ՅԻՍՈՒՍԸ ՈՐՊԷՍ ԱՌԱՍՊԵԼ (Դ.)
Մանկասարեան Յիսուսի չհաւատալով Աւետարանիչներուն կ՚ուզէ Յիսուսի գոյութիւնը գտնել ժամանակակից պատմաբաններու մօտ, սակայն զարմանքով կը հարցադրէ, թէ եթէ իրապէս գոյութիւն ունեցած ըլլար Յիսուս Քրիստոս մը՝ որ նման հրաշքներ կը գործէր, ինչո՞ւ համար չէ յիշուած ժամանակակիցներու կողմէ:
Մանկասարեանի բառերով. «Յովսէփոսի նման պատմաբանի մը Յիսուսի նկատմամբ որեւէ յիշատակութիւն չընելը անոր գոյութիւնը տրամաբանականօրէն կասկածելի կ՚ընծայէ»: Յովսէփոսի պատմութեան մէջ Յիսուս Քրիստոս մը տեսնել կ՚ուզէ Մանկասարեան հիմնուելով այն փաստին վրայ, թէ երկուքը միեւնոյն ժամանակաշրջանին գրեթէ նոյն աշխարհագրութեան մէջ ապրած պէտք է որ ըլլան:
Մանկասարեան դիտել կու տայ, թէ ամէն ազգ կը փորձէ միշտ ալ ապրեցնել ու հոգի եւ շունչ տալ գոյութիւն չունեցող հերոսի մը. օրինակի համար, հայերու պարագային Սասունցի Դաւիթը, Առիւծ Մհերը եւ այլն. նոյն այդ առասպելական հերոսներէն մին կը նկատէ Յիսուս Քրիստոսը, որ իր համոզումով ոչ թէ գոյութիւն ունեցած է, այլ պարզապէս զրոյցներու եւ երեւակայութեան վրայ հիմնուած հերոսացած պատկեր մըն է պարզապէս՝ հեռու ճշմարտութենէն:
Ան անիրական առասպելը առաջին իսկ վայրկեանէն սուտ կը նկատէ, երբ եկեղեցին կը հաւատայ, թէ Քրիստոս կոյսէ մը ծնունդ առաւ։ Գիտութեան եւ տրամաբանութեան հաւատացող Մանկասարեանի համար անլուծելի հանելուկ մըն է այդ մէկը. անոր համոզումով՝ Յիսուս Քրիստոսի կոյսէ մը ծնունդ առնելը «իրականութեան սահմաններէն դուրս է»: Անոր համոզումով՝ կոյսէ մը ծնունդ առնելը կարելի չէ փաստարկել եւ հետեւաբար հաւատացեալներէն կը պահանջուի հաւատալ՝ առանց փաստելու:
Հաւատքի եւ տրամաբանութեան պարագան քիչ մը տարօրինակ է. թունդ հաւատացեալը կ՚ուզէ հաւատալ առանց քննելու եւ հարցադրելու՝ այդ մէկը Աստուծոյ դէմ մեղանչում նկատելով. ոմանք կ՚ուզեն միջինը բռնել եւ կ՚ուզեն ո՛չ կասկածիլ եւ ո՛չ հաւատալ, մինչ Մանկասարեանի նմանները՝ որոնք գիտութեան կ՚ուզեն հաւատալ, կ՚ուզեն փաստարկել ամէն բան՝ ինչ որ հաւատքի պարագային շօշափելի փաստերու վրայ կարելի չէ հիմնուիլ:
Մանկասարեան շարունակելով կասկածի տակ կ՚առնէ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութիւնը. թէ՛ Հին կտակարանին եւ թէ՛ Նոր կտակարանին մէջ բացի Քրիստոսէն, գոյութիւն ունեցած են նաեւ Յիսուս Քրիստոսէ յետոյ ալ հրաշք գործողներ (ինչպէս Քրիստոս ըսած էր պիտի ըլլան): Ըստ Մանկասարեանի, եթէ հրաշքները պիտի ընդունինք որպէս փաստ Աստուածութեան, այդ պարագային միւս հրաշագործները ինչո՞ւ համար որպէս աստուածներ չեն ընդունուիր. օրինակ՝ եթէ Յիսուս Քրիստոս յարութիւն տուաւ մեռելին, նոյն հրաշքը կը տեսնենք սուրբերու մօտ եւս. Յիսուս Քրիստոս կոյրի մը աչքերը բացաւ, սակայն նոյն հրաշքը կատարեցին եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն կատարել սուրբեր: Այս տրամաբանութեամբ, եթէ մէկ կողմ դնենք հրաշագործութիւնը, ինչո՞վ կարելի է փաստել Յիսուս Քրիստոսի Աստուած ըլլալը: Եթէ վկայութիւնը պիտի ընդունինք, պատմութեան ընթացքին Քրիստոսէ առաջ եւ ետք շատեր Աստուծոյ Որդիին իրենց ըլլալը յայտարարեցին. Յիսուս