ՑԱՒԵՐ ԵՒ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Թէ չը լինի
Աշխարհում լաց.
Մեզ կեանք էլի
Չը տար Աստուած»։

ՐԱՖՖԻ

Մարդիկ յաճախ կը խորհին եւ իրենք իրենց կը հարցնեն՝ թէ աշխարհի վրայ ի՞նչու ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւններ կան, եւ թէ Աստուած, որ Բարի է, ի՞նչու կ՚արտօնէ որ մարդիկ այդ ցաւերուն, վիշտերուն եւ նեղութիւններուն ենթարկուին։

Առաջին ակնարկով, այս հարցումը կրնայ անմեղ եւ կամ բանական թուիլ, բայց պէտք է ընդունիլ, որ այս աշխարհը երբեք չէ խոստացուած որպէս բուրաստան մը. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Արդարեւ, Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան, 1835-1888), վերոյիշեալ քառեակին մէջ կու տայ հարցումին պատասխանը.- Եթէ վիշտ չըլլայ՝ կեանք ալ չ՚ըլլա՛ր…։

Ուստի կեանքին՝ աշխարհի անայլայլելի օրէ՛նքն է ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւն, որպէսզի ան գոյապահպանուի եւ գոյատեւէ։ Եւ մարդ ապրելու համար պարտաւո՛ր է հնազանդիլ, հպատակիլ կեանքի այս օրէնքին։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ պատմութեան արձանագրած վկայութիւններ ալ ցոյց կու տան թէ՝ մարդ, միշտ, անցեալի մէջ եւ ներկայիս ունեցած է ցաւեր, վիշտեր եւ նեղութիւններ եւ ունի՛ ներկայիս ալ, եւ դարձեալ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պիտի ունենայ ապագայի մէջ ալ, եւ մի՛շտ։

Մարդիկ յաճախ կը հանդիպին ցաւերու եւ վիշտերու իրենց կեանքի ընթացքին։ Նեղութիւններ, կորուստներ կ՚ունենան։ Եւ շատեր, դժբախտաբար չեն կրնար յաղթահարել զանոնք եւ կը յուսալքուին։ Երբ որեւէ դժբախտութիւն տեղի կ՚ունենայ, անոր պատճառած ցաւը եւ վիշտը անտանելի կը թուի։

Կեանքի մէջ զանազան դժբախտութիւններ եւ կորուստներ՝ սիրելիի մը մահը, դաժանութիւնը, յուսախաբութիւններ, լքումներ, մտերիմ փոխյարաբերութիւններու փլուզումներ, բաժանումներ կրնան վիշտ պատճառել։ Բոլոր այս վատ զգացումները յաղթահարելու բանալին կը կայանայ՝ մարդուն վիշտի ոգիի հետ հաւասարակշռուած բնական կեանքի մը գիտակցութեանը մէջ։ Մարդ կրնայ ժամանակի ընթացքին վերականգնուիլ եւ կամ ժամանակի ընթացքին հետզհետէ ընկղմիլ յուսալքութեան փոսին մէջ եւ բարոյապէս կորսուիլ անդունդի մը խաւարին մէջ։

Մարդիկ, ընդհանրապէս դժուարութեան մը, նեղութեան մը առջեւ կը յուսալքուին, քանի որ իրենք զիրենք կապանքի մէջ կը զգան, ինչ որ հասկացողութեան, ըմբռնումի պակա՛ս մըն է գործընթացքի մասին։ Այդ նեղութիւնը, ցաւը կամ վիշտը, արդարեւ, որոշակի իրադարձութիւններու յաջորդականութիւնն է՝ որ կրնայ պատահիլ մարդուս կեանքի ընթացքին։

Ակնյայտ է, որ նոյն ցաւը եւ նոյն վիշտը իւրաքանչիւր անձի համար տարբեր կերպով կ՚արտայայտուին եւ բոլորին վրայ նոյն ազդեցութիւնը չեն թողուր։ Այս իմաստով, ցաւը, վիշտը, նեղութիւնը յարաբերական են. անձէ անձ կը տարբերին անոնց տրուած կարեւորութիւնը։

Իւրաքանչիւր անձ զգացումներ ունի, եւ ունի նաեւ համոզումներ, հաւատալիքներ, իւրայատուկ տեսութիւններ եւ գաղափարներ։

