ԵՐՋԱՆԻԿ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…

Կեան­քի մէջ մար­դուս ա­ռաջ­նա­կարգ նպա­տա՛կն է՝ «եր­ջա­նիկ ըլ­լալ»։ Ար­դա­րեւ, մար­դուս բո­լոր ջան­քե­րը, աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը ի վեր­ջոյ կը կեդ­րո­նա­նան այդ միակ նպա­տա­կին վրայ, եւ ա­նոնք կ՚ու­զեն եր­ջա­նիկ ըլ­լալ, եր­ջա­նիկ ապ­րիլ եւ երբ հաս­նին եր­ջան­կու­թեան՝ տե­ւա­կան ըլ­լայ ա­նի­կա, եւ ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լայ՝ մշտնջե­նա­ւո՛ր վի­ճա­կը պա­տէ ամ­բողջ կեան­քը։ Ա­հա­ւա­սիկ մար­դուս ամ­բողջ աշ­խա­տան­քը՝ զբա­ղու­մը այս նպա­տա­կին շուրջ կը դառ­նա՛յ։

«Եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լա­յին մար­դիկ», կ՚ը­սէ Միյ­նեէ, «ե­թէ ա­նոնք ի­րա­րու հետ միա­բա­նէին, ե­թէ ո­մանք ի­րենց ու­նե­ցած շա­տէն մաս մը զո­հէին եւ ո­մանք ալ բա­ւա­կա­նա­յին սի­րով եւ յօ­ժա­րա­կամ ի­րենց չու­նե­ցա­ծո­վը, բա­րե­փո­խու­թիւն­ներ, այ­լա­փո­խու­թիւն­ներ բա­րե­կա­մօ­րէն եւ հաշ­տու­թեամբ, հա­մա­ձայ­նու­թեամբ տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին, եւ պատ­մի­չը ա­մե­նե­ւին պա­հանջ­քը չէր ու­նե­նար ո՛չ ծայ­րա­յեղ զեղ­ծում­ներ, ո՛չ ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ եւ ոչ իսկ թշուա­ռու­թիւն­ներ յի­շե­լու, իր միակ պաշ­տօնն ու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լար ցու­ց­­նել, թէ՝ մարդ­կու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ խո­հեմ, ա­ւե­լի՛ ա­զատ եւ ա­ւե­լի՛ եր­ջա­նիկ ե­ղած է»։

­Միյ­նեէի այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը մե­զի կը յի­շեց­նէ կա­րե­ւոր եր­կու բան, որ այն­պէս կը կար­ծուի, թէ եր­ջան­կու­թեան հիմ­նա­կան մի­ջոց­ներն են։

Նախ՝ չա­փա­ւո­րու­թիւն, որ կ՚են­թադ­րէ պար­զու­թիւն, բա­ւա­րա­րու­թեան զգա­ցում։ Այն որ գի­տէ չափ ու սահ­ման, գի­տէ կշռել, եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, փա­փաք­նե­րուն, կիր­քե­րուն սանձ մը դնել, եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռել զա­նոնք պա­տեհ ու ան­պա­տեհ ըլ­լա­լու ստու­գա­նի­շով։ Կշի­ռի եր­կու նժար­նե­րու վրայ կը գտնուին՝ կիր­քեր, ան­սահ­ման փա­փաք­ներ, եւ նաեւ՝ խո­հե­մու­թիւն, բա­ւա­րա­րու­թիւն, գո­հա­ցում։

Եւ երբ մար­դուս հո­գիի կշի­ռին վրայ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած են այս եր­կու նժար­նե­րը՝ ա­հա­ւա­սիկ, այդ կը նշա­նա­կէ, թէ ան եր­ջա­նի՛կ է, գո­նէ եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար ա­պա­հով քայ­լեր ա­ռած է։

Երկ­րորդ՝ Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նի­չի, Ա­ռա­քեալ­նե­րու Գոր­ծե­րը գիր­քին մէջ՝ Յի­սու­սի վե­րագ­րուած այն խօս­քը, թէ՝ «Ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է տա­լը, քան առ­նե­լը», (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով՝ տա՛լ, այ­սինքն զո­հել, զո­հուիլ, ո­ղոր­միլ, սի­րել, գթալ եւ այն բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ՚ազ­նուաց­նեն մարդ­կա­յին հո­գին՝ եր­ջան­կու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լա՛ն։

Սա կը նշա­նա­կէ՝ որ նիւ­թա­կա­նէն զո­հո­ղու­թիւն ը­նել, նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու շատ չկառ­չիլ, այլ եւ մա­նա­ւանդ քի­չով բա­ւա­կա­նա­նալ, գո­հա­նալ եւ շա­տը տալ, բաժ­նել ա­նոնց՝ որ պա­հանջ­քը կը զգան կեն­սա­կան կարգ մը նիւ­թե­րու, որ ինք ա­ւե­լիո­վը ու­նի։

Եւ այս կ՚են­թադ­րէ՝ հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, այ­սինքն մէ­կու մը դի­մա­ցի­նին նման խոր­հե­լու, զգա­լու, ա­նոր պէս տես­նե­լու կեան­քը, ու­րի­շին ցա­ւե­րը, վիշ­տե­րը հասկ­նալ, տկա­րու­թիւն­նե­րուն եւ թե­րու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դառ­նալ։ Ժո­ղովր­դա­կան ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ, թէ՝ «կուշ­տը ա­նօ­թիին վի­ճա­կը չի հասկ­նար»։ Ա­հա­ւա­սի՛կ հոս է բա­նա­լի սկզբուն­քը՝ հասկ­նալ ու­րի­շին վի­ճա­կը՝ ա­նոր նե­ղու­թիւն­նե­րը, անդ­րա­դառ­նա՛լ եւ կա­րեկ­ցիլ, մաս­նակ­ցիլ ա­նոնց, եւ ո՛չ միայն անդ­րա­դառ­նալ, այլ եւ ձեռք եր­կա­րել՝ օգ­նել, իր­մէ տալ, զո­հել եւ այս կեր­պով հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր մարդ­կա­յին կո­չու­մին, վեր պա­հել մար­դուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, ար­ժէ՛­քը։ Ու­րեմն, եր­ջա­նիկ ըլ­լալ ինչ­պէս պար­տա­ւո­րու­թիւն մըն է, եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու ճամ­բան ալ՝ այդ բնա­կան եւ աս­տուա­ծա­տուր պար­տա­կա­նու­թեան հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լա՛լն է։

Ա­յո՛, այս ի­մաս­տով տա­լը ա­ւե­լի՛ եր­ջան­կա­բեր է քան առ­նե­լը։ Ե­թէ մարդ կուշտ է, ո­րե­ւէ պա­կա­սու­թիւն չու­նի, բայց իր ըն­կե­րը, դրա­ցին կամ ոե­ւէ մեր­ձա­ւո­րը ա­նօ­թի է եւ կա­րօտ կեն­սա­կան բա­նե­րու, այ­լեւ կա­րե­լի՞ է եր­ջա­նիկ ըլ­լալ ու­նե­ցած­նե­րուն ա­ռա­տու­թեամբ, յորդ ու զե­ղուն շտե­մա­րան­նե­րով եւ ամ­բա­րա­նոց­նե­րով։ Մարդ ո՜ր­քան ան­տար­բեր ու ան­խիղճ ըլ­լա­լու է, որ ե­թէ իր մէկ մեր­ձա­ւո­րը՝ ըն­տա­նի­քի ան­դամ, բա­րե­կամ, դրա­ցի եւ ոե­ւէ մէ­կը, ա­նօ­թի է, հի­ւանդ եւ կա­րեկ­ցու­թեան կա­րօտ եւ ինք չու­նե­նայ ո­րե­ւէ կա­րօ­տու­թիւն, ո­րե­ւէ պա­հանջք եւ ա­սոր հա­մար ինք­զինք եր­ջա­նիկ զգայ, եր­ջան­կու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տէ՝ ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու իր մեր­ձա­ւո­րին կա­րօ­տու­թիւ­նը, պա­հանջ­նե­րը, տկա­րու­թիւնն ու թե­րու­թիւ­նը։

