ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
«Ներդաշնակութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ համաչափութիւն, պատշաճութիւն, ախորժալուր դասաւորում, համերաշխութիւն։ Բնութիւնը ամենագեղեցիկ օրինակները կու տայ ներդաշնակութեան, զոր օրինակ, եղանակներ՝ որոնք իրերայաջորդ կերպով կը յայտնուին, ներդաշնակութեան յայտնութիւն մը կը ներկայացնեն՝ համաչափելով բոլորովին ներհակ, անհաշտ բնութիւններ՝ ցուրտը, տաքը, անոնց միջեւ տեղաւորելով միջակը՝ գաղջը։ Նաեւ, գիշերը եւ ցերեկը բնութեան հրաշալի՜ ներդաշնակութեան օրինակներ են։
Եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ ալ մեծ եւ կարեւոր դեր մը կը կատարէ ներդաշնակութիւնը։ Մարդիկ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս անհամաձայնութիւններ, տարակարծութիւններ, հակառակութիւններ կ՚ապրին, եւ ահաւասիկ ընդհանուր առումով ներդաշնակութիւնն է, որ մեծ մասամբ լուծում կը ստեղծէ այդ բոլոր հարցերուն։
Մարդ քանի որ խորհող, դատող, որոշող եւ մանաւանդ ազատ կամքով շարժող էակ մըն է, ուրեմն շատ բնական է որ տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ, անմիաբանութիւններ ըլլան, ահաւասիկ անոնց ներդաշնակութիւնը առիթ կու տայ որ ընկերային հասարակական կեանքը շարունակէ իր ընթացքը։
Եւ դարձեալ, ներդաշնակութիւնն է, որ կը ստեղծէ գեղեցկութիւնը, քանի որ ներդաշնակուած ամէն ինչ գեղեցիկ է, հրապուրիչ տեսք մը, տեսարան մը կը ներկայացնէ։
Յետոյ ներդաշնակութիւնը կը յայտնաբերէ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի տարբեր մտածումներու, տարակարծութիւններու բախումէն յետոյ անոնց համաձայնութենէն՝ որ կը նշանակէ հակադրութիւններու ներդաշնակութիւնը։
Եւ վերջապէս ամէն ինչ որ ճշմարտութիւն եւ գեղեկցութիւն կը ստեղծէ, բարութի՛ւն է, եւ ուրեմն ներդաշնակութենէն կը ծնի բարութի՛ւն։
Մարդուս հոգին ալ ունի խորք, որուն մէջ կը թափառին «գազան»ներ նոյնիսկ աւելի կատաղի քան անտառներու ամենէն արիւնարբու վագրեր կամ թունալից օձեր։ Նաեւ մարդկային հոգիին մէջ կը գտնուին իր ազնուութեան եւ վեհանձնութեան դաշտերուն քով իր խաբէութեան, կեղծիքի ճահիճները։ Եւ ահաւասիկ այս բոլորին ներդաշնակութեամբ է, որ կը կազմուի մարդուս նկարագիրը՝ ազնիւ, վեհանձն կամ խարդախ, կեղծարար՝ իրենց ընդհանուր գիծերով։
Արդարեւ Սուրբ Հոգին մարդուս մէջ կը ստեղծէ ներդաշնակութիւն, քանի որ Ի՛նք ներդաշնակութիւն իսկ է։ Ուստի Յիսուս իր աշակերտներուն հանդիպելով կրկնեց. «խաղաղութիւն ձեզի» խօսքը եւ պարգեւեց Սուրբ Հոգին։ Խաղաղութիւնը արդարեւ կ՚իրականանայ Սուրբ Հոգին ընկալելով։ Խաղաղութիւն մը որ սիրտը կը դարձնէ խոր ծովուն նման, որ միշտ հանդարտ է, նոյնիսկ երբ անոր մակերեսը ալեկոծ է։ Այդ մէկը ներդաշնակութիւն մըն է, որ կարող է հալածանքները, նեղութիւնները փոխակերպել Երանութիւններու։
Ժամանակակից արագընթաց կեանքը, ուր ներդաշնակութիւնը կղզիացած է եւ ուր յաճախ կը փնտռուին արագ լուծումներ, յառաջ ընթանալու համար եւ ուր կարիքը ունինք Սուրբ Հոգիին ներգործութեան, քանի որ Ա՛ն է, որ կարգ ու կանուն կը դնէ մարդկային կեանքին մէջ։ Եւ այդ կարգ ու կանոնը կը հաստատուի ներդաշնակութեամբ։