Կ՚ըսեն, որ բժիշկը՝ աշխարհի վրայ Աստուծոյ ձեռքն է։ Արդարեւ, բժշկութիւնը գործընթաց մըն է, որուն միջոցով Աստուած քայլ առ քայլ կը մօտենայ Իր որդիներուն՝ մարդոց, մինչեւ հրաշագործութի՛ւն իսկ։

Աստուած, կը մօտենայ մարդուն, դժբախտութեան ժամանակ՝ որոնք ցնցումի եւ մերժուածութեան ժամանակներ են։ Իրականին՝ Աստուած կ՚օգտագործէ զանոնք, որպէսզի մեզ պաշտպանէ աւերներու դէմ, հեռու պահէ մեզ աւերներէ։

Մարդս կ՚անցնի կեանքի ճամբայէն եւ ընդհանրապէս մարդիկ չեն ակնկալեր ճամբու վրայ պատահելի արգելքներ՝ հարուածներ, փոսեր, վտանգներ։ Ուստի երբ անոնք յանկարծ պատահին, մարդ անոնց պատրաստ կրնայ չգտնուիլ, քանի որ անոնք անակնկալ կը պատահին, եւ անորոշութեան մէջ մարդ տագնապի կը մատնուի, ճգնաժամային կացութիւն մը կը ստեղծուի եւ անշուշտ ասիկա ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւն կը պատճառէ ենթակային։

Սուրբ Հոգին, որ Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած է, այդ հարուածները, անակնկալ պատահարներու պատճառած ցաւը եւ վիշտը կը մեղմացնէ։ Բայց մարդ պէտք է պատրա՛ստ ըլլայ կեանքի անակնկալներուն, քանի որ կեանքը միշտ լեցուն է անակնկալներով։ Ուրեմն յարմարիլ այդ անակնկալներուն, ընդունիլ եւ իւրացնել զանոնք արդիւնաւոր լուծում մը, միջոց մըն է դիմադրելու ցաւերու, վիշտերու եւ նեղութիւններու։

Կեանքը միօրինակ ընթացք մը չէ, ան իր կարգին ունի ելեւէջներ, փոփոխութիւններ. ահաւասիկ, մարդ եթէ ընդունի եւ իւրացնէ կեանքի այս իրականութիւնը, աւելի թեթեւ կ՚ըլլայ ցաւերու եւ վիշտերու ազդեցութիւնը։

Արդարեւ, ցնցում եւ մերժուածութիւն, լքում բնական երեւոյթներ են, եթէ ժամանակաւոր են։ Այսուհանդերձ, անոնք կը դառնան մեծ խնդիր, կարեւոր հարց, երբ մարդիկ տկարանան՝ հրաժարին դիմակայել, պայքարիլ, եւ մանաւա՛նդ քա՛ջ ըլլալու բարձր հոգեվիճակը չունենան իրականութեան դէմ եւ չփորձեն ազատիլ այդ վիճակէն։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ ըսուած է՝ թէ կեանքը անվերջ պայքա՛ր մըն է։

Մարդիկ յաճախ կը զգան զայրութեան զգացումը։

Այս մասին, չկա՛յ մէկը, որ ըսած չըլլայ. «Երանի՜ թէ ըրած չըլլայի, ըսած չըլլայի այս կամ այն բանը, եւ կամ երանի՜ թէ սապէս ըրած ըլլայի»։

Սատանան ուղիներ կը փնտռէ մարդը մեղադրելու համար՝ նպատակ ունենալով մարդը նետել մեղաւորութեան զգացումին մէջ՝ որ ինքնին ցաւ եւ վի՛շտ է։ Արդարեւ յայտնի առածը կ՚ըսէ. «Բարկութիւնը կու գայ՝ մարդուն աչքը կը կարմրի, բարկութիւնը կ՚երթայ՝ երեսը կը կարմրի»։ Ուստի բարկութիւնն ալ ցաւի, վիշտի եւ նեղութեան առաջնակարգ պատճառներէն մին է, պէտք է հեռո՛ւ մնալ, եթէ մարդ կ՚ուզէ հեռու ըլլալ ցաւէ, վիշտէ եւ նեղութիւններէ։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր, բայց կ՚աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով», (ՓԻԼԻՊ. Գ 13-14)։

Ինչո՞ւ ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւն կայ։

Եթէ խաւարը չըլլար, մարդիկ լոյսին արժէքը պիտի կարենայի՞ն հասկնալ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 14, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020