ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ՈՒ ԺԱՊԱՒԷՆԸ

Ներկայիս կը հանդիպինք բազմաթիւ ծնողներու, որոնք իրենց մանուկը «հանդարտեցնելու» եւ որոշ չափով իրենք եւս հանգստանալու համար մանուկները կը նստեցնեն մանկական ժապաւէններու (cartoon) դիմաց. այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մայրեր մտածեն, որ այդ մէկը պարզապէս ժամանց մըն է մանուկին համար՝ առանց անդրադառնալու, որ այդ ժապաւէնը իր դերն ու մասը ունի մանուկի հոգեբանական զարգացման մէջ: Մեր օրերուն, մանուկի դաստիարակութեան ու աճման ընթացքին մէջ մեծ դեր ունի դիտած մանկական ժապաւէնները, որոնք լսողութեան եւ տեսողութեան ճամբով ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով կը «դաստիարակեն» մանուկը:

Ժապաւէններու մանուկներու վրայ ունեցած ազդեցութիւնը աւելի յստակ ու մատչելի դարձնելու համար տանք հետեւեալ օրինակը: Քաղաքի հսկայ շէնքերու մէջ ապրող մանուկ մը, որ հաւանաբար իր կեանքին մէջ առանձնատուն (house) տեսած չէ, երբ թուղթի վրայ փորձէ տուն նկարել, այդ տունը պիտի մեծաւ մասամբ պիտի ըլլայ քառակուսի՝ կարմիր կղմինտրով մը, որովհետեւ երբ մանուկին տուն ըսուի՝ մանուկը իր ապրած տունէն աւելի որպէս տուն պիտի պատկերացնէ ա՛յն տունը՝ որ տեսած էր մանկական ժապաւէնին մէջ: Այս փաստը միայն տունին չի վերաբերիր. ընդհանրապէս ամէ՛ն բան որ մանուկը կը տեսնէ մանկական ժապաւէնին մէջ, որպէս օրինակ կ՚ընդօրինակէ իր մտապատկերին սպիտակ պաստառին վրայ:

Մանկութեան շրջանին մանուկի մը բոլո՛ր արարքները, գծածները, պատմածները, մեծ հաւանականութեամբ նոյնի՛սկ տեսած երազները հայելին են մանկական ժապաւէններուն, որովհետեւ այդտեղ ցուցադրուող ամէ՛ն հերոս, ամէ՛ն առարկայ ու երեւոյթ իրենց համար «ճշմարտութիւն»ներ են: Մանուկը այդ բոլոր երեւոյթները կ՚ընդունի որպէս իրականութիւն եւ աւելի՛ն՝ կը փորձէ իր շուրջ գտնուող ամէ՛ն բան նմանեցնել ու համեմատել ժապաւէնին մէջ իր տեսածներուն. նոյն այդ ժապաւէնի միջոցով է, որ մանուկներ կը սկսին իրենց կեանքի տիպարներն ու հերոսները ընտրել. այդ է պատճառը, որ գրեթէ ամէն մանուկ կը փորձէ իր հայրը պատկերացնել այս կամ այն հերոսի վիճակին մէջ՝ միշտ զօրաւոր ու անպարտելի:

Ժապաւէնի եւ մանուկի հոգեբանական կապն ու ըմբռնումը աւելիով յստակ դարձնելու համար յիշենք հետեւեալը.- 1979 թուականին յայտնի «The New York Times» թերթը կը հրատարակէ լրատուական մը «Մանուկը որ փորձեց Superman-ի նման թռչիլ՝ մահացաւ» խորագրով: Լրատուութիւնը կը յայտնէ, թէ 2 փետրուար 1979-ին չորս տարեկան մանուկ մը իրենց տան եօթներորդ յարկէն կը փորձէ իր սիրած մանկական ժապաւէնի հերոսին նման թռչիլ: Այս դէպքէն ետք կը պարզուի, որ մի քանի օրեր առաջ հայրը զինք տարած էր «Superman»ի վերջին ժապաւէնի ցուցադրութեան: Մանուկին մայրը կը վկայէ, որ ժապաւէնը դիտելէ ետք զաւակը միշտ բարձրացած է աթոռներուն ու սեղաններուն վրայ ու փորձած նետուիլ ժապաւէնի նոյն հերոսի ձեւերը կապկելով: Նոյն դէպքը պատահած է 20 հոկտեմբեր 2015-ին, Հնդկաստանի մէջ՝ 11-ամեայ պատանիի մը մահուան պատճառ դառնալով: 