ալ ըսաւ չէ՞, որ շատեր պիտի գան եւ ըսեն, թէ ես եմ Քրիստոսը եւ նոյնիսկ հրաշքներ կատարեն։ Հետեւաբար եթէ յայտարարութիւններն ու հրաշքները որպէս փաստ պիտի չընդունինք, ինչպէ՞ս կամ ինչո՞վ պիտի փաստուի Յիսուս Քրիստոսի Աստուած ըլլալը ու այս հարցադրումներուն դիմաց դարձեալ դիմելով եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալներուն կ՚ըսէ. «Եթէ կայ ուրիշ փաստ մը անոր կոյսէ մը ծնելուն՝ կամ աստուած ըլլալուն՝ ըսէք, կ՚աղաչեմ, ո՞րն է»: Եթէ որպէս փաստ պիտի ընդունիք Աստուծոյ վկայութիւնը՝ մկրտութեան ժամանակ, այդ մէկը պիտի չհամոզէ Մանկասարեանն ու իր նմանները, որովհետեւ այդ մկրտութեան դէպքը վկայութիւնն է Աւետարանին եւ անոնք Աւետարանին չեն հաւատար:
Ու մեր մէջ հիմնական խնդիրը եղած է այս դժբախտութիւնը. անհաւատներ չեն հաւատար Աստուածաշունչին եւ Աւետարաններուն եւ շատ մը եկեղեցականներ որպէս փաստ կը մատնանշեն ու կ՚ուզեն համոզել Աւետարանի ճամբով. եթէ անձ մը Աւետարանին հանդէպ հաւատք չունի, կարելի չէ որպէս փաստ առաջ բերել Աստուածաշունչը եւ այս կէտին մէջ է, որ կը ձախողին յաճախ եկեղեցականները:
Եթէ իրապէս ալ Աստուած ըլլար Յիսուս Քրիստոս Մանկասարեան անոր առաքելութիւնը ձախողած կը նկատէ, որովհետեւ իր համոզումով՝ եթէ Յիսուս Քրիստոս իր խոստումները կատարած ըլլար, այսօր աշխարհի վրայ ո՛չ թշուառութիւն, ո՛չ աղէտներ, ո՛չ որբեր, ո՛չ հիւանդութիւններ, ո՛չ ոճիր եւ ո՛չ ալ պատերազմներ գոյութիւն պէտք է որ ունենային:
Մարդկութիւնը կը սպասէր Աստուծոյ Որդի մը, որ գալով Աշխարհի վրայ պիտի վերացնէր ցաւերն ու վիշտերը եւ պիտի փրկէր մարդկութիւնը. շատեր կը սպասէին մարմնական փրկութիւն. մարդկային կեանքի արդարութիւն ու հանգստութիւն, սակայն Նոր կտակարանի Քրիստոսը եկաւ հոգեւոր փրկութիւն մը բերաւ, ինչ որ մարդոց համար այնքան անհրաժեշտ չէր՝ ինչքան հոգեւոր փրկութիւնը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -279-
Առաջին անգամ ընտանեօք Հայաստան եկանք 2000 թուականին՝ երբ տակաւին եօթ տարեկան էի: Այդ ժամանակ ալ (ինչպէս հիմա) Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին բազմաթիւ աղանդաւորական շարժումներ, որոնք տուն տուն շրջելով մարդ որսալ կը փորձէին. շատեր իրենց տան դռները չէին բանար, ուրիշներ բանալով՝ կը հաւատային «Աստուծոյ Խօսք»ին. մեր ընտանիքին մէջ պարագան սակայն ուրիշ էր. մայրս կ՚ուզէր դուռը չբանալ, սակայն հայրս՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալով զբաղումի համար կ՚ուզէր ընդունիլ:
Օր մը աղանդաւորական շարժումի ներկայացուցիչները եկան. մայրս հօրս ըսաւ, որ դուռը բանայ եւ քաղաքավար ձեւով զիրենք մերժէ, սակայն հայրս զիրենք ներս հրաւիրեց եւ աւելի քան ժամ մը զրոյց ունեցաւ: Վերջաւորութեան իրենք հայրս համոզելու փոխարէն հայրս կը փորձէր զիրենք համոզել՝ որ այս աղանդաւորական շարժումները պարզապէս եկեղեցին քանդելու կը ծառայեն եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ խօսքի տարածումին: Կարծեմ մինչեւ օրս աղանդաւորական ներկայացուցիչ մը չեկաւ մեր տուն այդ թուականէն ի վեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան