ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ՝ ՄՈՒՏՔ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՔԱՂԱՔ
Ծաղկազարդ՝ Յիսուսի հրաշալի՜ եւ հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ։ Արդարեւ կարելի չէ հանդիպիլ Աւետարանի պատմութեան մէջ այսպիսի շքեղ ցոյցի մը՝ որուն մէջ Որդի մարդուն մտած ըլլայ Սուրբ Քաղաքը, որուն նկարագիրն էր հալածել ճշմարիտ մարգարէները եւ պատգամաբերները, սպաննել ճշմարտութեան քարոզիչները, ոչ միայն զոհերու, զորս նուիրագործած էր օրէնքը, այլ նաեւ զոհերու, որոնց վերջինը եղած էր Յովհաննէս Մկրտիչ՝ Սուրբ գրական պատմութեան մէջ սկիզբը առնելով Աբելի սպաննումէն եւ Զաքարիայի խողխողումէն Տատարի մէջ եւ վերջինը պիտի չըլլար անշուշտ նոյն ինքն Յիսուսի Քրիստոսի խաչամահ սպաննումը, որովհետեւ Փրկչին խաչելութիւնը նոր թուական մը պիտի բանար անմեղութեան եւ արդարութեան զոհերուն, Աւետարանի Թագաւորութեան հաստատումը մինչեւ երկրագունդիս վրայ։
Անշուշտ շատ շիտակ էր այսպիսի նախագուշակ հաստատում մը, գիտակ, տեղեակ եւ ընդունակ աստուածային նորագոյն յայտնութիւններու պայմաններուն, կ՚ըմբոստանար, եթէ կարելի է ըսել՝ կ՚անառակէր, ցաւալի մտայնութեամբ մը, եւ չէր ըմբռներ Փրկիչ պաշտօնը, Անոր որ շատ անգամ ուզած էր թեւարկել Սուրբ Քաղաքին, խնամածու հաւին պէս, որ իր ձագուկները կը պահէ եւ կը պաշտպանէ իր թեւերուն տակ. (ՄԱՏԹ. ԻԳ 37-39), (ՂՈՒԿ. ԺԳ 34-35), իր անձին եւ սրտին մօտիկ, որեւէ վտանգի պահուն, եւ այսպիսի խնամատածութիւն մը եւ հոգածութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն, գործերուն եւ անձին մէջ արտայայտուած, արհամարհուեր էր, եւ այս իրողութիւնը չէր հեռանար Անոր աչքէն եւ մտքէն, որ հիմա առարկայ կը դառնար նախանձելի՜ ցոյցերու։
Ինչ որ կ՚ուզենք բացատրել Քրիստոսի այս գալստեան նշանակութիւնը, անշուշտ շատ տկա՛ր են։ Որովհետեւ Քրիստոս Երուսաղէմի այդ շքեղ «մեռելութեան» մէջ կ՚ուզէր վերջին ճիգ մը ընել եւ վերականգնել զայն Բեթանիացի Ղազարին պէս. կենդանի, ցնցող շարժումով ուշի բերել պաշտօնական Երուսաղէմը։
Եւ արդէն Յիսուս Քրիստոսի այս կերպով արտայայտութիւնն է, որ կարեւոր է Ծաղկազարդի յիշատակին մէջ։ Ուրեմն պարզապէս այս շքեղ ցոյցին պատճառը Բեթանիացի Ղազարոսին հրաշագործ յարութիւնն էր չորեքօրեայ մեռելութենէ. թէ ձիթենիի ոստեր եւ արմաւենիի ճիւղեր՝ որոնք տարածուեցան Քրիստոսի ճամբուն վրայ, կը մարմնացնէին ժողովրդական խանդավառութեան շատ բնական կենդանութիւնը, թէ «Ովսաննաներ»ը, որոնք կը թնդացնէին օդը, արձակ համարձակ պոռթկացումներ էին սիրոյ, համակրանքի եւ գնահատութեան, եւ ասոր հրապոյրը կ՚աւելնար ցո՛րչափ մանկական անկեղծ եւ անխարդախ էութիւններէ կը բխէին ատոնք, եւ եթէ ատոնք լռէին՝ Տաճարին բակին մէջ դիզուած քարերը պիտի աղաղակէին. թէ «ծաղկազարդ»ը՝ որ գարնանային թարմութիւն կը բուրէ, կրնայ հին տօնի մը մնացորդը եղած ըլլալ՝ մանաւանդ իր «Զարզարդար» կամ «ծառազարդ» «ծառզարդար» ձեւով, որ ծիսական լեզուին մէջ «Արմաւենեաց կիրակի»՝ «Ողորմութեան կիրակի» ալ ըսուած է, թէ քրիստոնեաներ՝ քրիստոնէական եկեղեցիներ այս կիրակի կը վերակենդանացնեն Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան յիշատակը՝ նորածիլ ընձիւղներով, թարմ եւ թուրմ ծաղիկներով, մշտադալար եւ օծուն ձիթենիի շիւղերով եւ նոյնիսկ Երուսաղէմէն բերուած արմաւենիի ոստերուն չոր չոր հիւսքերով, երբ չկարենան գտնել թարմը եւ կանաչը։
Եկեղեցի տանելով մանուկները, սանդեայ տղաքը, նոր հարսերը, իրենց հարսանեկան հագուստներով՝ անմեղութեան եւ պարզութեան բոլոր ցոյցերով եւ հանդերձներով, վստահութեամբ եւ հաւատքով՝ որ հռչակումն է Երկնից Թագաւորութեան եւ հաճելի Փրկչին՝ որ սիրեց մանուկները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 25, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024