ԸՆԴԴԷՄ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Հաւանաբար նման յօդուածի մը «Մեղա՜յ»ով պէտք է սկսիլ, որովհետեւ ներկայ յօդուածագրութեան ասպարէզին մէջ անթոյլատրելի է եւ գուցէ դատապարտելի նման նիւթի մը մասին գրել. կրնայ այս մէկը նկատուիլ օրէնքի դէմ զանցառութիւն, ինչի պատճառով կը նախընտրենք քօղարկել վէրքերը՝ ելք ու հնարք գտնելու փոխարէն:

Հայուն պարտադրուած է կարծես Պապի անսխալականութեան նման ընդունիլ մեր կուսակցութիւններու անձեռնմխելիութիւնը: Մինչեւ օրս որպէս յօդուածագիր աշխատակցած եմ աւելի քան եօթ-ութ թերթերու եւ ամէ՛ն տեղ ալ պատնէշի ետեւ եղած են կուսակցութիւնները. կարմիր գիծ նկատուած է անոնց քննադատելն ու անոնց մասին գրելը, որովհետեւ տրամաբանութեան հակառակ կուսակցութիւնը ժողովուրդին ծառայելու, ժողովուրդը ի՛նք սկսած է ծառայել մեր կուսակցութիւններուն, որոնց սխալներուն մասին գրելը Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյանք ընելէ տարբերութիւն չունենայ կարծես:

Եթէ հրատարակուած կը գտնէք նման յօդուած մը, ուրեմն վստահ եղէք, որ յանձն առած ենք գեհենի չարչարանքները՝ որ իրականութեան մէջ աւելի՜ նուազ է քան մեր ժողովուրդի կրած չարչարանքները: Արդարացիօրէն իրաւունք կը նկատենք անոնց գործունէութիւնը քննադատել, որովհետեւ ի սփիւռս աշխարհի այսօր մեր գաղութները յանձնուած են մեր կուսակցութիւններու քմահաճոյքին, որոնք այդ մէկը լաւապէս կ՚օգտագործեն իրարու դէմ պայքարելու՝ ամուլ ու անիմաստ վէճերու եւ ըսի-ըսաւներու ճամբով:

Աշխարհի վրայ կուսակցութիւններ կը հիմնուին սկզբունքներու եւ գաղափարներու հիման վրայ եւ այդ բոլորին գաղափարակից մարդիկն են որ մաս կը կազմեն այդ կուսակցութեան, իրենց շուրջ համախմբուած տեսնելու համար մարդիկ՝ որոնք տոգորուած են նոյն գաղափարներով: Իտէալականը այս է, սակայն այսօր մեր կուսակցականներուն մեծամասնութիւնը կը նմանի ա՛յն մանուկին, որ առանց գիտնալու Քրիստոս ով է, Քրիստոնէութիւնը ինչ է Քրիստոնեայ կը մկրտուի՝ ժամանակ մը ետք հասկնալու եւ ըմբռնելու համար անոր «ինչ» ըլլալը: Մեր կուսակցականներուն մեծամասնութիւնը առանց թափանցելու եւ հասկնալու գաղափարներն ու սկզբունքները՝ կ՚որդեգրեն զայն. փորձեցէ՛ք իր կուսակցական ըլլալու հանգամանքով հպարտացող կուսակցականի մը հարցնել իր դաւանած կուսակցութեան սկզբունքներուն մասին, իր հետեւած կուսակցութեան կանոնադրութեան մասին, իր կուսակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան մասին եւ պիտի գտնէք ոչնչութիւն-ոչնչութեանց մը... որովհետեւ հիմնականը՝ գաղափարներն ու սկզբունքները անիմաստ նկատելով՝ անունն է որ կը պաշտեն մեր կուսակցականները:

Կուսակցութիւն մը առանց իր սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն իմաստ չի կրնար ներկայացնել. կը վերածուի կազմակերպութեան, որ հետապնդելիք ո՛չ մէկ քաղաքականութիւն ու գաղափարական ունի եւ ցաւ ի սիրտ, մեր նոր սերունդը նման կուսակցութեան մը կ՚առաջնորդեն գործող մեր բոլոր կուսակցութիւնները. կը պատրաստեն անձեր, որոնք անունը կը փառաբանեն՝ փոխան խորհուրդին:

Նման անձերու լաւ խորհուրդ մը կարելի է տալ նոյնինքն կուսակցականի մը բառերով. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ ըլլալով հետեւեալը կը գրէ. «Կուսակցութիւնը ինծի համար արժէք ունեցած է այնքան ատեն՝ որքան ընդունակ եղած է վարելու որոշ դատ մը, ո՛չ աւելին: Ինքն ըստ ինքեան՝ պաշտամունքի առարկայ չէ կուսակցութիւնը. շաբաթը հիմնուած է մարդուն համար եւ ո՛չ թէ մարդը ստեղծուած շաբ-թըւան համար»: Այլ խօսքով Յովհաննէս Քաջազնունի այդ կուսակցութեան կը հետեւի ո՛չ թէ կուսակցական «երեւի» ըսելով, այլ՝ որովհետեւ կը հաւատայ եւ էապէս կը դաւանի այն բոլոր գաղափարները, որոնք Դաշնակցութիւնը ունի որպէս սկզբունք եւ գաղափար:

