ԼԻՃԻՆ ՇՈՒՐՋ ՄԵՐԿ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Անցնող երեք օրերու ընթացքին ճաղատ թէ մազաշատ, աղջիկ թէ տղայ բոլորը պսակեցինք. սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ կայ դրամին հակառակ կողմը. իւրաքանչիւր միութիւն ունի նաեւ բաժանում մը. պսակողներուն կողքին բաժնողները եթէ չըլլան, կը կարծենք արդէն սէրը սէր ըլլալէ կը դադրի: Յաճախ նման որոմներ չե՛ն յաջողիր իրենց նպատակները իրականացնել, այդ իսկ պատճառով Մ. Գուշակ կու գայ բաժանումի տարբեր ձեւեր ներկայացնելու, համոզուած ըլլալով, որ նման միջոցներ ամենէն ազդու միջոցն են սէրը սպաննելու, միաժամանակ տալով այլ գաղտնիքներ, որոնք կրնան սէրը հրահրել:

Սկսինք պարզ միջոցներէն. իբրեւ թէ անձի մը մազը, արիւնը եւ կամ լորձունքը կրակով վառելը այդ անձին մէջ սէրը բոլորովին կը մեռցնէ, իսկ եթէ յաջողիք ձեր արիւնը, քրտինքը եւ կամ մազը փոխանցել ուրիշի մարմինի մէջ՝ ապա սէր կը տարածուի անոր մէջ:

Եթէ ձեր սիրածը ձեզ դաւաճանած է, ապա կէս գիշերին պէտք է մոմ մը վառել եւ զայն մի քանի անգամ ծածկել ասեղով մը եւ արտասանել հետեւեալ կախարդական բառերը.

«Փշակէրավ, մօմէլի,
«Փշակէրավ թրէ վօտի»:

Եթէ պատահի որ դաւաճանած կողակիցը ամուսնանայ ուրիշի մը հետ, ապա պէտք է անոր ճաշի պնակին մէջ առանց զգացնելու խառնել խեչեփառի փշրուած պատեան մը եւ անոր մազերէն մէկ թել պահել թռչունի բոյնին մէջ. կրնաք վստահ ըլլալ, որ նոր կողակիցը շարունակ «ախ վախ» պիտի քաշէ: Սակայն այդ տղան դարձեալ սիրաշահելու ձեւը կայ. պարզապէս պէտք է գտնել ագռաւ մը եւ դուրս հանել ագռաւին աչքերը եւ դնել հոն՝ ուր այդ տղամարդը կը քնանայ:

Կը կարծենք, Մ. Գուշակ կին մը եղած ըլլալու է, որովհետեւ տղամարդոց ըրածները թեթեւ, սակայն կիներունը՝ վտանգաւոր ըլլալ կը թուի. պահ մը ջղջիկի արիւնով մկրտուած գորտի աճիւն կ՚ուտեն տղամարդիկ, պահ մը իրենց անկողնին մէջ ագռաւի աչքեր կը գտնեն:

Տղոց սիրտը գրաւելու համար Մ. Գուշակ աղջիկներուն կ՚առաջարկէ գիշեր ժամանակ գաղտնի մտնել սիրածի սենեակ (եթէ բռնուի գող ըսելով չե՞ն ձերբակալեր) եւ գաղտնի կտրել անոր մազերէն մի քանի թել ու պահել մատանիի մէջ. եթէ յաջողի եւ մարդ չտեսնէ զինք, աղջիկը կը յաջողի այդ տղուն սիրտը գրաւել, սակայն պատահի, որ մազը կտրած ժամանակ տղան աչքերը բանայ եւ տեսնէ զինք, ապա կը կատարուի հակառակը: Այս մէկը փաստելու համար Մ. Գուշակ կը պատմէ պատմութիւն մը եւս. Հունգարացի աղքատ աղջիկ մը կ՚ուզէ մեծահարուստ տղու մը սիրտը շահիլ եւ այս փափաքով կը մօտենայ գնչու գուշակի մը. գնչուն կը բացատրէ մազ կտրելու վերոյիշեալ ձեւը եւ վերջաւորութեան աղքատ աղջիկը կ՚ամուսնանայ մեծահարուստ տղուն հետ: Սակայն դժբախտաբար աղջիկը շուտ կը մահանայ. գնչուն կը կանչուի աղջկան դիակը մաքրելու. գնչուն կը գտնէ մատանին եւ իր մօտ կը պահէ։ Ժամանակ մը ետք մեծահարուստ տղան կը սիրահարի գնչուին՝ որովհետեւ անոր մազերը պահուած մատանին գնչուին մօտ կը մնայ:

