ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՐԺՈՒՄ

Կա՞յ արդեօք աւելի վատ զգացում մը քան «իրեններէն» մերժուիլ եւ ապերախտութեամբ վիրաւորուիլ։

Մարդ երբ կը վստահի մէկու մը՝ կը սպասէ, որ ան միշտ հաւատարիմ մնայ ներշնչած վստահութեան։ Նաեւ մարդ երբ կը նուիրուի, կը զոհուի մէկու մը համար, կը սպասէ, որ ան փոխադարձէ այդ նուիրումին գոնէ գնահատելով իրեն համար կատարուածը։ Այս բոլորը բնական պահանջներ են, եւ պէտք չէ տարօրինակ թուին։ Անշուշտ խօսքը բոլորովին բարոյական գնահատանքի մասին է, թէ ոչ կատարուած բարիքի մը փոխարէն նիւթական հատուցում սպասելու մասին չէ՛։ Ահաւասիկ այս բարոյական հարստութեան պակասը մեծապէս կը վիրաւորէ մարդը։

Այս վիրաւորանքը ամենէն շատ զգալի կ՚ըլլայ «մերժում»ի եւ «ապերախտութեան» պարագաներուն։

Արդեօք ի՜նչ զգաց Յիսուս, երբ մերժուեցաւ իրեններէն։ Արդարեւ, պատմութեան ամենէն ցաւալի երեւոյթներէն մէկն է Յիսուսի մերժումը իր աշակերտներուն կողմէ, որոնց Ան ա՜յնքան վստահած էր եւ «բարեկամ»ներ կոչած զանոնք։ Հաւանաբար մահէն աւելի ցաւ պատճառած ըլլար այդ մերժումը։

«Իրեններ»էն մերժուեցաւ Յիսուս։ Անոր ցաւին եւ յուսախաբութեան արմատը ահաւասիկ այդ մերժումը եղաւ։ Եթէ «օտար»ներ մերժէին զԻնք, ինչպէս որ մերժեցին, թերեւս այնքան խորունկ ցաւ պիտի չզգար։ Յիսուս Իր խաչէն իսկ ներեց զԻնք հալածող եւ անգութօրէն չարչարող թշնամիներուն՝ «օտար»ներուն, որոնց անծանօթ էր, որոնք «չէին ճանչնար» եւ «չէին գիտեր»։

Բայց Յիսուս Իր հոգւոյն մէջ խռովեցաւ, երբ Գեթսեմանիի Իր քրտնաթոր եւ արիւնաթոր տագնապին մէջ իրեն հանդէպ անտարբեր գտնուեցան իր «բարեկամ»ները։ Մահու եւ կենաց ճգնաժամու մը մէջ մինչ Յիսուս աղօթքով «կը մարտչէր» Հօր Աստուծոյ հետ, անդին՝ անհոգ եւ անտարբեր կը քնանային Իր աշակերտները։ Ո՜րքան մեծ էր Յիսուսի յուսախաբութիւնը։ Եւ երբ Յիսուս բռնեց Գողգոթայի ճամբան, կքած՝ խաչի մը ծանրութեան տակ, այդ նոյն աշակերտները՝ որոնք «բարեկամ» էր կոչած, «հեռու»էն հետեւեցան Իրեն, կամ, ցիրուցան եղան եւ անյայտացան։ Զինք ամենէն մօտէն ճանչցողը՝ որ կը յաւակնէր զԻնք «ամենէն շատ սիրողը» ըլլալ, առաջին վայրկեանին իսկ երբ նեղը մնաց, ուրացաւ զԱյն։

Եթէ «օտար»ներ հալածեցին Տէրը, որովհետեւ չէին ճանչնար զԱյն, «իրեններ»ն ալ, ճանչնալով եւ «բարեկամ» կոչուելով հանդերձ՝ մերժեցին, ուրացան զԻնք։ Ի՜նչ վատ զգացում մերժուողին համար… յուսախաբութի՜ւն եւ ցա՜ւ…։

