ԽԱՉԻ ԳԻՒՏԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Որեւէ բան կորսնցնել անշո՛ւշտ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ անոր՝ որ կորսնցուցածին արժէքը գիտէ եւ մանականդ կ՚անդրադառնայ, թէ կորսնցուցած է այդ «արժէ՛ք»ը։ Այն որ անտարբեր չէ իր արժէքներուն, իրեն պատկանած նուիրականութիւններուն, նախ հոգածութիւն ցոյց կու տայ, որ չկորսնցնէ զանոնք, իսկ եթէ կամքէ բոլորովին անկախ պատճառներով կը կորսնցնէ, ամէն ճիգ չի՛ խնայեր զանոնք գտնելու եւ վերատիրանալու համար անոնց։

Արժէք մը չկորսնցնել ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն կը պահանջէ, իսկ կորսուածը փնտռել՝ պատրաստակամութիւն, հաստատ մտադրութիւն, ինքնավստահութիւն, ազնուութիւն եւ անշուշտ զօրաւոր հաւատք։ Եւ շատ անգամ կորսուածին արժէքը կը կրկնապատկուի, քանի որ իրական արէքներ իրենց բացակայութեան աւելի եւս զգալի կը դառնան, քանի որ անոնց պակասը իրեն հետ կը բերէ շատ մը թերութիւններ։

Ուրեմն, պակասին անդրադառնալ, պակասին կարեւորութիւնը եւ արժէքը գիտնալ եւ զայն վերագտնելու համար աշխատիլ ողջախոհ եւ իմաստուն մարդու գործ է։ Եւ ահաւասիկ, «Խաչի գիւտ»ի յիշատակը այս գիտակցութեան, ողջամտութեան եւ իմաստութեան տիպարի մը յիշատակն է։ Խաչին գիւտը մեզի օրինակ մըն է, մեր ամբողջ կեանքին համար, թէ՝ կորսուած որեւէ արժէք պէտք չէ՛ թողուի որպէս «կորսուած» այլ պէտք է առանց ձանձրանալու՝ հաստատ համոզումով եւ յարատեւութեամբ փնտռուի, եւ երբ գտնուի, ըստ իր արժէքին պէ՛տք է խնամուի եւ պէտք եղած միջոցառումները առնելով եւ կարելի չափով արգելք հանդիսանալ, որ կրկին չկորսուի ան։ Խաչի գիւտի մեզի տուած բարոյական դասերէն մին ա՛յս է, որուն պէտք է համակերպինք։

Ուրեմն, այս խորհրդածութիւններով անգամ մըն եւս յիշենք Խաչի գիւտին պատմական իրադարձութիւնները եւ վկայութիւնները։

Այն ժամանակներուն, երբ խաչուեցաւ Քրիստոս, հրեաներու կողմէ քրիստոնեաներու դէմ մղուած բուռն եւ անողոք հալածանքներուն իսկ պատճառաւ Խաչեալին անունը նոյնիսկ զգուշութեամբ եւ վախով կ՚արտասանուէր Քրիստոսի հետեւորդներու կողմէ, ուստի կարելի չէր խաչափայտին մօտենալ եւ հանել զայն Գողգոթայի աղբանոցին մէջէն՝ ուր լքուած էր հրեաներու կողմէ, մանաւանդ անարգելու համար զայն։ Եւ խաչափայտին աղբիւսներէն մէկուն մէջ լքուելու միակ պատճառն էր՝ նախատել եւ վարկաբեկել զայն, թէ ոչ՝ սովորութիւն էր որեւէ խաչափայտ թողուլ հոն՝ ո՛ւր խաչուած էր դատապարտեալը։

Ուստի առաջին օրէն, Քրիստոսի խաչուած խաչափայտը թաղուեցաւ աղբանոցի մէջ։

Այս աւանդութիւնը առ առաւելն ցոյց կու տայ թէ՝ «խաչին գաղափար»ը եւ խորհուրդը առաջին պահէն իսկ երբ խաչուեցաւ Քրիստոս, որքա՜ն մեծարելի եւ յարգելի էր դարձած քրիստոնէական իմացականութեան եւ գիտակցութեան, ինչ որ աւելի եւս գրգռած էր հրեաները։