Վերջին հաշուով կարծես կուսակցական ղեկավարներուն ալ գործին շատ չի գար սկզբունքներուն ու գաղափարակիցներուն քաջածանօթ կուսակցական մը ունենալ, որովհետեւ նմանները՝ ինչպէս Քաջազնունին սխալի մը դիմաց ձայն բարձրացնելու եւ բողոքարկելու խառնուածք մը կ՚ունենան, մինչ առանց բան մը գիտնալու հետեւողները ամբողջ սրտով կը ջատագովեն սխալ ուսումները նոյնիսկ՝ որ կրնայ վնաս պատճառել մեր հաւաքականութեան: Սկզբունքներուն ու գաղափարներուն գիտակից հետեւորդ ունենալ այնքան ալ ուզուած բան մը չէ, որովհետեւ գիտակիցը տեսնելով ղեկավարին սխալ ընթացքը կրնայ ընդվզիլ, մինչ առանց իր հետեւածին ինչ ըլլալը թափանցել չգիտցողը կոյրի նման կը ծափահարէ՝ ինչ որ փնտռուած է այսօր: Ցաւալին, առանց իրենց հետեւած կուսակցութեան գաղափարներն ու սկզբունքները գիտնալու երկու հայորդիներ թշնամիներ կը դառնան, պարզ այն պատճառով որ տարբեր կուսկցութիւններու անդամներ են... խորքը սակայն նոյնն է՝ ունայնութիւն ունայնութեանց:

Այս վէրքին լոյսին տակ մեր կուսակցութիւնները պէտք է որոշեն, թէ ի՛նչ կ՚ուզեն ապագայի համար. կուսակցութեան ինչ ըլլալը չգիտցող՝ սակայն սրտանց ծափահարող երիտասարդնե՞ր, թէ ոչ կուսակցական գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն գիտակից ապագայ առաջնորդներ՝ որոնց պիտի վստահուի այսօրուայ արդէն իսկ շիջանելու նշաններ տուող ջահը:

Վերջին հաշուով պէտք է հասկնալ, որ կուսակցութիւններուն համար անձեռնմխելի չի՛ կրնար ըլլալ նաեւ սկզբունքներն ու գաղափարականները, որովհետեւ ամէ՛ն կուսակցութիւն պէտք է գիտակցի, որ Հայրենիքին շահը աւելի՛ գերիվեր է իր սեփական շահերէն եւ նման գիտակցութիւն ունեցող կուսակցութիւններ պէտք է քաջութիւնն ու գիտակցութիւնը ունենան այդ սկզբունքներն ու գաղափարները անձեռնմխելի նկատելու փոխարէն քննելու եւ սրբագրելու: Այսօր բազմաթի՜ւ են անոնք՝ որոնք գիտակցելով սկզբունքային սխալներուն փորձած են ընդվզիլ, որուն որպէս հետեւանք հեռացուած են կուսակցական շարքերէ. պէտք է հասկնալ որ նոյն կուսակցութեան մէջ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր գաղափարներու գոյութիւնը պէտք է ծառայէ մի՛ միայն հասարակաց գաղափարի բիւրեղացման, այլապէս բռնատիրութեան մը վերածելով ընդունելի կը նկատուի համոզումը ա՛յն անձին, որ իշխող կը հանդիսանայ իսկ մեղաւոր ան՝ որ հաւանաբար ճիշդ բան կ՚ըսէր ի շահ կուսակցութեան ու ժողովուրդին:

Կը ցաւինք ըսելու, սակայն մեր կուսկցութիւնները այսօր բռնատիրութեան հոգեբանութեամբ ու համոզումներով կ՚առաջնորդուին, որ ղեկավարը մի՛շտ ճիշդ, իսկ քննադատն ու ընդվզողը մեղաւոր կը ճանչցուի: Նոյն այս հոգեբանութեամբ կը կառավարուին գրեթէ մեր բոլոր գաղութները... որուն որպէս հետեւանք զարգանալու փոխարէն կ՚արժեզրկուինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -54-

Լիբանանի մէջ ճանչցած եմ երիտասարդ մը, որ առանց հասկնալու, թէ ինչ են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան սկզբունքներն ու ըմբռնումները հպարտութեամբ ամէ՛ն առիթի Դաշնակցութեան գովքը կը հիւսէր:

Առիթով մը այնքա՜ն խօսեցաւ Դաշնակցութեան մասին, որ չդիմանալով հարցուցի Դաշնակցութեան քայլերգը: Ինքնավստահ ձեւով «Արիւնոտ դրօշ» ըսաւ:

Ինչի՞ն զարմանալ... անկուսակցականիս «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր»ը գիտնալո՞ւն, թէ ոչ հպարտ կուսակցականին չգիտութեան:

Յ.Գ. Այս մէկը քննադատութիւն մը չէ ուղղուած Դաշնակցութեան. ցաւ ի սիրտ մեր բոլոր կուսակցութիւններուն մէջ գոյութիւն ունին նմանները, որոնք կուսակցական կը դառնան պարզապէս իրենց հայրը այդ կուսակցութեան անդամ եղած է ըսելով: Այդ մէկը կը գրենք, որպէսզի գիտակցինք, որ որակը թիւէն շա՜տ աւելի կարեւոր է եւ որպէսզի մեր ապագան փայլուն ըլլայ մենք կարիքը ունինք թիւով քի՛չ որակաւորներուն, որպէսզի անոնց վստահինք մեր ապագան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022