ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՂԵՑԻ՛Կ Է
Երբեմն կան այնպիսի խօսքեր, որ կ՚ըսէ մարդ մեքենաբար եւ չի խորհիր, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէ։ Զոր օրինակ, ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ մէկը երբ կ՚ըսէ. «Բնութիւնը գեղեցիկ է»։ Ի՞նչ է որ «գեղեցիկ» կ՚անուանուի. ծառե՞րը, կամ երկինքի կապո՞յտը, եւ կամ գետնի սա կանաչ խո՞տը, թէ՝ մարդուս շուրջը պատահող հազարաւոր երեւոյթները, իրադարձութիւնները՝ որոնք իրարու խառնուելով կը յօրինեն այն ի՛նչ որ վրձինի մէկ հարուածով «պատկե՛ր» մը կը ստեղծէ։
Այո՛, բնութիւնը իրապէս գեղեցիկ է, նաեւ՝ հրաշալի՜, զմայլելի եւ աներեւակայելի՛։ Բնութիւնը գեղեցիկ է, քանի որ աննման է, անբաղդատելի, անհաշուելի։ Բնութիւնը «հրա՛շք» մըն է, եւ այդ իսկ պատճառով՝ գեղեցի՛կ։ Եւ կամ կարելի է խորհիլ, թէ՝ ան հրաշք մը ըլլալէ առաջ՝ գեղեցիկ է, եւ այդ պատճառով մարդուս աչքին հրաշք կ՚երեւի, քանի որ աննման գեղեցկութիւն մըն է բնութեան գեղեցկութիւնը։
Ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ հրաշք կամ գեղեցիկ, բնութիւնը աննման է եւ եզական։ Բայց ի՛նչ որ ուշագրաւ է բնութեան մէջ, անոր անփոփոխ եւ մշտնջենաւոր գեղեցկութիւնն է՝ սկսեալ անոր առաջին փթթումէն մինչեւ չափահասութիւն։ Այո՛, սիրելինե՜ր, բնութիւնն ալ իր ամբողջ երեւոյթներով սկիզբ մը ունի, հասունութեան շրջան մը եւ վե՛րջ մը։ Եւ զայն «գեղեցիկ» ընողը անոր սկիզբէն մինչեւ վերջ ունեցած ընթացքն է։ Եւ այս ընթացքը անվերջ ընթացք մըն է, ըսենք՝ ամէն «վերջ» նոր «սկիզբ» մըն է։
Եւ ահաւասիկ, բնութեան գեղեցկութիւնն ալ այս անվերջ ընթացքն է՝ միշտ սկիզբ եւ միշտ վերջ, յետոյ, դարձեալ եւ միշտ սկիզբ…։
Այս իսկ պատճառով, բնութիւնը իր բոլոր շրջաններուն մէջ գեղեցիկ է. իր գեղեցկութենէն ո՛չինչ վրայ կու տայ՝ իր սկիզբէն մինչեւ իր վախճանը՝ որ նոր սկիզբ մըն է։ Բնութիւնը երբեք չի վերջանար, երբեք անկենդան չի մնար, քանի որ ան ամէն պայմաններու եւ երեւոյթներու մէջ միշտ գոյութիւն ունի, ըստ էութեան կը պահէ ու կը տեւականացնէ իր գոյութիւնը, այս կը նշանակէ, որ բնութիւնը անժամանակ է։ Օրեր, շրջաններ, եղանակներ կ՚անցնին, կը փոխ-ւին, բայց բնութիւնը միշտ կը մնայ, ան միշտ «բնութի՛ւն» է։
Բնութիւնը մէկ օրուան համար գեղեցկութիւն չ՚ունենար։ Բնութեան գեղեցկութիւնը տեւական է, քանի որ բնութիւնը՝ ի՛նք տեւական է եւ յաւիտենական։ Բնութիւնը ամբողջ գեղեցկութեամբ լեցուած է, ամենէն յետին գոյութիւններէն մինչեւ ամենէն կատարելագործուած, ամենէն կարեւոր եւ արժէք ներկայացնողը՝ մա՛րդը։
Եւ մարդը՝ որպէս բնութեան մէկ մասը, գեղեցիկ է, թէ՛ մարմնով, թէ՛ հոգիով եւ թէ միտքով։ Մարդ գեղեցիկ է, քանի որ բնութիւնը գեղեցիկ է։ Գեղեցիկ կը ծնին բոլոր մարդիկ, բայց այդ բնական գեղեցկութենէն ո՛րքան մասը կը պահեն անոնք մինչեւ իրենց չափահասութիւնը, եւ կամ մինչեւ իրենց մահը։