Ուստի խաչին հանդէպ քրիստոնեաներու այս բծախնդրութիւնը եւ արդար զգայնութիւնը պատեհութիւն է ընծայած անոր գիւտը կատարել դարեր վերջ իսկ։ Այս իրագործել վիճակեցաւ Բիւզանդիոնի Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէի՝ 327 թուականին։

Հեղինէի կողմէ կատարուած ստիպումներուն վրայ՝ Յուդա անունով երուսաղէմացի հմուտ եւ իրազեկ հրեայ մը ցոյց կու տայ խաչափայտին թաղուած տեղը՝ աղբերու մէջ։ Անմիջապէս պեղումներ կը կատար-ւին եւ իրապէս, հոն կը գտնուին երեք խաչափայտեր՝ որոնցմէ մին Քրիստոսի վրան խաչուածն էր, իսկ միւս երկուքը՝ Քրիստոսի երկու կողմերը խաչուած երկու աւազակներու խաչափայտերը անշուշտ։

Արդարեւ, այդ երեք խաչափայտէն, Քրիստոսի խաչափայտը ստուգել կարելի չէր, մանաւանդ որ անոնք երեք դար մնացած էին մօտաւորապէս 20 թիզ խորութեան տակ, աղբերու կոյտին մէջ։ Ուստի, առաջին ակնարկով անկարելի կը թուէր զանազանել զանոնք եւ ստուգել Քրիստոսի խաչուած խաչափայտը։

Ստուգելու համար, ուրեմն մեռած պատանիի մը դին՝ անշունչ մարմինը մօտեցուցին երեք խաչերուն հետզհետէ, եւ ստուգուեցաւ որ երրորդը, իսկական «Տէրունի խաչափայտ»ն էր, քանի որ այդ երրորդ խաչափայտին հպումովը իսկ յարութիւն էր առած մեռեալ պատանին։

Եւ ահաւասիկ, այն ատեն Կիւրեղ եպիսկոպոս, որ այդ ժամանակի Երուսաղէմի հայրապետն էր, բարձրացուց խաչափայտը ի տես բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ երկրպագեցին անոր։

Ուստի, պատմական այս եղելութեան յիշատակն է որ կը կատարուի Հոկտեմբեր 26-ի մերձաւոր Կիրակին, եւ այս տարի՝ Հոկտեմբեր 29, Կիրակի օր։

Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, իր «Սուրբ Եւ Տօնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» աշխատասիրութեան մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ «Գիւտ Խաչ» անուան ներքեւ կը կատարուի խաչափայտին գիւտը՝ 327 թուականին, իսկ անոր բարձրացման եւ փառաւորման իմաստը խառնուած է բո՛ւն «Խաչվերացի տօն»ին հետ։

«Վերջապէս, Խաչին փառաւորեալ բարձրացուցման երրորդ եւ մեծագոյն առի՛թն է եղած անոր գերեդարձը։ Խոսրով՝ Պարսիկներու թագաւորը՝ Յոյներու դէմ իր պատերազմին մէջ, 610 թուականին, յաղթելով Հերակլի, Երուսաղէմն ալ գրաւելով՝ գերի տարաւ խաչափայտը։

«Հերակլ զօրաժողով ըրաւ եւ մեծ բանակով քալեց Պարսիկներու վրայ, ուր զօրավարներէն էր նաեւ հայ գունդէն Մժէժ Գնունի։

«Խոսրով չարաչար պարտուեցաւ։

«Պայման դրուեցաւ խաչափայտին ազատումը՝ որ կատարուեցաւ 628 թուականին եւ Խաչափայտը վերադարձուեցաւ քրիստոնեաներուն, որ Պարսկաստանէն Կարին, Կարինէն Կ. Պոլիս, եւ յետոյ մինչեւ Երուսաղէմ աննկարագրելի ոգեւորութեան պատճառ դարձաւ…», կ՚ըսէ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան։

Ուստի ի՛նչպէս բոլոր Խաչի տօները, նաեւ «Խաչի Գիւտ»ի յիշատակի տօնն ալ բարեպատեհ առի՛թ մըն է վերյիշելու Խաչին զօրութիւնը, եւ անոր անիմանալի՜ ազդեցութիւնները քրիստոնեայ հաւատացեալին վրայ։

Եւ յետոյ, Խաչին գիւտը մեզ կ՚անդրադարձնէ մեր «կորսուած արժէք»ներուն անտարբեր չմնալ՝ փնտռե՛լ զանոնք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 25, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017