ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ ԵՒ «ՃԷՅՐԱՆ»Ը - Բ -

Ստորեւ կը շարունակենք՝ շատ սիրելի՜ մեր բարեկամ ընթերցողներուն ներկայացնել Գրիգոր Զօհրապի «Ճէյրան»ը նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

ՃԷՅՐԱՆ

Քրանտիւք առարկութեանս չի պատասխաներ. վերջը հարցում մը կ՚ուղղէ ինծի.

- Ի՞նչ պիտի ընեն զիս։

- Չեմ գիտեր։

- Պիտի կախե՞ն։

- Ո՛չ, ո՛չ։

- Թիապարտութեա՞ն պիտի դատապարտեն։

- Գուցէ։

- Ճէյրանը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

- Ո՞վ է Ճէյրան։

- Նիւշին կինը։

- Քեզի՞ ինչ ուրիշին կինը։

Քրանտիւք երեսս կը նայի զարմացած, չկարենալով մտքին մէջ սեղմեցնել յանդիմանութեանս անպատեհ խստութիւնը, հարցումին կարեւորութիւնը չըմբռնելս։ Բայց երկու ժամ տեւող մեր խօսակցութեան մէջ՝ այս հարցը կուգայ տարբեր ձեւերով։ Մեր մտերմութիւնը աստիճանաբար կ՚աւելնայ, եւ այդ մութ սենեակին մէջ, ուր ատեն-ատեն հիւանդի ու ջղային մարդու տժգոյն երեսը կը կենդանանայ, կը գունաւորուի, - կը լսեմ իր ողորմելի կեանքին ամբողջ պատմութիւնը։

Սէրը՝ լեռներու վայրենութեան ու սրբութեան մէջ, հուժկու ու կատաղի կիրքը՝ քաղաքի տափակ ու կանացի ցանկութիւններուն դէմ։ Նման հողի այն ահագին զանգուածներուն, որոնք իրենց արհամարհանքին տակ քաղաքին հարթ ու ցածուկ միօրինակութինը կը ճնշեն, կ՚ընկճեն։

Քրանտիւք Տաղստանցի էր Նիւշին պէս։ Քով-քովի մեծցեր էին լեռնակողերու վրայ վազվզելով շարունակ։ Բայց չափահաս տարիքին՝ մահացու թշնամիներ դարձեր էին յանկարծ, աղջկան մը սիրոյն համար։

Յետոյ գաղթականութիւնը սկսեր էր դէպի Թուրքիա, եւ հոսանքը զիրենք հոս՝ Իզմիտի շրջակայքը նետեր էր։

Բայց լեռնային ու վայրենի կեանքին վարժութիւնը չի կրնար մոռցուիլ վայրկեանի մը մէջ։ Եթէ ոմանք ընդունեցին պետական կարգուսարքը, ուրիշներ պահեցին վայրի անասունի թափառական ու անհանդարտ գոյութիւնը, ասպատակներ դարձան՝ իրենց արիւնալի շահատակութիւններու արձագանգով լեցնելով այդ կողմերը։ Ու մինչ Քրանտիւք ոստիկանական ծառայութեան մէջ տասնապետ կ՚ըլլար, Նիւշը կը դառնար աւազակներու պարագլուխ մը. իր անունն ու սարսափը կը ծանրանային ամբողջ գաւառակին վրայ։

Խուլ պայքար մը կար այս երկու մարդոց միջեւ, տասնապետին եւ աւազակին, ատեն մը եղբօր չափ սիրով, հիմա մահու ատելութեամբ զինուած։ Զիրենք բաժնող փոսը, ա՛լ անյատակ վիհ, կնոջ մը գործն էր. ամբողջ տարիներ նախանձով, յուսահատ սիրով պեղուած անդունդ, որ երկուքէն մէկուն դիակը միայն կրնար գոցել այսուհետեւ…

Իզմիտի եղեռնադատ ատեա՞նը։

Ատեան թող ըլլայ, եթէ այս բառը լաւ կը հնչէ։ Բայց իրօք պզտիկ սենեակ մը՝ ուր դատական մարմինը կը նստի աթոռներու վրայ եւ դէմը, անձուկ տեղի մէջ, իրար քով կը շարուին ամբաստանող եւ ամբաստանեալ, վկայ ու ունկնդիր։

Հարցաքննութեան ատեն չլսուած անուններ ու լեզուներ կը լսուին։ Տաղստանի բարբառներ կը թարգմանեն, անոնց առաջ բերած շփոթէն, հակասութիւններէն կը ջանամ օգտուիլ։ Ապա, ամբաստանագիրը կը կարդացուի՝ դատական լեզուի հակիրճ ու անզգայ պարբերութիւններով։

Գաւառակի ոստիկանութիւնը կանխաւ կ՚իմանայ Նիւշին այն գիշեր իր գիւղը դառնալը։ Քրանտիւք քանի որ հեծեալ ոստիկաններով առտուան դէմ կը հասնի, կը պաշարէ թաքստոցը։ Գաղթականներու գիւղը հրացանի ձայներով կ՚արթննայ։ Սխալմամբ մէկը կը զարնուի, շփոթութեան մէջ աւազակը կը փախչի։ Կը հալածեն. Քրանտիւք անտառին մէջ կը յաջողի մօտենալ ու սպաննել զայն։

Այս ընթերցանութիւնն ու չերքէզներուն ձայները պզտիկ սենեակը մահաշուք բուրումով մը կը լեցնեն. եւ ես կ՚երեւակայեմ անտառը, որ չի կրնար այս անգամ իր փախստական զաւկին ապաստան ընծայել. երկու ոսոխներու մենամարտը, այն՝ որուն յամառ ժամադիրները եղած էին։ Կովկասէն մինչեւ Իզմիտ՝ տասնեակ տարուան անցեալ մը՝ որ մէկ երկվայրկանով կը կտրի, կը դադրի, կաթիլ մը արեան մէջ կը լուծուի…

