ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ԼՈ՛ՅՍ Է ԱՇԽԱՐՀԻ

Պայծառակերպութիւնը նախաճաշա՛կն է Արքայութեան։ Այն օրէն սկսեալ երբ Պետրոս դաւանեցաւ, թէ Յիսուս Քրիստոս Որդին է կենդանի Աստուծոյ, Քրիստոս սկսաւ յայտնել, թէ Ինք պէտք էր Երուսաղէմ երթար, հոն չարչարուէր, խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր։ Պետրոս, Քրիստոսի Իր աշակերտներուն ըրած այս յայտարարութեան կը հակառակի, իսկ միւս աշակերտներն ալ զայն աւելի լաւ չեն հասկնար։ Այս շրջագիծին մէջ է, որ կը տեղադրուի Յիսուսի Պայծառակերպութեան խորհրդաւոր դէպքը՝ կատարուած «բարձր լերան» մը վրայ, Իր ընտրած երեք «վկաներ»ուն՝ Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի առջեւ։

Յիսուսի դէմքը եւ զգեստները «պայծառակերպուեցան», Մովսէս եւ Եղիա յայտնուեցան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ Անոր մեկնումին մասին, որ պիտի կատարուէր Երուսաղէմ։ Ամպ մը ծածկեց զանոնք եւ երկինքէն ձայն մը ըսաւ. «Ասիկա Իմ Որդիս է, Իմ Ընտրեալս, Անոր մտիկ ըրէք», (ՂՈՒԿ. Թ 35)։ Պահ մը միայն՝ Յիսուս Իր աստուածային փառքը կը յայտնէ, հաստատելով այսպէս՝ Պետրոսի դաւանութիւնը։ Ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք մտնելու համար Իր փառքին մէջ (ՂՈՒԿ. ԻԴ 26) պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։ Մովսէս եւ Եղիա տեսած էին Աստուծոյ փառքը Լերան վրայ։ Օրէնքը եւ Մարգարէները աւետած էին Մեսիային չարչարանքները։ Յիսուսի մահուան չարչարանքները իրապէս Հօր կամքն է, Որդին կը գործէ իբրեւ Աստուծոյ Ծառան (ԵՍ. ԽԲ 1)։

Ամպը ցոյց կու տայ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը։ Այս մասին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Ամբողջ Երրորդութիւնը երեւցաւ. Հայրը՝ ձայնով, Որդին՝ մարդուն մէջ, Հոգին՝ լուսաւոր ամպին մէջ։ Արդարեւ, Յիսուս պայծառակերպուեցաւ Լերան վրայ եւ աշակերտները իրենց կարողութեան եւ տարողութեան չափով հիացան, հիացած դիտեցին Անոր փառքը, Քրիստո՛ս Աստուած, որպէսզի երբ օր մը զԻնք խաչուած տեսնեն, հասկնան թէ Իր չարչարանքը կամովի՛ն էր եւ աշխարհի աւետեն, որ Ան ճշմարտապէս ճառագայթն է Հօր՝ որ Լո՛յս է։

Պայծառակերպութիւնը «սուրբ խորհուրդն է երկրորդ վերածննդեան», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի, եւ նաեւ մեր իւրաքանչիւրին սեփական յարութեան։ Արդէն իսկ մենք «կը մասնակցինք» Տիրոջ Յարութեան՝ Սուրբ Հոգիով, որ կը ներգործէ Քրիստոսի Մարմինին սուրբ խորհուրդներուն մէջ։

