ԱՊՐԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՊՐԵՑՆԵԼ Է

Մարդը իրեն համար նպատակ մը չէ՛։ Մարդ ինքզինքին համար չ՚ապրիր։ Մարդը ստեղծուած է «ուրիշ»ին՝ իր նմաններու համար, իր նմանին օգնելու, իրերօգնութեան համար։ Այս պատճառով՝ «տալը աւելի երջանկաբեր է քան՝ առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։ Ուրեմն կը հետեւի, թէ՝ մարդուն ապրելուն նպատակը ապրեցնե՛լ է։ Եթէ անցաւոր պահու մը համար՝ դեղ եւ դարման չըլլանք հիւանդ մարդկութեան, հապա ինչո՞ւ կ՚ապրինք։

Առաւօտ ժամերուն շաղը իր լուսացողութիւնը կը կատարէ եւ երբ արեւը ծագի կ՚անհետանայ։ Ուստի, արեւն է մնայունը, ինչ որ ալ անցնի եւ անհետանայ։ Բայց անցաւորն ալ իր մէկ օրուան՝ ժամանակաւոր դերին եւ կոչումին հաւատարիմ ըլլալու է։ Արեւին շողերը շաղին ղենջակն են։ Շաղը կը լուայ, շողերը կը սրբեն։

Ահա, այս տեսակ խորհրդաւոր «գործակցութիւն» մը կայ անցաւոր, ժամանակաւոր շաղին եւ յաւիտենական, անժամանակ արեւին շողերուն միջեւ, որ կը խորհրդանշէ «անցաւոր մարդը»՝ իր դերովը երկրիս վրայ եւ Աստուած՝ իր յաւիտենականութեամբը։

Շաղը եւ մշուշը՝ Աստուծոյ սպասաւորներն են դաշտին խոտը լուալու, մաքրելու, եւ օրէ օր թարմացնելու անոր կեանքը։ Բնութեան երեսին վրայ յայտարարուած սկզբունքն է «նորութիւն», նորոգութիւն։ Ստեղծագործութիւնը կը վերստեղծուի, կը վերանորոգուի ամէն օր, փոփոխութեամբ մը որ՝ ինչպէս որ ալ սահմանուի կամ բացատրուի ան, հրա՛շք մըն է։ Շաղը անցաւոր դեր մը կը կատարէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ, մահուան դէմ կը պայքարի եւ վերանորոգուած կեանքով կը պսակէ զայն։

Շաղը եւ մշուշը անցաւոր ազդակներ են Աստուծոյ տնտեսութեան յաւիտենականութեան եւ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ։

Եւ ահաւասիկ, այս պայմաններու մէջ՝ անդրադառնալով մենք մեզի հարցնելու ենք. «Ո՞վ է իմ անձս, որ առտուան շաղին եւ մշուշին պէս անցաւոր եւ ժամանակաւոր ես. ի՞նչ դեր կը կատարես Աստուծոյ տնտեսութեան մէջ՝ ստեղծագործութեան ծրագրին իրականացման համար։ Ի՞նչ կը շինես, ի՞նչ կը դարմանես, ի՞նչ կը մաքրես, ի՞նչ կու տաս մարդկութեան»։

Ուստի, կարեւորը ի՞նչպէս ապրիլը չէ, այլ՝ ինչպէ՞ս վարուիլն է։ Մարդ որքան կեցուածքով, նոյնքան եւ աւելի իր գործունէութեամբ է որ իր մարդ կոչումին արժանի կեանք մը կրնայ ունենալ։ Անշուշտ, կարեւոր է «կեցուածք»ը, արտաքին տեսքը, բայց աւելի կարեւոր է այդ կեցուածքին եւ տեսքին համաձայն գործել՝ գաղափարէ գործնականի անցնիլ։

Աւելի դիւրին է հաւատալը քան ապրիլը՝ համաձայն հաւատքին։ Ուրեմն, տրամաբանապէս պարտաւորիչ է մեր հաւատքին, մեր համոզումներուն համաձայն ապրիլ, անոնց յարմար կեանք վարել, կենցաղ ունենալ…։