Ներդաշնակութիւնը անդորրութիւն է շփոթութեան մէջ, վստահութիւն է յուսալը-քումի պահուն, ուրախութի՜ւն է տխրութեան մէջ, երիտասարդութիւն է ծերութեան մէջ եւ քաջութիւն՝ փորձութեան ընթացքին։ Ան է, որ տակաւին յոյս կը ներշնչէ կեանքի փոթորկալից հոսանքներու սաստկութեան ընթացքին։ Մխիթարիչն է՝ որ մարդուս կը փոխանցէ Աստուծոյ քնքշութիւնը։ Արդարեւ, առանց «ներդաշնակութեան» կեանքը զերծ կը մնայ այն սէրէն, որ ամէն ինչ կը միացնէ։ Առանց ներդաշնակութեան մարդիկ կը մնան լոկ անցեալի անձնաւորութիւններ, մինչ ներդաշնակութիւնը անոնք «կենդանի անձ»երու կը վերածէ։
Ներդաշնակութիւնը Սուրբ Հոգին իսկ է. առանց Սուրբ Հոգիի քրիստոնէութիւնը, առանց ուրախութեան բարոյականութիւն է՝ մինչ Սուրբ Հոգիին հետ կեա՛նք է։ Ներդաշնակութիւնը կ՚ապահովէ կեանքին գոյապահպանումը եւ գոյատեւութիւնը։
Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն կը բերէ մարդոց միջեւ։ Ան մարդս Եկեղեցի կը դարձնէ ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Պարգեւներ թէեւ զանազան են, սակայն հոգին նո՛յնն է. պաշտօններ տարբեր են, սակայն Տէրը նո՛յնն է, եւ ներգործութիւնները զանազան են, սակայն Աստուած նո՛յնն է»։ Սուրբ Հոգին շնորհապարգեւները կը բաշխէ երեւակայութեամբ, առանց միաձեւ դարձնելու զանոնք եւ այդ տարբերութիւններու եւ զանազանութիւններու մեկնակէտէն մեկնելով է, որ կը կառուցէ «միութիւն»ը եւ կը ստեղծէ «ներդաշնակութիւն»ը։
Այսօր, դժբախտաբար, ներդաշնակութեան պակասը աշխարհի մէջ դարձած է բաժանո՛ւմ։
Կան մարդիկ որ շատ ունին եւ ուրիշներ որոնք ոչինչ ունին, կան անոնք որոնք կը փորձեն ապրիլ աւելի քան 100 տարի, իսկ ոմանք ո՛չ իսկ կրնան աշխարհ գալ։
Համակարգիչներու դարաշրջանին մէջ մենք միշտ աւելիով «ընկերային» ենք, սակայն միշտ աւելիով նուազ «հասարակական»։ Կարիքը ունինք Հոգիին միութեան, որպէսզի մեզ վերակենդանացնէ որպէս Եկեղեցի, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ, որպէս եղբայրացած մարդկութիւն…։
Սուրբ Հոգին արդարեւ տարբեր նրբերանգներ կը ներառէ միեւնոյն ներդաշնակութեան մէջ, քանի որ Ան ամենէն առաջ կը տեսնէ «բարի»ն եւ կը նայի մարդուն՝ նախ քան անոր սխալներուն, անհատներուն՝ նախ քան անոնց ներգործութեան, անոնց զանազան ներգործութիւններուն։ Այս իմաստով Սուրբ Հոգին, Եկեղեցին եւ աշխարհը կը ձեւաւորէ, կը ներդաշնակէ որպէս վայր զաւակներու եւ եղբայրներու։
Ան որ կ՚ապրի Սուրբ Հոգիին համաձայն, ներդաշնակութեան մէջ կ՚ապրի, խաղաղութիւն կը տանի այնտեղ, ուր անհամաձայնութիւններ, անմիաբանութիւններ, տարակարծութիւններ կայ, հաշտութիւն՝ ուր կայ հակամարտութիւն։
Առանց Սուրբ Հոգիին Եկեղեցին կը մնայ լոկ «կազմակերպութիւն» մը։ Ուստի Սուրբ Հոգին՝ որ կը բերէ ներդաշնակութիւն, Եկեղեցւոյ առաջին եւ վերջին պահանջքն է։
Ուստի համտեսելու համար Սուրբ Հոգիին ներդաշնակութիւնը հարկաւո՛ր է, որ Անոր հայեացքը դնենք մեր հայեացքին յառաջ եւ ահաւասիկ, այդ ժամանակ է, որ ամէն բան կը փոխուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024