Արտաքին երեւոյթներէն բացի մանկական ժապաւէնները մանուկի կազմաւորման, անոր նկարագրի գիծերուն, վարք ու բարքին վրայ եւս մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, որովհետեւ արտաքին աշխարհէն աւելի մանուկը ժապաւէնի մէջ իր տեսած կեանքն է, որ կը փորձէ ապրիլ, իր ընտրած հերոսներուն խօսքերը արտասանել, անոնց շարժուձեւերը կրկնօրինակել: Մանկական ժապաւէնները մինչեւ իսկ մանուկին բարոյական ըմբռնումին վրայ գործելու զօրութիւնն ու հարկադրանքը ունին:

Վերոյիշեալ բոլոր մտածումները նկատի ունենալով արդի մանկավարժութիւնը կը փորձ մանկական ժապաւէնները բաժնել դրական ու ժխտական մասերու: Դրական առաջին ազդակը ուսուցանելու յատկութիւնն է. մանկական ժապաւէններու ճամբով մանուկը փոքր տարիքէն կը սկսի սորվիլ գոյները, առարկաներու անունները, կենդանիները եւ այլն: Երկրորդ ազդակը մանուկի տրամաբանութեան զարգացումն է. մանուկը լսողութեան եւ տեսողութեան ճամբով կը սկսի ըմբռնել դէպքերը, անոնց պատճառներն ու անոնց արդիւնքները եւ կը սրէ մանուկին ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը: Երրորդ դրական ազդակը լեզուի ճանաչողութիւնն է. այսօր շա՜տ են այն մանուկներուն թիւը, որոնք մանկական ժապաւէններու ճամբով սկսած են հասկնալ անգլերէն եւ կամ այլ օտարալեզու բառեր, թիւեր ու արտայայտութիւններ: Չորրորդ եւ վերջին կարեւոր ազդակը մանուկներու ստեղծագործական ունակութիւններու բացայայտումն է. որովհետեւ մանկական ժապաւէնները պատճառ կ՚ըլլան, որ մանուկը երգէ, գծէ, վազէ եւ զանազան այլ շնորհքներ բացայայտէ:

Մանկական ժապաւէններու ժխտական ազդակներէն առաջինն է բռնութեան ու չարութեան խրախուսումը. ժապաւէններու ճամբով մանուկներ կը սկսին աւելի սրամիտ ու չար դառնալ, որովհետեւ այդտեղ կը տեսնեն իրենց հերոսին հնարամտութիւնները, որոնք ընդհանրապէս «թշնամին» ծուղակ ձգելու, անոր վիրաւորելու եւ յաղթական դուրս գալու միտուածութիւնը կ՚ունենայ: Երկրորդ ժխտական ազդակը անհնազանդութիւնն ու կենցաղային փոփոխութիւնն է. երբ մանուկը տեսնէ իր հերոսի թափթփած վարքը, մօր կամ հօր նկատմամբ որեւէ ժխտական մէկ կեցուածքը, կրնան որպէս օրինակ վերցնել զայն եւ ի գործ դնել իրենց անձնական կեանքին մէջ: Երրորդ ժխտական ազդակը՝ դրականին հակառակ լեզուի աղաւաղումն է. այսօր շատ մը մանուկներ առարկաներու անունը հայերէն արտասանելու փոխարէն կը նախընտրեն ժապաւէնէն սորված իրենց անգլերէնը գործածել, եւ ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ ժապաւէններու սորվեցուցած անգլերէնը եւս կրնայ լակոնական ըլլալ: Չորրորդ՝ մանկական ժապաւէնները կրնան խաթարել մանուկին ընկերային կեանքը. որովհետեւ շատ մը ժապաւէններ մանուկին կը փոխանցեն ընկերային շրջանակներէ հեռու ըլլալու, ջղայնոտ ըլլալու, միշտ յարձակողական ըլլալու սխալ ուսուցումը:

