ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԲԱՒԱՐԱՐ

Ձեր հե՞տ ալ պատահած է, որ փորձէք պարզ ու անկարեւոր բան մը յիշել, տանջած էք ձեր միտքն ու ուղեղը, սակայն յաղթուած մոռացութեան կողմէ: Կամ պատահա՞ծ է, որ անցորդ մը ճանչնայ ձեզ, բարեւէ, սակայն դուք չյիշէք կամ չգիտնաք, թէ ով է...: Իրականութեան մէջ մեծ է տարբերութիւնը մոռնալուն եւ չյիշելուն. այն ամէնը ինչ կը տեսնենք կամ կը լսենք, մենք չենք կրնար մոռնալ. անոնք ինքնաբերաբար կ՚արձանագրուին մեր ենթագիտակցութեան մէջ. որոշ ժամանակ ետք անոնք նորէն կ՚արթննան, որովհետեւ մեր շուրջ գրեթէ ամէն բան կրկնութիւն է, որ տպաւորութեան ճամբով որպէս յիշողութիւն երեւան կու գայ:

Ենթագիտակցութեան մէջ պահուիլը կը կոչուի մտապահութիւն, իսկ անոնց դարձեալ երեւան գալը վերարտադրութիւն եւ այս ընթացքն է, որ ներկան կը կապէ անցեալին, իսկ ապագան՝ ներկային: Փիլիսոփայութիւնը կը յայտնէ, թէ անոնց վրայ հիմնուած է նաեւ երեւակայելու երեւոյթը, որովհետեւ մեր երեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունեցող պատկերները կրկնութիւնն են մեր անցեալին տեսած ու մտապահած երեւոյթներուն ու պատկերներուն: Նոյնիսկ գրելը կամ գծագրելը կապուած են յիշողութեան, որովհետեւ գաղափարներու կազմութիւնը մեր անցեալին սորվածներուն, լսածներուն ու տեսածներուն լոյսին տակ կը կազմուին: Այս պատճառով գիտնականներ կը հաւատան, թէ ուղեղի զարգացման հետ կը զարգանայ նաեւ յիշողութիւնը:

Չյիշելու եւ մոռնալու պատճառը շատ անգամ տուեալին չթարմացուիլն է. օրինակ այսպէս. եթէ ձեր համակարգիչին վրայ գաղտնաբառ դնէք եւ ամէն օր գործածէք այդ մէկը՝ դժուար թէ մոռնաք, որովհետեւ ամէն օր գործածութեան մէջ է, սակայն գաղտնաբառը եթէ վերցնէք ու աւելի քան տարի մը չգործածէք՝ ակամայ կը սկսիք մոռնալ (թէեւ ենթագիտակցութեան մէջ տեղ մը պահուած կ՚ըլլայ). այդ գաղտնաբառը յիշելու համար կը սկսիք մտատանջուիլ, մինչ միշտ գործածելու պարագային ան ձեր միտքի առաջամասին մէջ կը գտնուի: Այնպէս ինչպէս մեր կեանքին մէջ նորերը հիներուն տեղը կը բռնեն, յիշողութեան պարագային եւս նորերը կու գան հիները «աւելի ետեւ» տանելու եւ անոնց տեղը բռնելու:

Մոռնալն ու չյիշելը անձէ անձ կրնայ տարբերութիւն ունենալ, նկատի ունենալով տարիքի ու շրջապատի տարբերութիւնը: Այդ տարբերութիւնը ի յայտ կու գայ օրինակ սորվելու պարագային. երկու աշակերտներ նոյն դասը եթէ ունին, մին կրնայ սորվիլ 10 վայրկեանէն, իսկ միւսը մէկ ժամէն. ժամերու այս տարբերութիւնը պայման չէ խելացիութեան նշան ընդունիլ, որովհետեւ մին կրնայ շատ արագ մտաբերել, իսկ ուրիշը աւելի ուշ, այդ իսկ պատճառով «զարգացած» երկիրներու մէջ այսօր յատուկ յիշողութեան մարզումներ կը կատարեն դպրոցներու մէջ:

Արդի գիտութիւնը կը յայտնէ, թէ մոռնալու մէջ կրնայ դեր ունենալ ոգելից ըմպելիքը, տխրութիւնն ու նեղութիւնը, անքնութիւնը, դեղօրայքը եւ ջղայնութիւնը: Այս բոլորի կրկնութիւնը յառաջացած տարիքին մարդոց մօտ կրնայ առաջ բերել ամնեզիայի հիւանդութիւնը (alzheimer), որ ընդհանրապէս յառաջացած տարիքին ի յայտ կու գայ:  Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ այսօր աշխարհի վրայ աւելի քան 68 միլիոն անհատ կը տառապի ամնեզիայի հիւանդութեամբ. անոնք կամաց կամաց կը սկսին մոռնալ իրենց զաւակներուն ու հարազատներուն անունները, մինչեւ իսկ իրենց տունին հասցէն ու ճամբան. շատ անգամ օտարներ իրենց զաւակը կը կարծեն: Այդ հիւանդութեամբ տառապողները կը կարծեն, թէ հիւանդանոցը իրենց տունն է, իսկ հիւանդապահուհին... իրենց հարազատ աղջիկը եւ կամ տղան:

