ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆ ԶԳԱԼ

Ե­րա­նու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն մար­դուն եր­ջան­կու­թեան բնա­կան բաղ­ձան­քին։ Այս ար­դար բաղ­ձան­քը աս­տուա­ծա­յին ծա­գում ու­նի, քա­նի որ Աս­տուած դրաւ զայն մար­դուն սրտին մէջ՝ որ­պէս­զի քա­շէ զինք Ի­րեն, որ միակ կա­րո՛ղն է լիաց­նե­լու զինք։

Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիոս (354-430) կ՚ը­սէ.

«Մենք ա­մէնքս ան­տա­րա­կոյս կը փա­փա­քինք եր­ջա­նիկ ապ­րիլ, եւ մարդ­կա­յին ցե­ղին մէջ չկայ մէ­կը, որ չտայ իր հա­ւա­նու­թիւ­նը այս ա­ռա­ջար­կին, ան տա­կա­ւին լման չբա­նա­ձե­ւուած»։ Իսկ իր «Խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ»ուն մէջ կը յայտ­նէ. «Ար­դեօք ես ի՞նչ ձե­ւով կը փնտռեմ Քեզ, Տէ՛ր։ Քա­նի որ Քեզ փնտռե­լով, Աս­տուա՜ծ իմ, ես կը փնտռեմ եր­ջա­նիկ կեան­քը։ Ը­րէ՛ որ փնտռեմ Քեզ, որ ապ­րի հո­գիս, քա­նի որ մար­մինս կ՚ապ­րի հո­գիովս, իսկ հո­գիս կ՚ապ­րի Քեզ­մո՛վ»։­

Իսկ Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի (1225-1274) նա­խա­դա­սու­թեան մը մէջ կը բո­վան­դա­կէ ե­րա­նու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը երբ կ՚ը­սէ.

«Միայն Աս­տուած գո­հա­ցում կու տայ»։­

Ար­դա­րեւ ե­րա­նու­թիւն­նե­րը՝ որ կ՚են­թադ­րեն հո­գե­ւոր գո­հա­ցում, կա­տա­րե­լու­թիւն, կը յայտ­նեն մարդ­կա­յին գո­յու­թեան նպա­տա­կը եւ վեր­ջին վախ­ճա­նը մարդ­կա­յին գոր­ծե­րուն։ Աս­տուած մար­դը Իր ե­րա­նու­թեան կո­չած է։ Այս կո­չը կ՚ուղ­ղուի անձ­նա­պէս մար­դոց իւ­րա­քան­չիւ­րին, ինչ­պէս նաեւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան, Ե­կե­ղե­ցիին որ «նոր ժո­ղո­վուրդ»ն է՝ մար­դոց­մէ բաղ­կա­ցած, ո­րոնք «խոս­տում»ը ըն­դու­նած են, եւ նոյն խոս­տու­մը կ՚ապ­րին կա­տա­րեալ ու ան­կեղծ հա­ւատ­քով։

Նոր Կտա­կա­րա­նը բազ­մա­թիւ ա­սա­ցուածք­ներ կը գոր­ծա­ծէ յատ­կան­շե­լու հա­մար այն ե­րա­նու­թիւ­նը՝ ո­րուն մարդ ա­րա­րա­ծը կո­չած է Աս­տուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րով իսկ։ Մարդ ստեղ­ծուած է ե­րա­նու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու հա­մար։

Թէ ի՛նչ է քրիս­տո­նէա­կան  ե­րա­նու­թիւ­նը։

Քրիս­տո­նէա­կան ե­րա­նու­թիւ­նը՝ Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թեան գա­լուստն է, Աս­տու­ծոյ տե­սիլքն է, Աս­տու­ծոյ յոյսն է. «Ե­րա­նի՜ սրտով սուր­բե­րուն, քա­նի որ ա­նոնք պի­տի տես­նեն Աս­տուած» (ՄԱ­ՏԹ. Ե 8)։ Ան մուտքն է Տի­րոջ ու­րա­խու­թեան մէջ՝ մուտ­քը Աս­տու­ծոյ հան­գիս­տին մէջ։

Եւ դար­ձեալ Ե­ռա­մեծն Ս. Օ­գոս­տի­նոս կ՚ը­սէ. «Հո՛ն պի­տի հանգ­չինք ու տես­նենք։ Հո՛ն պի­տի տես­նենք ու սի­րենք, պի­տի սի­րենք ու գո­վա­բա­նենք։ Ա­հա­ւա­սիկ ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ մեր ան­վախ­ճան, ան­վերջ վախ­ճա­նը։ Մենք ու­րիշ ի՞նչ վախ­ճան ու­նինք, ե­թէ ոչ հաս­նիլ ար­քա­յու­թեան՝ որ վախ­ճան պի­տի չու­նե­նայ»։­

Ար­դա­րեւ Աս­տուած դրաւ մար­դը աշ­խարհ, որ­պէս­զի ճանչ­նայ զԻնք, ծա­ռա­յէ Ի­րեն եւ սի­րէ զԻնք եւ այս­պէս հաս­նի Դրախտ։ Ուս­տի, ինչ­պէս Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Ե­րա­նու­թիւ­նը մեզ մաս­նա­կի՛ց կ՚ը­նէ աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան» (Բ ՊԵՏ. Ա 4)։­

Եւ «աս­տուա­ծա­յին բնու­թիւն»ը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «յա­ւի­տե­նա­կան Կեանք»ին։ Ուս­տի ա­նով մարդ կը մտնէ Քրիս­տո­սի փառ­քին եւ Ս. Եր­րոր­դու­թեան կեան­քին վա­յել­քին մէջ։

Այս­պի­սի ե­րա­նու­թիւն մը մտա­ծել, ի­մա­նալ եւ ընբռ­նել ե­թէ ո՛չ ան­կա­րե­լի, բայց դժուա՛ր է մար­դուս հա­մար, քա­նի որ ան կը գե­րա­զան­ցէ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը եւ սոս­կա­կան մարդ­կա­յին ու­ժե­րը, կա­րո­ղու­թիւնն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ան կը բխի Աս­տու­ծոյ ձրի պար­գե­ւէն։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ զայն «գերբ­նա­կան» կը կո­չենք, ինչ­պէս «շնորհք»ը՝ որ տրա­մա­դիր կ՚ը­նէ մար­դը մտնե­լու «աս­տուա­ծա­յին ու­րա­խու­թեան» մէջ եւ վա­յե­լե­լու զայն։

Սուրբ Ե­րա­նոս Լիոն­ցի կը մեկ­նա­բա­նէ ա­ւե­տա­րա­նա­կան խօս­քը, թէ՝ «Ե­րա­նի՜ ա­նոնց որ սրտով սուրբ են, քա­նի որ ա­նոնք Աս­տուած պի­տի տես­նեն»։

«Ո՛չ ոք պի­տի տես­նէ Աս­տուած եւ պի­տի ապ­րի, ըստ Իր մե­ծու­թեան ու ա­նա­սե­լի փառ­քին, քա­նի որ Հայ­րը ա­նի­մա­նա­լի է եւ ա­նըմբռ­նե­լի՛։ Սա­կայն Իր սի­րով, Իր բա­րու­թեամբ մար­դոց հան­դէպ եւ Իր Ա­մե­նա­զօ­րու­թեամբ ու Ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ, Ան կը հա­ճի, կը հա­ւա­նի զԻնք սի­րող­նե­րուն շնոր­հել ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­մը տես­նե­լու Աս­տուած, ո­րով­հե­տեւ ի՛նչ որ ան­կա­րե­լի է մար­դոց, կա­րե­լի՛ է Աս­տու­ծոյ»։ Ուս­տի Աս­տու­ծոյ Ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ եւ Ա­մե­նա­զօ­րու­թեամբ, մար­դը կրնա՛յ տես­նել Աս­տուած։ Ար­դա­րեւ Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծեց՝ որ­պէս­զի զԻնք ճանչ­նայ եւ սի­րէ, եւ այս կը նշա­նա­կէ՝ որ Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծեց Ինք­զինք յայտ­նե­լու, ճանչց­նե­լո՛ւ հա­մար ա­նոր։

