ԻՆՔՆԻՐՄՈՎ ՀՊԱՐՏԱՆԱԼ…
Հպարտութիւնը՝ որ երբ մարդ ինքն իրեն հանդէպ կը զգայ, մեծամտութիւն, սնափառութիւն կ՚ենթադրէ, եւ անշուշտ մարդուս վատ կողմերէն մէկն է։
Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել՝ Աստուած վշտացնել, «անտարբերութեամբ», որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը։ Կ՚անգիտանայ Անոր կանխահաճութիւնը եւ կը ժխտէ, կ՚ուրանայ Անոր զօրութիւնը։
Մարդ կրնայ մեղանչել՝ «ապերախտութեամբ», որ զանց կ՚ընէ կամ կը մերժէ ճանչնալ աստուածային նախախնամութիւնը, սէրը եւ տալ Անոր սէր՝ փոխանակ սիրոյն։ Ինքնահաւան մէկը, երբ յաջողութիւն մը ձեռք ձգած է, այդ յաջողութիւնը կը վերագրէ միա՛յն իր ուժերուն, իր զօրութեան եւ կարողութեան եւ բոլորովին կ՚անտեսէ Աստուծոյ նախախնամութիւնը եւ շնորհը այդ յաջողութեան մէջ։ Եսամոլ եւ ինքնակեդրոն՝ կ՚ուրանայ Աստուծոյ ուղղակի՛ միջամտութիւնը եւ կ՚ուրանայ զԱյն։
Մարդ դարձեալ, Աստուած կը վշտացնէ «քաղջութեամբ», որ կը վարանի կամ կ՚անտեսէ պատասխանել աստուածային սիրոյն. ան կը մերժէ Աստուծոյ յայտնութիւնը, ներկայութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։ Ան կրնայ իր մէջ ներփակել մերժումը յանձնուելու սիրոյ մղումին, կը մերժէ ճաշակել սիրոյ պտուղները։
Մարդ կրնայ մեղանչել նաեւ «հեղգութեամբ» կամ հոգեւոր ծուլութեամբ, որ կ՚երթայ մինչեւ իսկ մերժելու ուրախութիւնը, երանութիւնը որ կու գայ Աստուծմէ, եւ սոսկալու աստուածային բարիքէն։
Եւ վերջապէս, մարդ Աստուած կը վշտացնէ՝ «Անոր դէմ ատելութեամբ», որ կու գայ «հպարտութենէն»։ Հպարտութեամբ՝ մեծամտութեամբ եւ ինքնահաւանութեամբ, մարդ կը հակառակի Աստուծոյ սիրոյն, կը ժխտէ Անոր բարութիւնը, եւ կը համարի անիծել զԻնք իբրեւ «այն անձը՝ որ կ՚արգիլէ մեղքերը եւ կը սահմանէ պատիժները»։
Արդարեւ, կայ երկու տեսակ «ինքնահաւանութիւն»։ Մարդը կա՛մ յանձնապաստան կ՚ըլլայ իր կարողութիւններու եւ ուժին վրայ -յուսալով կարենալ յաջողիլ առանց ի վերուստ օգնութեան եւ միջամտութեան-, կա՛մ հաշիւ կ՚ընէ աստուածային ամենակարողութեան, ողորմածութեան եւ նախախնամութեան վրայ -յուսալով իր ներումը ընդունիլ առանց դարձի, փառքն ալ՝ առա՛նց արժանիքի-։
Եւ ահաւասիկ բնութեան մէջէն հպարտութեան եւ ինքնահաւանութեան օրինակ մը՝ շահեկան առակով։
Կը պատմուի, թէ այգիի մը մէջ մայրի մը կ՚աճէր։ Ամէն տարի ան աւելի եւ աւելի կը մեծնար եւ կը դառնար վեհ եւ գեղեցի՛կ։
Այդ մայրիին փարթամ սաղարթախիտ տերեւները դէպի վեր կը խոյանային զինք շրջապատող ծառերէն եւ ստուեր՝ շուք կու տային անոնց վրայ։
Սակայն ան որքան կ՚աճէր եւ վեր կը բարձրանար, այնքան կը զօրանար եւ կ՚արմատանար անոր մէջ անսահման գոռոզութիւնը։
Ուստի արհամարհանքով նայելով շուրջը՝ օր մը ան հրամայեց.