Թէ հունգարացի աղջիկը ինչպէ՞ս յաջողեցաւ կէս գիշերին մեծահարուստ տղուն սենեակը մուտք գործել... ո՛չ ոք գիտէ, սակայն թէ անոնք ամուսնացա՞ն՝ կը շարունակէ մնալ «փաստ». եւ յայտնենք, թէ մեծահարուստ տղան ի՛նք կ՚աղաչէ աղքատ աղջկան՝ որպէսզի իր կինը դառնայ: Սակայն աւելին. ժամանակ մը ետք կը մահանայ նաեւ գնչուհին եւ մեծահարուստ տղան անոնց գերեզմանին քով տուն մը շինելով ամբողջ կեանքը այդտեղ կ՚ապրի եւ ուրախ կը զգայ միայն այն ժամանակ՝ երբ այդ տան մէջ գտնուի: Այս ի՜նչ հրաշագործ մազ ու մատանի:

Մ. Գուշակ ապագայ ամուսինը տեսնելու այլ ձեւ մը եւս կ՚առաջարկէ, սակայն մենք կը յորդորենք չփորձել այդ մէկը. «եթէ աղջիկ մը կ՚ուզէ տեսնել իր ապագայ ամուսինին կերպարանքն ու երեսը ջուրին մէջ, կէս գիշերին՝ բոլորովին մերկ կ՚երթայ մերձակայ լճի մը կամ գետի մը եզերքը: Ժամը տասներկուքը զարնելուն պէս՝ ուշադրութեամբ ականջները կը ցցէ եւ մտիկ կ՚ընէ նայելով սուր աչքերով այն կողմը, ուրկէ առաջին անգամ կը լսուի շան հաչիւնը: Ապագայ ամուսինին կերպարանքը պիտի երեւի ձայնին եկած կողմէն»: Մի քանի օրեր ետք կրնաք երթալ Երեւանեան լիճին շուրջ եւ դիտել մերկ աղջիկները՝ որոնք եկած են իրենց ապագայ ամուսինին կերպարանքը տեսնելու...:

Այլեւս տղաքը իրենք թող մտածեն. ճամբաները եւ լիճի եզերքները մերկ պտտող, ջղջիկի արիւնով գորտ, խեչափառի գանկ եւ ագռաւի աչք դուրս հանող օրիորդի մը հետ ո՞վ պիտի ուզէր ամուսնանալ... Մ. Գուշակի մեթոտները ո՛չ թէ կը պսակէ՝ այլ մարդը կը հեռացնէ պսակուելու ցանկութենէն՝ նկատի ունենալով, որ այսօր ագռաւին աչքը հանողը վաղը մեր աչքն ալ կրնայ հանել:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի մէջ կա՞ն գիւտեր, որոնց մասին մենք տեղեակ չենք։

Պատասխան. Այո՛, աշխարհի մէջ կան գիւտեր, որոնց մասին տեղեակ չենք. շատ մը գիւտեր կը շարունակեն հանրութենէն ծածուկ մնալ, տակաւին զարգացման հանգրուանին գտնուելու, արտօնագրերու պաշտպանութեան տակ եղած ըլլալու պատճառով: Մասնաւոր ընկերութիւններու եւ համալսարաններու մէջ նոր գիւտեր կը կատարուին, սակայն մինչեւ վերջնական վիճակին հասնիլը հանրութենէն գաղտնի կը մնայ: Բացի անոնցմէ վստահաբար կան գիւտեր, որոնք տակաւին մեծ տարածում ստացած չեն եւ մեզի համար կը շարունակեն մնալ անծանօթ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2024