ՎԻՃԱԲԱՆԻԼՆ ԱԼ ԱՐՈՒԵ՛ՍՏ ՄԸՆ Է
Վիճաբանութիւնը, իր շնորհալի կերպով եւ մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութեան սահմաններուն մէջ՝ բանականութեան եւ խորհելու ու արտայայտուելու ազատութեան բնական մէկ պահա՛նջքն է։ Արդարեւ, պարզ է եւ հասկնալի, թէ խորհող մարդը կը վիճաբանի, քանի որ թէեւ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, բայց զայն գտնելու ճամբաները եւ միջոցները՝ տարբե՛ր։ Եւ երբ միջոցները տարբեր ըլլան, բնական է որ տարակարծութիւններ ըլլան՝ որոնք վիճաբանութեան սկի՛զբն են։ Ուստի «վիճաբանութիւն»ը մարդկային բանականութեան մէկ ստուգանի՛շն է. հոն՝ ո՛ւր վիճաբանութիւն գոյութիւն ունի՝ հո՛ն միտք կայ, գաղափար կա՛յ։
Բայց, ինչպէս մեր խօսքին սկիզբը մատնանշեցինք, վիճաբանութիւնը պէ՛տք է ըլլայ «շնորհալի» եւ «սահման»ի մը մէջ, որ կ՚ենթադրէ անկեղծութիւն, հաւատարմութիւն, գիտակցութիւն եւ փորձառութի՛ւն։
Այս իմաստով վիճաբանութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ մարդկային կեանքի յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան եւ մտապէս լուսաւորութեան գործին մէջ։ Այս կերպով վիճաբանիլը իրապէ՛ս արուե՛ստ մըն է եւ ինչպէս ամէն արուեստ, ան ալ ձիրք մըն է՝ ուղիղ կերպով օգտագործելու նկատմամբ։
Ինչպէս ըսինք, «շնորհալի վիճաբանութեան» նախապայմա՛նն է՝ անկեղծութիւնը։
Ի՞նչ կը նշանակէ վիճաբանութեան մէջ անկեղծութիւնը։ Այս կը նշանակէ որ դիւրաբորբոք՝ շուտով բարկացող, զգացումներով տարուող, դիւրագրգիռ մարդոց վիճաբանութիւնը զիրենք կը զրկէ ուղիղ դատողութենէ եւ արգե՛լք կ՚ըլլայ առողջ արդիւնքի մը գոյացման։ Ուրեմն այդ տեսակ մարդոց վիճաբանութիւնը վստահութիւն չի՛ ներշնչեր։
Յետոյ, անկեղծութիւն կը նշանակէ՝ հաստատամտութի՛ւն։ Յարափոփոխ բնաւորութեան տէր մարդիկ, փոփոխամիտ անձեր յաճախ կը փոխեն նաեւ վիճաբանութեան ընթացքը՝ հաստատամիտ չեն, եւ կ՚ըսեն. «թէեւ ես այդպէս ըսի, բայց այնպէս ըսել չուզեցի՛…»։ Ահաւասիկ փոփոխամիտ մարդու սովորական չքմեղանքը՝ ինքզինք արդարացնելու խօսքը։
Այն որ հաստատամիտ չէ, այն որ հաստատ եւ շիտակ նկարագիր չունի, կրնայ անմիջապէս դառնալ իր խօսքէն եւ ըսել. «ես անիկա ըսել չէի ուզած…»։ Անոնց տրուելիք պատասխանը սա՛ է՝ «բայց ըսի՛ր, ապա ուրեմն պաշտպանը եղիր քու խօսքիդ, քանի որ խօսքը արժանապատուութի՛ւնդ է, խօսքդ քո՛ւ ինքնութիւնդ է, խօսքդ դո՛ւն ես, քու անձնաւորութի՛ւնդ»։
Անկեղծութիւնը կը պահանջէ նաեւ չվիճաբանի՛լ ծածուկ նպատակով մը, այլ բացայայտօրէն ըսել այն՝ ի՛նչ որ մտածուած է, այն՝ ի՛նչ որ կը պահանջուի ու կը պաշտպանուի։ Այլապէս վիճաբանութիւնը կը վերածուի խեղկատակութեան մը եւ կամ վերջաւորութիւնը յայտնի բեմադրութեան մը։
Եւ անկեղծութենէ զուրկ վիճաբանութիւն մը անիմաստ արարք մըն է՝ հոսանքի դէմ թիավարել՝ ապարդիւն եւ աննպատա՛կ։ Այն վիճաբանութեան մէջ՝ ուր անկեղծութիւնը կը պակսի, երբե՛ք վստահութիւն չի՛ ներշնչեր։ Այդ կերպով վիճաբանիլ փորձողներ՝ միայն ու միա՛յն ուրիշներու խաղալիկը կրնան ըլլալ։ Եւ ուրիշներու ազդեցութեամբ վիճաբանիլը՝ հակառա՛կ է թէ՛ մարդկային բանականութեան, թէ՛ խորհելու ազատութեան եւ թէ արժանապատուութեան։ Եւ այսպէս վիճաբանողներ, վիճաբանութեան մէջ անկեղծ չեղողներ կը նմանին այն տիկնիկներուն՝ մարդաձեւ պուպրիկներուն, որ ուրիշներէ կը վարուին եւ ուրիշներու կամքին համեմատ կը շարժին եւ կ՚առաջնորդուին…։