Հետեւաբար, երբ մեր մանուկները կը նստեցնենք մանկական ժապաւէններու առջեւ, որպէսզի պահ մը «հանգստանանք», մի՛շտ յիշենք՝ որ մեր այդ «հանգստութիւն»ը կրնայ շատ աւելի մե՛ծ անհանգստութիւններու դուռ բանալ ապագային:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՕՆՆԻԿ ՉԻՖԹԷ-ՍԱՐԱՖ
(1874-1932)

Մեր թուականէն 147 տարիներ առաջ՝ 26 հոկտեմբեր 1874-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է գրող եւ արձակագիր Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ (բուն անունով՝ Յովհաննէս Աբիսողոմեան):

Օննիկ ծնած է Սկիւտարի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան դպրոցին մէջ եւ ապա ընդունուած՝ Կենդրոնական վարժարան, սակայն նիւթական ծանր պայմաններու պատճառով չկարենալով ուսումը աւարտել, դուրս գալով դպրոցէն սկսած է աշխատիլ որպէս վաճառատան գրագիր: Չիֆթէ-Սարաֆ իր առաջին գրութիւնը՝ «Նժդրակի հարուածները»  հրատարակած է «Սուրհանդակ» թերթին մէջ՝ 1900 թուականին, Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ ստորագրութեամբ: Այս հրատարակութենէն տարի մը ետք հրաւիրուած է աշխատելու Գրիգոր Զօհրապի եւ Արփիար Արփիարեանի խմբագրած «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ, ուր հրատարակուած է անոր «Ճերմակներով», «Մեծ «այո»ն» եւ այլ նորավէպերը, որոնց համար արժանացած է «Մասիս»ի յայտարարած մրցանակաբաշխութեան երկրորդ մրցանակին:

Արձակագիրը 1902-1903 թուականներուն մեկնած է Եւրոպա, այցելելով Ֆրանսա, Իտալիա, Անգլիա, Շուէտ եւ այլ երկիրներ, որոնց լոյսին տակ գրած է «Մշուշի միջէն», «Ռոմա», «Տոմոն» եւ այլ նորավէպեր: «Ծաղիկ» շաբաթաթերթին մէջ, 1903 թուականին, հրատարակած է «Միամիտի մը արկածները» վէպը, որ դարձեալ արդիւնքն է Եւրոպա ուղեւորութեան: Այսպիսով Օննիկ դառնալով ծանօթ գրող, իր գրութիւնները հրատարակած է «Մասիս», «Ծաղիկ», «Արեւելեան Մամուլ», «Շիրակ», «Հայ Գրականութիւն» եւ «Շանթ» պարբերականներուն մէջ:

Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ, հայերէնի վերածելով Հիւկոյի, Անաթոլ Ֆրանսի, Պ. Պուրժէի եւ այլ գրողներու գործերը:

Մեծ եղեռնի տարիներուն Չիֆթէ-Սարաֆ եւս կանչուած է բանակ, սակայն յաջողած է ազատիլ արհաւիրքէն եւ բանակէն խոյս տալով որոշ ժամանակ ծպտուած ապրած է Պոլսոյ մէջ: Չորս տարիներ ետք՝ 1919-էն մինչեւ 1922 թուականը ստանձնած է «Հայ Միտք» շաբաթաթերթի հրատարակութիւնը: Ապա մեկնած է Յունաստան, պաշտօնավարելու յունական որբանոցի մէջ՝ 1923-1932 թուականներուն, ուրկէ անցած է Մարսէյլ եւ Ժընեւ՝ ուսուցչական պաշտօնով, ուր գրած է «Ազգային տիպեր», «Նոյեան տապանէն», «Բարի եւ չարի խօսքեր» աշխատութիւնները:

Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ մահացած է 11 յուլիս 1932 թուականին, Ժընեւի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021