ԱՌԻԹՆԵՐԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ

Մարդոց առջեւ յաճախ առիթներ կը ներկայանան՝ բարեպատեհ առիթներ, որոնք կրնան փոխել ամբողջ կեանք մը, անհատական կամ հաւաքական կեանքի մը ընթացքը շրջել եւ բոլորովին «նոր կեա՛նք» մը ստեղծել։

Բայց երբեմն մարդիկ անտարբեր կը վերաբերուին այդ առիթին նկատմամբ՝ իրենց օգտակարին հանդէպ եւ անշո՛ւշտ կը կորսնցնեն բարեփոխուելու առիթը։

Այս կացութեան առջեւ, թէեւ կը ցաւի այդ առիթը ներկայացնողը, բայց չի յուսահատիր, եւ կը ջանայ ստեղծել եւ ներկայացնել նոր առիթներ՝ յուսալով, որ թերեւս այդ նորերուն անդրադառնան։ Արդարեւ, ամէն մարդու կարողութիւնը, հասկացողութիւնը եւ մանաւանդ տարողութիւնը նոյնը չէ, ապա ուրեմն կրնան ոմանք ուշ անդրադառնալ. բայց երբ կը կրկնուի առիթները եւ կը շարունակուի անտարբերութիւնը, այն ատեն լուրջ հա՛րց մը կայ հոն։

Զոր օրինակ, այս անտարբերութեան օրինակ մը կրնայ ըլլալ Յիսուս մանուկի ծնունդը՝ որ այն ժամանակի մարդիկ չանդրադարձան ճշմարտութեան, իրենց փրկութեան այդ մեծ եւ կարեւոր իրողութեան, անտարբեր գտնուեցան եւ անտեսեցին, որուն ապացոյցն է՝ Սուրբ Ընտանիքին, պանդոկներու մէջ չհիւրասիրուիլը եւ ստիպ-ւած՝ Նորածինի մսուրի մը մէջ դրուիլը, ինչպէս կը վկայէ Ղուկաս Աւետարանիչ. (ՂՈՒԿ. Բ 7)։ Այո, սիրելի՜ բարեկամներ, այդ հիւրասիրութեան պակասը, յաճախ կը տեսնուի կեանքի մէջ, մանաւանդ անոնց մօտ, որ չեն ընդունիր, այլ կը մերժեն ճըշ-մարտութիւնը՝ բարին եւ օգտակարը։ Կեանքի մէջ, մարդուս բարեպատեհ առիթներ երբեք չեն պակսիր, բաւ է որ մարդիկ անդրադառնան՝ հմտութիւնը ունենան տեսնելու եւ օգտագործելու այդ առիթները։

Ուրեմն կը նշանակէ, որ մարդկութեան բնութիւնը չէ՛ փոխուած անցեալ ա՜յդքան դարերու ընթացքին, եւ մարդիկ տակաւին կը դժուարանան ընդունիլ եւ իւրացնել ճշը-մարտութիւնը՝ անդրադառնալ անոր՝ որ բարի է եւ օգտակար իրենց կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։

Եւ ինչպէս դա՜րեր առաջ չբացուեցաւ պանդոկներու, սրահներու դռները Սուրբ Ընտանիքին առջեւ, այսօր ալ մարդիկ, ընդհանրապէս գո՛ց կը պահեն իրենց սրտի դռները ամէն սրբութեան առջեւ, եւ կարծես յատկապէս հեռու կը պահեն իրենք զիրենք ճշմարտութենէն եւ բարութենէն՝ այն ամէն արժէքէ, որ իրենց օգուտ եւ բարոյական շա՛հ պիտի ապահովէ։

Անոնք իրենք զիրենք կը դաւաճանեն անգիտակցաբար, քանի որ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընեն…։

Եւ երբ դա՜րեր առաջ Սուրբ Ընտանիքը ստիպուեցաւ գոմի մը մէջ իջեւանիլ՝ ժողովուրդին անտարբերութեան եւ թերեւս անխոհեմութեան պատճառաւ, այսօ՛ր ալ, կան մարդիկ, որ նոյն կերպով, ամէն սրբութիւն, ճշմարտութիւն, բարիք եւ բարոյական բարձր արժէքներ կը դատապարտեն, մնալով իրենց անարժան միջավայրերու մէջ՝ իրենցմէ հեռու եւ մեկուսացուա՛ծ, դժբախտաբար։ Մինչդեռ եթէ գիտնան արժէքը եւ կարեւորութիւնը իրենց ընծայուած առիթներուն, կեանքը աւելի դիւրատար եւ երջանիկ պիտի ըլլար…։

