ԹՔԵԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐ (Ա.)
Թքելու սովորութիւն ունիք թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն այսօր բոլորդ կը հրաւիրենք թուքի փառատօնի, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ այսօր մեր իրականութեան մէջ շատեր արժանի են մեր թուքին: Եթէ թքելը գէշ երեւոյթ կը նկատէք մասամբ իրաւունք ունիք. այդ մէկը ամօթ նկատուած է նաեւ մի քանի դարեր առաջ. օրինակի համար, մատենագիր Սիմէոն Լեհացի «Բարք եւ կենցաղ ֆէլահաց» աշխատութեան մէջ կը գրէ «խուղ եւ թուք առաջի մարդկան ոչ արկանեն» նկատի ունեցէք որ բարոյական սկզբունքներու կողքին թքելը բժշկական տեսանկիւնէն ունի նաեւ իր դրական կողմերը, սակայն մեր այսօրուան թքելու փառատօնը առողջապահականէն անդին հայրենասիրական պատճառներ ունի:
Հայկական իրականութեան մէջ գոյութիւն ունին բանաստեղծութիւններ, որոնք պարտադիր գիտնալու անգիր օրէնք մը գոյութիւն ունի. օրինակի համար, ո՞ր հայն է որ գոնէ մէկ անգամ լսած չըլլայ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» սքանչելի տողերը: Գոյութիւն ունին նման մի քանի բանաստեղծութիւններ, սակայն այսօր կու գանք անոնց շարքին աւելցնելու համար նոր մը՝ որ կը կարծենք ամէ՛ն հայ պարտադիր պէտք է գիտնայ:
Այս տարի ծննդեան 145-ամեակն է «Հայերուս թուքը» բանաստեղծութեան։ Մեր թուականէն 145 տարիներ առաջ՝ 1878 թուականին գրող Ռափայէլ Պատկանեան (ծանօթ Գամառ Քաթիպա գրչանունով) կը գրէր «Հայերուս թուքը» բանաստեղծութիւնը:
Նախքան բանաստեղծութեան անդրադառնալը՝ կ՚ուզենք յիշել, որ դժբախտաբար Գամառ Քաթիպա եւս մոռացութեան տրուած անուններէն մէկն է. կը հաւատանք, թէ անոր անձն ու գործը կը կարօտի լուրջ ուսումնասիրութեան մը, որովհետեւ գործ ունինք հայրենասէրի մը հետ՝ որ իր ժամանակաշրջանին մեծ ազդեցութիւն ունեցած է երիտասարդութեան վրայ եւ հայրենասիրութիւն ներշնչած:
Դար մը առաջ Սիամանթօ ալ մարդկային արդարութեան ճակատին թուք մը կը թափէր, սակայն անկէ շատ շատ առաջ թքելու հրաւէր մը կը տեսնենք Գամառ Քաթիպայի մօտ:
Ա.- Քաթիպա իր բանաստեղծութեան առաջին տունով հայոց թուքերը կը նուիրէ այն հայորդիներուն, որոնք վաճառականութեամբ եւ կամ այլ միջոցներով կեանքի մէջ «յաջողած» ու որոշ դիրքի տիրացած են. գուցէ պէտք է գնահատել այն հայը, որ յաջողած է բարձր դիրքերու հասնիլ եւ հարստութեան տիրանալ, սակայն Գամառ Քաթիպա գնահատելու փոխարէն անոնց երեսին թքել կ՚առաջարկէ՝ հետեւեալ տողերը գրելով.-
«Դուն խելօք, հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ՚ասեն՝ շատ ունես. -
Բայց թէ փողէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վըրան»:
Եթէ Քաթիպայի հրաւէրը այսօր իրագործել ուզենք, վստահ կրնաք ըլլալ, թէ մեր բերանները կրնան չորնալ. Կասպից ծովու տարողութեամբ թուք ապահովուի գուցէ բաւարար չըլլայ, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր մէջ թիւով շա՜տ շատ են անոնք, որոնք ունին «միւլք փող ու ապարանք», ունին հարստութիւն, սակայն իրենց հոգւոյն մէջ չունին հայրենիք. կ՚ապրին, կ՚աշխատին ու կը գործեն լո՛կ իրեն սեփական հաճոյքին ու շահերուն համար: Ներկայ մեծահարուստներու հետ համեմատած անցեալի հարուստներուն մօտ աւելիով զգալի էր հայրենիքի ու հայրենակիցի հանդէպ սէրը. մերօրեայ բոլոր բարեսիրական հիմնարկներն ու կազմակերպութիւնները հիմնուած են անցեալին՝ մարդոց կողմէ որոնց հարստութենէն շատ ունէր Հայաստանը, շահ ունէր հայութիւնը:
Օտեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ» աշխատութիւնը եւս իրականութեան մէջ թքել է անոնց երեսին. թող թուքը երբեք չչորնայ նմաններու երեսէն:
Բ.- Բանաստեղծութեան երկրորդ տունով թքելու հրաւէր մը կը տեսնենք, բոլոր անոնց հասցէին, որոնք ուժեղ են, կը հպարտանան իրենց ուժով ու իրենց քաջութեամբ, սակայն Հայաստանն ու հայութիւնը ո՛չ մէկ օգուտ կը ստանայ անոնց ուժէն։ Նոյն պարագան կ՚ապրինք այսօր. համացանցի ճամբով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրենց «հանգիստ»ին մէջ նստած, պայքարի ոգի «ունեցողներ» շատ կան. շատեր իրենց հանգիստին մէջ նստած խօսքով թշնամին կը ջարդեն ու կը փշրեն, իրենց կարողութիւններուն համար գովքեր կը հիւսեն, սակայն այդ բոլորը կը սահմանափակուի միայն խօսքերով: Իրենց մարմիններուն վրայ Հայաստանի, պայքարի ու կռիւի դաջուածք ունեցողներ շատ կան, սակայն իրական գետնի վրայ անոնք ներկայութիւն չեն. այդ իսկ պատճառով դարձեալ կեանքի կ՚ուզենք կոչել Քաթիպայի թքելու հրաւէրը.-
«Քաջ ես, լըսել ենք, ինքըդ մեծաւոր,
Անուն յաղթողի ունես փառաւոր.
Բայց թէ թըրէդ շահ չունի ՀԱՅԱՍՏԱՆ,
Թըքել ենք քու ալ, թըրիդ ալ վըրան»:
Վերջին պատերազմը աւելիով փաստեց, որ խօսելով, լոզունգներով, նոյնիսկ տան մէջ սեփական թուր ու զէնք պահելով չէ՛ որ հայրենիքը կ՚ազատագրուի։ Ընկերային ցանցերու մէջ գրելով եւ կամ նկար տեղադրելով չէ՛ որ հայրենիքը կը փրկեն. անոնք պարզապէս թուքի արժանի արարածներ են, որովհետեւ ճշմարիտ հայը կը գիտակցի, թէ հայրենիքը կը փրկուի երբ մարդ իրապէս սկսի հասկնալ «ազատութիւն կամ մահ» կարգախօսը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -301-
Մեր եկեղեցիներուն մէջ գոյութիւն ունին կարգապահական օրէնքներ, սակայն կեանքի չեն կոչուիր:
Մի քանի օրեր առաջ ուխտագնացութիւն մը ունեցանք դէպի Հառիճավանք։ Վանքի մուտքին տեղադրուած էր յայտարարութիւն մը, թէ մարզական ու անպատշաճ զգեստներով, կիներու պարագային գլխաբաց, գլխարկով եւ կամ արեւային ակնոցը աչքերուն եկեղեցի մտնելը արգիլուած է: Տեսականօրէն շատ տեղին ու լաւ օրէնքներ են, սակայն գործադրող չկայ... Եկած էր զբօսաշրջիկ մը, որ գրեթէ կիսամերկ էր ու հակառակ այն իրողութեան, որ քահանայ հայրը այդտեղ էր, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն:
Ցաւ ի սիրտ, մեր օրերուն ունինք վախը «հաւատացեալ»ի մը բան մը ըսելու, նոյնիսկ ծխային եկեղեցիներէն ներս, որովհետեւ արդի հոգեբանութեան համաձայն «կը նեղուի եւ ուրիշ աղանդաւորական եկեղեցի կը յաճախէ»։ Պէտք է մտածենք մեր ուզածը թի՞ւն է թէ որակը. յստակ չափանիշներ պէտք է ունենանք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան