ՊԱՏԻԺԸ ՊԱՏՈՒԱՐ ՄԸՆ Է

Պատիժը՝ ընկերային զեղծումի եւ օրինազանցութեան դէմ պատնէշ մը՝ արգելք մըն է։ Պատիժի վախն է, որ կը սանձէ մարդը իր անզուսպ կիրքերուն մէջ, արգելք կը հանդիսանայ անհատական եւ ընկերային սխալանքներու՝ չարագործութիւններու։ Այս իմաստով պատիժի վախը «բարերար զսպանակ» մըն է՝ որ կը հաւասարկշռէ եւ կը ներդաշնակէ մարդուս կիրքերը։

Եթէ գոյութիւն չունենար «պատիժ»ը եւ «պատիժի վախ»ը, խորհեցէ՛ք սիրելի՜ բարեկամներ, որքա՜ն կիրքեր, անիրաւ արարքներ, անարդար վարմունքներ պիտի տիրապետէին մարդկային փոխյարաբերութիւններուն վրայ, որոնք ոտնակոխ պիտի ընէին ամէն օրէնք եւ օրինական սահման։ Այլապէս ընկերային համերաշխութիւն գոյութիւն պիտի չունենար, ո՛չ իսկ կարգապահութիւն, իրաւունք եւ պարտաւորութիւն։

Պատիժի վախը, այս տեսակէտով, բարերար եւ կարեւոր գործօն մըն է ընկերային կեանքի ապահովութեանը եւ անվտանգութեանը համար։ Արդէն վախի զգացումը, ընդանրապէս զսպանակի դեր մը կը կատարէ ընկերային կեանքի մէջ՝ անհատական կիրքերու արտայայտութիւնը հաւասարակշռելու նկատմամբ։ Արդարեւ, «գաւազան»ը շատ անգամ անհրաժեշտ գործիք կը դառնայ, առանց գործածութեան, եւ կը կանխէ շատ մը անօրէն եւ անկարգապահ արարք։ Եւ այդ վախն էb որ կը միջամտէ կիրքերու անսանձ գործածութեան եւ ընկերային խաղաղութիւնը կ՚ապահովէ։ Խորհիլն իսկ սարսափ կը պատճառէ մարդուս, թէ եթէ ընկերային կեանքի մէջ գոյութիւն չունենար, պակսէր պատիժի վախը, ի՜նչ անախորժ տեսարան մը կը պարզուէր հաւաքականութեան մէջ։ Եւ հոն ո՛ւր չկայ օրէնք, կանոն, կարգապահութիւն եւ անոնց հնազանդութիւն, կը տիրէ անիշխանութիւն, անբարոյութիւն եւ կատարեալ խաւար՝ անորոշ եւ անկայուն, անապահով վիճակ…։

Անբան անասուն կենդանի էակներ կ՚ապրին իրենց կեանքը միա՛յն բնազդով, բանականութեան, տրամաբանութեան ձայնին չանսացողներու եւ կամ անհաւասարակշիռ միտքերու նման, եւ ահաւասիկ, «պատիժի վախ»ը անոնց համար կարեւոր զսպանակ մը՝ արգելակ մըն է։ Անշուշտ լաւագոյն միջոց մըն է՝ բանաւոր ընթացքով ապրիլ, ուղիղ գործել եւ գիտնալ զոհուիլ՝ ինչ որ կ՚ակնկալուի կատարեալ, անթերի եւ զօրաւոր նկարագրի տէր «մա՛րդ»էն։

«Զոհուիլ գիտնալ» կը նշանակէ նուիրուիլ, ծառայութեան մէջ անկեղծ վարուիլ՝ ո՛չ թէ ծառայասէր երեւիլ, այլ իրապէս ծառայասէր ըլլալ՝ ծառայել օգտակար նպատակի մը համար, ուրիշին համար եւ ո՛չ թէ իր անձին համար։ Թէ ո՛չ «զոհուիլ» չի՛ նշանակեր անգիտակից կերպով, աննպատակ եւ անորոշութեան մէջ շարժիլ՝ պարզապէս գործունեայ երեւելու եւ անուանուելու համար։

Արդարեւ, մարդ եթէ լսէ իր խղճին ձայնը, այն ժամանակ պէտքը չի զգացուիր պատիժի վախին։ Խղճի ձայնը շատ աւելի մարդավայել ազդա՛կ մըն է մարդուս կիրքերը հաւասարակշռելու նկատմամբ։

Ուստի մարդիկ կան՝ որոնք կը կառավարուին, կառավարուողները մեծամասնութիւն կը կազմեն ընկերութեան մէջ։ Մարդիկ ալ կան, որոնք փոքր թիւ մը կը կազմեն, կառավարելու յատկութիւնը ունին՝ հմուտ եւ գիտակից իրենց առաւելութեան։

