ԹՌՉՈՒՆՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐԴԻԿ
Երբ մարդ բնութեան մտերմութեանը մէջ է, կարծես շատ աւելի տարբեր կը խորհի, տարբեր կը դիտէ իր շուրջը, բնութիւնը, կեանքը՝ աշխարհը ամբողջ։ Եւ բնութեան մէջ, մարդ կ՚անդրադառնա,յ թէ երբեմն ո՜րքան անիմաստ ու աննպատակ մտածումներով ժամանակ կ՚անցընէ…։
Մարդ բնութեան մտերմութեանը մէջ կը զգայ, թէ իր կեանքը ո՜րքան պարապ մտածումներով, խօսքերով եւ աշխատանքով լեցուցեր է, եւ կը ցաւի այդ պահերուն, եւ կ՚ըսէ ինքն իրեն, թէ երանի՜ թէ միշտ բնութեան մտերմութեանը մէջ ըլլար, բնութեան գեղեցկութիւններուն, բարիքներուն, խորհուրդներուն անդրադառնար եւ կեանքը ապրէր լիուլի, իմաստութեամբ։ Արդարեւ, մարդ էակին կը վայելէ իմաստութեամբ ապրիլ՝ բանականութեամբ գործել, դատել եւ որոշել իր ճամբան։
Եւ մարդ բնութեան մէջ, առանձնութեան պահերուն է որ կրնայ անդրադառնալ իր էութեան, իր իսկութեան, իր բանականութեան, իր արժէքին ամբողջ տիեզերքին մէջ։ Եւ բնութեան մէջն եմ՝ բնութեան ծոցը, բնութեան մտերմութեան մէջ բնութիւնը կը դիտեմ, աւելի ճիշդ՝ բնութիւնը կ՚ապրի՛մ։ Կը դիտեմ մեծ հիացումով ագռաւները՝ սեւ սեւ, ճայերը՝ սպիտակ սպիտակ եւ ուրիշ թռչուններու խորհդաւոր ճռուողիւնները։ Կարծես բոլորովին տարբեր աշխարհ մը եկած եմ, բայց իսկական աշխարհը՝ բնութիւնը որուն իրաւ տէրը այս թռչուններն են. եւ ո՛չ մարդիկ, որ անխնայ ու անգութ կը հալածեն, կը շահագործեն եւ արժէքը չեն ճանչնար անոր։ Մինչդեռ եթէ սա գեղեցիկ ու խորհրդաւոր բնութիւնը չըլլար, ապա մարդը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր։ Թերեւս այս ժամանակաւոր գոյութիւն մը պիտի ըլլար, քանի որ պիտի չկարենար իր գոյութիւնը պահպանել եւ գոյատեւել մարդ՝ առանց սա գեղեցիկ բնութեան բարիքներուն, պտղաբերութեան։ Մարդս բնութեան մէջ մա՛րդ է եւ հոն կրնայ անդրադառնալ իր իսկ էութեան եւ ինքնութեան։ Ի՜նչ գեղեցիկ է բնութիւնը…։
Եւ բնութեան անձայնութեան, խաղաղութեան մէջ կ՚անդրադառնամ ահաւասիկ. թռչունները, մանաւանդ երգիչ թռչունները ամէն օր իրենց համերգին որոշ ժամերը ունին եւ հաւատարիմ են այդ պահերուն՝ աւելի քան մարդը իր պարտականութեան։
Նախ արեւածագէն առաջ, եւ առտուան առաջին պահերուն՝ մութին եւ լոյսին, եւ դարձեալ երեկոյեան երբ արեւը իր շրջանը կատարած է արդէն եւ պատրաստ՝ ծածկուելու լեռներուն կռնակը, եւ ննջելու…։ Բայց գիտենք, որ ան չի ննջեր, քանի որ երբ հոս կորսուած է, հոն՝ տարբեր տեղ մը արդէն ծագած է։ Եւ այս ժամանակացոյցը երբեք չի փոխուիր եւ երբեք չի շեղիր։ Մարդը կը փոխուի, կը շեղի բայց բնութիւնը՝ երբե՛ք։ Եւ այդ «թռչուն» անուանուած մանր երգիչները ի՛նչ տեսակ ժամացոյցով կը գործեն՝ հասկնալ, գիտնալ կարելի չէ, բայց իրենց ճշդապահութիւնը անթերի է եւ անշեղ՝ որքան չէ՛ մարդունը։ Եւ բնութեան անպատասխան հարցերէն, անլուծելի գաղտնիքներէն մի՛ն է ասիկա։ Բանականութեամբ օժտուած, խելացի՜ մարդը կը սխալի, բայց սա «անասուն» եւ «անբան» կարծուած մանր երգիչներուն՝ թռչուններուն ընթացքը երբեք չի՛ շեղիր, չի՛ սխալիր։ Եւ խորհրդաւոր բնութեան գաղտնիքները, խորհուրդները անհամար են…։
