ՁԱՅՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Լեզուի մէջ գոյծածուող բոլոր բառերը միասին «բառային կազմ» կամ «բառապաշար» կը կոչուին։
Ուղղագրութիւնը առանց տառասխալի գրուելու արուեստն է։ Եւ այս իմաստով՝ ուղղագրութիւնը արժէք կու տայ գրութեան եւ կը կատարելագործէ, կը գեղեցկացնէ զայն։
Անշուշտ բոլորս ուղղագրութեան կանոններու տեղեակ ենք, բայց կ՚արժէ անգամ մը եւս յիշել զանոնք։
Ձայնաւորներ ունին իւրայատուկ ուղղագրութեան կանոններ։
«Է» եւ «Ե». երբ բառի մը սկիզբը «է» լսուի, «է» կը գրուի։ Նաեւ՝ «էլ»ով վերջացող կարգ մը անուններու մէջ, միշտ «է» կը գրուի։ Ձայնաւոր հնչիւնը բառի վերջը միշտ «է» կը գրուի։ Իսկ բառավերջի «հ»էն առաջ միշտ «ե» կը գրուի։
«Օ» եւ «Ո». երբ բառի մը սկիզբը «օ» լսուի՝ «օ» կը գրուի, բայց քանի մը բառերու սկիզբը «ով» կը լսուի եւ «ով» կը գրուի. «ովկիան», «ովասիս», «ովսաննայ», եւ այն։
Բառի մը մէջ երբ «օ» լսուի, ընդհանրապէս «ո» կը գրուի. «սալոր», «խոր», «խոտ», եւ այլն։ Բառի սկիզբը «օ»ն անփոփոխ կը մնայ ածանցման, բարդութեան եւ խոնարհման ժամանակ։
Կարգ մը բառերու մէջ «օ» կը գրուի, զոր օրինակ՝ «արօտ», «կարօտ», «անօթի», եւ այլն։
«Հայր», «մայր», «եղբայր» եւ նման բառերու սեռական հոլովաձեւերը կը գրուին «օ»ով. ինչպէս՝ «հօր», «մօր», «եղբօր», եւ այլն։
Կրճատ գրուող անձնանուններու վերջը «օ» լսուելու ատեն միշտ «օ» կը գրուի. զոր օրինակ՝ «Կարօ», «Մարօ», «Սագօ», եւ այլն։ Նման բառերու սեռական հոլովաձեւերը կ՚ըլլան՝ «Կարոյի», «Մարոյի», «Սագոյի», եւ այլն։
Բառի մը սկիզբը երբ «վօ» լսուի, ան կը գրուի «ո» տառով. ինչպէս՝ «որ», «ոգի», «ոխ», «ոզնի», «ոտք», «որդի», «որսորդ», եւ այլն։
«Ը» բառի սկիզբը լսուող «ը»ն ընդհանրապէս կը գրուի. «ըմպել», «ըսել», «ընկոյզ», «ընկճել», «ընտրել», «ընձուղտ», «ընծայ», «ընել», «ընդունիլ», եւ այլն։
Բայց բառի սկիզբը հնչուող «ը»ն չի գրուիր. «սկ», «սպ», «ստ», «սք», «սփ», «սթ», «շկ», «շպ», «շտ», «զբ», «զգ» հնչիւնակապակցութիւններէն առաջ. զոր օրինակ՝ (ը)սկսիլ, (ը)սպասել, (ը)ստանալ, (ը)սքօղել, (ը)սփոփել, (ը)սթափիլ, (ը)շտապել, (ը)զբաղիլ, (ը)զգալ, (ը)շտապ, (ը)սթափ, (ը)զգօն, (ը)սկիզբ, (ը)ստացուածք, եւ այլն։
Այս կանոնին բացառութիւն մըն է «սկիհ» բառը՝ որ կը կարդացուի ս(ը)կիհ։
Բառի սկիզբի «ը»ն անփոփոխ կը մնայ ածանցման, բարդութեան եւ խոնարհման ժամանակ։ Օրինակ՝ «ընդունակ-անընդունակ», եւ այլն։ Մնացած պարագաներուն բառի մէջ լսուող «ը»ն չի գրուիր. բ(ը)նութիւն, բ(ը)ժ(ը)շկել…
Բառի մը մէջ լսուող «ը»ն կը գրուի հետեւեալ երկու պարագաներուն.
Տողադարձի ատեն տողին վերջը մնացած եւ յաջորդ տողը անցած վանկերուն մէջ։
Ոտանաւորներու մէջ, երբ զայն վանկարար ընել ուզենք։
«ՈՒ». հայերէնի մէջ միշտ չէ՛ որ «ու» տառը կը համապատասխանէ «ու» հնչիւնին։
«Ու» կը լսուի ե՛ւ կը գրուի հետեւեալ պարագաներուն.
Ա. Բառի սկիզբը. «ուզել», «ուղղութիւն», եւ այլն։
Բ. Բառի մէջ՝ բաղաձայններէն առաջ։
Գ. Բառի վերջը։
Ձայնաւորներէ առաջ, վանկին սկիզբը եղած «ու» տառը «ւ» (թեթեւ«վ») կը հնչուի. օրինակ՝ «յօդուած, «զանգուած», «բացուիլ», եւ այլն։
Կարգ մը բառերու մէջ «ւ» արտասանուող «ու»էն առաջ կայ սուղ «ը», որ կը վերականգնի տողադարձի ատեն. օրինակ՝ «նուէր». «նուէր», «տեսնուիլ». «տեսնուիլ», եւ այլն։
Բայց որոշ պարագաներու մէջ «ու»ն անփոփոխ կը մնայ ձայնաւորներէ առաջ գտնուելով հանդերձ.
Ա. Հոլովման ժամանակ, երբ բառը կը վերջանայ «ու»ով. օրինակ՝ «լուի», «լուէ», «բուի», «բուէ», եւ այլն։
Բ. Օտար յատուկ անուններու մէջ. օրինակ՝ Լուի, Պոտուէն, եւ այլն։
Երբ կ՚ուսումնասիրենք ուղղագրական կանոնները, կը տեսնենք, որ կանոններու չափ գրեթէ բացառութիւններ կը գտնուին։
Ուստի, գրելու ատեն պէտք է շատ ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալ, քանի որ պէտք է գիտնալ, թէ լուրջ եւ լաւ գրութիւն մը օգտակար կ՚ըլլայ երբ ուղղագրական կանոններու հաւատարիմ մնալով գրուի։ Եւ այն ատեն է, որ գրութիւնը օրինակելի եւ ուսուցանող կ՚ըլլայ։
Յաջողութիւնը կու գայ գիտութենէ եւ աշխատութենէ, ե՛ւ անպայման կարգապահութենէ…
- Սկզբնաղբիւր. Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան. «Հայերէն լեզուի դասագիր», Երեւան, 1968։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 25, 2024, Իսթանպուլ