«Հեռացուցէ՛ք աչքէս այն խեղճուկ պնդուկի ծառը»։
Եւ արագօրէն արմատախիլ կ՚ընեն զայն եւ կը հեռացնեն ինքնահաւան եւ հպարտ մայրիին աչքէն…։
Բայց կը շարունակէ գոռոզ մայրին.
«Ազատեցէ՛ք զիս այս անտանելի թզենիի հարեւանութենէն։ Ան կը ձանձրացնէ զիս իր տարօրինակ տեսքով», եւ այսպէս կը հրամայէ մեծամիտ, քմահաճ մայրին…։ Եւ թզենին անմիջապէս կը հեռացնեն։
Ինքն իրմէ գոհ եւ երջանիկ մայրին հպարտօրէն կը թափահարէ իր փարթամ տերեւները եւ շարունակ բողոք կը յայտնէ զինք շրջապատող ծառերէն։ Ան կ՚ըսէ, հրամայական ոճով.
«Զիս շրջապատող տարածքէն հեռացուցէք այդ հին տանձենիները եւ խնձորենիները»։
Ծառերը անմիջապէս կը կտրուին եւ խարոյկի փայտի կը վերածուին…։
Եւ այդպէս անհանդուրժող հպարտ եւ մեծամիտ, ինքնահաւան մայրին կը հրամայէ կտրել բոլոր զինք շրջապատող ծառերը՝ դառնալով այգիի միակ եւ լիիրաւ տէրը։
Սակայն պարտէզի նախկին գեղեցկութենէն ո՛չինչ կը մնայ, եւ միայն կոճղեր։
Եւ օր մը ուժեղ փոթորիկ մը կը սկսի։
Հպարտ մայրին ամէն կերպ կը փորձէ չթեքուել՝ հսկայ եւ զօրաւոր արմատներով կառչելով հողին։ Սակայն քամին, իր ճանապարհին վրայ չհանդիպելով ուրիշ ծառերու, առանց որեւէ խոչընդոտի կը յարձակի միայնակ կանգնած գեղեցիկ ծառին վրայ եւ անխնայ կը կոտրտէ զայն։ Վերջիվերջոյ, տանջուած եւ ուժասպառ ինքնահաւան մայրին այլեւս չի կրնար դիմակալել քամիի կատաղի հարուածները՝ կը ճեղքուի, կը ճաթի եւ գետին կը տապալի…։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ինչպէս եւ ծառերը, այնպէս ալ մարդիկ կարիքը ունին իրարու, կարիքը ունին, որ թէ՛ փոթորիկներու ժամանակ, թէ՛ խաղաղութեան մէջ իրարու նեցուկ ըլլան, օգնեն եւ միասին դիմադրեն ցանկացած իրավիճակի։
Ուստի, երբեք չանտեսենք մարդիկը, որոնք մեր մօտ կը գտնուին, ո՛չ մէկ ատեն մենք զմեզ անոնցմէ բարձր դասենք, այլապէս, գուցէ օր մըն ալ «փոթորիկ» ըլլայ եւ բացայայտես եւ անդրադառնաս, որ բոլորը վշտացուցած ես եւ անոնք հեռացած են քեզմէ եւ մնացած ես մինա՛կ։
Սիրելի՜ներ, դեռ ուշ չէ՛. եթէ ունինք վշտացուցած բարեկամներ, անմիջապէս, սա պահո՛ւն ձեռք երկարենք անոնց, եւ գիտնանք որ հպարտութիւնը ո՛չ մէկ օգուտ ունի մարդուս, բայց միայն վնա՛ս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