ՀԱՅ Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ԺՈ­ՂՈՎ­ՆԵ­ՐԸ

Հայ Ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով­նե­րով հաս­տա­տուած կա­նոն­ներ կը կազ­մա­ւո­րեն ու կը կա­նո­նա­ւո­րեն ե­կե­ղե­ցա­կան ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գը։ Ար­դա­րեւ կա­րե­լի չէ, որ ո­րե­ւէ հաս­տա­տու­թիւն եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն գո­յա­պահ­պա­նուի եւ գո­յա­տե­ւէ ա­ռանց կա­նո­նի։ Կա­նոն­ներ կեն­սու­նա­կու­թիւն եւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն ա­մէն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան՝ ո­րոնց­մէ է նաեւ ե­կե­ղե­ցին։ Ուս­տի կա­նո­նա­ւոր եւ կար­գա­պա­հու­թեամբ տա­րուած աշ­խա­տան­քը կը հաս­նի իր նպա­տա­կին եւ կու տայ գործ­նա­կան օգ­տա­կար ար­դիւնք։

Հայ Ե­կե­ղե­ցին ալ ո­րո­շած է իր կա­նոն­նե­րը ժո­ղով­նե­րով, ո­րոնք կը կար­գա­ւո­րեն ա­նոր ընդ­հա­նուր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Գա­ղա­փար մը ու­նե­նա­լու հա­մար կ՚ու­զենք յի­շել Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ժո­ղով­նե­րը՝ ո­րոնք որ­քան պատ­մա­կան, նոյն­քան ալ ու­նին կա­նո­նա­կան ար­ժէք։ Եւ կը կար­ծենք, որ շատ մը հար­ցեր եւ խնդիր­ներ կա­րե­լի՛ է լու­ծել օ­րէն­քը լաւ գիտ­նա­լով, օ­րէն­քը լա­ւա­գոյն կեր­պով գոր­ծադ­րե­լով։

Եւ օ­րէն­քը գոր­ծադ­րե­լու հա­մար ալ, ա­նոր մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նա­լու չափ, կա­րե­ւոր է զայն մեկ­նա­բա­նել, այ­սինքն հասկ­նալ ա­նոր նպա­տա­կը եւ ի­մաս­տը։

Ու­րեմն թուա­կա­նի կար­գով յի­շենք ժո­ղով­նե­րը։

1.- Աշ­տի­շա­տի Ժո­ղով՝ 352 թուա­կա­նին՝ որ գու­մա­րեց Մեծն Ներ­սէս ե­կե­ղե­ցիի բա­րե­կար­գու­թեան եւ դա­ւա­նու­թեան հա­մար։

2.- Շա­հա­պի­վա­նի Ժո­ղով՝ 444 թուա­կա­նին, որ Յով­սէփ Կա­թո­ղի­կո­ս գու­մա­րեց եւ 20 կա­նոն սահ­մա­նեց։

3.- Ար­տա­շա­տի Ժո­ղով՝ 449-ին, ուր ո­րո­շուե­ցաւ Յազ­կերտ Բ.-ի թղթին պա­տաս­խան գրել։

4.- Դուի­նի Ա. Ժո­ղով՝ 506-ին, որ Բաբ­կէն Կա­թո­ղի­կոս գու­մա­րեց Վրաց ու Ա­ղուա­նից մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ Քաղ­կե­դո­նի Ժո­ղո­վը մեր­ժեց։

5.- Դուի­նի Բ. Ժո­ղով՝ 551-ին, որ գու­մա­րեց Ներ­սէս Բ. Աշ­տա­րա­կա­ցին, բա­րե­կար­գու­թեան կա­նոն­ներ ու հա­յոց տո­մա­րը հաս­տա­տե­լու հա­մար։

6.- Դուի­նի Գ. Ժո­ղով՝ 555-ին, որ գու­մա­րեց Ներ­սէս Բ.-ը՝ Խու­ժիկ Նես­տո­րա­կան­նե­րու դէմ մա­քա­ռե­լու հա­մար։

7.- Կար­նոյ Ժո­ղով՝ 632-ին, ուր Եզ­րաս Կա­թո­ղի­կոս՝ միա­կա­մեայց վար­դա­պե­տու­թիւ­նը ըն­դու­նեց։

8.- Դուի­նի Ե. Ժո­ղով՝ 645-ին, որ գու­մա­րեց Ներ­սէս Շի­նո­ղը՝ բա­րե­կար­գու­թեան հա­մար։

9.- Դուի­նի Զ. Ժո­ղով՝ 649-650 թուա­կան­նե­րուն, հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն միու­թեան հա­մար՝ որ մեր­ժուե­ցա՛ւ։

10.- Պար­տա­ւի Ա. Ժո­ղով՝ 709-ին, որ Ե­ղիա Կա­թո­ղի­կոս գու­մա­րեց Ա­ղուա­նից Ներ­սէս Բա­կուր Կա­թո­ղի­կո­սին դէմ։

11.- Դուի­նի Է. Ժո­ղով՝ 719-ին, որ գու­մա­րեց Յով­հան­նէս Ի­մաս­տա­սէ­րը՝ ե­կե­ղե­ցիի բա­րե­կար­գու­թեան ու Պաւ­ղի­կեանց դէմ։

12.- Մա­նազ­կեր­տի Ժո­ղով՝ 726-ին, ուր հայ եւ ա­սո­րի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թիւ­նը հաս­տա­տուե­ցաւ։

