ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐԲԵՔ ՉԻ՛ ԹՈՂՈՒՐ
Աստուած՝ որպէս Նախախնամ Հայր երբեք չի թողուր իր զաւակները՝ մա՛րդը իր նեղութիւններուն, իր ցաւերուն մէջ։ Ան հաւատարիմ է Իր հայրութեան։ Մարդ որքան ալ անտարբեր եւ անհաւատարիմ ըլլայ իր որդիական պարտականութիւններուն, Աստուած հաւատարիմ կը մնայ Իր հայրութեան՝ կը ներէ որդիին եւ կը խնամէ, կը հոգայ, եւ երբեք չի՛ թողուր զայն իր նեղութիւններուն մէջ առանձին։ Աստուած միշտ մեզի հետ է։ Որովհետեւ Ան՝ Հա՛յր է։
Կը պատմուի, թէ օր մը Աստուած, երիտասարդի մը կը հանդիպի իր երազին մէջ, եւ կ՚առաջարկէ ցոյց տալ անոր իր ամբողջ կեանքի ընթացքը։ Երիտասարդը սիրով կ՚ընդունի Աստուծոյ առաջարկը հետաքրքրութեամբ։
Այն ատեն Աստուած, երիտասարդը վեր կը բարձրացնէ, եւ ան վերէն կը տեսնէ իր ապրած բոլոր տարիները։ Եւ երիտասարդը կը տեսնէ, որ իր անցած ճամբաներուն վրայ կան քով քովի քալող զոյգ ոտքի հետքեր։ Արդարեւ, երիտասարդը՝ հետաքրքիր եւ զարմացած կը հարցնէ.
«Յայտնի է որ այդ երկու զոյգ ոտքի հետքերէն մին ի՛մ ոտքի հետքերս են. ապա որո՞ւն ոտքի հետքերն են երկրորդ զոյգը։ Ո՞վ է որ ինծի հետ կը քալէ անընդհատ»։
«Այս զոյգ մը ոտքի հետքերը, իրաւ է որ քու ոտքիդ հետքերն են», կը պատասխանէ Աստուած, եւ կը շարունակէ. «Իսկ երկրորդ զոյգ մը ոտքի հետքերը ի՛մս են, այդ ե՛ս եմ որ կը քալեմ քեզի հետ, ամբողջ քու կեանքիդ տեւողութեանը։ Ես ուղեկից եմ քեզի՝ ամբողջ քու կեանքիդ ընթացքին, եւ երբեք չե՛մ թողուր քեզ քու կեանքի ճամբուդ մէջ», կ՚ըսէ Աստուած։
Երիտասարդը, դարձեալ, աւելի եւս զարմացած կը հարցնէ Աստուծոյ.
«Իսկ ինչո՞ւ երբեմն միայն մէկ զոյգ ոտքի հետք կը տեսնուին. ինչո՞ւ երբեմն զիս առանձին թողած ես…»։
Երիտասարդը վհատած եւ յուսալքուած է, որ երբեմն մինակ մնացած է իր կեանքի ճամբուն վրայ, քանի որ միայն մէկ զոյգ ոտքի հետք կը տեսնուի՝ ի՛ր ոտքի հետքերը։
Աստուած, գորովալից ժպիտով մը կը պատասխանէ հայրական անկեղծ սիրով.
