Ո՛Չ ՄԷԿԸ ԱՌԱՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄԻ Է

Յախաճ կը խօսինք բարեկամութեան մասին. կը խօսինք, քանի որ մարդկային կեանքին մէջ կարեւոր է բարեկամը, բարեկամութիւնը։ Մարդ միշտ կ՚ուզէ բաժնել իր զգացումները, իր ապրումները, իր յոյզերը, իր փափաքները իմ նմանին հետ՝ «ուրիշ»ի մը հետ, քանի որ ան ընկերային էակ մըն է եւ երբեք ինքնաբաւ չէ՛։ Մարդիկ ստեղծուած են իրերօգնութեան եւ իրար լրացնելու համար։ Այս իրողութեան ամենէն բացայայտ երեւոյթն է այր-մարդու եւ կին-մարդու զանազանութիւնը։ Ինչո՞ւ համար մարդ միայն այր կամ կին չէ։ Որովհետեւ միայն այր-մարդը եւ միայն կին-մարդը ինքնաբաւ չե՛ն, իրար լրացնելու, իրար զօրացնելու կարիքը ունին, որպէսզի «մա՛րդ» ըլլան։ Եւ մարդիկ ալ նոյնպէս կարիքը ունին իրարու օգնութեան, զօրակցութեան…։

Ուրեմն, իր ընդհանուր առումով բարեկամութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։

Արդարեւ, «բարեկամութիւն»ը կ՚ենթադրէ կարիքը մտերիմ եւ անկե՛ղծ յարաբերութիւններու երկու բարեկամներու միջեւ։ Սէ՛րը որ կը կապէ երկու բարեկամներ, անպայման կը հաստատէ փոխադարձ սերտ ընկերութիւն մը՝ բարոյական միութիւն մը, նոյնիսկ եթէ իրարմէ հեռու ըլլան անոնք։

Այս իմաստով, ո՛չ մէկը առանց բարեկամի է այս աշխարհի վրայ, եթէ նոյնիսկ ան այդպէս զգայ։

Արդարեւ, ամէն մարդ մօտը կամ հեռուն, անպայման ունի բարեկամ մը, քանի որ ոչ ոք չէ ստեղծուած մինակութեան դատապարտութեան։ Բայց կարեւորը ահաւասիկ, այդ «բարեկամ»ը գտնելն է, անդրադառնալ այդ «բարեկամ»ին գոյութեան…։

Համոզումը որ իրենց կամքերը միացած են եւ իրենց սէրը եւ գորովը փոխադարձ է, մտերիմ եւ անկեղծ զգացումը իրարու ըրած ծառայութիւններուն եւ իրարու հանդէպ ցոյց տուած սիրոյ արտայայտութիւններուն, յիշատակը բազմաթիւ տարիներու սիրոյն եւ ապրուած երջանկութիւններուն, բացակայ բարեկամը կը դարձնէ ա՜յնքան մօտիկ, որ կարծես անմիջապէս քովը ներկայ է, եւ ա՛յնքան տեսանելի, որ կարծես դիմացը կեցած է։

Իրաւ, անկեղծ բարեկամին բարոյական ներկայութիւնը արդէն կը բաւէ։ Ուստի աւելի՛ իրական է հեռուի, բացակայ անկեղծ բարեկամին բարեկամութիւնը, քան անմիջապէս քովը գտնուող կարծեցեալ, կեղծ բարեկամինը։ Բարեկամ շա՜տ կայ, բայց ճշմարիտ անկեղծ բարեկամը ո՜րքան հազուագիւտ է։

Ճշմարիտ անկեղծ բարեկամները զիրենք բաժնող հեռաւորութիւնը իրենք կը լեցնեն սիրոյ անկեղծ կապով, թերեւս նամակներով, հեռաձայնի եւ այլ հաղորդակցութեան միջոցներով, սիրալիր ողջոյններով իրար միշտ յիշելով, իրարու համար մտահոգուելով եւ գիտեն որ հակառակ հեռանալուն, հակառակ մարմնապէս բացակայութեան, իրենց ձգտումները, իրենց մտածումները եւ շահերը հասարակաց են։ Եւ ո՜րքան կարեւոր է «հասարակաց շահ»եր ունենալ հաստատ բարեկամութեան մը մշակման համար։