Այս պատ­ճա­ռով կ՚ը­սենք, թէ՝ ճշմա­րիտ եր­ջան­կու­թիւ­նը ի­րե­րօգ­նու­թեան՝ հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան մէ՛ջ է։

Ան­գամ մըն ալ տես­նենք, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ «եր­ջան­կու­թիւն»՝ ո­րուն մա­սին այս­քան կը խօ­սուի, եւ կեան­քին նպա­տա­կը կը հա­մա­րուի, գո­նէ աշ­խար­հա­յին ժա­մա­նա­կա­ւոր կեան­քին հա­մար։

«Եր­ջան­կու­թիւն»ը, ինչ­պէս ը­սինք, մարդ­կա­յին իղձ մը, դի­տա­ւո­րու­թիւն մըն է, որ հա­սա­րա­կաց է ա­մէն մար­դու հա­մար։ Եր­ջան­կու­թիւն չու­զող, եր­ջան­կու­թեան չձգտող մարդ կա­րե­լի՞ է ե­րե­ւա­կա­յել՝ կեր­պը, հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կամ աս­տի­ճա­նը ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ՝ ա­մէն մարդ կ՚ե­րե­ւա­կա­յէ եր­ջան­կու­թիւ­նը եւ կը ձգտի ա­նոր։ Մար­դուս բո­լոր աշ­խա­տան­քը, ջա­նադ­րու­թիւ­նը, կիր­քը կը հիմ­նա­ւո­րուին վեր­ջա­պէս եր­ջան­կու­թեան վրայ, վերջ­նա­կան նպա­տա՛կն է ան մար­դուս հա­մար, ե­թէ հա­շուի չառ­նուի մի­ջան­կեալ, երկ­րոր­դա­կան նպա­տակ­ներ։

Մար­դուս վերջ­նա­կան նպա­տակն է ան։

Ար­դա­րեւ, մար­դը իր բա­ցու­մով դէ­պի ճշմար­տու­թիւ­նը եւ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, իր զգա­ցու­մով բա­րո­յա­կան եւ բարձր բա­րիին, իր ա­զա­տու­թեամբ եւ իր խղճմտան­քին ձայ­նով, ան­հու­նին եւ եր­ջան­կու­թեան իր տեն­չան­քով, ան ինք­զինք կը հար­ցաքն­նէ Աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան մա­սին։ Այս ա­մէ­նուն ընդ­մէ­ջէն ան կը նշմա­րէ իր ան­նիւ­թա­կան հո­գիին նշան­նե­րը եւ ան­շուշտ, պա­հանջ­նե­րը։

Յոյ­սը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը ու­նին ներ­քին կապ մը՝ որ կ՚ամ­բող­ջաց­նեն զի­րար եւ այս պատ­ճա­ռով՝ յոյ­սին կը յա­ջոր­դէ եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Յոյ­սը աս­տուա­ծա­տուր այն ա­ռա­քի­նու­թիւնն է, ո­րով մարդս կը բաղ­ձայ իբր իր եր­ջան­կու­թիւ­նը ու­նե­նալ՝ վստա­հու­թիւ­նը դնե­լով այն յոյ­սին, որ խոս­տում­ներն են Աս­տու­ծոյ եւ Սուրբ Հո­գիին շնորհ­նե­րուն։ Ուս­տի եր­ջան­կու­թեան հաս­նե­լու մի­ջո­ցը՝ յու­սալ, վստա­հիլ եւ հա­ւա­տա­րիմ մնալ է աս­տուա­ծա­յին խոս­տում­նե­րուն։

