ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՄԱՐԴԸ

Իմաստուն մարդ մը կը ճամբորդէր եւ դիտելով աշխարհի գեղեցկութիւնները կը հիանար եւ իր ապրած կեանքով գոհութիւն կը յայտնէր Աստուծոյ։ Յանկարծ, այդ գեղեցկութիւններու մէջ կը հանդիպի ծանր բեռի տակ կորացած դժբախտ մարդու մը։

«Դուն ինչո՞ւ այդպիսի տառապանքներու դատապարտուած ես», կը հարցնէ իմաստունը։

«Ես կը տառապիմ իմ զաւակներուս եւ թոռներուս երջանկութեանը համար», կը պատասխանէ խեղճ մարդը։ Եւ կը շարունակէ. «Իմ հօրս հայրն ալ ամբողջ կեանքին տառապեր է, հօրս երջանկութեանը համար, հայրս տառապեր է իմ երջանկութեան համար, եւ ես ալ ամբողջ կեանքիս մէջ տառապելու եմ՝ միա՛յն թէ իմ զաւակներս եւ թոռնիկներս երջանիկ ըլլան…»։

«Իսկ ձեր ամբողջ գերդաստանին մէջ գոնէ մէկ հոգի երջանիկ եղե՞ր է», կը հարցնէ դարձեալ իմաստունը հետաքրքրութեամբ։

«Ո՛չ, բայց իմ զաւակներս եւ թոռնիկներս անպայման երջանիկ կ՚ըլլան», կը պատասխանէ տառապող դժբախտ մարդը։

Ասոր վրայ իմաստունը կ՚ըսէ. «Անգրագէտ մէկը չի՛ կրնար կարդալ-գրել սորվեցնել, իսկ խլուրդը՝ այդ գետնաբնակ կենդանին՝ դաշտամուկը չի՛ կրնար արծիւ դաստիարակել», եւ կը շարունակէ. «Սորվէ՛ նախ ինքդ երջանիկ ըլլալ, այն ժամանակ կը հասկնաս եւ կ՚անդրադառնաս նաեւ, թէ զաւակներդ եւ թոռնիկներդ ի՛նչպէս երջանիկ պիտի կարենաս դարձնել…»։

Սիրելի՜ բարեկամներ, սիրելու համար ալ, մարդ պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչ է սէրը։ Արդարեւ, առանց սէր զգալու կարելի չէ որ մարդ սիրէ, թերեւս միայն «սիրել ձեւացնել»ով, կեղծ սէր մը միայն, որ «սէր» չէ՛։ Մարդ, ընդհանրապէս կը գործէ առանց գիտակցութեան, առանց խորհելու, ըսենք մեքենաբար, ի՛նչ որ մարդկային բնութեան բոլորովին ներհակ է։ Ուստի, մարդ պարտի գործածել իր բանականութիւնը՝ խորհի՝ խորհածը խօսի, եւ խօսածը գործադրէ. եւ այս երեքը պէտք է համապատասխան ըլլան, մէկ խօսքով՝ անկեղծ եւ ճշմարտախօս։ Մարդիկ, համավարակի պատճառով սկսան դիմակով ներկայանալ իրարու, դիմակով հանդիսանալ ընկերութեան մէջ… Թերեւս չափազանցութիւն պիտի նկատուի, բայց մարդիկ պէտք ունէի՞ն այդ դիմակներուն, երբ արդէն միշտ բարոյական, անտեսանելի «դիմակ»ներով կը վարուէին իրարու հետ։ Կարծես երա՜զ մըն է հանդիպիլ անկեղծութեան այս կեղծ աշխարհի վրայ։ Մարդիկ, ընդհանրապէս չեն խօսիր այն՝ ի՛նչ որ կը մտածեն, եւ չեն գործեր այնպէս՝ ի՛նչպէս որ խօսած են նախապէս։

Շարունակել պէտք է «դիմակաւոր» ըլլալու՝ գոնէ դիմակաւոր երեւելու անկեղծութիւնը կ՚ունենայ մարդ։ Կ՚ըսուի որ կեղծ բարեկամը շատ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար է իր նմաններուն, քան անկեղծ թշնամի մը, քանի որ անոր «թշնամի» ըլլալը գիտէ մարդ եւ ըստ այնմ կը վարուի…։

Մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին քանի՞ հոգիի հետ կրնայ ծանօթանալ։ Գրեթէ անհամար։ Քանի՞ ընկեր կրնայ ունենալ։ Բաւականի չափ, միջավայրի համեմատ։ Քանի՞ բարեկամ կ՚ունենայ։ Հի՞նգ, տասը՞, թերեւս քիչ մը աւելի։ Շատ լաւ. քանի՞ ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամ կրնայ վայելել… պատասխանը եւ գնահատանքը ձեզի կը թողում սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ…։ Արդարեւ, ճշմարիտ բարեկամութիւնը անշահախնդրութիւն, զոհողութիւն, նուիրում եւ անպայմա՛ն անկեղծութիւն կը պահանջէ։ Եւ այս իմաստով, մարդ նախ ինքն իրեն հանդէպ պէտք  է անկերծ ըլլայ՝ հայելիին մէջ երբ ինքզինք կը դիտէ, համարձակ կերպով պէտք է կարենայ ըսել. «ահաւասի՛կ, ասիկա ես եմ, այնպէս ինչպէս կ՚երեւիմ»։ Մարդ, հայելիին մէջ իր իսկ աչքերուն մէջ նայելով երբ կրնայ ըսել. «այո՛, ես եմ», այդ մէկը անկեղծ է, եւ կրնայ նաեւ անկեղծ ըլլալ իր մերձաւորներուն եւ շուրջիններուն հանդէպ։ Անկեղծութիւնը մասնակի պէտք չէ ըլլայ, մէկուն անկեղծ, ուրիշ մէկուն կեղծաւոր, որովհետեւ անկեղծութիւնը «պիտակ» մը չէ, այլ՝ ինքնութիւն մը, նկարագիր մը եւ ապրելակե՛րպ մը։

Մանաւանդ ընտանեկան կեանքի մէջ անկեղծութիւնը կը յայտնուի որպէս հաւատարմութիւն եւ ողջախոհութիւն. այն ընտանիքը՝ որուն անդամները իրարու կապուած են հաւատարմութեամբ, այդ ընտանիքը հաստատ հիմերու վրայ կը մնայ. եւ այդպիսի ընտանիքներ են որ որակը կ՚աւելցնեն ընկերութեան, ժողովուրդին եւ վերջապէս ազգին եւ համայն մարդկութեան…։

Անկեղծութի՛ւն. ա՛յս է տարրականը մարդուս համար…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 4 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2022