Բնութիւնը կը պահէ իր գեղեցկութիւնը մինչեւ վերջ եւ կը շարունակուի իր գեղեցկութիւնը, քանի որ ամէն վերջ նոր սկիզբ մը, վերստին գեղեցկութիւն մըն է։ Հապա մա՞րդը։ Մարդն ալ բնութեան պէս, քանի որ բնութեան մէկ մասն է՝ կը ծնի, կը հասուննայ եւ կը մեռնի, եւ սակայն անոր ալ «մահ»ը վերջ մը չէ՛, այլ՝ նոր սկիզբ մը, վերածնունդ մը՝ տարբեր միջոցի մը մէջ, տարբեր կերպով։ Ուրեմն պէ՛տք է մարդուս գեղեցկութիւնն ալ յաւիտենական ըլլայ, գոյատեւէ մինչեւ վերջ՝ մինչեւ վերստին սկի՛զբ։
Եւ մարդ եթէ իր մանկութեան գեղեցկութիւնը բաղդատութեան դնէ իր չափահասութեան շրջանի տգեղութեան հետ՝ ո՛րքան յուսախաբ պիտի ըլլայ…։ Հապա Բնութի՞ւնը։
Արդեօք ի՞նչ կը տեսնէ Բնութիւնը երբ մարդուն վրայ նայի։ Ան չ՚ըսե՞ր.- Ես քեզ իբրեւ իմ մէկ մասս անբիծ ու անարատ մանուկ մը՝ իբրեւ իմ գեղեցկութեան տիպարը պահեցի գեղեցիկ աշխարհի մը մէջ։ Եւ դուն ո՞ւր թողուցիր քու հոգիիդ, քու մտքիդ եւ քու նկարագրիդ գեղեցկութիւնը։ Ինչո՞ւ տգեղ վիճակի վերածեցիր զանոնք։
Այս իմաստով մարդիկ, ընդհանրապէս պատասխան չունին այս հարցումին, որպէս «անառակ որդի»ներ, որ իրենց հօրենական ժառանգութիւնը, իրենց հոգեւոր գեղեցկութիւնը կ՚աղարտեն, չարութեան ու տգեղութեան անվայել ցնցոտիներով կը պատեն։
Մարդ ինչո՞ւ բնութեան շարունակական եւ անայլայլ գեղեցկութեան դասը կ՚անտեսէ, կամ կը մոռնայ իր բնութիւնը՝ որ ստեղծուած է գեղեցկութեամբ, որուն մէջ օտար պէտք է ըլլայ տգեղութիւնը, որուն արժանի չէ՛…։
Բնութեան մէջ, բնութեան նման, բնութեան պատկերով գեղեցկութիւնը՝ որով բոլոր մարդիկ ստեղծուած են, անեղծ պահելու են իրենց կեանքի ամբողջ ընթացքին։ Մարդ գեղեցիկ ծնած է, եւ պէտք է գեղեցիկ մեռնի, որպէսզի գեղեցիկ շարունակէ իր յաւիտենական կեանքը։
Բայց հարցը սա՛ է սիրելի՜ներ. մա՛րդ իր տգեղութիւնը չ՚ընդունիր, կամ իր տգեղութեան չ՚անդրադառնար, իր տգեղութիւնը գեղեցկութիւն կը կարծէ, եւ կը կարծէ որ կը շարունակէ իր մանկութեան հարազատ գեղեցկութիւնը։
Ուրեմն կարեւոր է՝ անդրադառնալ, ընդունիլ եւ աշխատիլ վերստին գտնելու իր գեղեցկութիւնը։ Այն որ կը ճանչնայ իր տգեղութիւնը, կրնայ դարձեալ գեղեցկանալ, իսկ ան որ անտարբեր է իր տգեղութեան, միշտ տգեղ մնալու դատապարտը-ւած կը մնայ։ Ան որ երգ մը չունի, շինարար գաղափար մը չունի, ազնիւ զգացում մը չունի, անպատճառ կը բռնուի կիրքէ մը խաթարելու, խափանելու ձայնը, գործը, նպատակը ուրիշի մը՝ որ իր երգովը կրնայ հմայել, որ իր բարի գործերովը սէր, համակրանք ու համբաւ շահիլ, եւ մեծ նպատակներ հետապնդել եւ իրագործել։ Մէկ խօսքով, ան որ երգիչ մըն է, բարեգո՛րծ է եւ ան որ բարեգործ է՝ գեղեցկութեան արտայայտնի՛չն է։ Եւ ան որ երգիչ մը չի կրնար ըլլալ, կրնայ ագռաւ մը ըլլալ եւ չի՛ կրնար ներկայացնել գեղեցկութիւնը՝ որ կը հմայէ, կ՚ազնուացնէ հոգին եւ միտքը։
Ահա թէ ինչո՛ւ «ագռաւներու կռիչ»ովը լեցուն է ընկերային-հասարակական մթնոլորտը։
Եւ ագռաւներ միշտ պիտի ըլլան ո՛ւր եւ երբ որ ապրի մարդ էակը, իր խաղաղութիւնը վրդովելու համար, կեանքը տգեղցնելու համար, ո՛ւր որ «խռովիչ» եւ կեանքը տգեղցնող ագռաւներ կան, հոն կան նաեւ երգիչներ՝ գեղեցկութիւննե՜ր, մարդս դիւթելու, ներշնչելու եւ ուրախացնելո՛ւ համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 15, 2016, Իսթանպուլ