ՄԱՐԴԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒ ՄԻՋԵՒ

«Եթէ գոյութիւն ունիմ՝ մահ չկա՛յ, եթէ մահ կայ՝ ես գոյութիւն չունիմ։ Մահէն յետոյ ոչի՛նչ կայ»։

EPICURUS (Ք.Ա. 341-Ք.Ա. 270)

Գերեզմաննոցը կը նմանի խորհրդաւոր գիրքի մը՝ որուն էջերուն մեծ մասը պատռուած նետուած է, բացի այն էջերը՝ որոնք գրուած են գրիչով մը՝ որ թաթխուած է Աստուծոյ սիրոյն մէջ։

Բնաւ փորձա՞ծ էք գերեզմաննոցի մը մէջ շրջիլ առանձին՝ դիտելով տապանաքարերը, յուշարձանները, որոնք կը պարփակեն իրենց մէջ անկենդան մարմիններ, որոնք նախապէս կենդանի էին, կ՚ապրէին, անշունչ կեանքեր՝ որոնք ատեն մը կեա՛նք էին, անձայնութիւն մը՝ որ ժամանակին խօսք էին, եւ զգայազիրկ մարմիններ՝ որոնք սիրոյ զգացումով լեցուն էին…։

Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ անմահութիւնը ամենէն զօրաւոր կերպով կը գզայ գերեզմաննոցներու մէջ…։

Արդարեւ, մարդ, գերեզմաննոցներու մէջ առանձին, խորհելու առիթը կ՚ունենայ մահուան եւ անմահութեան մասին։ Քանի որ հոն ուր մահ կայ, հոն կայ նաեւ անմահութիւն եւ հոն ուր կեանքը կը վերջանայ, կը սկսի յաւիտենականութիւնը։

Եպիկիւրի վերոյիշեալ խօսքերը եթէ առնենք միայն իրենց մակերեսային իմաստով եւ չթափանցենք անոնց խորութեան, անշուշտ որ պիտի ընդվզինք, բայց առանց մտածում մը, խօսք մը լաւ ուսումնասիրելու, առանց անոր խորը թափանցելու որոշում տալ սխա՛լ է, մանաւանդ որ Եպիկիւր ապրած է Քրիստոսէ առաջ…։

Գերեզմաննոցներ… բազմութեան խմբավայրեր չեն, այլ խոկումի, կեանքին եւ մահուան խորհուրդին վրայ մտածելու, թէեւ կարելի պիտի չըլլայ արդիւնքի մը հասնիլ եւ խորհուրդը լուծել, բայց առիթ մը կ՚ըլլայ մեր հաւատքը ամրացնելո, վերանորոգելու մեր յոյսը, եւ մտածելու սիրոյ մասին, որ յաճախ զանց կ՚առնենք զայն կեանքի աշխարհային զբաղումներու մէջ…։

Ուստի, գերեզմաննոցը սոսկական անհատներու յատուկ վայր մըն է. մեռեալ կամ ողջ՝ անկենդան կամ կենդանի՛։ Անհատն է որ կը յանձնուի «Մայր Հող»ին՝ ուրկէ առնուած էր։ Եւ ողջին համար՝ գերեզմաննոցը իր ամբողջութեամբը իր գոյութիւնը կը պահէ այն մէկ հատիկ սիրելի անձին համար, որուն աճիւնները կը պարունակէ իր ծոցին մէջ։

