ԱՍՏՈՒԱԾ ՎԿԱՅ… ՀԱ՛Յ ԵՆՔ

Հայրենիքի մէջ բնակութիւն հաստատելուս եղաւ աւելի քան երկու տարի, սակայն մինչեւ օրս երբ փաստաթուղթերու կամ անձնական գործերու համար այս կամ այն կազմակերպութեան, մի՛նչեւ իսկ կառավարական գրասենեակներու հետ գործ ունենամ, մի՛շտ նոյն հարցումներուն դէմ հանդիման կը գտնեմ անձս.-

-Հայերէն կը հասկնա՞ք:

-Հայերէն կը կարդա՞ք:

-Ո՜հ, հայերէն ալ կը գրէ՞ք:

Հարցումներ՝ որոնք ակամայ ալեկոծութիւն մը կը ստեղծեն մինչեւ այդ խաղաղ հոգիիդ մէջ ու ակամայ հայերէն հասկնալ, կարդալ ու գրել գիտնալու «փաստ»եր ներկայացնելու պէտքը կը զգաս, միւս կողմէ վրդովելով, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ հայ մը չհասկնայ, չկարդայ եւ կամ չգրէ իր մայրենի լեզուն: Պահ մը կ՚ուզես ըսել, որ աւելի՛ հայերէն գիտես՝ քան ինք, որպէս փաստ սրբագրելով իր վայրկեաններ առաջ գործածած «կոլեգա» բառը, որուն հայերէնը պաշտօնակից կամ գործընկեր բառերն են... սակայն քաղաքավարութիւնը չ՚արտօներ:

Կ՚ուզես ըսել որ դուն ամէ՛ն օր այդ լեզուի փառաբանանքը կ՚ընես գրելով, շատ անգամ համեստութեան սահմանները անցնելով լրագրող ըլլալդ կ՚ուզես յայտնել... սակայն լռութեամբ կը կարդաս կամ կը գրես ուզուածը՝ որպէս «փաստ» ներկայացնելու մայրենի լեզուի գիտութիւնդ, որուն դիմաց աշխատակիցը գոհունակութեամբ կ՚ըսէ.-

-Մալադձեց... պռոստը շատեր չեն իմանում:

Վերոյիշեալ նոյն հարցումները այս անգամ դո՛ւն կ՚ուզես հարցնել... կ՚ուզես սորվեցնե՛լ թէ «Մալադձեց»ին ու «պռոստը»ին տեղ ինչքա՜ն անուշ պիտի հնչէր «կեցցե՛ս»ն ու «պարզապէս»ը: Քաղաքավարութի՜ւն... պռոստը ժպտալով դուրս կու գաս՝ անհաւատի մը կողմէ Աստուծոյ քարոզութիւնը լսած ըլլալու տպաւորութեամբ:

***

Լսուած բան է, թէ մարդ վաճառականութեան մէջ պէտք է ամէ՛ն գոյն ունենայ իր մէջ՝ սիրաշահելու համար յաճախորդը, որմէ կախեալ է իր օրապահիկն ու ապագայ հարստութիւնը: Սակայն շատեր այդ գոյները իրար կը խառնեն:

Վերջերս մուտք գործեցի խանութ մը ու բարեւելէ ետք վաճառքի դրուած ապրանքները քննել սկսայ: Իմ կամքէս անկախ վաճառողը գիտցաւ, թէ սփիւռքէն եմ եւ սկսաւ տեսականիներ ներկայացնել.

-Վերի կուտ... դիս նայս:

Անմիջապէս յայտնեցի, թէ հայ եմ. «կրնաս հայերէն խօսիլ»:

Չլսելու տալով ձեռքը առաւ այլ օրինակ մը եւ սկսաւ իր չգիտցած անգլերէնով բռնած ապրանքին գովքը հիւսել. անգլերէն լեզուի խաչելութիւնը տեղի ունեցաւ այդտեղ: Պահեր առաջ 500 արժող ապրանքը հրաշքով դարձաւ 2000 ու «վերի կուտ»երը սկսան դառնալ «վերի վերի կուտ»ի... որովհետեւ «վերի»ն ինչքա՛ն շատ՝ գինը այնքան բարձր կ՚ըլլայ: 

-Հայերէն կրնա՛ս խօսիլ... ես հայ եմ:

Ապարդի՜ւն... դուն այդտեղ հայ չե՛ս կրնար ըլլալ երբեք:

***

Անցեալները գացի վաճառատուն մը եւ ներկայացող աշխատող աղջկան «ինչպէ՞ս կարող եմ օգնել» հարցումին պատասխանեցի, թէ կ՚ուզեմ գիշերանոցներու բաժինը տեսնել: Երիտասարդ աղջիկը զիս առաջնորդեց կանացի ներքնազգեստներու բաժինը եւ քիթին տակէն ժպտալով ըսաւ, թէ այստեղ են գիշերանոցները: Սխալը ուղղելու համար սկսայ բացատրել, թէ ինչ բան է գիշերանոցը՝ որ ես կ՚ուզեմ: Մի քանի վայրկեան բացատրելէ ետք, նոր գիւտ մը կատարածի տպաւորութեամբ ըսաւ.

-Հա՜, դրան գիշերանոց չենք ասում. դուք պիժամա էք ուզում...