Ճշմա­րիտ եր­ջան­կու­թեան բաղ­ձան­քը կ՚ա­զա­տագ­րէ մար­դը այս աշ­խար­հի ինչ­քե­րուն ան­չափ ու ան­սահ­ման փա­րու­մէն եւ զայն կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ Աս­տու­ծոյ տե­սու­թեան եւ ե­րա­նու­թեան մէջ։ Հոս պէտք է նշել, թէ՝ եր­ջան­կու­թեան լրումն է՝ ե­րա­նու­թիւ­նը։

Սուրբ Գրի­գոր Նիւ­սա­ցի կ՚ը­սէ. «Աս­տուած տես­նե­լու Խոս­տու­մը կը գե­րա­զան­ցէ ա­մէն ե­րա­նու­թիւն։ Աս­տուա­ծա­շուն­չի լե­զուով, տես­նե­լը՝ ու­նե­նա՛լ է։ Աս­տուած տես­նո­ղը, ար­դէն ըն­դու­նած է ա­մէն բա­րիք, ա­մէն ե­րա­նու­թիւն, զոր կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել»։­

Ար­դա­րեւ, Քրիս­տո­սի ճա­նա­պար­հին հա­մա­ռօ­տու­թիւ­նը՝ ե­րա­նու­թիւն­ներն են, միակ ու­ղին՝ դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ ո­րուն կը տեն­չայ մար­դուն սիր­տը տե­ւա­պէ՛ս։ Ուս­տի հա­ւատ­քի կեան­քին մէջ կա­րե­ւո՛ր է ամ­բող­ջա­կան պայ­ծա­ռու­թեամբ եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ յայտ­նել ու­րա­խու­թիւ­նը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ որ կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն մարդս ե­րա­նու­թեա՛ն։

Ե­րա­նու­թիւ­նը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ մար­դուն եր­ջան­կու­թեան բնա­կան բաղ­ձան­քին։

Եւ այս բաղ­ձան­քը աս­տուա­ծա­յին ծա­գում ու­նի. Աս­տուած Ի՛նք դրած է զայն մար­դուն սրտին մէջ՝ որ­պէս­զի քա­շէ զինք Ի­րեն՝ որ միա՛կ կա­րողն է լիաց­նե­լու զինք։ Եւ վեր­ջաց­նենք Սուրբ Օ­գոս­տի­նո­սի խօս­քե­րով. «Մենք ա­մէնքս ան­տա­րա­կո՛յս կ՚ու­զենք ապ­րիլ եր­ջա­նիկ, եւ մարդ­կա­յին ցե­ղին մէջ չկա՛յ մէ­կը որ չտայ իր հա­ւա­նու­թիւ­նը այս ա­ռա­ջար­կին, ան տա­կա­ւին լման չբա­նա­ձե­ւուած»։ Եւ դար­ձեալ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս կը խոս­տո­վա­նի. «Ար­դեօք ես ի՞նչ ձե­ւով կը փնտռեմ Քեզ, Տէ՛ր։ Ո­րով­հե­տեւ Քեզ փնտռե­լով, Աս­տուա՜ծ իմ, ես կը փնտռեմ եր­ջա­նիկ կեան­քը։ Ը­րէ՛ որ Քեզ փնտռեմ որ ապ­րի հո­գիս, քա­նի որ մար­մինս կ՚ապ­րի հո­գիովս, իսկ հո­գիս կ՚ապ­րի Քեզ­մո՛վ»։­

Ու­րեմն ի­րա­կան եր­ջան­կու­թիւ­նը զԱս­տուած փնտռել, Ա­նոր անդ­րա­դառ­նալ չէ՞. իսկ ե­րա­նու­թիւ­նը՝ զԱյն գտնել, միա­նալ Ա­նոր։ Քա­նի որ ճշմար­տա­պէս «Միայն Աս­տուած յա­գուրդ կու տայ», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի­…։

­ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 19, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 26, 2017