Պայծառակերպութիւնը կու տայ մեզի նախաճաշակը Քրիստոսի փառաւոր գալստեան, «որ պիտի վերանորոգէ մեր նուաստ մարմինը, որպէսզի ան կերպարանակից ըլլայ Անոր փառքի մարմինին» (ՓԻԼ. Գ 21)։ Պայծառակերպութիւնը կը յիշեցնէ մեզի նաեւ, թէ «հարկ է անցնիլ բազմաթիւ նեղութիւններէ որպէսզի մտնենք Աստուծոյ Արքայութեան մէջ» (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս Պայծառակերպութեան հրաշալի՜ դէպքին մասին սապէս կ՚ըսէ. «Պետրոս այս բաները տակաւին չէր հասկցած, երբ կը փափաքէր Քրիստոսի հետ ապրիլ լերան վրայ։ Ասիկա, ո՛վ Պետրոս, մահէդ ետք վերապահեց քեզի։ Բայց այժմ՝ Ինք անձամբ քեզի կ՚ըսէ.- Իջի՛ր՝ երկրի վրայ վաստակելու, երկրի վրայ ծառայելու, արհամարհուելու, խաչուելու երկրի վրայ։ Կեանքը երկիր կ՚ինջէ, որպէսզի սպաննուի, Հացը՝ որպէսզի քաղցր զգայ, Ճանապարհը՝ որպսէզի յոգնութիւն զգայ։ Աղբիւրը՝ որպսէզի ծարաւի, եւ դուն տակաւին կը մերժե՞ս չարչարուիլ»։

Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը իբրեւ նպատակ ունի զօրացնել առաքեալներուն հաւատքը Յիսուսի չարչարանքին հեռանկարով, լեռ բարձրանալը կը նախապատրաստէ Գողգոթա բարձրանալը։ Քրիստոս, որ Գլուխն է Եկեղեցւոյ, կը բացայայտէ ի՛նչ որ Իր Մարմինը կը բովանդակէ եւ կը ճառագայթէ սուրբ խորհուրդներուն մէջ, այսինքն՝ «Յոյսը Փառքին», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԿՈՂ. Ա 27)։

Արդարեւ, Պայծառակերպութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս Լո՛յս է։

Արարչագործութիւնը հի՛մն է Աստուծոյ փրկչական բոլոր ծրագիրներուն, սկիզբը փրկութեան պատմութեան՝ որ իր բարձրակէտին կը հասնի Քրիստոսով։ Հակադարձաբար, Քրիստոսի խորհուրդը վճռական «Լո՛յս»ն է արաչագործութեան խորհուրդին. ան կը յայտնէ այն նպատակը՝ որուն հեռանկարով «Աստուած սկիզբէն ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը» (ԾՆՆԴ. Ա 1)։ Արդարեւ, սկիզբէն իսկ Աստուած իր տեսութեան մէջ ունէր նոր արարչագործութեան փառքը ի Քրիստոս։ Ասոր համար է, որ Զատկական Ճրագալոյցի Գիշերը, որ հանդիսակատարումն է «նոր արարչագործութեան ի Քրիստոս», ընթերցումները կը սկսին արարչագործութեան պատմութեամբ։ Ասիկա միշտ առաջին ընթերցումն է Տիրոջ աւագ տօներուն նախօրեակին։

Յիսուսի ակնարկին լոյսը կը լուսաւորէ աչքերը մեր սրտին. այս Լոյսը կը սորվեցնէ մեզի ամէն ինչ տեսնել Անոր ճշմարտութեան եւ բոլոր մարդոց հանդէպ Անոր ունեցած կարեկցութեան լոյսին մէջ։

Հայեցողական կեանքը կ՚ուղղէ նաեւ իր ակնարկը Քրիստոսի կեանքին խորհուրդներուն վրայ։ Ան մեզի կը սորվեցնէ նաեւ «ներքին ծանօթացումը Տիրոջ, որպէսզի զԻնք դե՛ռ աւելի սիրենք, Իրեն ա՛լ աւելի մօտենանք եւ Իրեն ա՛լ աւելի հետեւինք», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլա։

