ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ
Ոչ միայն մասնաւոր ցեղի մը, ազգի մը, պետութեան, այլ ընդհանուր մարդկութեան աճումը, բարոյականութիւնը, մտաւոր զարգացումը, բարօրութիւնը, մէկ խօսքով՝ նոյնիսկ գոյութիւնը եւ գոյատեւութիւնը, սերտ կապակցութիւն ունեցած են միշտ ընտանեկան կեանքի հետ, որուն գլխաւոր շաղկապը եւ հիմունքը Ամուսնութի՛ւնն է։
Միայն այն ժամանակ մարդս ստացաւ որոշեալ եւ բազմատեսակ բարոյական, քաղաքացիական եւ հասարակական իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ, պարտաւորութիւններ, երբ գոյացաւ եւ հաստատուեցաւ ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը։ Եւ որովհետեւ ամուսնութիւնը նոյնչափ հին է, որչափ հին է մարդկութեան սկիզբը, ուստի ամուսնութիւնը իրաւամբ ամէն տեսակ իրաւունքի, պարտաւորութիւններու աղբիւրը, սկզբնական պատճառը կը համարուի։ Արդարեւ, ընտանիքը՝ որ կը հաստատուի օրինական ամուսնութեամբ, միակ կորիզն է մարդկային ընկերային կեանքին, ուրկէ կը յառաջանայ հասարակութիւնը, ժողովուրդը, ընկերութիւնը եւ ազգը։
Հին եւ նոր իրաւաբաններ եւ աստուածաբաններէ շատեր կը հաստատեն ամուսնութիւնը չորս գլխաւոր իրաւաբանական հիմունքի վրայ.
ա.- Աստուածային իրաւունք.- Աստուած Ի՛նքն հաստատեց ամուսնութիւնը դրախտի մէջ. (ԾՆՆԴ. Ա 28), (ԾՆՆԴ. Բ 21-25), եւ ապա Յիսուս Քրիստոս զայն տնօրինեց իբրեւ սուրբ խորհուրդ. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 3-9)։
բ.- Բնական իրաւունք.- արական եւ իգական սեռի բնական փոխադարձ ձգտումը դէպի իրարու։
գ.- Մարդկային իրաւունք.- իբրեւ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ երկուստեք համաձայնութեամբ քաղաքացիական համաձայնութիւն եւ կամ ընկերակցութիւն իր բոլոր իրաւաբանական յատկութիւններով։
դ.- Պետական իրաւունք.- իբրեւ հաստատութիւն՝ ընտանիքը իր բոլոր փոխյարաբերութիւններով հասարակութեան եւ հետեւաբար պետութեան հետ։
Հայ Եկեղեցին, սահմանադրելով ամուսնութեան մասին զանազան ժամանակ զանազան կանոններ, նոյնպէս աշխատած է օրինաւոր կարգել ամուսնութիւնը իր բոլոր հետեւանքներով։ Այս նպատակով ան որոշած է մի քանի պայմաններ, որոնք անհրաժեշտ, հարկաւոր են ամուսնութեան օրինաւորութեան համար, երբ անոնք պահպանուած չըլլան ճշդութեամբ՝ բոլորը կամ մի քանին, կամ մինչեւ իսկ մէկ պայմանը, յառաջ կու գան նոյնպէս երկու հետեւանք՝ ամուսնութիւնը կ՚ըլլայ կամ ապօրինի կամ անվաւեր, որով եւ քակելի կամ լուծանելի, կա՛մ նոյնպէս ապօրինի եւ անվաւեր, բայց ո՛չ լուծանելի։ Այս պայմանները կը կոչուին երբեմն նաեւ ամուսնական արգելքներ, որովհետեւ արգելք կ՚ըլլան ամուսնութեան օրինաւորութեան։
Հակիրճ ակնարկ մը նետենք այդ պայմաններուն եւ արգելքներուն.
1.- Սեռ. աներկբայելի է, որ ամուսնութիւնը կը հաստատուի միա՛յն երկու տարբեր, այսինքն՝ արական եւ իգական սեռի մէջ, այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ, որովհետեւ ամուսնութեան գլխաւոր խորհուրդն է որդեծնութիւնը, իսկ այդ կարելի է արուի եւ էգի՝ մարդու եւ կնոջ յարակցութենէն։
2.- Միակնութիւն. «monogamie», միակնութիւն եւ բազմակնութիւն «polygamie» հարցը շատ հետաքըրք-րական է ամուսնութեան գործի մէջ։ Ի նկատի ունենալով ամուսնութեան գլխաւոր նպատակը, որ է աճեցնել մարդկային սերունդը, այլ եւ ամուսնութեան բնական կողմը՝ արական եւ իգական սեռի փոխադարձ ձգտումը դէպի իրարու, պէտք է կարծել, թէ ամուսնութեան մէջ բազմակնութիւնը աւելի տեղի պիտի ունենար, քան թէ միակնութիւնը։
Բայց ամուսնութեան մէջ երկու նպատակի հետ միասին կայ ե՛ւ այլ, երրորդ նպատակ՝ աւելի բարձր, աւելի խորհրդաւոր, բարոյական նպատակ. ամուսնական փոխադարձ սէր, հաւատարմութիւն, ծնողական պարտաւորութիւններ, ընտանեկան խաղաղ եւ երջանիկ կեանք։ Իսկ բազմակնութեան մէջ երբեք կարելի չէ՛ հասնիլ ամուսնութեան բարոյական նպատակներուն, որովհետեւ մարդ մը կարող չէ միեւնոյն ժամանակ հաւասար կերպով սիրել երկու, երեք կամ աւելի կին։
Հայ ազգային տարեգրութիւններէն պարզապէս եւ հաստատապէս չ՚երեւիր, որ հեթանոս հայերու մէջ այնպէս զարգացած եւ ընդհանրացած ըլլար բազմակնութիւնը, ինչպէս պարսիկներու եւ ուրիշ մի քանի ազգերու մէջ, այլ կը թուի, թէ այդ սովորութիւնը եղած է իբրեւ թագաւորի, իշխաններու եւ առհասարակ մեծատուններու համար առանձին արտօնութիւն։
Ճշմարիտ է եւ այն, որ այնքան քիչ տեղեկութիւն կը գտնուի հայ ժողովուրդի ընտանեկան կեանքի մասին։
Հայ Եկեղեցին, իբրեւ քրիստոնէութեան ընդհանուր սկզբունքներու վրայ եւ ընդունելով ամուսնութիւնը իբրեւ սրբազան խորհուրդ, բոլորովին կը մերժէ, թէեւ լռելեայն, բազմակնութիւնը։
Հայ եկեղեցական կանոնները խստիւ կ՚արգիլեն սիրական կամ հարճ պահելու սովորութիւնը։ Ուրեմն, եթէ մէկը բազմակնութեան յանցանքին մէջ իյնայ, ամուսնութիւնը կամ պսակը կ՚ըլլայ անվաւեր եւ լուծանելի, յանցաւոր ամուսինը՝ պատժելի։
Բազմակնութիւնը կարելի է հասկնալ երկու կերպով. կա՛մ երկու, երեք եւ աւելի կին ունենալ, միեւնոյն ժամանակ եւ միեւնոյն տան մէջ, եւ կա՛մ թէպէտ միեւնոյն ժամանակ, բայց ոչ միասին մէկ տան մէջ, այլ զանազան տեղերու մէջ։
Բոլոր եկեղեցական կանոնները բոլորովին կը մերժեն բազմակնութեան երկու տեսակն ալ եւ կ՚արգիլեն, նաեւ եկեղեցական պատիժի կ՚ենթարկեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024