«Ո՛չ, տղաս, ես քեզ երբե՛ք չեմ թողած առանձին։ Այդ քու տեսած զոյգ մը ոտքի հետքերը, որ կը կարծես թէ քո՛ւ ոտքին հետքերն են, քու ոտքիդ հետքերը չե՛ն, անոնք ի՛մ ոտքի հետքերս են. քու կեանքի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն ընթացքին ես քեզ ձեռքերուս վրայ բարձրացուցած եւ այդպէս տարած եմ ապահով կերպով…»։
Այո՛, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, Աստուած միշտ մեզի հետ է, մեզի հետ կը քալէ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, Ան երբեք չի թողուր մեզ, եւ երբ նեղութիւններու, դժուարութիւններու հանդիպինք, Ան իր ուսերուն վրայ կը բարձրացնէ մեզ, եւ այդպէս կ՚անցընէ նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջէն։ Բայց երբեմն չեն անդրադառնար Անոր ներկայութեան, եւ երբ նեղութիւնները, դժուարութիւնները որեւէ կերպով մը եւ յանկարծ փարատին, չենք խորհիր իսկ, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ այդ փրկութիւնը։
Սիրելի՜ներ. անդրադառնանք մեր Նախախնամին, մեր երկնաւոր Հօր, եւ գիտնանք, թէ միշտ ունինք մեզ հսկող, մեզ խնամող, հոգացող Հայր մը՝ վստահինք Անոր, ապաւինինք Անոր հայրութեան, Անոր սիրոյն՝ գթութեան, կարեկցութեան, որդեսիրութեան եւ մարդասիրութեա՛ն։
Աստուած հաւատարի՛մ է իր հայրութեանը եւ երբեք չի թողուր մեզ, եւ պէտք է խոստովանինք, թէ մե՛նք ենք անհաւատարիմը եւ մեր անհաւատարմութեան փոխարէն Ան միշտ ներո՛ղ է, միշտ հաւատարիմ։
Զարմանալի՜ է, որ մարդ իր տկարութիւններուն, թերութիւններուն, անկարողութիւններուն մէջ իսկ չ՚անդրադառնար Աստուծոյ հայրական հաւատարմութեան։ Մարդ, ընդհանրապէս երբ բարիք մը, օգտակարութիւն մը ստանայ, դեղ եւ դարման գտնէ իր նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն՝ կը կարծէ, թէ ի՛ր կարողութիւններուն արդիւնքն է այդ, եւ կամ «դիպուած» կամ «պատահականութեան» նման հաստատ պատճառէ զուրկ, անհիմն եւ անորոշ բացատրութիւններով կը պատճառաբանէ, եւ որքա՜ն ցաւալի է, որ պահ մը իսկ չի մտածեր, թէ ասիկա իր երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ նախախնամութեան հետեւանքն է։
Մարդ ինքզինք ինքնաբաւ կը նկատէ, բայց երբ դժուարութիւններու, նեղութիւններու հանդիպի կը հասկնայ, կ՚անդրադառնայ, թէ ինքնաբաւ չէ, չի կրնար հասնիլ ամէն բանի…։
Ոմանք այդ պահերուն կ՚անդրադառնան Ամենակարողին, Ամենակալին, Ամենաբաւին՝ Աստուծոյ էութեան եւ կը հաւատա՛ն, թէեւ ուշ, բայց ճի՛շդ ատենին։ Բայց ոմանք տակաւին կը յամառին՝ չեն անդրադառնար, թէ իրենք ինքնաբաւ չեն, այլ կա՛յ Ամենաբաւը՝ Արարիչը եւ Նախախնամը տիեզերքի՛ն։
Ծանօթ է ԻԳ Սաղմոսը, ուր Սաղմոսերգուն կը փառաբանէ զԱստուած՝ որուն միայն կարելի է վստահիլ մեր ամբորջ էութիւնը, մեր կեանքը եւ մեր կեանքին ընթացքը։
«Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ…։ Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, քանի որ Դուն ինծի հետ ես…», (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1 եւ 4)։ Ուրեմն, ճիշդ այն պատմուածքին մէջ՝ երիտասարդին նման, գիտնանք, թէ Ան միշտ մեզի հետ եւ մի՛շտ հաւատարիմ իր խոստումին եւ երբեք չի թողուր մեզ, մեր նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջ։
Վստահինք Աստուծոյ՝ մեր երկնաւոր Հօր, այնպէս՝ ինչպէս մանուկը կը վստահի իր հօր, ապաւէն գտնենք Անոր սիրոյ եւ գորովալից նախախնամութեան մէջ։ Քանի որ Ա՛ն է մեր միակ ապաւէնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 13, 2017, Իսթանպուլ