Բայց կայ հազուագիւտ խումբ մը՝ որ կարող է կառավարելու ինքզինք, թէեւ կը հնազանդի կարգ եւ կանոնի, տուեալ օրէնքի տրամադրութիւններուն, բայց եւ այնպէս գիտէ ինքզինք կառավարել ուղիղ եւ շիտակ կերպով, եւ կիրքերուն անհրաժեշտ զսպանակը ո՛չ թէ պատիժի վախը, այլ իր իսկ բանականութիւնն է։ Սակայն ինչպէս ըսինք, հազուագիւտ է այդպիսին, քանի որ մարդ ընդհանրապէս գերին է իր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն եւ այդ իսկ պատճառով անկատար է եւ պահանջքը ունի կառավարուելու՝ որուն համար ալ անհրաժեշտ է «կառավարո՛ղ» մը։

Այս յատկութիւնները արդիւնք են մեծ մասամբ «իմացական կարողութեան»՝ որուն կ՚ընկերակցի «բարոյական զգացում»ը՝ որոնց գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը, առաւել կամ նուազ ըլլալը կ՚որոշէ «կառավարուող»ի կամ «կառավարող»ի դիրքը։ Իսկ իմացական կարողութեան եւ բարոյական զգացումին կատարեալ ներդաշնակութիւնը առիթ կու տայ, որ մարդ ինքզինք կառավարէ՝ կատարեալ հնազանդութեամբ ամէն կարգ եւ կանոնի եւ թէ տուեալ օրէնքի տրամադրութիւններուն…։

Ուրեմն, կ՚երեւի, թէ հարցը գիտակցութեան խնդիր մըն է, որ կը սկսի «ինքնագիտակցութեամբ»։ Մարդ եթէ ճանչնայ ինքզինք, այլապէս կրնայ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել իր եւ իր շուրջիններուն վարմունքը, շարժումները եւ կիրքերը։ Արդարեւ, ինքնակեդրոն մարդը զուրկ է թէ՛ իմացական կարողութենէն եւ թէ՛ բարոյական զգացումէն։ Եւ ահաւասիկ անոր համար անհրաժե՛շտ է «պատիժի վախ»ը, որպէսզի կարենայ սորվիլ, թէ ինք մինակ չէ այս աշխարհի վրայ եւ կայ նաեւ «ուրիշ»ը, կայ շրջանակ մը իր շուրջ, որուն հետ յարաբերութիւն կարենալ հաստատելու համար պէտք է հրաժարիլ երբեմն իր «Ես»էն, տեսնել «Ուրիշ»ը՝ որուն միջոցով կը յայտնուի իր անհատականութիւնը հաւաքականութեան, ընկերութեան մէջ։

Ուստի մարդ՝ առանց մարդու կատարեալ անձ չի կրնար ըլլալ. անհատը հաւաքականութեան մէջ է, որ կը յայտնէ իր անհատականութիւնը եւ ո՛չ թէ իր կեդրոնին մէջ՝ ինքնակեդրոն ըլլալով։

Անհատին խիղճը եթէ միանայ բանականութեան, ահաւասիկ այն ժամանակ, մարդուն ուղիղ եւ պատուաւոր կեանքին առաջնորդը կ՚ըլլայ, նաեւ հանրային օգտին ծառայող ուժեղ ազդակ մը, ուղեցոյց մը կ՚ըլլայ։

Սըր Արթհըր Քօնըն Տօյլ՝ «Շէրլօք Հոլմսի արկածախնդրութիւնները» գիրքին հեղինակը՝ մարդկային հոգեբանութիւնը նրբազնին կերպով ուսումնասիրող եւ դէպքերը խորապէս դիտելով վերլուծող՝ անոնցմէ ճշգրիտ եզրակացութիւններ հանող տաղանդաւոր հեղինակ մըն է։ Ան հետաքրքրական փորձ մը կատարած էր։ Ան ընկերային բարձր դիրք ունեցող եւ համբաւի տէր իր տասներկու բարեկամներուն սա հեռագիրը ղրկած էր. «Ամէն բան երեւան ելաւ. անմիջապէս փախէ՛ք»։

Եւ այս «պատուաւոր» եւ «համբաւաւոր», եւ «առաքինի» ճանչցուած տասներկու անձերը հազիւ 24 ժամուան մէջ, ամէն ինչ լը-քած եւ իրենց երկրէն անմիջապէս փախած են…։

Անշուշտ Տօյլ բաւական զուարճացած է այս փորձին արդիւնքէն, տեսնելով թէ այդ տասներկու «առաքինի» եւ «պատուաւոր» բարեկամները հապճեպով փախուստ տը-ւած են իր «անմեղ» հեռագրին պատճառով։ Բայց նաեւ յուսախաբ եղած՝ տեսնելով այդ մարդոց խիղճի եւ օրէնքի դէմ մեղանչած ըլլալու ճշմարտութիւնը։ Լա՞լ, թէ խնդա՜լ…։

Փորձ մը ահաւասիկ՝ մարդկային առաքինութեան եւ պարկեշտութեան, մարդուս տարակուսական մօտենալու պէտքը ապացուցանող եւ անգամ մը եւս մտածելու առաջնորդող…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 18, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018