13.- Պար­տա­ւի Բ. Ժո­ղով՝ 768 թուա­կա­նին, որ գու­մա­րեց Սիոն Կա­թո­ղի­կոս եւ կա­նոն­ներ սահ­մա­նեց։

14.- Շի­րա­կուա­նի Ժո­ղով՝ 862 թուա­կա­նին գու­մա­րուե­ցաւ Զա­քա­րիա Կա­թո­ղի­կո­սի ձեռ­քով, ուր յու­նաց Փոտ պատ­րիար­քի ա­ռա­ջար­կու­թիւ­նը մեր­ժուե­ցաւ՝ հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան նկատ­մամբ։

15.- Հար­քի Ա. Ժո­ղով՝ 1002-ին, որ Թոնդ­րա­կե­ցի ա­ղան­դա­ւոր­նե­րը նզո­վեց։

16.- Սեւ Լե­րան Բ. Ժո­ղով՝ 1114-ին, որ գու­մա­րեց Գրի­գոր Գ. Պահ­լա­ւու­նի, եւ Դա­ւիթ Աղ­թա­մար­ցին հա­կա­ռա­թոռ հրա­տա­րա­կեց։

17.- Հռոմկ­լա­ցի Ժո­ղով՝ 1179-ին, Գրի­գոր Տղա­յի օ­րով հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան պատ­ճա­ռով գու­մա­րուե­ցաւ։

18.- Տար­սո­նի Ժո­ղով՝ 1196 թուա­կա­նին գու­մա­րեց Ա­պի­րատ Կա­թո­ղի­կոս մի­միայն Կի­լի­կե­ցի հայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րով, հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան հա­մար։

Ժո­ղո­վը, յու­նաց ինն ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նեց, բայց իր կող­մէ եւս պայ­ման­ներ ա­ռա­ջար­կեց։

19.- Սսի Բ. Ժո­ղո­վը՝ 1207 թուա­կա­նին Դա­ւիթ Ար­քա­կաղ­նե­ցիի նա­խա­գա­հու­թեամբ, որ ըն­դու­նեց Զա­քա­րիա իշ­խա­նի քա­նի մը ա­ռա­ջար­կու­թիւն­նե­րը։

20.- Սսի Գ. Ժո­ղո­վը՝ 1243 թուա­կա­նին Կոս­տան­դին Բարձր­բերդ­ցիի նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ուր քսան եւ հինգ կա­նոն­ներ սահ­մա­նուե­ցան։

21.- Սսի Դ. Ժո­ղո­վը՝ 1251 թուա­կա­նին, նոյն Կոս­տան­դին Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ գու­մա­րուե­ցաւ՝ «Սուրբ Հո­գիի Բխման» մա­սին Լա­տին­նե­րու պա­տաս­խա­նե­լու հա­մար։

22.- Սսի Զ. Ժո­ղո­վը՝ 1307 թուա­կա­նին գու­մա­րուե­ցաւ, հայ ե­կե­ղե­ցիի դա­ւա­նու­թեան մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ մտցուց եւ ըն­դու­նեց ա­նոր միու­թիւ­նը լա­տին եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հետ։

23.- Ա­տա­նա­յի Ժո­ղո­վը՝ 1316 թուա­կա­նին, որ հաս­տա­տեց Սսի Զ. Ժո­ղո­վի ո­րո­շում­նե­րը եւ աշ­խա­տե­ցաւ վեր­ջաց­նել ներ­կայ խռո­վու­թիւն­նե­րը։

24.- Սուրբ Էջ­միած­նի Ժո­ղո­վը՝ 1441 թուա­կա­նին, որ Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռը Վա­ղար­շա­պատ փո­խադ­րեց եւ Կի­րա­կոս Վի­րա­պե­ցին կա­թո­ղի­կոս ընտ­րեց։

Ան­շուշտ այս­քան չէ Հայ Ե­կե­ղե­ցիի ժո­ղով­նե­րը՝ ո­րոնց­մէ մա­սամբ կա­րե­ւոր­նե­րը ու­զե­ցինք յի­շել։

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ կարգ ու կա­նո­նը անհ­րա­ժեշտ է հաս­տա­տու­թեան մը գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար։ Կար­գա­պա­հու­թիւ­նը (discipline) եւ օ­րի­նա­պա­հու­թիւ­նը կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել՝ օ­րէնք եւ կա­նոն­նե­րու հնա­զան­դու­թեամբ, հա­մա­կեր­պու­թեամբ։ Ուս­տի հոն՝ ո՛ւր օ­րէն­քի եւ կա­նո­նի անհ­նա­զան­դու­թիւն կայ, հոն կա՛յ ա­նիշ­խա­նու­թիւն, որ կը տա­նի ան­հա­մա­ձայ­նու­թեան, ան­միա­բա­նու­թեան։

Եւ երբ հաս­տա­տու­թեան մը մէջ օ­րէն­քի եւ կա­նո­նի նկատ­մամբ ան­տար­բե­րու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի, հոն իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ, ե­թէ կա­րե­լի է ը­սել, «իր օ­րէնք»ը գոր­ծադ­րել կ՚ու­զէ, իր են­թա­կա­յա­կան եւ կա­մա­յա­կան ըն­թաց­քով կ՚ու­զէ շար­ժիլ եւ ա­հա կը սկսի ա­նիշ­խա­նու­թիւն, ան­միա­բա­նու­թիւն։

«Օ­րէնք մեկ­նա­բա­նել» ու­րիշ բան է՝ «իր օ­րէնք»ը պար­տադ­րել՝ ու­րի՛շ։ Օ­րէն­քը հի՛մն է ըն­կե­րու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 14, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016