Ու­րեմն «խոս­տա­ցուած եր­ջան­կու­թիւն»ը՝ մարդս կը դնէ բա­րո­յա­կան-վճռա­կան ընտ­րանք­նե­րուն դի­մաց։ Ան կը հրա­ւի­րէ մարդս՝ մաք­րազ­տե­լու, սրբա­գոր­ծե­լու իր սիր­տը եւ իր յո­ռի բնազդ­նե­րէն եւ ա­մէն բա­նէ վեր՝ Փնտռե­լու Աս­տու­ծոյ սէ­րը։ Ան կ՚ու­սու­ցա­նէ մար­դուս, թէ՝ ճշմա­րիտ եր­ջան­կու­թիւ­նը չի՛ կա­յա­նար հարս­տու­թեան կամ բա­րե­կե­ցու­թեան մէջ, ո՛չ մարդ­կա­յին փառ­քին կամ հզօ­րու­թեան մէջ, ո՛չ ալ մարդ­կա­յին ո­րե­ւէ գոր­ծի մէջ, որ­քան ալ օգ­տա­կար ըլ­լայ ան, ինչ­պէս են գի­տու­թիւն­նե­րը, ա­րուես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րը, հմտու­թիւ­նը եւ ա­րուեստ­նե­րը, ո՛չ ալ ո՛չ մէկ ա­րա­րա­ծի մէջ, այլ միա՛յն Աս­տու­ծոյ մէջ՝ աղ­բիւր ա­մէն բա­րի­քի, ա­մէն ճշմար­տու­թեան եւ ա­մէն սի­րոյ։

Տաս­նա­բա­նեան, Լե­րան քա­րո­զը եւ ա­ռա­քե­լա­կան կրօ­նու­սու­ցու­մը մե­զի կը նկա­րագ­րեն այն ճամ­բա­նե­րը՝ ո­րոնք կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն, կը տա­նին երկն­քի Ար­քա­յու­թեան՝ որ ճշմա­րիտ ե­րա­նու­թիւնն է եւ ո­րուն կո­չուած է մարդ ա­րա­րա­ծը։

Եւ մենք ալ յանձ­նա­ռու կ՚ըլ­լանք այդ ճամ­բէն ըն­թա­նա­լու քայլ առ քայլ, ըստ սրբա­զան ու­ղե­ցոյ­ցին, ա­ռօ­րեայ ա­րարք­նե­րով, զօ­րա­ցած՝ Սուրբ Հո­գիին շնորհ­քո­վը։ Եւս զօ­րա­ցած ու ար­գա­սա­ւո­րուած Քրիս­տո­սի Խօս­քով, մենք հետզ­հե­տէ, դան­դա­ղօ­րէն պտղա­բեր կը դառ­նանք Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Աս­տու­ծոյ Փառ­քին հա­մար։

Եր­կին­քի ե­րա­նու­թիւ­նը կը ճշդէ զա­տո­րո­շու­մի եւ ընտ­րու­թեան ստու­գա­նիշ­նե­րը երկ­րա­ւոր բա­րիք­նե­րուն գոր­ծա­ծու­թեան մէջ՝ ըստ Աս­տու­ծոյ ար­դար օ­րէն­քին։ Ուս­տի ա­մէն երկ­րա­յին բա­րիք ա­ռիթ մըն է ուղ­ղուե­լու երկ­նա­յին ե­րա­նու­թիւն­նե­րու՝ տես­նե­լու եւ վա­յե­լե­լու Աս­տուած եւ Ա­նոր խոս­տա­ցուած Ար­քա­յու­թիւ­նը։ Ե­րա­նի՜ ա­նոնց՝ ո­րոնք կ՚անդ­րա­դառ­նան ի­րենց կո­չու­մին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 15, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2016