Շեշտը, երկու կողմէն ալ, «անհատ»ին վրայ է։

Ի՞նչ կը պատահի մահուամբ։

Նախ, հոգին կը բաժնուի մարմինէն եւ հոգին ազատ կ՚արձակուի։ Մահը՝ մարմնին համար է, մարմինն է որ կը մեռնի, հապա հոգի՞ն։ Հոգին անմա՛հ է։ Մահուամբ նախ մարդուս իւրայատուկ ջերմութիւնը կ՚երթայ խառնուելու բնութեան. ան ալ չ՚ոչնչանար, այլ մարմինէն կ՚ելլէ, կը լքէ զայն։ Յետոյ մարմնին ջուրը հետզհետէ կը քաշուի՝ ան ալ կը խառնուի բնութեան, եւ մարմինը՝ ան ալ կը խառնուի բնութեան հողին։ Բայց բոլոր այս լքումներէն առաջ, մահուան պահուն՝ մարդ իր վերջին շունչը կը փչէ, այսինքն, «հոգին կ՚աւանդէ» եւ հոգին չի կորսուիր, ան ալ կ՚երթայ «երկինք»՝ ուրկէ փչուած էր մարդուն, կեանք ստանալու համար։

Եւ երբ «հոգին աւանդել» կ՚ըսենք, ուրեմն հոգին կը յանձնուի, կը վերադարձուի իր Տիրոջ, որ է Արարիչը, եւ կը շարունակէ կենդանի մնալ, գոյատեւել, քանի որ անոր համար մահ գոյութիւն չունի…։ Ան «աւանդ» մըն է, եւ մահուամբ աւանդը կը վերադարձուի։

Այս ուղղութեամբ, Եպիկիւրը պէտք է հասկնալ՝ մահուամբ երկրային կեանքին վերջանալը մատնանշած ըլլալ եւ ո՛չ թէ մահուընէ ետք բացարձակ ոչնչութիւն մը, անէութիւն մը։

Ահաւասիկ, երբ կը շրջի մարդ գերեզմաննոցին մէջ, հոն կը յիշէ Եպիկիւրը, Վ. Հիւկոն, բայց անպայման իր Արարիչը՝ Աստուած, որ ամէն ինչի ստեղծիչն է եւ Տէրը ամէն էութեան։

Գերեզմանատան մէջ ծառերուն ստուերներուն մէջ տխրութիւն չկա՛յ, այլ՝ խաղաղութիւն, անդորրութիւն։ Հոն ատելութիւն ալ չկայ, այլ՝ սէր։ Հոն ամէն ինչ յստա՛կ է՝ երկմտութիւն, կասկածամտութիւն, թերահաւատութիւն չկայ, այլ միա՛յն հաւատք։ Եւ հոն յուսահատութիւն, յուսալքում ալ չկայ, այլ միա՛յն յոյս։ Հոն ամէն ինչ յստակ է եւ ճշմարիտ, ո՛չ սուտ, ո՛չ խաբէութիւն, ո՛չ նենգութիւն, ո՛չ խարդախութիւն…։ Գերեզմանատան մէջ ամէն ինչ յստակ է, պարզ է, որովհետեւ հո՛ն է ճշմարտութիւնը՝ կեանքի եւ մահուան ճշմարտութիւնը եւ այդ ճշմարտութեան ճիշդ մէջտեղը՝ մա՛րդը…։

«Գերեզմանատուն» կամ «գերեզմաննոց» բացատրութիւնը պաղ է եւ անախորժ, եւ մանաւանդ հեռու է եւ ներհակ՝ յատկանշելէ անոր նկարագրին իսկութիւնը։

Աւելի շիտակ եւ նպատակայարմար եւ յատկանշիչ բառը պիտի ըլլար «հանգստարան» բառը, որ աւելի կը պատշաճի քրիստոնէական ճշմարտութեան։ Այս առթիւ նպատակայարմար պիտի չըլլար ննջեցեալներու համար գործածել «ողբացեալ» բառը, որ ընդհանրապէս կը գործածուի, այլ «հանգուցեալ» բառը՝ որ քրիստոնէական հաւատով եւ ըմբռնումին աւելի ճիշդ է եւ պատշաճ։

Մահուան մասին խօսիլ, արդարեւ, կը նշանակէ՝ արիութեամբ եւ քաջութեամբ դէմ յանդիման գալ ճշմարտութեա՛ն հետ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 23 2022, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022