Մտքի զարմանալի՛ յեղափոխութիւն։ Ահա համոզումով է որ պաշտպանութեան դժուար գործիս կը ձեռնարկեմ. ինքնավստահ կը խօսիմ եւ ամբաստանեալին արձակուիլը կը պահանջեմ։ Աւազակին սպանութիւնը ընկերութեան համար այնքան դառն կորուստ մը չէ, եւ վերջապէս՝ դժբախտ տասնապետը լուրջ ընդդիմութեան դէմ անշուշտ հարկադրուած էր զէնք գործածելու. այս պահուն ի՛նքը պիտի ըլլար սպանեալը, եթէ չսպաննէր։

Կը քաջալերուիմ տեսնելով ատեանին բարեացակամ տրամադրութիւնները, եւ ոստիկանին անշուք ու անշշուկ կեանքը կը պատմեմ, որ գիշեր չունի, հանգիստ չունի. ամէն ժամ կը տեսնէ մահու վտանգը։ Եւ որ՝ ամէն զրկումի վրայ՝ կուգայ հոս, ոտք-ձեռքը շղթայակապ, հաշիւը տալու իր դժնդակ պաշտօնին… Ակամայ սպանութեան միւս պարագան ձեռք առնելով կը շեշտեմ, որ տասնապետին ութամսեայ բանտարկութիւնը կը քաւէ զայն։

Դուրսն ենք։

Ներսը կը խորհրդակցին, կը վիճին, թեր ու դէմ կարծիքներ կուտան։ Քրանտիւքի գլուխը վիզին վրայ կ՚երերայ, աջ ու ձախ կը ծռի. պիտի փրթի՞ արդեօք։ Երեսս կը նայի դատապարտուած ոչխարի մը նայուածքին քաղցրութեամբը։ Այդ նայուածքը հարցումներ ունի, որոնց չեմ կրնար պատասխանել. ես ալ տասնապետը դողացնող յուզումներուն մասնակից եմ հոս, այս անկիւը քաշուած։

Ժամ մը. ու կը շարուակեն խորհրդակցիլ։ Բայց ձայները կը մեղմանան, չեն լսուիր ա՛լ։ Համաձայնած են. ինչի՞ վրայ արդեօք։

Ու յանկարծ զանգակին ձայնը, սուր, ուժգին, սարսափելի հնչիւն մը, որ շունչս կը կտրէ։ Տասնապետին տժգոյն դէմքը կը կարմրի։ Ամենքը սենեակէն ներս կը խուժեն ինձմէ առաջ, ա՛լ չհանդուրժելով սպասել։ Ես ալ կը մտնեմ վերջապէս։

Իր աթոռը գրաւելէ առաջ, նախագահը կը վարանի, ամբաստանեալին ներկայութիւնը կը ստուգէ. գէշ նշան։

Եւ դատավճիռը կը կարդայ. համառօտ գրութիւն մը. չորս տող, որ կեանք կամ մահ կը բերէ հետը։ Առաջին բառերէն դեռ բան չեմ հասկնար. գլուխս դէպի առաջ՝ յիմարական ջանքեր կ՚ընեմ. շո՛ւտ, աւելի՛ շուտ եզրակացո՛ւր։

«Ինքնապաշտպանութի՜ւն»։ Փրկուա՛ծ ենք։

Բանտ կը դառնանք նորէն, ցնծութեան աղաղակներու, ողջագուրումներու մէջ։ Քրանտիւք չի խօսիր, ձեռքս կը բռնէ, կու լայ - ու սենեակի պատէն վար առնելով չերքէզի դաշոյն մը՝ ինծի կը նուիրէ զայն։

Ի՜նչ ընեմ ես այս դաշոյնը։ Քրանտիւքի բազմավէպ կեանքին անբաժան ընկերը, հո՛ս, տան մը, սրահի մը կարասիներուն միջեւ՝ անվնաս զարդ մը, խաղալիք մը պիտի ըլլայ ասկէ ետք։ Իր դաշոյնի կեանքը վերջացած է։ Կիները ձեռքերնին պիտի առնեն զայն երբեմն, առանց հասկնալու անոր լեզուէն. իրենց աշխարհիկ խեղճ կիրքերով անկարող ըմբռնելու՝ այս երկաթի կտորին սիրոյ հետ ունեցած մշտնջենական խնամութիւնը եւ այս անզգայ գործիքին մէջ տեսնելու՝ սուրբ ու վայրենի տոչորումներու նախանձոտ պահապանը։

***

Ահաւասիկ Գրիգոր Զօհրապի պատմուածքներէն նմոյշ մը՝ մարդկային կեանքէ հատուած մը, ուր կարելի է տեսնել եւ ապրիլ կեանքի եւ մահուան միջեւ ճակատագրական պահ մը՝ արձակուած դատավճիռի մը տողերուն մէջէն։ Եւ ո՜րքան յուզումնալից է այն պահը՝ երբ մարդու մը կեանքը կապուած է արձակուած վճիռի մը։ Եւ այդ խորհրդաւոր պահն է, որ հրաշալի՜ կերպով նկարագրուած է Գրիգոր Զօհրապի պատմուածքին մէջ։ Հո՛ն է որ կը տեսնուի խորաթափանց «հոգեբան»ը եւ մեծ արուեստագէտը՝ որ եղաւ Գրիգոր Զօհրապ հայ գրականութեան մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 26, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 28, 2020