Ի՞նչ կ՚արժէ սկզբունքի տէր երեւիլ բայց սկզբունքի տէր մէկու մը պէս չվարուիլ՝ հաստատամիտ եւ հաստատակամ չըլլալ։ Յարափոփոխ մէկը երբեք չի կրնար սկզբունքի տէր ըլլալ, ինչպէս սիրոյ զգացումէ զուրկ մէկը՝ որ յաճախ կ՚ատէ իր նմանները՝ արժանի պիտի չըլլար իր «մարդ» կոչումին։ Եւ նոյնպէս, հիւանդը բժշկելէ խուսափող, զայն բժշկելը մերժող մէկը կարելի չէ կոչել բժիշկ, մէկը՝ որ արդարադատ չէ եւ անաչառութիւն կ՚ընէ արդար դատաւոր չի կրնար ըլլալ, ուսուցիչ մը որ չ՚ուսուցաներ իրեն վստահուած ուսանողները արժանի չ՚ըլլար իր կոչումին… հոգեւորական մը՝ որ հաւատարիմ չ՚ըլլար իր կոչումին, իր հաւատքին, իր նուիրականութեան ոգիին, անտարբեր իր բարձր կոչումին՝ զանց կ՚առնէ հոգեւորականի կեանքին պահանջները, զոհաբերական հոգին, ողջախոհութիւն, պատշաճութիւն, չափաւորութիւն եւ հաւատարմութի՛ւն, տիպար ունենալ Յիսուս Քրիստոսը, ապա ինչպէ՞ս կարելի է տեսնել հոգեւորականը անոր անձին մէջ…

Ուրեմն, պարտաւոր ենք ապրիլ մեր կոչումին համաձայն։

Կ՚ապրի՞նք սակայն։ Ահաւասիկ, ա՛յդ է հարցը, թէ՝ հաւատարի՞մ ենք մեր կոչումին, մեր դիրքին, մեր տիտղոսին, մեր որեւէ աստիճանին, եւ վերջապէս «մա՛րդ» ըլլալու կոչումին։ Եւ եթէ կը հաւատանք, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է, եւ անկէ առաքեալ Փրկիչը մեղաւորներուս, պարտինք պաշտել զԱյն։ Ունի՞նք պաշտամունք տան մէջ։ Եկեղեցիներ ունինք իբրեւ վայր հաւաքական աղօթքի եւ պաշտամունքի, կը մասնակցի՞նք այդ պաշտամունքներուն։

Կար ատեն մը, երբ ամէն տուն «ընտանեկան մատուռ» մըն էր նոյն ատեն՝ «առտնին եկեղեցի» մըն էր։ Եւ հայրը կամ մայրը՝ քահանան, որ կ՚աղօթէր իր ընտանիքին բոլոր անդամները իր շուրջը հաւաքած, եւ զանոնք կը հրահանգէր, կը լուսաւորէր Աւետարանի ճշմարտութիւնները բացայայտելով։

Հիմա մեր տուներուն մէջ խորան չունի Աստուծոյ Որդին։ Պաշտամունքի մոմ մը իսկ չի պլպլար, խնկարկութեան անոյշ բոյրը կը տարածուի հոն Անոր համար։ Ամէն տեսակ հիւրերու հետ կ՚ուտենք, կը խմենք, կը նստինք, կ՚ելլենք, կը խօսինք, կը խնդանք, կը զուարճանանք, բայց Աստուծոյ Որդին կը թողունք դռնէն դուրս…

Ան միշտ կը թակէ դուռը, բայց չենք լսեր, չենք ադրադառնար իսկ։

Բանանք դուռները մեր սրտին Անոր՝ որ միշտ պատրա՛ստ է հիւրասիրուելու մեր կողմէ եւ ուրախացնելու մեզ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 17 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022