Մինչդեռ վիճաբանողը պէտք է շարժի ըստ իր բանականութեան եւ մանաւա՛նդ իր ազատ կամքին։ Եւ մարդկային արժանա-պատուութիւնը, մարդկային բանականութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։
Ուստի ամերիկացի Էմիրսըն կ՚ըսէ, թէ՝ որեւէ գործ կատարելու, մինչեւ իսկ հաւկիթ մը խաշելու համար երկու կերպ կայ. մին՝ շնորհալի կերպը, եւ միւսը՝ անշնորհք կերպը։
Ահաւասիկ, վիճաբանութիւններն ալ ունին այս շնորհալի եւ անշնորհք կերպերը։ Արդարեւ, շնորհալի կերպով վիճաբանիլը ազնիւ մարդու գործ է, տաղանդաւոր եւ հասուն անձնաւորութիւն ունեցողի գործ է, արուե՛ստ մըն է, որ կը պահանջէ փափկանկատութիւն, համակրական փոխադարձ հասկացողութեան կարողութիւն եւ վերջապէս՝ մարդկային արժանապատուութի՛ւն…։
Ինչպէ՞ս կարելի է մեկնաբանել այն արարքը՝ երբ մէկը երէկ անարգած, վարկաբեկած, պի՛ղծ համարած մարդոց հետ այսօր կը համագործակցի, անոնց հետ՝ առանց նկատի ունենալու նախապէս ըսածները, միասին կ՚ըլլայ, կը համադասուի։ Բանաւոր արդարացում մը կարելի՞ է գտնել հոն՝ ո՛ւր յեղյեղուկ եւ դիւրափոփոխ նկարագիրներ, անհաստատ ու տհաս անձնաւորութիւններ կան։
Եւ մարդ կը չափուի իր խօսքերով եւ գործերով՝ ըսածներով եւ ըրածներով. չէ՞ որ պէտք է մարդուս, յատկապէս «մա՛րդ» եղողին կը վայելէ որ այոն «այո՛» ըլլայ, եւ ոչը՝ «ո՛չ»։
Մէկ խօսքով մարդուս խօսքը պէ՛տք է համապատասխան ըլլայ իր գործին, եւ մարդ պէ՛տք է իր խօսքին տէրը ըլլայ, պաշտպա՛նը իր խօսքին։
Ուրեմն մարդ պէտք է սանձահարել գիտնայ իր կիրքերը, մանաւա՛նդ՝ բարկութիւնը. ինքնազսպութիւնը ամենամեծ առաքինութիւններէն մի՛ն է, որ կ՚ազնուացնէ մարդը՝ վստահելի եւ յարգելի կ՚ընէ ընկերութեան մէջ։
Ողջամիտ մարդը՝ խօսած ատեն ուշադրութիւն կ՚ընէ իր «չըսելիքներուն», քան ըսելիքներուն։ Զգոյշ կ՚ըլլայ որ չվիրաւորէ արժանապատուութիւններ, ինքնազուսպ կ՚ըլլայ որեւէ վնասակար խօսք եւ արտայայտութիւն ունենալէ։ Այլապէս երբ մէկը իր լեզուին չի կրնար տիրապետել, ապա ուրեմն ինքնիրեն ինչպէ՞ս կրնայ տիրապետել եւ ինքնիրեն տիրապետելու կարողութենէն զուրկ մէկը ուրիշներու վրայ ի՞նչպէս կրնայ ազդեցութիւն գործել։ Իր կիրքերը սանձահարելու կարողութենէ զուրկ մէկը անվըս-տահելի մէկն է՝ կասկածելի եւ կեղակա՛րծ։ Յարափոփոխ նկարագիր ունեցող փոփոխամիտ անձեր՝ օգուտէ աւելի վնա՛ս կը պատճառեն թէ՛ իրենք իրենց եւ թէ՛ իրենց շուրջիններուն։
Ըսինք, ինքնազսպութիւնը առաքինութիւն է, բայց երբ մարդ կը թերանայ ինքնազսպութեան մէջ, ապա ինչպէ՞ս կրնայ դասակից եւ գործակից ըլլալ իր վիրաւորած անձերուն եւ անոնց կազմած դասուն հետ։
Հասկնալ, իրապէս անկարելի՛ է ասիկա։
Ուստի վիճաբանութեան, քննադատութեան ոճը խորհրդանի՛շն է մարդուն։ Ոճը մա՛րդն իսկ է, եւ վիճաբանութեան ձեւն ու ոճը յստակօրէն երեւան կը բերէ «մարդ»ը՝ այն մարդը որ նախապէս չէր ճանչցուած, քանի որ առիթ չէր ներկայացած ծանօթանալու, եւ վիճաբանութեան ոճին շնորհիւ, ահաւասիկ երեւան կու գայ անոր հոգեբանութիւնը՝ իսկական «Ե՛ս»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 18, 2017, Իսթանպուլ