ՆՈՐ ՄԱԶԵՐ ՊԻՏԻ ԳԱՆ…

Բնազդաբար ձեռքերը վեր բարձրացուց շոյելու համար  մազերը, սակայն այս անգամ չզգաց նախկին երջանկութիւնը. ձեռքերը մնացին օդին մէջ եւ ցաւ մը սկսաւ կրծել իր դեռատի սիրտը, որ տակաւին նոր կը ծանօթանար ցաւի ինչութեան:

Անգամ մը եւս շոյելու փորձ մը կատարեց, սակայն երբեմնի ճոխ ու առատ մազերուն տեղ գտաւ գերեզմանացած պարապութիւն մը. ո՞ւր էին բանաստեղծական մազերը, որոնց քնքոյշ խաղերուն մէջ կախարդանք մը ցոլար: Աշնանային անժամութիւն մը արդէն բացի գլուխէն կամաց կամաց սկսած էր տերեւաթափիլ նաեւ մատղաշ հոգիին մէջ, ուր գարունը երազ ու ցնորք պիտի դառնար: Սարսափահար դուրս ելաւ անկողինէն եւ տատամսոտ քայլերով սկսաւ յառաջանալ դէպի այն սենեակ՝ ուր դրուած մեծ հայելիին դիմաց երբեմնի առատ մազերը հմայք կը ճառագայթէին, սակայն իր մազերուն պէս չկար նաեւ հայելին:

Պահ մը գէշ երազ կարծեց: Խռոված հոգիին մէջ սակայն յոյսի նշոյլ մը պսպղաց. գուցէ մայրը դիտաւորութեամբ վերցուցած ըլլար ո՛չ միայն հայելին, այլեւ մազերը, ո՞վ գիտէ, գուցէ մաքրելու եւ դարձեալ իրենց տեղերը վերադարձնելու երազական միտումով: Այս մտածումներով խանդավառուած անորոշ վախ մը աչքերուն ուզեց ներս՝ մօրը մօտ երթալ, սակայն տարտամ խոհեր խափանեցին որոշումը. իսկ եթէ մայրը վերցուցած չըլլար... իսկ եթէ մօրը փոխարէն գողերը յափշտակած ըլլային հայելին ու մազերը:

Ուզեց իր առաջին մտածումին վրայ կեդրոնանալ. վերջապէս մայրը լուծումն էր բոլո՜ր դժուարութիւններուն:

Խոհանոցին մէջ գտաւ մայրը, որ աչքերը հազիւ զսպուած արցունքներով, փորձեց շինծու ժպիտ մը ուրուագծել դէմքին. ժպիտին մէջ բանտուած էր յուսահատութեան պատկերը, որ երբեւէ մոռնալ պիտի չյաջողէր:

Խեղդուած ձայն մը խզեց սենեակին լռութիւնը.

-Մազե՞րս...:

Ժպիտը պահելով հանդերձ մօր աչքերէն ըմբոստ արցունք մը ակամայ վար սահեցաւ: Ո՞ր մայրը պիտի չուզէր իր ամբողջ մազերը արմատախիլ ընել ու տալ իր աղջկան. մայր մը՝ որ դողդոջուն ձեռքերով սրբազան մասունքի մը դպնալու ջերմեռանդութեամբ կը շոյէր իր աղջկան երբեմնի փառահեղ մազերը: Սիրտին մէջ անձրեւի մը նման արցունք կը տեղայ, սակայն շուրթերը կը պայքարին կանգուն պահելու համար արդէն իսկ տխուր ժպիտները. զաւակին մազերուն հետ կտրած էին նաեւ ի՛ր սիրտը, որ այժմ յաւիտենական սուգ մը հագած՝ ուրախ ըլլալու ձախող դերը կը փորձէր կատարել:

-Նորերը պիտի գան...

