ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՇՒՈՅՆ ՀԱՐՍՏԱՑԱԾՆԵՐԸ

Տարիներ առաջ Վենեզուելայի ժողովուրդը բողոքի ցոյց բարձրացուց իր բռնապետ Նիքոլա Մատուրոյի եւ իր կնոջ՝ Սիլիայի դէմ, աշխարհահռչակ խոհարար Նուսրէթի (Salt Bae) ճաշարաններէն մէկուն մէջ թանկարժէք միսեր ճաշակելու եւ թանկ սիկառը բերնին զուարճալի պահեր ունենալուն պատճառով:

Մեր թուականէն եօթ տարիներ առաջ՝ 2014-ին Վենեզուելա մատնուեցաւ տնտեսական ճգնաժամի, որուն պատճառով սննդամթերքն ու կենցաղային իրերը ժողովուրդին համար անհասանելի գիներու հասան: Այս ճգնաժամին պատճառով երկրի 90 առ հարիւր տոկոսը սկսաւ աղքատութեան մէջ ապրիլ: Տնտեսական այդ տագնապի վիճակը աւելի պարզելու համար յայտնենք, թէ վեց ամիսներ առաջ Վենեզուելայի կառավարութիւնը աշխատողներու նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացուց 0.63 ամերիկեան տոլարէն, 2.40 ամերիկեան տոլարի:

Եթէ նկատի ունենանք, որ Վենեզուելայի բռնապետը նուազագոյնը 700 ամերիկեան տոլար հաշիւ վճարած է իր փառաւոր ընթրիքին համար, Վենեզուելայի մէջ նուազագոյն աշխատավարձ ստացողի մը 24 տարուայ աշխատավարձը կը կազմէ:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող աղքատութեան, շարք մը աղբիւրներու համաձայն՝ բռնապետի եկամուտը ամսական 6.188 ամերիկեան տոլար է, տարեկան հաշուով՝ 74.256 ամերիկեան տոլար: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ժողովուրդ մը կը դատապարտուի տարեկան 28.8 ամերիկեան տոլարով ապրելու, մինչ երկրի ղեկավարը կը ստանայ 2578 անգամ աւելի:

Աշխարհի ամէ՛ն երկիրներու մէջ, առաւել կամ նուազ չափով պատկերը նոյնն է: Ղեկավարներ պաշտօնի կը կոչուին քաղաքացիներուն աւելի ճոխ ապրելակերպ մը մատուցելու. անո՛նք կը հարստանան ու ժողովուրդը կը մնայ նոյնը: Կու գան, որպէսզի ամէն միջոց ի գործ դնեն քաղաքացիներուն աւելի հանգիստ պայմաններ ստեղծելու. անո՛նք կը հանգստանան, մինչ ժողովուրդը կը մնայ նո՛յն անհանգիստ թշուառը:

Պատկերը տարբեր չէ նաեւ Հայաստանի մէջ. «Պետական պաշտօններ զբաղեցնող անձանց վարձատրութեան մասին» օրէնքի սահմանումով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կը ստանայ 1.256.600 դրամ (2645 ամերիկեան տոլար), նախարարը 793.680 դրամ (1670 ամերիկեան տոլար), իսկ անոնց տեղակալները 661.400 դրամ (1392 ամերիկեան տոլար). այս բոլորը առանց պարգեւավճարներու եւ յաւելեալ ծախսերու համար իրենց գանձած գումարներուն: Անդին աշխատողներու նուազագոյն աշխատավարձ նշանակուած է 68 հազար դրամ (143 ամերիկեան տոլար):

Աւելի վատը կ՚ուզէ՞ք. Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով երրորդ խումբի հաշմանդամ անձ մը ամսական ապրելու համար կը ստանայ 27 հազար դրամ (56 ամերիկեան տոլար):

Հիմա նժարի վրայ դնենք. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ հաշմանդամութիւն ունեցողը կարողութիւնը պիտի ունենայ ապրելու 56 ամերիկեան տոլարով, մինչ երկրի վարչապետը 2645 ամերիկեան տոլարով՝ 47 անգամ աւելի: Հայաստանը չի յոգնիր զարմացնելէ. զոհուած զինուորի մը ընտանիքը կը ստանայ 27 հազար դրամ (56 ամերիկեան տոլար)... ազգի համար պիտի զոհուիս ու կեանքդ տաս, անդին մահէդ ետք կինդ ու զաւակներդ թշուառութիւն մէջ պիտի մնան։

