընտրածին ծառայելու համար. այդ ալ չե՛մ գիտեր: Պարզապէս ժողովուրդին տունը ժողովուրդէն պաշտպանելու վիճակ մը ունինք. ու կ՚ուզեմ հասկնալ այս բոլորին յետին գտնուող տրամաբանութիւնը: Դուն ինծի պիտի ընտրես ղեկավար, սակայն ես քեզմէ պաշտպանուելու համար հարիւրաւոր ոստիկաններ պիտի բերեմ, երբ այդ ոստիկանները բերելու իշխանութիւնը անգամ առած եմ քեզմէ, դո՛ւն տուած ես ինծի:
Այսօր՝ Մեծ Եղեռնէն 107 տարիներ ետք ես չե՛մ գիտեր, թէ ի՛նչ կը պահանջենք. չե՛մ գիտեր, որովհետեւ մէկը պատմական եկեղեցիները կը պահանջէ, ուրիշ կուսակցութիւն մը ամբողջական հողերը կ՚ուզէ, այլ կուսակցութիւն մը հողը ինչ պիտի ընենք... թող ճանչնան իրենց նախահայրերուն ըրածները, կ՚ըսէ. բացէ՛ք եւ կարդացէք հարիւրամեակի առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի ուղերձը. երկար ուղերձ մը՝ պահանջատիրութեամբ ողողուած, սակայն դարձեալ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ է ուզուածը: Եւ այս բոլորը կու գան ըսելով, որ մենք մեր պահանջին մէջ նոյնիսկ չենք կրցած ըլլալ միակամ, որուն համար Քրիստոս պիտի ըսէր. «ոեւէ թագաւորութիւն որ ինքն իր մէջ բաժան-բաժան կ՚ըլլայ՝ կը կործանի» (Մատթէոս 12.25):
Հիմա դո՛ւք ըսէք. մեր ժողովուրդէ՞ն բան մը պահանջենք... թէ...: Եթէ այս է պահանջատիրութեան հասկացողութիւնը, ըսեմ, որ ես պահանջատէր չե՛մ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ-ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ
(1865-1945)
Մեր թուականէն 77 տարիներ առաջ՝ 26 ապրիլ 1945-ին Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ մահացած է բանասէր, հրապարակագիր, թարգմանիչ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր-Անդրէասեան:
Տէր-Անդրէասեան ծնած է 9 նոյեմբեր 1865 թուականին, Իզմիթի մօտ գտնուող Պարտիզակ հայաբնակ աւանին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ: Միաժամանակ յօդուածներով եւ հրապարակագրութեամբ աշխատակցած է «Ընտանիք» եւ «Երկրագունդ» պարբերականներուն, ուր հրատարակած է ազգային, մշակութային, քաղաքական, գրական եւ բանասիրական տարբեր տարբեր հարցերու մասին: Իր անուան կողքին Տէր-Անդրէասեան յաճախ գործածած է նաեւ Ետան, Տարազ եւ Ահուրամազդա ծածկանունները: Ուսուցչութեան հետ միատեղ Տէր-Անդրէասեան յաջորդաբար ստանձնած է «Արեւելք»ի, «Բիւզանդիոն»ի, «Մանզուիէ Էֆքեար»ի խմբագիրի պաշտօնը: Միաժամանակ Տէր-Անդրէասեան զբաղած է դասագիրքերու պատրաստութեամբ. յիշատակելի են մանաւանդ անոր պատրաստած «Ծաղկաքաղ հայ գրականութեան» եւ «Քերականական զրոյցներ» դասագիրքերը:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Տէր-Անդրէասեան Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Նոր Կեանք» օրաթերթը, սակայն կարճ ժամանակ ետք մեկնած է Պուլկարիա, ուրկէ փոխադրուած է Ֆրանսա, ուր մնացած է մինչեւ իր կեանքին վերջը:
Հրապարակախօսը գրական գործունէութեան կողքին զբաղած է թագմանութեամբ. հայերէնի թագմանած է Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրերը» աշխատութիւնը, Կ. Փրեֆինի «Քրիստոս ինքնակալ» պատմավէպը եւ բազմաթիւ այլ աշխատութիւններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024