Քրիստոս Լո՛յսն է մարդկութեան, հետեւաբար Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ պէտք է սփռուի այս Լոյսը՝ Քրիստոսի պայծառութիւնը, որ կը շողայ Եկեղեցւոյ դէմքէն։ Արդարեւ Եկեղեցին Քրիստոսի լոյսէն զատ չունի ուրիշ լոյս։ Ըստ Եկեղեցւոյ Հայրերուն՝ ան նման է լուսինին, որուն ամբողջ լոյսը արեգակին ցոլքն է։ Ուստի Քրիստոս որ Լո՛յսն է եւ Փրկութիւնը մարդկութեան, կը յայտնուի Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջէն՝ շնորհիւ ժողովուրդի մը եւ մշակոյթի մը, որոնց մօտ կ՚ուղարկուի եւ որոնց մէջ կ՚արմատաւորուի։ Արդարեւ, «ամպ»ը եւ «լոյս»ը խորհրդանիշներն են եւ անբաժանելի Սուրբ Հոգիին յայտնութենէն։ Հին Կտակարանին աստուածայայտնութիւններէն սկսեալ՝ «Ամպ»ը, երբեմն մութ, երբեմն լուսաւո՛ր, կը յայտնէ կենդանի եւ փրկչագործ Աստուածը, քօղարկելով Անոր փառքին վերանցականութիւնը. մերթ Մովսէսի հետ՝ Սինա լերան վրայ, մերթ Վկայութեան Վրանին տակ, մերթ անապատին երթին, մերթ ալ Սողոմոնին հետ՝ Տաճարին նաւակատիքին։ Քրիստոս Սուրբ Հոգիին միջոցով այս նախապատկերները իրենց լրումին կը հասցնէ։ Սուրբ Հոգին է որ Կոյս Մարիամին վրայ կ՚իջնէ եւ զինք «Իր հովանիին տակ» կ՚առնէ, որպէսզի ան յղանայ եւ ծնի Յիսուսը։

Պայծառակերպութեան լերան վրայ, Ի՛նքն է որ «կու գայ ամպին մէջ եւ Իր հովանիին տակ» կ՚առնէ Յիսուսը, Մովսէսը եւ Եղիան, Պետրոսը, Յոկոբոսը եւ Յովհաննէսը, եւ «ամպին մէջէն կը լսուի ձայն մը, որ կ՚ըսէ.- Ասիկա Իմ Որդիս է, Իմ Ընտրեալս, ունկնդրեցէ՛ք զԻնք» (ՂՈՒԿ. Թ 35)։

Ուստի «Ամպ» եւ «Լոյս» անբաժանելի են։

Վերջապէս նոյն «Ամպ»ն է, որ Համբարձումին օրը աշակերտներուն աչքերէն կը թաքցնէ Յիսուսը, իսկ անոր Գալստեան Օրը պիտի յայտնէ զԻնք՝ Իր փառքին մէջ իբր «Մարդու Որդի»։

Ուստի Աստուած մարդուն կը խօսի տեսանելի արարչութեան ընդմէջէն։ Նիւթական տիեզերքը մարդուն իմացականութեան այնպիսի ձեւով կը ներկայանայ, որ մարդը անոր մէջ իր Արարչին հետքերը կը կարդայ։ Լոյսը եւ գիշերը, հովը եւ հուրը, ջուրը եւ ցամաքը, ծառը եւ պտուղները կը խօսին Աստուծոյ մասին եւ միանգամայն Անոր մեծութեան եւ մերձակայութեան կը վկայեն, եւ մեծութիւնը եւ մերձակայութիւնը կը խորհրդանշեն։

Այս ուղղութեամբ, «սպիտակ զգեստ»ը կը խորհրդանշէ «Քրիստոսը զգեցած ըլլալ», Զատկական մոմէն վառուած մոմը կը նշանակէ, թէ Քրիստոս Իր լոյսով լուսաւորեց նորադարձը։ Մկրտեալները Քրիստոսով «աշխարհի լո՛յսն են» (ՄԱՏԹ. Ե 14)։

Լոյսը՝ պայծառութիւնը Աստուծոյ՝ Քրիստոսի Բնութի՛ւնն է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 17, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 27, 2019