Հագուստին եւ խաղալիքներուն նորերը մի՛շտ ալ ուրախութիւն ու երջանկութիւն պատճառած էին աղջկան մանուկ հոգիին, սակայն մազերուն նորը ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ. այս անգամ «նոր»ը այնքան ալ ուրախութիւն չպատճառեց, որովհետեւ հոգիին մէկ անկիւնը կար անհասկնալի մելամաղձոտութիւն մը: 

Հակառակ իր սովորութեան այդ  օր սակաւախօս էր. նոյնիսկ դուրս գալ եւ հասակակիցներուն հետ խաղալու փափաքը չունեցաւ: Սակայն երկա՜ր ժամեր երազեց՝ երազովը ապերախտ «նոր մազեր»ուն։ Առաջին անգամն էր, որ սիրտը մատնուած էր նման անորոշութեան մը եւ կարծես կը զգար, որ հին մազերուն հետ կարծես հրաժեշտ կու տար նաեւ երջանկութեան, որուն ինչ ըլլալը այնքան ալ հասկցած չէր տակաւին:

Քաշուեցաւ սենեակ, ուր պատէն կախուած գտաւ իր նկարը՝ հին մազերով, որոնք գիշեր մը անհետացան: Յիշեց գինով շոյանքը այդ մազերուն եւ ձեռքերը կը զգային պակասը այդ մազերուն: Մօտեցաւ պատուհանին եւ թաքուն դիտեց անցորդները, որոնք տակաւին հին մազերով կը շարունակէին ապրիլ. հարցումներու լաբիւրինթոս մը կար մատղաշ ուղեղին մէջ, որոնք կը վախնային շուրթերէն դուրս գալ, որովհետեւ յաճախ լռութիւնը յաղթուած ըլլալը գիտնալէն շա՜տ շատ աւելի սրբազան իրողութիւն մըն է:

Քաոսային այս մտածումներուն մէջ դիտեց վերջալոյսը, որ երկինքէն աւելի կարծես հոգիին մէջ կատարուեցաւ. սակայն աղօտ յոյս մը կար այդտեղ. «նոր մազեր»ը գուցէ արշալոյսին հետ միասին հասնէր իրենց տուն եւ հիներուն փոխարէն աւելի՛ նոր, աւելի՛ փառահեղ ու զգլխիչ մազեր ունենար:

Անցաւ քանի՜ արշալոյս, սակայն «նոր մազեր»ը այնպէս ալ չհասան։ Լացաւ ու լալու չափ ալ պայքարեցաւ, որովհետեւ յառաջիկայ արշալոյսները պէտք է որ ալ բերէին խոստացուածը, որուն յոյսն ալ կամաց կամաց փշրուեցաւ։ Պուպրիկներու վրայի բուռ մը մազը անգամ հիմա այնքա՜ն կախարդական ու հմայիչ կը գտնէր, որոնք երբեք նորերով փոխել պիտի չուզէր:

Առանց նոր մազերու դարձեալ արեւը մարեցաւ, մարելով նաեւ յոյսը՝ որ կը շարունակէ աղիողորմ ճիչով մը վրէժ աղաղակել... որուն արձագանգը մինչեւ օրս կը լսուի իւրաքանչիւրիս հոգիին մէջ:

Նորերը պիտի գան:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -154-

Այս չարացած աշխարհի մէջ ուրախութիւն է տեսնել, որ տակաւին կան բարեսիրտ մարդիկ: Այսօր աշխարհի չորս կողմը կը գտնուին անձեր, որոնք սիրայօժար կեղծամներով կը փորձեն ուրախացնել հիւանդանոցներու եւ տան պայմաններուն մէջ քաղցկեղի եւ զանազան հիւանդութիւններու պատճառով իրենց մազերը կորսնցուցած մանուկերն ու երիտասարդները:

Մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար այնքան պարզ ու հասարակ թուող մազերը անոնց համար ապրելու խորհրդանիշ մըն է պարզապէս։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023