Բայց ո՜րքան խորհրդանշական է, որ երեւելիներէ, մեծամեծներէ մերժուածները տեղ կը գտնեն խոնարհներու, համեստներու, հաւատարիմներու գթասիրտ եւ անկեղծ, ջերմ միջավայրին մէջ։ Հասարակ եւ համեստ մարդիկ աւելի լա՛ւ կը հասկնան մեկուսացած բայց վեհ հոգիներու վիճակը՝ իրենց սիրելի մտերմութեանը մէջ։

Ուստի մեծամասնութիւն կամ փոքրամասնութիւն, մարդիկ կրնան անտարբեր գտնուիլ ազնիւ արժէքներու, օգտակար եւ բարի ճշմարտութեան, բայց ի վերջոյ կը պարտաւորուին ներկայանալ անոր՝ որ զիրենք կ՚առաջնորդէ Յաւիտենականին, անդրադառնալով իրենց թերութեան։

Այս կը նշանակէ ուրեմն, որ երեւոյթներուն, իրողութիւններուն պէտք չէ նայիլ միայն մարմնաւոր աչքով, այլ եւ մանաւանդ՝ հոգեւոր եւ մտաւոր աչքով։ Ուստի, երբ մարդ նայի որեւէ իրողութեան մակերեսային կերպով եւ չթափանցէ անոր խորութեան՝ իմաստին եւ իսկական նպատակին, իր տեսածով երբ գոհանայ, թող ներուի մեզի, բայց ո՛չինչ կը տեսնէ, ո՛չինչ կը հասկնայ։

Հաւատքի մասին ալ նո՛յնն է իրողութիւնը՝ «հաւատք»ը միայն բառ մը չէ, այլ ունի խորութիւն մը, պատճառ մը, նպատակ մը, այսինքն նպատա՛կ մը։ Եւ անոնք որ իրենց հոգեւոր եւ մտաւոր աչքով կը տեսնեն «նպատակ»ը, անոնք է որ իրաւ «հաւատացեալ»ներու կարգին կրնան դասուիլ։ Քանի որ «հաւատք»ը հրամայականոն «dogmatique» դրութիւն մը չէ՛ երբեք, քանի որ կը պահանջէ հոգեւոր եւ մտաւոր աչքով նայիլ, որքան զգացական, բայց նո՛յնքան բանականութեամբ մօտենալ՝ հասկնալ՝ ո՛չ թէ մեքենաբար, այլ իմաստին թափանցելով։ Այն ատեն ահաւասիկ, մարդ կը հասնի ճշմարտութեան՝ որ է իր երջանկութի՛ւնը։

Գոմին մէջ ծնաւ Յիսուս մանուկը եւ դրուեցաւ մսուրի մը մէջ՝ ուրկէ անասուններ կեր կ՚ուտէին։ Այս երեւոյթը միայն համեստութեամբ կամ խոնարհութեամբ բացատրել միամտութիւն կ՚ըլլայ, այլ պէտք է աւելի խորը թափանցել՝ մարդկային բնաւորութեան եւ նկարագրին տկարութիւնը եւ թերութիւնը տեսնել հոն եւ տեսնել, թէ մարդիկ ի՛նչպէս ոտնակոխ կ՚ընեն արդարութեան, հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ սիրոյ բարձր սկզբունքները, մանաւանդ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը։ Մարդոց բարձր արժէքներուն յարգանք ցուցաբերել՝ անոնց Արարչին, բոլոր մարդկութեան Ստեղծիչին՝ Աստուծոյ յարգանք ցոյց տալ կը նշանակէ, ինչ որ անոնց առաջնակարգ պարտքն է։

Մարդուն կոչումը երջանիկ ըլլա՛լ է. ի՛նչ որ կ՚իրականանայ, իրերօգնութեամբ՝ հաւասարութեան, ազատութեան, հաւատարմութեան, խոնարհութեան եւ համեստութեան աստուածատուր ազնիւ զգացումներով։ Եւ երբ մարդ կը հնազանդի այս սկզբունքներուն՝ «արդա՛ր» է եւ սրբացած, աստուածամե՛րձ։ Չէ՞ որ մարդուն վերջնական նպատակն է՝ աստուածամերձ ըլլալ, վերադառնալ իր սկզբնական վիճակին։

Արդար ըլլանք որպէսզի զԱստուած վայելե՛նք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 25, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018