Այս հիւանդութեան պատճառը կրնայ թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին ըլլալ. անհատի ապրած կեանքն ու հոգեկան վիճակը մեծապէս դեր կը կատարեն այդ բոլորին մէջ: Այսօր աշխարհի մէջ բազմաթիւ անհատներ այս հիւանդութեան պատճառով մոռնալով իրենց հասցէն ու տունը կորսուած են. այդ իսկ պատճառով ներկայիս մարդիկ այդ հիւանդութեամբ տառապողներուն ձեռքի վրայ սկսած են անհատի տուեալները դաջուածք ընել:

Մօտաւորապէս 200 տարիներ առաջ՝ 1800-ական թուականներուն գիտնականներ սկսած են փորձեր կատարել, տեսնելու համար, թէ վարժութեան ճամբով կարելի՞ է կանխել այս հիւանդութիւնն ու զարգացնել յիշողութիւնը, եւ հասած են հետեւեալ եզրակացութեան:

Պարզուած է, որ մարզանքով զբաղուող մարդոց մօտ աւելի քիչ կը յայտնուի այդ հիւանդութիւնը, քան միւսներուն, այդ իսկ պատճառով գիտնականներ կ՚առաջարկեն աշխոյժ կեանք մը ապրիլ ու մարզանք կատարել: Երկրորդ ամենէն կարեւոր կէտը կը նկատեն օրինաւոր քունը, որովհետեւ քնանալը մարմնականի կողքին մտային հանգստութիւն ալ կու տայ մարդուն: Երրորդ կարեւոր վարժութիւնը տեղեկութեան կրկնութիւնն է եւ արտագրումը. ուսումնասիրութիւններ յայտնած են, թէ գրելը եւս մեծ դեր ունի յիշողութեան զարգացման մէջ. հաւանաբար այդ է պատճառը, որ շատեր իրենց դասերը գրելով կը սորվին, հաւատալով որ գրելը աւելի կը տպաւորուի մարդու ուղեղին մէջ քան ընթերցանութիւնը:

Միայն հարազատներ կրնան գիտնալ, թէ ինչ ըսել է յիշողութիւնը կորսնցնել. անհատի մը համար յիշողութիւն կորսնցնելը մեռնելէ բանով մը չի տարբերիր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐՄԷՆ ՏՈՐԵԱՆ
(1892-1915)

Մեր թուականէն 130 տարիներ առաջ՝ 30 յունուար 1892-ին, Անգարայի մէջ ծնած է ուսուցիչ, բանաստեղծ, գրող եւ խմբագիր Արմէն Տորեան (բուն անունով՝ Հրաչեայ Սուրէնեան):

Տորեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1911 թուականին եւ մեկնած է Փարիզ, ուր հիմը դրած է «Համաստուածեան» դպրոցին եւ հրատարակած «Արէն» պաշտօնաթերթը: Միաժամանակ Փարիզի մէջ աշխատակցած է բազմաթիւ թերթերու եւ հանդէսներու, գրելով թէ՛ ֆրանսերէն եւ թէ հայերէն լեզուներով:

Ուսուցչապետի պաշտօնով Մխիթարեան դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ հրաւիրուած է Պոլիս, ուր սկսած է դասաւանդել ֆրանսերէն լեզու, միաժամանակ աշխատակցած է տեղական մամուլին՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն բանաստեղծութիւններով: Տորեան եղած է Ապրիլ 24-ի գիշերը հայ մտաւորական ընտրանիին հետ ձերբակալուողներէն եւ նետուած Էնկիւրի բանտը, ուր մահացած է 23 տարեկան հասակին:

Յետ մահու իր հարազատ եղբօր՝ Զենոբ Սուրէնեանի ջանքերով հրատարակուած է Արմէն Տորեանի գրքոյկը՝ «Մի հայազգի ֆրանսացի բանաստեղծ» խորագրով: Անոր գործերէն շատեր՝ մանաւանդ ֆրանսերէն աշխատութիւնները, անտիպ կը մնան մամուլի էջերուն մէջ. անոր բանաստեղծութիւններէն շատեր լոյս տեսած են ֆրանսական «Շանթ» թերթին մէջ:

Արմէն Տորեան թէեւ տարիքով երիտասարդ, սակայն յիշուած ու ճանչցուած է նաեւ թրքական գրականութեան մէջ:

Բանաստեղծի գերեզմանը մինչեւ օրս կը մնայ անյայտ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Ուրբաթ, Յունուար 28, 2022