Գացինք պիժամաներու բաժինը. գիշերանոցները այդտե՛ղ էին: Պահ մը ետք նկատեցի, որ աղջիկը միւս «կոլեգա»ներուն նայելով կը կատակէ ու ծաղրէ պատահածը, մինչ միւս աշխատողը աչքի նշանով մը «ամօթ է» ըսել կ՚ուզէ:

Այս անգամ սակայն քաղաքավարութիւնը չներեց: Հեռախօսիս մէջէն բացի Հրաչեայ Աճառեանի «Ժամանակակից Հայոց Լեզուի Բացատրական Բառարան»ը եւ կանչելով աղջկան խնդրեցի, որ կարդայ «գիշերանոց» բառի բացատրութիւնը.- «գիշերը քնելիս հագնելու երկար շապիկ, գիշերազգեստ»:

Սրտնեղած դուրս եկայ... վստա՛հ եմ աղջիկը մինչեւ հիմա պիժամա կը վաճառէ յաճախորդներուն:

Հայ ըլլալը դժուար, սփիւռքահայ ըլլալը ա՛լ աւելի դժուար է աշխարհի մէջ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
(1959-1999)

Մեր թուականէն 22 տարիներ առաջ՝ 27 հոկտեմբեր 1999-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին մէջ ահաբեկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին պաշտպանութեան նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, հրամանատար եւ Ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեան:

Վազգէն Սարգսեան ծնած է 5 մարտ 1959-ին, Արարատի մարզի Արարատ գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ուսումը շարունակած Երեւանի «Ֆիզիկական կուլտուրայի հայկական պետական ինստիտուտ»ի մէջ՝ 1976-1979 թուականներու միջեւ: Աւարտելէ ետք 1983-1986 թուականներուն եղած է ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ:

Սարգսեան զբաղած է հասարակական գործունէութեամբ եւ գրականութեամբ: Ան իր առաջին վէպը գրած է 1980 թուականին, որմէ հինգ տարիներ ետք՝ 1985-ին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ: Որոշ ժամանակ՝ 1986-1989 թուականներուն գլխաւորած է «Գարուն» ամսագիրի հրատարակութեան բաժինը: Ազգային հերոսին առաջին գիրքը՝ «Հացի փորձութիւն»ը հրատարակուած է 1986 թուականին, որուն համար արժանացած է մրցանակի: Գեղարուեստական ստեղծագորուծիւններու կողքին ան հանդէս եկած է նաեւ հրապարակախօսութիւններով, որոնք հրատարակուած են զանազան պարբերականներու մէջ:

Ղարաբաղեան շարժումի սկզբնական շրջանին Սարգսեան եղած է Երասխի կամաւորական գումարտակի հրամանատար՝ 1989-1990 թուականներուն: Այնուհետեւ 1990-ին ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ մինչեւ 1991 թուականը: Նոյն տարիներուն, իր նախաձեռնութեամբ հիմնուած է «Երկապահ» կամաւորներու խումբը, որոնք յետագային հեղած են հայկական բանակի հիմքը:

Սեպտեմբեր 21-ի անկախացումէն ետք Վազգէն Սարգսեան ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին պաշտպանութեան նախարարը՝ 1991-ին: Սարգսեանի ջանքերով կազմակերպուած է զինուորահաւաք, որոնց միջոցաւ ազատագրուած են Շուշին, Բերձորը եւ ուրիշ կարեւոր դիրքեր: Սարգսեանի յայտարարութեան հիման վրայ 30 օգոստոս 1992-ին կազմուած է «Արծիւ մահապարտներ» զինուորական խումբը, որոնց միջոցաւ ազատագրուած է Մարտակերտը, Գանձասարն ու բազմաթիւ այլ գիւղեր: Նշուած ազատագրական պայքարներէն ետք, Սարգսեան 1992-1993 թուականներուն վարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականի պաշտօնը, միաժամանակ Հայաստանի սահմանամերձ գօտիներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը: Հերոսը 26 յուլիս 1995-ին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ նշանակուած է պաշտպանութեան նախարար՝ մինչեւ 1999 թուականը:

Սարգսեան 1999 թուականի յունուարին յայտարարեց, թէ ինք կ՚ուզէ իր պաշտօնը շարունակել որպէս պաշտպանութեան նախարար, սակայն ետքը կ՚ուզէ միացնել պաշտպանութեան նախարարի ու վարչապետի պաշտօնները, սակայն նկատի ունենալով, որ այդ մէկը սահմանադրութեան օրէնքով կարելի չէ, կ՚ընտրուի վարչապետ, որու ընթացքին կը կենդրոնանայ արտագաղթի հիմնական խնդիրին վրայ:

Սարգսեան՝ 27 հոկտեմբեր 1999-ին Ազգային ժողովի շէնքին մէջ ահաբեկուեցաւ Նայիրի Յունանեանի, անոր եղբօր՝ Կարէն Յունանեանի, անոնց մօրեղբօր՝ Վռամի եւ երկու այլ անձերու կազմակերպած ահաբեկչական գործողութիւնով, որու ընթացքին ութ պատգամաւորներ զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան աւելի քան երեսուն ժողովականներ: Ականատեսներ կ՚ըսեն, որ յարձակման թիրախը առաջին հերթին Վազգէն Սարգսեանն էր:

Այս օր Վազգէն Սարգսեանի կողքին ահաբեկչութեան զոհ գացին Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեան, նախարար Լեռնարտ Պետրոսեան, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեան, Միքայէլ Քոթանեան եւ Հենրիկ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի փոխ-խօսնակներ Ռուբէն Միրոյեան եւ Եուրի Բախշեան:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Վազգէն Սարգսեան 1998-ին արժանացած է Արցախի Հերոս կոչումին, իսկ մահէն երկու ամիս վերջ 1999-ի դեկտեմբերի 27-ին անոր շնորհուած է Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչումը: Ի յիշատակ Սարգսեանին՝ Երեւանի ռազմական ուսումնարանը կոչուած է հերոսի անունով: Թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ փողոցներ ցայսօր կը կրեն իր անունը: Մինչեւ օրս ծննդավայր՝ Արարատ գիւղին մէջ կը գործէ Վազգէն Սարգսեանի տուն-թանգարանը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021