ԸՆՉԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ընչասիրութիւնը, այսինքն լայն առումով նիւթապաշտութիւնը՝ արծաթասիրութիւնը կամ ագահութիւնը վատ եւ շատ վնասակա՛ր մոլութիւն մըն է՝ մշտապէս անարգուած։ Շատեր արծաթասիրութիւնը «ճարպիկութիւն» կը համարեն՝ մարմնական եւ աշխարհային նկատումներով։ Բայց հոգեւոր իմաստով արծաթասիրութիւնը հակառակ է, քանի որ ան Աստուծոյ առջեւ անօրէնութի՛ւն է։ Արդարեւ, մա՛րդ երկու տէրերու չի կրնար ծառայել՝ պէտք է ընտրէ մին՝ որ է հոգեւորը։ Ուստի մարգարէն կ՚ըսէ. «Ան որ լեռներու վրայ զոհուածը չկերաւ ու գրաւը պարտապանին դարձուց եւ տոկոս չպահանջեց, անիկա արդա՛ր է եւ ապրելով պիտի ապրի, իսկ ան որ տոկոս կը պահանջէ, Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ Սուրբ Հոգւոյ հրամաններուն կ՚ընդդիմանայ եւ ատոր անօրէններու կարգին եւ անօրէնութիւններուն կը յանձնուի, որոնք արգիլուա՛ծ են Սուրբ Հոգւոյ հրամաններով». (Հմմտ. ԵԶԵԿ. ԺԸ 1-13)։ Մերձիմաստ է Եսայի մարգարէի խօսքը. «Ան որ յափշտակուածը կը զոհէ ինծի, նո՛յնքան զազրելի է որքան եթէ շուն մը մորթեն եւ կամ մարդու մը գլուխ կտրեն». (ԵՍ. ԿԶ 3)։
Ուստի, լա՛ւ է որ աղքատները հրաժարին ողորմութենէ մը, քան թէ ընդունին յափշտակութենէ եկած որեւէ բան։ Լա՛ւ է որ մարդ անօթութենէ մեռնի, քան թէ անպատշաճ եւ անօրէն բաներով սնանի։ Մարգարէն կ՚ըսէ այս մասին. «Ո՛վ որ մէկէն առնէ եւ միւսին բաշխէ վարձքի փոխարէն, դաժան պատիժներու եւ չարչարանքներու պիտի ենթարկուի, որովհետեւ այրող կրակը եւ բնաջնջող սուրը յառաջ կու գան փոխ տրուած դրամներէն»։
Անոնք որ անօրէն եւ անպատշաճ ինչքերով կ՚ուզեն Աստուծոյ պաշտամունք կատարել, զԱյն աւելի՛ կը բարկացնեն. «Պատուէ՛ Տէրը քու արդար վաստակովդ եւ քու արդարութեան արմտիքներէն անոր նուէր մը ըրէ». (ԱՌԱԿ. Գ 9)։
Ուստի երբեք ընդունելի չէ՛ խորհիլ յափշտակութեամբ հաւաքել եւ ապա մեղքերու թողութեան համար ողորմութիւն ընել, քանի որ կրակը երբեք կարելի չէ կրակով մարել, վէրքը վէրքով բուժել, մեղքը մեղքով սրբել, կամ արիւնը արիւնով մաքրել, եւ կամ անօրէնութիւնները անօրէնութեամբ քաւել, որովհետեւ տոկոսներու անօրէնութիւնները շատ գէշ են, վատ են եւ անոնց յանձնառութիւնները նման են յղի կնոջ երկունքին։ Աւելին՝ երբ պարտականը աղքատ է, տեւաբար հոգ կ՚ընէ եւ կը մաշի, գիշերը քուն չունի եւ կամ անհանդարտ քուն մը ունի, իսկ ցերեկը, տխուր, մելամաղձոտ եւ մտահոգ կերպով կ՚երթայ եւ կու գայ եւ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ։ Երբեմն իր ինչքերէն մաս մը կ՚ուզէ ծախել, փոխ առած դրամին տոկոսը հատուցանելու համար, երբեմն, հոգին կորսնցնելու եւ Աստուծոյ ընդդիմանալու գնով, կ՚ուզէ «անօրէն կերպ»ով գողութիւն ընել, որպէսզի կարողանայ վաշխառուին տոկոսը հատուցանել, եւ երբեմն կը մտածէ գաղտնօրէն փախչիլ եւ հեռո՜ւ երկիր մը երթալ։
Անօրէն եւ չար մոլութեան տէր մարդը, փոխանակ տոկոսներէն երկիւղածութեամբ հեռանալու՝ մեծ ցանկութեամբ կը մտերմանայ տոկոսներու շահին հետ, որը կը ցրուէ իր ուշադրութիւնը, որպէսզի արհամարհէ Աստուծոյ պատուիրանը, կը շփոթեցնէ սիրտը, որպէսզի ահեղ դատաստանի օրը չյիշէ, միտքը այնպէս մը կը քարացնէ, կը կարծրացնէ որ չգթայ իր եղբօրը հեծեծանքին վրայ. կը փակէ ականջները եւ աչքերը եւ զինք դիտողներու արհամարհանքէն չ՚ամչնար, այլ թշուառ հոգիին համար համարձակ կերպով յաւիտենական հուր կը հաւաքէ եւ կը դիզէ… եւ ինչպէս որ երկրպագողները կ՚աղօթեն եւ կ՚աղերսեն Աստուծոյ, որպէսզի անձրեւ տեղայ ցանուած սերմերուն վրայ, նոյնպէս ալ վաշխառուն՝ աղքատութիւն, նեղութիւն եւ սով կը ցանկայ։
Եւ կ՚արժէ մտածել այս հարցին մասին. մարդուն կը վայելէ լաւագոյն ընտրութիւնը ընել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 25, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024