«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆՈՒԹԻՒՆ Է…»
Պատմութիւնը նոյնանման դէպքերու յաջորդաբար կրկնութիւնն է, կ՚ըսուի ընդհանրապէս, եւ կեանքի փորձառութիւնն ալ կը հաստատէ այս համոզումը։ Բայց իրապէս պատմութիւնը կրկնութի՞ւն է, եւ կամ ի՞նչ է այդ կրկնութեան պատճառը, եւ ո՞ր պայմաններ կը ստեղծեն այդ կրկնութիւնը։
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ բնութիւնը տեւական բարեշրջման եւ նորոգման մէջ է, բնութիւնը տեւապէս ինքզինք կը նորոգէ եւ այսպէս շարունակուող յառաջդիմութիւն մը գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ եւ տիեզերքի մէջ։
Մարդն ալ բնութեան մաս կը կազմէ եւ, անշուշտ, բարեշրջման ենթակայ է, կը յառաջդիմէ։ Մարդուն արարքներն ալ այս բարեշրջման ենթակայ են։ Այս կը նշանակէ, թէ բնութեան մէջ ո՛չ թէ կրկնութիւն, այլ բարեփոխութիւն գոյութիւն ունի։ Եւ ուրեմն՝ կրկնութիւնը բացառութիւն, բարեփոխութիւնը էակա՛նն է։
Թէեւ պատմութիւնը հիմքն է մարդկային թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական արարքներուն, ապրումներուն եւ ամէն տեսակի արտայայտութիւններուն եւ արտադրութիւններուն։ Ծինային եւ ժառանգական փոխանցումներ կը կազմեն ներկայ իրականութիւնը անշուշտ։ Բայց ժառանգ մը արժէք կը ստանայ, երբ անոր վրայ աւելի արժէք մը աւելցուի։
Պատմութիւնը՝ անցեալի դէպքերը կը կրկնուին այն ատեն, երբ մարդ դաս չէ առած պատմութենէն։ Արդարեւ, երբ մարդ չանդրադառնայ իր սխալներուն, կը շարունակէ սխալներ գործել, նոյնպէս այն հաւաքականութիւնները՝ որոնք պատմութենէն դաս չեն կրնար առնել ու շարունակաբար կը կրկնեն պատմութիւնը։
Ուստի, պատմական շրջանը զոր կ՚ապրի մարդկութիւնը ներկայիս, կը պարտադրէ նմանօրինակ պատմական գործերու եւ դէպքերու ուսումնասիրութիւնը՝ բաղդատելու, համեմատելու եւ նմանութիւններ փնտռելու անցեալի եւ ներկայի միջեւ՝ լուծում մը գտնելու համար հարցերուն եւ կազմելու բարւոք, ընտիր ապագայ մը։ Այս միջոցին՝ ուր Միջին Արեւելքի խնդիրը կը զբաղեցնէ բովանդակ աշխարհը եւ աշխարհի դիւանագիտութիւնը, եւ այս պատճառով իսկ աշխարհի աչքը սեւեռուած է այս խնդրին վրայ, որով անիկա թերեւս իր վերջնական լուծումը պիտի գտնէ, գերազանցապէս շահեկան պիտի ըլլայ եւ օգտակար՝ պարբերաբեր աշխարհը դղրդող այս մեծ եւ կարեւոր հարցին պատմականը ուսումնասիրել՝ դասեր առնել, քանի որ աշխարհ ճակատագրականօրէն կապուած է այս հարցին հետ՝ անոր երբեմն արիւնալի եւ ողբերգական դրուագներուն հետ, հեւ ի հեւ կը հետեւի այդ հարցին ստացած երեւոյթերուն, սպասելով վերջնական հանգրուանին՝ ուր վերջնականապէս ուրեմն պիտի ժամանէ ան։
1870 թուականի աղէտալի պատերազմէն ի վեր Միջին Արեւելքի խնդիրը եւ աւելի ընդարձակելով՝ Արեւելեան խնդիրը գլխաւոր հարցը եղած է եւրոպական քաղաքականութեան, որուն աւելի վերջի թուակններուն միջամտած է Ամերիկա։ Պետական մարդոց մտազբաղումներուն մէջ, ինչպէս պատմագիրներու եւ պատմաբաններու խոկումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ առաջին տեղը գրաւած է եւ կը շարունակէ գրաւել։ Պատմութեան մէջ եւրոպական որքան անքաղաքագիտական, նո՛յնքան անիրաւ երկրակալութեամբ մը, խլելով սերտօրէն իրեն կապուած նահանգներ, եւրոպական մեծ ազգերուն մէջ ատելութիւններու, նախանձներու, կասկածներու եւ հաւաքական անորոշութիւններու մշտատեւ եւ ախտավարակ հոսանք մը ստեղծեց։
Այն ժամանակներու միապետական Իտալիան, զոր օրինակ, Ս. Աթոռին հետ բացէ ի բաց կռիւի բռնուած՝ կայսերական եւ բողոքական Գերմանիոյ մէջ կը փնտռէր պաշտպանութիւն մը ընդդէմ հանրապետական եւ կղերական այն ազդեցութիւններուն՝ զորս կրնար վախու ըլլալ Ֆրանսայի կողմէն, այն բնական կապերը զորս իտալացիներու եւ ֆրանսացիներու մէջ կը ստեղծէին մատուցուած ծառայութիւններու երախտիքը, ոգիի, քաղաքակրթութեան, առեւտրական շահերու նոյնութիւնը, խորտակուեցան անխիղճ եւ անխոհեմ պետական մարդոց ձեռամբ, այն շրջանի «թեթեւամիտ» եւ «տգէտ» մամուլի մը կողմէ, որոնք ժողովուրդներու մէջ ստեղծեցին շինծու եւ կարծեցեալ «թշնամութիւն» մը եւ կոյր չարամտութիւն մը։ Եւ այս կը նշանակէ, որ ներկայ վիճակները պատրաստող զանազան ազդու պատճառներ կան։
Կրկնենք, ուրեմն, թէ՝ առանց գիտնալու պատմութիւնը, կարելի չէ ամբողջութեամբ հասկնալ ներկան եւ լուծել հարցերը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 26, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 03/13/2025
- 03/13/2025