Կարծես նախարարներու ստացած ամսականները բաւարար չըլլան, Ազգային ժողովի մէջ Վիկտոր Ենգիբարեան եւ Նիքոլա Պաղտասարեան կ՚առաջարկեն լրացուցիչ ծախսերու համար տրուած 50 հազար դրամը դարձնել 250 հազար դրամի, այսինքն իրենց ամսականին կողքին ամէն ամիս ստանան հասարակ ժողովուրդի աշխատավարձին 3.6 անգամը:

Արցախեան պատերազմէն ամիս մը ետք առաջարկ ներկայացուեցաւ ազգային ժողովականներուն, որպէսզի ամէն մարդ իր ամսականէն 50 հազար յատկացնէ վիրաւոր զինուորներու հիմնադրամին... առա՛նց ամչնալու մերժեցին առաջարկը, որովհետեւ իրենց համար ո՛չ զինուորը եւ ո՛չ հայրենիքը արժէք ունի... Պարոյր Սեւակ ճի՛շդ կ՚ըսէր.. «Նա միա՛յն իր փորն է սիրում...»:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 17-րդ նախագահ Անտրէ Ճոնսոն, որ պաշտօնավարած է 1865-1869 թուականներուն, կ՚ըսէ. «Նպատակակէտն ու ձգտումը պէտք է ըլլայ աղքատ կառավարութիւն՝ հարուստ մարդոցմով»: Այսօր հակառակն է պատկերը, որովհետեւ այնտե՛ղ ուր կառավարութիւնը հանգիստ կ՚ապրի՝ ժողովուրդը թշուառութեան մէջ է:

Ու այս բոլոր ամօթալի երեւոյթներուն դիմաց տակաւին երէկ՝ 26 նոյեմբերին հայկական մամուլը արձագանգեց Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի 90.000.000 դրամի նոր գնած BMW ինքնաշարժի լուրով: Հայաստանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձ գանձող մարդ մը այդ ինքնաշարժը գնելու համար պէտք է աշխատի 110 տարի, մինչ մեր նախարարները մի քանի տարուայ ընթացքին ձեռք կը բերեն:

Ու այս բոլորին դիմաց չես գիտեր ինչպէս, տակաւին «կեցցէ՛»ներ կը լսուին անոնց հասցէին: Բախտաւորութիւն է գողնալ եւ բանտարկուելու փոխարէն գնահատուիլ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԷՈՐԳ ԱԲՈՎ
(1897-1965)

Մեր թուականէն 124 տարիներ առաջ՝ 27 նոյեմբեր 1897-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ եւ գրականագէտ Գէորգ Աբով (ծանօթ նաեւ Ղեւոնդ Աբով անունով):

Գէորգ Աբով իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս։ 1925-1931 թուականներուն եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար, միաժամանակ 1928-1931 տարիներուն վարելով Երեւանի Պետական թատրոնի առաջին տնօրէնի պաշտօնը եւ ապա ստանձնած է Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնը՝ 1940-1952 թուականներու միջեւ: Բանաստեղծը 1956 թուականին եղած է «Մատենադարանի գիտական նիւթերու ժողովածու»ի, 1961-1964 թուականներուն «Տեղեկագիր հասարակական գիտութիւնների» (ապագային կոչուած է «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների») հանդէսներու խմբագիր: Գէորգ Աբով, բանաստեղծներ Եղիշէ Չարենցի եւ Ազատ Վշտունիի հետ միասին եղած է Խորհրդային Հայաստանի գրական առաջին «երեքի յայտարարութիւն» հռչակագիրի հեղինակներէն:

Աբով իր բանաստեղծական առաջին ժողովածուն՝ «Միայն կինը» տպած է 1919 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: Գրողը հրատարակած է նաեւ պատմուածքներ եւ  արձակ գրութիւններ. ինչպէս՝ «Դանակը բկին» (1923), «Ճակատում եւ թիկունքում» (1943) եւ այլ աշխատութիւններ: Հրատարակած է նաեւ ուսումնասիրական աշխատանքներ. ինչպէս՝ «Գաբրիէլ Սունդուկեան (կեանքն ու գործունէութիւնը)», (1953), «Սիրոյ եւ արդարութեան երգիչը՝ Սայաթ Նովա» (1945):

Աբովի գործերէն շատեր, օրինակ՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի եւ Խաչատուր Աբովեանի մասին կատարած ուսումնասիրական աշխատութիւնները թարգմանուած են նաեւ ռուսերէնի: Զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ՝ հայերէնի թարգմանելով Մաքսիմ Կորքի, Վլատիմիր Մայաքովսքիի, Ալեքսանդր Կրիպոյետովի եւ այլ հեղինակներու գրութիւնները:

Գէորգ Աբով մահացած է 11 մարտ, 1965-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021