ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՀՐԱՊՈՅՐԸ
Գնալը կղզին՝ այն երազայի՜ն վայրը, այն քաղցր յիշատակներու անսպառ ակը, խաղաղութեան եւ երջանկութեան խորհրդանիշը, շատերու համար կեանքի ամենէն գեղեցիկ շրջաններուն վկան, հանդարտութիւն, անդորրոթիւն եւ անշուշտ հոգեկան բաւարարութիւն եւ վստահութիւն ներշնչող, ապահով ապաստարանը խռոված, յուզուած, այլայլած հոգիներու…։
Գնալը կղզին իր հաճելի եւ անսեթեւեթ պարզութեամբ, իր ջերմիկ եւ հանդարտ մթնոլորտով, իր անոյշ զեփիւռով եւ իր ծովին յարամրմունջ ալիքներով տպաւորուած ու քանդակուած է սիրտերու մէջ եւ դրոշմուած՝ միտքերու, յիշատակներու խորը։
Մարդիկ, ընդհանրապէս յիշել կ՚ուզեն իրենց անցեալի քաղցր յիշատակները եւ կը մոռնան վատ ու տանջող յիշատակները. բայց ո՛չինչ կարելի է գտնել հոն՝ Գնալը կղզիի յիշատակներուն մէջ գէշ ու վատ, քանի որ Գնալը կղզիի անոյշ զեփիւռը փարատած, ցրուած է ամէն գէշ յիշատակ եւ թողած է միա՛յն լաւ ու անոյշ յիշատակները։ Հոն է որ կ՚ապրի մարդ խաղաղութիւնը իր իսկական իմաստով, թէ՛ ներքին խաղաղութիւնը եւ թէ՛ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ՝ ներքին խաղաղութեան արտացոլումը՝ արտաքին խաղաղութի՛ւնը։
Գնալը կղզին այն դրախտանման վայրն է՝ ուր մարդկային ներաշխարհը կը յայտնուի, կ՚արտացոլանայ եւ անկեղծութիւն կը բխի մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Անկեղծութիւն՝ որ հետեւանքն է պարզութեան, չափաւորութեան, իրերհասկացողութեան, իրերօգնութեան, բարեկամութեան եւ բոլոր առաքինութիւններուն՝ մէկ խօսքով ըսենք. ազնուութեա՛ն։
Կը զգամ, իմ շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, փոքր քմծիծաղ մը պիտի գոյանայ դէմքերու վրայ, երբ «Գնալը կղզի» անունը կ՚արտասանուի «պարզութիւն» եւ «չափաւորութիւն» բառերուն հետ։ Այս մասին որեւէ մեկնաբանութիւն ընել չենք ուզեր, քանի որ մենք սա պահուս կը խօսինք անցեալի քաղցր յիշատակներու մասին միայն եւ ո՛չ թէ ներկայ վիճակին վրայ։
Արդարեւ, սա ըսենք, թէ վայրեր որքա՜ն գեղեցիկ տեսարաններ ունենան, որքա՜ն բնական բարիքներով օժտուած ըլլան, անոնք սիրելի, համակրելի եւ հաճելի ու առինքնող դարձնողը անոր բնակիչնե՛րն են. բարեկամներ, ընկերներ, դրացիներ եւ մինչեւ իսկ շուկայի խանութպանները, վաճառորդները։ Ուստի եթէ սիրելիներ չկան, բարեկամներ չկան, համախոհ անձեր չկան ու կը բացակային՝ ի՜նչ արժէք կը ներկայացնէ գեղեցիկ տեսարանը, բնութեան հրաշալիքները՝ մինակ, չոր ու ցամաք, ի՜նչ կ՚արժէ ծովը, դաշտը, ծաղիկը, ծառերը՝ առանց սրտակից բարեկամի, առանց բաժնելու անոնց գեղեցկութիւնը։
Ուրեմն, եթէ կը բացակային այդ ամէնքը ներկայիս, նախընտրելի է զանոնք ապրիլ ու վայելել անցեալի մէջ՝ քաղցր յիշատակներով, ուրախութեամբ եւ երջանիկ հոգեվիճակով մը։ Վայր մը սիրելի եւ համակրելի ընողը մա՛րդն է՝ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն ստեղծող մարդը՝ բարեկամ մը՝ ընկեր մը, հաճոյքը, վայելքը բաժնող մը, անկեղծ սրտակից մը, բաժնեկի՛ց մը։ Հոն ուր կը բացակային անոնք, ապա ուրեմն վայրը կը կորսնցնէ իր հմայիչ, հրապուրիչ յատկութիւնը եւ կը դառնայ միայն «տեղ» մը՝ հողամաս մը, հոգիէ զուրկ «մարմին» մը։
Քիչ վերը խօսեցանք պարզութեան եւ չափաւորութեան վրայ. հոն ուր կը պակսի պարզութիւնը եւ չափաւորութիւնը, հոն մարդիկ այլեւս կը կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը, իրենց անձնականութիւնը եւ ծանօթ միջավայրի մը մէջ իրենք զիրենք օտար, անծանօթ կը զգան, բազմութեան մէջ՝ մինակ, ձայներու մէջ՝ խուլ, միջավայրին հանդէպ՝ անտարբեր, լքուած ու կղզիի մէջ աւելի եւս կղզիացա՛ծ։ Եւ հոն ուր մէկը ինքզինք օտար եւ անծանօթ կը զգայ, ապա ուրեմն հոն վերջացած է իր կեանքը, քանի որ մարդ էակը ընկերային է, հաւաքականութեան մէջ կրնայ գտնել ինքզինք՝ անհատ է, ուրիշ անհատներու նկատմամբ եւ բաղդատմամբ, եւ եթէ բացակային «ուրիշ»ներ, այլապէս անհատը կը կորսնցնէ իր անհատականութինւը եւ կ՚ըլլայ «մինակ» մարդ, միայն մարմնապէս մարդ, բայց ո՛չ ընկերութեան անդամ։