Երբ Յիսուս սկսաւ իր առաքելութեան, ամենէն առաջ գնաց Նազարէթ, ուր ապրեր էր իր ամբողջ կեանքը, իր առաջին քարոզը խօսելու։ Եւ ի՞նչ պատահեցաւ։ Մերժուեցա՛ւ իր իսկ քաղաքացիներէն, «իրեններ»էն եւ հազիւ թէ պրծաւ անոնց ձեռքէն առանց պատժուելու անգութ սպանութեամբ։ Արդարեւ «Մարգարէ մը անպատիւ չէ՝ ի բաց առեալ ի՛ր գաւառին եւ ի՛ր տան մէջ…»։

Ահաւասիկ, ընդհանրապէս ա՛յս է Յիսուսի փորձառութիւնը «իրեններ»ուն հետ։ «Օտար»ներուն հետ, եւ օտարներուն պէս, մերժեցին, ուրացան զԻնք «իրեններ»ը, Իր իսկ «բարեկամ»ները…։

Դաստիարակուած մարդը այն է, որ դպրոց կ՚երթայ, ուսում կը ստանայ եւ իր ստացածները կը պահէ եւ կ՚օգտագործէ։ Բայց մարդ, շատ անգամ իր ստացածներուն, իրեն տրուածներուն նկատմամբ ապերա՛խտ է։ Աստուած ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ իր ապերախտ եւ ապիրատ զաւակներուն։ Իրապէս դժուա՛ր է ըմբռնել։ Մարդս ալ իր մէջ թաքնուած «աստուածային բնութեան կայծ»ը կը շողացնէ ամէն անգամ, որ կրնայ բարիքի փոխարէն ապերախտութեան աչք գոցել։

Ի՛նչ որ ունինք եւ ստացած ենք մեր ծնած օրէն մինչեւ մեր վերջին օրը՝ բոլորն ալ Աստուծոյ պարգեւներն են։ Ամէն օր Աստուծոյ երախտապարտ զգալու ենք։

Երախտապարտութիւն կը նշանակէ «տեւական» հոգեւոր կապ՝ բարիքներու եւ կեանքի աղբիւրին հետ, որ է Աստուած։ Ուրեմն երախտագիտութիւնը շնորհք մը չէ ենթակայէն առարակային, ըսենք, մարդէն՝ Աստուծոյ՝ Արարչին եւ Նախախնամին։

Երախտագիտութեան ազնիւ զգացումով մարդ կ՚աւելցնէ իր ունեցածը. հոգին աւելի կը լայնացնէ եւ կ՚ազնուացնէ, կը խորունկցնէ, կը բարձրացնէ եւ թռիչք կու տայ անոր։ Ահաւասիկ, ա՛յս է փորձառութիւնը մէկին՝ այն տասը բորոտներէն՝ որոնք բժշկեց Յիսուս, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց։ Եւ այն մէկ բորոտը ոչ միայն մարմնապէս-ֆիզիքապէս բուժուեցաւ, այլ նաեւ՝ հոգեպէս մեծ շահ մը ապահովեց Յիսուսի հետ կապուելով սիրոյ այն զօրաւոր կապերով, զորս «երախտագիտութիւն»ը կը հիւսէ։ Ո՞ւր էին միւսները…։

Միւսները՝ առին իրենց առնելիքը՝ բժըշ-կութիւնը, բարիքը, եւ մոռցան «Բարերար»ը։ Մինչդեռ չկա՛յ բարիք առանց բարերարի. անոնք ահաւասիկ չէին հասկցած այս կարեւոր կէտը։ Կրնային տիրանալ նաեւ Բարերարին, բայց ո՛չ, անոնք գոհացան անոր պատահական տուածովը եւ «մնայուն պարգեւ»ովը։

«Մնայուն պարգեւ»ը բուն Ինքն Յիսուսը ետեւնին թողուցին եւ հեռացան եւ կոր-սընցուցին էականը, մշտնջենականը։ Թերեւս, ո՜վ գիտէ, այս է համեմատութինը - 10-էն մէկ - անոնց՝ որոնք կը ստանան, կ՚ընդունին «տրուած»ը, բայց «տուող»ը կ՚անտեսեն եւ կը մոռնան եւ շա՜տ բան կը կորսնցնեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 24, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2019