ՅԱՂԹՈՂ ԸԼԼԱԼ… -Բ.-
«Վատթարացուցիչ հիւանդութիւն մը՝ որ ջղային դրութեանս մէջ է», ըսաւ պաղարիւնութեամբ։ «Բժիշկները ըսին, թէ մահացու է եւ յոյս չկայ եւ պիտի կորսնցնէի թեւերուս եւ սրունքներուս գործածութիւնը մինչ քաղցկեղը կը տարածուէր մարմնիս մէջ, բայց ես վերսկսած եմ գործածել թեւերս եւ սրունքներս»։
«Ինչպէ՞ս», հարց տուի։
«Հիւանդութեանս յաղթեցի, դո՛ւն ալ կրնաս», պատասխանեց։
«Արդէն Աստուծոյ աղօթած եմ, որ դարմանէ իմ քաղցկեղս», ըսի։
«Այդ սկիզբն է», ըսաւ Մէյրին։ «Բայց ես դարմանէ չըսի, հապա -նուաճէ-, յաղթէ՛, ըսի։ Այդ աւելի խոր իմաստ մը ունի։ Փոխանակ Աստուծմէ խնդրելու, որ ֆիզիքական պարագաներդ, այսինքն՝ քաղցկեղդ բժշկէ, խնդրէ որ Ան քեզ, քու հոգեվիճակէդ ձերբազատէ»։
Աստուած երբ զիս լուսաւորեց այս խորհուրդներով, կեանքս բոլորովին փոխուեցաւ։ Յանկարծ տեսայ իմ ճնշումներս, ժխտական զգացումներս, ինչպէս՝ բարկութիւն, աններող հոգի եւ անպտուղ հոգեւոր կեանքը, որ կ՚ապրէի։ Տեսայ, թէ ի՛նչ որ մտքիս կը հրամցնէի, բաւարար չափով բծախնդիր չէի։ Թէպէտ հաւատացեալ մըն էի, սակայն՝ մարմնաւո՛ր։ Ի՛նչ որ կեանքէն կ՚ակնկալէի, նիւթական ապահովութիւն եւ դիրք էր, փոխանակ՝ հաւատք, յոյս եւ սէր։
«Կրէ՛կ, ըսեմ քեզի մեծ գաղտնիքը», ըսաւ Մէյրի յստակ եւ ինքնավստահ ձայնով մը։ «Կեանքդ չի փոխուիր, քանի որ լուրջ հիւանդութենէ մը կ՚անցնիս։ Կը վերապրիս լուրջ հիւանդութենէն, որովհետեւ կեանքդ փոխուած է»։
Կեանքս փոխուելո՞ւ էր, մտածեցի։ Ի վերջոյ «Տիրոջը գործն է, որ կ՚ընէի», որպէս առօրեայ գործ։
Այո՛, կեանքս պէտք էր փոխուեր։ Անհրաժե՛շտ էր որ իմ կեանքս նոյնանար Տիրոջս կամքին հետ։ Եւ երբ աղօթեցի. «Տէ՛ր, բժշկէ զիս», սորվեցայ թէ իմ ֆիզիքական բժշկութիւնս Աստուծոյ ծրագրին մէջ վերջին նիւթը կրնար ըլլալ։ Բժշկութիւնը հոգեկան խաղաղութենէն կախեալ է։ Բժիշկները սկսած են հասկնալ, թէ որքան դրական ազդեցութիւն ունին մեր առողջ հոգեւոր եւ զգացական կեանքերը, մեր ֆիզիքական կենցաղին վրայ։ Ներքին խաղաղութիւնը կ՚ազդէ ֆիզիքականին։ Եթէ խաղաղութիւնը քեզ պատած է եւ լեցուցած է, այն ժամանակ դուն «քաղցկեղներու» կը յաղթես, փոխանակ անոնք քեզի։ Այն ժամանակ կացութեան հետ կը հաշտուիս եւ կ՚ընդունիս ի՛նչ որ պատահի. մահ՝ թէ կեա՛նք մը, որ շատ աւելի իմաստալից է՝ քան քու կարծածդ։
Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ հրամանը՝ «Այսօր սիրէ աղջիկդ» կրնայ ուղղակի՛ արդիւնքը ըլլայ իմ բժշկութեան աղօթքիս։
Այդ օրէն սկսեալ հարիւրաւոր վերապրող հիւանդներու հետ հանդիպում ունեցայ, անձեր՝ որոնք նուազագոյն կարելիութիւնները յաղթահարած էին։