Ահաւասիկ, ա՛յս է միութիւնը որ ճշմարիտ բարեկամութիւնը կրնայ կապել երկու մարդու սրտերը, նոյնիսկ եթէ հեռու են իրարմէ։ Հասարակաց շահը՝ որուն հիմն է սէրը, հեռաւորութիւն չի ճանչնար, եւ կը միացնէ զանոնք, հեռաւորութիւնները կը մօտեցնէ։ Չկա՞ն կարծեցեալ բարեկամներ որ իրարու մօտ են բայց հոգեպէս ա՜յնքան հեռո՛ւ։

Հասարակաց շահու եւ սիրոյ կապերը այնքան գողտր են եւ այնքան վառ, որքան բարեկամները մտերիմ են եւ անկեղծ իրարու հանդէպ։ Եւ երբ «հասարակաց շահ» կ՚ըսենք, ասիկա պէտք է հասկնալ մանաւանդ հասարակաց նպատակ, հասարակաց զգացում եւ հասարակաց միտք, իսկ եթէ «հասարակաց շահ»ը հասկցուի իր նիւթական իմաստով, հոն ալ կը տիրէ հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ մանաւա՛նդ զոհողութիւն եւ հոգածութիւն։

Ճշմարիտ բարեկամութեան հիմերէն է նաեւ հաւատարմութիւնը։ Հաւատարմութիւնը բարեկամութեան, հաւատարիմ բարեկամներու առաջնակարգ պայմա՛նն է։ Զոր օրինակ, ընտանիքի մը մէջ բոլոր անդամները կրնան տեւական շփման մէջ չըլլալ իրարու հետ, բայց բոլորն ալ գիտեն, թէ կը բնակին միեւնոյն յարկին տակ, միեւնոյն տանիքին ներքեւ եւ բոլորն ալ ունին մէկ կամք, մէկ նպատակ, մէկ միտք եւ մանաւա՛նդ մէկ սիրտ։ Անոնք այս իմաստով «ընտանիք» են եւ միութիւն։

Սակայն այն բարեկամութիւնը՝ որ կը կապէ, կը զօդէ անհատը իր Աստուծոյն հետ, կը գերազանցէ աշխարհի բոլոր բարեկամութիւնները, թէ՛ անհատական կեանքի մէջ, թէ՛ անձնական յարաբերութիւններու եւ թէ՛ սերտ կապերով զինք կը կապէ այս անբաղդատելի բարեկամութեան մէջ։

Մարդ կրնայ մօտենալ այս անզուգական Բարեկամին՝ Աստուծոյ ամէն վայրկեան, Ան չի խօսիր մարդուն, բայց մարդ գիտէ եւ կ՚անդրադառնայ Իր դիտաւորութիւններուն, Իր իմաստութեան, Իր նախախնամութեան եւ Իր մտածումներուն։

Աստուած մարդը կ՚ընդունի իսկական բարեկամի մը մտադրութեամբ՝ բարեացականութեամբ, երբ մարդ Իրեն կ՚երթայ, Իրեն կը դիմէ որպէս Հայր, որպէս նախախնամ, որպէս ճշմարիտ եւ ամենավստահելի Բարեկա՛մ։ Մեծ սփոփանք եւ մխիթարութիւն է գիտնալ, թէ վստահելի բարեկամ մը ունի՝ որուն կրնայ պարպել իր սիրտը, իր հոգերը եւ վիշտերը, ցաւերը, որոնք կը տանջեն մարդը։

Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, ո՛չ մէկը առանց բարեկամի է, քանի որ Աստուած ամէնքին Հա՛յրն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 22, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019