Ահաւասիկ, ա՛յս պատճառով, անցեալը, յիշատակները շատ կարեւոր դեր կը խաղան մարդուս կեանքին մէջ՝ կեանքը կարծես կը վերստանայ իր կարեւորութիւնը, մարդ ինքզինք անհատ կը զգայ եւ անդամ՝ ընկերութեան։ Կը զգայ մարդ, թէ ապահովուած է իր կեանքը, տեղ մը կը գրաւէ ընկերութեան մէջ, չէ՛ լքուած, չէ՛ մոռցուած, չէ՛ դաւաճանուած եւ գիտէ, թէ ի՛նք է, ինքնութեանը տէ՛րն է…։
Գնալը կղզի՜ն, խաղաղութեան, երջանկութեան, պարզութեան խորհրդանիշ կղզին, իր բնակիչներով, բարեկամութիւններով, ընկերութիւններով, դրախտավայել ապրումներով այդ հրապուրիչ վայրը, ծովուն մէջտեղ կղզին՝ կղզիացած դրախտը, երազներու քաղցր աղբիւրը, այսօր քաղցր յիշատակներով միայն ապրելու եւ վայելելու կարելիութիւնը տրտում կը թողու անոնք, որոնք տարիներու ընթացքին կորսնցուցած են Գնալը կղզիի մտերմութիւնը, հոգեկցորտ հանգամանքը, այն ջերմ բարեկամութիւնը, որ նախապէս կապած էր զիրենք իրեն։ Սիրելի՜ բարեկամներ, որեւէ տեղ մէկու մը կապող կապը «մարդ» եզրն է, տեղ մը մարդու մը հրապուրիչ կը թուի մարդո՛վ։
Երբ շուրջը մեծ բազմութիւն մը կայ, բայց այդ բազմութիւնը կազմողները անծանօթներ են, օտարներ, մարդ ինքզինք մինակ կը զգայ հոն եւ անշուշտ կը հեռանայ դէպի հոն՝ ուր ինքզինք օտար չի զգար։
Անցեալի յիշատակներու մէջ Գնալը կղզին ունէր հասարակաց լեզու մը, որ բոլոր բնակիչներ կը խօսէին այդ հասարակաց լազուն՝ «Սիրոյ լեզո՛ւ»ն էր այդ, ինչ կ՚ուզէ ըլլայ խօսուած լեզուն՝ անոր ամէն մէկուն մէջ կար սէ՛ր, մտերմութիւն, բարեկամութիւն, անկեղծութի՛ւն…։
Անցեալի մէջ Գնալը կղզին կը նմանէր հսկայ շէնքի մը՝ որուն ամէն բնակիչները ծանօթ էին իրարու եւ այդ հսկայ շէնքին պարտէզը՝ կղզիի դաշտը, ծովը, փողոցները շէնքին մանուկներուն հասարակաց զբօսարանն էր կարծես՝ հոն մանուկներ, պատանիներ, իբր նոյն ընտանիքին զաւակները, խաղաղ ու երջանիկ կ՚անցընէին իրենց դադարը։ Եւ անոնք կը խօսէին մէ՛կ լեզու՝ սիրոյ, բարեկամութեան լեզո՛ւն։
Այսօրը չեմ գիտեր, ներկայ վիճակէն տեղեկութիւն չունիմ, քանի որ այս գրիչը երկար ժամանակէ ի վեր դադրած է հոն՝ ծովուն հանդէպ շարժելէ, քանի որ Գնալը կղզիի գրիչները ցամքա՜ծ են այլեւս, իսկ թուղթերը՝ անգործածելի՛…։
Մինչդեռ Գնալը կղզին մեծագոյն հրապոյրն էր գիրի եւ լեզուի ժիր մշակներուն, ճշմարիտ գրագէտ եւ գրասէրներուն ներկայութիւնն էր, որոնք կը ներշնչուէին ծովուն եւ հովին տպաւորած բնական գեղեցկութիւններէն։ Անոնց ամէն մէկուն համեստութիւնը, պարզութիւնը, խոնարհութիւնը, լեզուի եւ գիրի նուիրուած կեանքը գեղեցկութիւններ էր սփռած Գնալը կղզիի բնական գեղեցկութեանը վրայ։ Ժողովրդական հնօրեայ իմաստութեան խօսքին համեմատ՝ «փառքերու առջեւէն խոնարհութիւնը կ՚երթայ», եւ հոն ուր կայ խոնարհութիւն, հո՛ն կայ փառք, մեծութիւն եւ հոն ուր կայ պարզութիւն, հո՛ն կայ ազնուութիւն, եւ հո՛ն կայ չափաւորութիւն, հոն կայ աստուածաճանաչութիւն եւ աստուածահաճութիւն։ Ուստի, հպարտ ու փառամոլիկ մոլութիւններէ հեռո՜ւ՝ պարզ ու չափաւոր կեանք մը միա՛յն կրնայ ապահովել խաղաղ ու երջանիկ կեանքը եւ պզտիկ գործեր հսկայ խոշորացոյցերով դիտելու տկարութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ խռովութեան եւ դժբախտութեան, քանի որ անիկա կատարեալ ինքնախաբէութի՛ւն մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 25, 2017, Իսթանպուլ