Մարդ էակը միշտ կը հպարտանայ իր միտքով, խելքով պատահական գիւտերով բնութեան մեծ խորհուրդը եւ գաղտնիքը լուծած կը կարծէ. մինչդեռ տակաւին ինքն իրեն գաղտնիքը չէ կրցած լուծել. Տքթ. Ալեքս Քառէլին 1900-ական թուականներուն «Մարդը՝ սա անծանօթը» խորագրեալ ուսումնասիրութենէն ի վեր, մարդը տակաւին կը մնայ «անծանօթ», ինչպէս էր շրջաննե՜ր, դարե՜ր առաջ։ Ո՞ր իմաստասէրը եւ ո՞ր բնագէտը կրցած է լուծել բնութեան գաղտնիքը, իմանալ անոր խորհուրդը…։ Եւ մարդ տակաւին հպա՜րտ է, կը պարծենայ ինքն իրմով, իր խելքով։ Մարդ ինքնախաբէութեան մէջ՝ դարե՜ր տակաւին պիտի մնայ «անծանօթ»՝ ինքն իրեն եւ բնութեան գաղտնիքներուն։ Թռչո՜ւն… մարդ, թռչունի մը չափ իսկ երբ ճշդապահ չէ, կը շեղի ու կը սխալի, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի կարենայ լուծել թռչունին գաղտնիքը, ինչպէ՞ս պիտի իմանայ իմաստը կեանքին, բնութեան, տիեզերքին, երբ տակաւին ինքն իրեն անծանօթ է։ Թռչո՜ւն… ան աւելի հաւատարիմ է իր կոչումին, իր կեանքի պայմաններուն, ժամանակին, բնութեան, եւ հաւատարիմ՝ ինքն իրեն։
Դիտեցէ՛ք, սիրելինե՜ր ձեր շուրջը՝ բնութիւնը, առաձին, եւ հոն պիտի տեսնէք դուք ձեզ, իրական մարդը եւ պիտի որոշէք, թէ բնութեան մէջ ո՛ւր է անոր տեղը, արժանի դիրքը, դասակարգը։
Գուցէ սա մանր թռչունները խնդան մարդ էակին վրայ եւ հեգնեն անոր պարծենկոտութիւնը, սնափառութիւնը, ինքնահաւանութիւնը։ Թռչնակի մը ամբողջ կազմախօսութիւնը եւ կեանքը գաղտնիքներու գի՛րք մըն է՝ զոր ո՛չ ոք կրցած է լուծել։
Անշուշտ դիւրին է մի քանի խօսքով ներկայացնել հարցը եւ տկար, տժգոյն բացատրութեամբ մը ըսել, թէ թռչունները բանականութեամբ, տրամաբանութամբ չէ՛ որ կը վարեն իրենց կեանքը, այլ՝ ժառանգուած «բնազդ»ով։ Բայց պէտք է պատասխանել սա հարցումին՝ թէ ի՞նչ է բնազդը։ Պէտք է ընդունիլ, որ տակաւին գաղտնիք կը մնայ այդ հարցումը՝ անլուծելի, թէ ի՛նչ է բնազդը։
Բայց կարելի չէ՛ գաղտնիք մը լուծել առանց ճանչնալու Աստուած։ Արդարեւ մարդուս խորհելու կարողութիւնը, բանականութիւնը ապացոյց մըն է Աստուծոյ ներկայութեան եւ դերին՝ մարդ էակին մէջ անհատապէս։ Եւ ամէն խորհուրդ ու ամէն գաղտնիք մարդս կ՚առաջնորդէ Աստուծոյ ճշմարտութեան՝ խորհուրդներու Խորհուրդին…։
Տեսէ՛ք, թէ բնութիւնը ո՜րքան արդիւնբեր է մտային աշխարհին համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 5, 2016, Գնալը կղզի