Ճշմարտապէս կրնամ ըսել, թէ անոնք վերապրողներ չէին, այլ՝ յաղթողնե՛ր։ Անձ մը յիշեց, թէ լաւ բժիշկ մը ունենալը կարեւոր է, մէկը, որ քեզի կարեկցի, ընկերակից մը ըլլայ եւ ոչ՝ դուն անոր «զոհ»ը։ Ուրիշ մը շեշտեց կարեւորութիւնը՝ կոտրած սրտեր շինելու եւ դարմանելու։ Մէկալ մը՝ ինչպէս մտահոգութիւն եւ ճնշում կ՚անդամալուծեն ձեզ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս, եւ թէ ի՛նչպէս մենք կրնանք մեր դիրքաւորումը ճշդել եւ մեր զգացումները ուղղել։
Ամէն անձ իր իւրայատուկ ոճը ունէր, բայց իրենց պատգամները նոյնանման էին։ Միասնաբար անոնք ինծի յիշեցուցին հետեւեալ համարը. «Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է, հիները անցան, եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ». (ԿՈՐՆԹ. Ե 17)։
Այն մարդիկը, որոնք քաղցկեղի յաղթած էին, անոնք իրենց հիւանդութիւնները ընդունեցին որպէս պատգամ մը Աստուծմէ, իրենց կեանքերուն ուղղութիւնը ճշդելու։ Անոնք դադրած էին մարտնչելէ Աստուծոյ հետ, եւ փոխարէնը՝ Իր եւ բժիշկներու հետ գործակցաբար բժշկուած էին։
Իմ հերոս ընկերներս եւ ես միասնաբար հաւաքոյթներ կազմակերպեցինք, որովհետեւ իրարմէ ուժ եւ քաջութիւն կ՚առնէինք, քանի որ իւրաքանչիւրս Աստուծոյ սիրոյն եւ բժշկարար զօրութեան ապրող փաստերն էինք։
Պէտք է ընդունիմ, թէ այս բոլորը մէկ գիշերուան մէջ չեղան։ Այս տեսակ բժշկութիւնը երբեմն դանդաղ եւ տառապալից է։ Որովհետեւ, զգացումներու հետ է գործդ։ Մօտենալ մարդոց, որոնց պէտք է ներես եւ կամ ներում խնդրես։ Աղօթքի մէջ ժամանակ անցընել եւ Աստուծոյ յանձնել կեանքիդ ղեկը։ Այս բոլորը Յիսուս կը պատուիրէ մեզի, որ կատարենք եւ երբ ընենք, Ան խոստացած է մեզ նոր ստեղծուածներ ընել։ Քաղցկեղն էր որ ինծի դաս մը սորվեցուց եւ քաղցկեղն էր որ իմ կեանքս ազատեց…
Վերջին անգամ երբ բժիշկին գացի՝ ո՛չ նախկին բժիշկին, քաղցկեղի ոչ մէկ հետք կար։ Բայց անկեղծօրէն կրնամ վկայել, թէ այդքան ալ մեծ նշանակութիւն չունի, որքան իմ «ներքին մարդուս» բժշկութիւնը։ Ի վերջոյ բոլորս ալ պիտի մեռնինք։ Հաստատ կը հաւատամ, թէ «որքան երկա՛ր կ՚ապրինք»ը այնքան ալ կարեւոր չէ, քան՝ «որքան, խորո՛ւնկ կեանքեր կ՚ապրինք»։
Եթէ առա՛ջ խնդրենք Աստուծմէ մեր ներքին խաղաղութիւնը, աշխարհ եւ մեր շուրջինները 100 անգամ աւելի տարբեր պիտի ըլլան՝ քան ինչ որ պիտի ջանայինք դրամ եւ համբաւ հետապնդելով։
Յիսուսի պատուէրն է, որ մենք ա՛յսպէս ապրինք։
Եթէ Իրմէ խնդրենք, Ան կը վստահեցնէ թէ՝ «Ալ աւելի յաղթո՛ղ պիտի ըլլանք». (ՀՌՈՄ. Ը 37), ոչ միայն հիւանդութիւններու, այլ կեանքի ամէն նեղութիւններու, ամէն դժուարին պարագաներուն մէջ։
Տէրը, Սէրը եւ Յոյսը անպակաս ըլլայ մեզ։
Հաւատքով ամէն ինչ կարելի՛ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•վերջ
Սեպտեմբեր 25, 2023, Իսթանպուլ