ՅԱՐԳԱՆՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ

Ճշմարտութեան հաղորդակցելու իրաւունքը անպայմանաւոր չէ։ Ամէն մարդ պարտի իր կեանքը համակերպել եղբայրական սիրոյն, համայն մարդկութեան սիրոյն աւետարանական պատուէրին հետ։ Ասիկա տեսանելի եւ շօշափելի կացութիւններուն մէջ կը պահանջէ վճռել՝ թէ արդեօք պատշա՞ճ է ճշմարտութիւնը զայն խնդրողին յայտնել կամ ո՛չ։

Արդարեւ, եղբայրսիրութիւնը, մարդասիրութիւնը եւ «ճշմարտութեան յարգանք»ը պէտք է իրենք թելադրեն տեղեկատուութեան, եւ կամ հաղորդակցութեան ամէն խնդրանքի տրուելիք պատասխանը։

Ուստի, ուրիշին բարիքը եւ ապահովութիւնը, անհատական կեանքին հանդէպ յարգանքը, հասարակաց բարիքը՝ արդարացուցիչ պատճառներ են «չըսելու ի՛նչ որ պէտք չէ գիտցուի» եւ կամ «զգուշաւոր լեզու» գործածելու։

Գայթակղութենէ զգուշանալու պարտականութիւնը յաճախ խիստ գաղտնապահութի՛ւն կը պահանջէ, կը հրահանգէ։

Ո՛չ ոք պարտաւոր է յայտնելու ճշմարտութիւնը անոր՝ որ զայն գիտնալու իրաւունքը չունի։ Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով, «խոստովանանքի սուրբ խորհուրդին գաղտնիք»ը նուիրական է եւ չի կրնար յայտնուիլ ոչ մէկ պատրուակով։ Արդարեւ, սուրբ խորհուրդին գաղտնիքը անբռնաբարելի է, եւ այս իսկ պատճառով բացարձակօրէն արգիլուա՛ծ է խոստովանահօր՝ ապաշխարողի որեւիցէ գաղտնիքը յայտնել խօսքերով կամ այլ եղանակով, եւ որեւիցէ պատճառի համար։ (ՍԻՐ. ԻԷ 17), (ԱՌԱԿ. ԻԵ 9-10)։

«Պաշտօնի գաղտնիք»ները՝ զորս կը պահեն, զոր օրինակ, քաղաքական մարդիկ, զինուորականներ, բժիշկներ, իրաւագէտներ, եւ կամ գաղտնիքի կնիքի տակ ըսուած «մտերմական խօսք»երը, պէ՛տք է որ գաղտնի՛ պահուին, բացի բացառիկ պարագաներէ երբ գաղտնիքին պահպանումը՝ զայն հաղորդողին կամ զայն ընդունողին եւ կամ երրորդ անձի մը պիտի պատճառէ շատ ծանր վնասներ, որոնցմէ կարելի է խուսափիլ միա՛յն ճշմարտութեան հրապարակումով։

Ուրիշին վնասաբեր եղող անհատական տեղեկութիւնները, նոյնիսկ եթէ «գաղտնիքի կնիք»ի տակ չեն վստահուած, պէտք չէ՛ հրապարակուին առանց ծանր եւ հակակըշ-ռող պատճառի։

Ուստի, մարդս պէտք է կշռուած եւ չափաւոր վերապահութեամբ եւ զգուշութեամբ մօտենայ մարդոց անհատական կեանքին։ Եւ այս ուղղութեամբ լրատուական պատասխանատուները պէտք է «կշռուած համաչափութիւն» մը պահպանեն հասարակաց բարիքին պահանջքներուն եւ անհատական իրաւունքներուն յարգանքին միջեւ։

Տեղեկատուութեան միջամուխ ըլլալը քաղաքական կամ հրապարակային գործունէութեան յանձնառու մարդոց անհատական կեանքին մէջ, դատապարտելի՛ է այն չափով, որ ան անոնց մտերմութեան եւ ազատութեան վնա՛ս կը հասցնէ։

Եւ այս իմաստով, արդի ընկերութեան ծոցին մէջ, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները տեղեկատուութեան, մշակոյթի յառաջացումին եւ կազմաւորումին մէջ մեծագոյն դեր մը ունին։ Այս դերը կը զարգանայ արուեստագիտական յառաջդիմութիւններու, սփռուած լուրերու ընդարձակումին եւ զանազանութեան, հանրային կարծիքին վրայ գործած ազդեցութեան պատճառով։

Մարդկային արժանապատուութիւնը, մարդկային էական իրաւունքները եւ ազատութիւնը հակակշիռ դեր մը կը խաղան ընկերային հաղորդակցութեան, տեղեկատուութեան պատշաճ կերպով գործածութեան մէջ։

Ուստի, հաղորդակցութեան միջոցներով կատարուող տեղեկատուութիւնը, հրապարակումը ի սպաս է «հասարակաց բարիք»ին։ Ընկերութիւնը իրաւունք ունի ճշմարտութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ համընկերութեան վրայ հիմնուած տեղեկութեան մը։ Անհրաժե՛շտ է, որ ընկերութեան բոլոր անդամները այս մարզին մէջ եւս կատարեն արդարութեան եւ ճշմարտութեան իրենց էական պարտականութիւնները։ Այս պարտականութեան ե՛ւ իրաւունքին ուղիղ գործածութիւնը կը պահանջէ, որ հաղորդակցութիւնը ըլլայ, ըստ իր առարկային, միշտ ճշմարտախօս եւ. արդարութեան եւ մարդասիրութեան պահանջքներուն յարգանքին մէջ, ըլլայ ամբողջական իսկ ըստ իր կերպին, ըլլայ պարկեշտ եւ պատշաճ, այսինքն՝ տեղեկութիւններուն, լուրերուն հաւաքումին եւ սփռումին մէջ բացարձակօրէն յարգէ բարոյական օրէնքները, մարդուն իրաւունքները, ազատութիւնը եւ արժանապատուութի՛ւնը…։

Մամուլին պատասխանատուները իրենց նուիրական պաշտօնին հանգամանքով պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունին տեղեկատուութեան սփռումին մէջ ծառայելու ճշմարտութեան եւ մանաւա՛նդ չվիրաւորելու մարդկային արժանապատուութիւնը եւ մարդասիրութիւնը իր ամենալայն իմաստով։ Անոնք հաւասար մտահոգութեամբ պէտք է ջանք թափեն նաեւ յարգելու դէպքերու իսկութիւնը եւ անձերուն հանդէպ քննադատութեան սահմանները։ Անոնք, յատկապէս պէտք է խուսափին տեղի տալէ անուանարկութեան, ինչպէս նաեւ՝ ատելութեան եւ վարկաբեկութեան։

Պատիժի արժանի կ՚ըլլան անոնք, որոնք անհատի համբաւին, արժանապատուութեան եւ անհատական կեանքին գաղտնիքի իրաւունքին բռնաբարումին պատճառ կ՚ըլլան։

Ուստի, անհատական իրաւունքը եւ հասարակաց բարիքը իրար հակակշռող արժէքներ են՝ որոնց ներդաշնակութեամբ է, որ կարելի է հասնիլ խաղաղ եւ երջանիկ ընկերային կեանքի մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 22, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020